Jump to content

Արամ Մանուկեան

Նոյնանուն նկարիչի մասին տեսնել Արամ Մանուկեան (նկարիչ)
Արամ Մանուկեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Սարգիս Հովհաննիսյան[1]
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Արամ փաշա, Սերգեյ Հովհաննիսյան եւ Արամ Մանուկյան
Ծնած է 19 Մարտ 1879(1879-03-19)[2]
Ծննդավայր Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 29 Յունուար 1919(1919-01-29)[1] (39 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
 Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[3]
Ուսումնավայր Երևանի թեմական դպրոց?[1]
Մասնագիտութիւն կուսակցական աշխատող, հանրային գործիչ
Աշխատավայր Վանի նահանգապետ, Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու, նախարար,Երեւան նահանգի դիկտատոր
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, Նահանգապետ եւ Ներքին գործոց նախարար
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Կատարինէ Զալեան-Մանուկեան
Երեխաներ Սեդա
Ստորագրութիւն

Արամ Մանուկեան (բուն անունով՝ Սարգիս (Սերգէյ) Յովհաննիսեան, 19 Մարտ 1879(1879-03-19)[2], Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 29 Յունուար 1919(1919-01-29)[1], Երեւան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն[1]), պետական, հասարակական գործիչ, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կեր­տիչ, Հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր։ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութեան անդամ։ Վասպուրականի ապստամբութեան գլխաւոր ղեկավար։

Ծնած է Զէյվա (այժմ`ՀՀ Սիւնիքի մարզ, գիւղ՝ Դաւիթ Բէկ): (Ըստ այլ տուեալներու՝ Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ): Շուշիի մէջ դերձակութեամբ զբաղող եղբօր օգնութեամբ, կ'աւարտէ Շուշիի Ագուլեաց ծխական վարժարանը:

  • 1890-ին կ'ընդունուի Շուշիի թեմական դպրոցը։ Դաշնակցութեան ազդեցութեամբ տեղի ունեցած խռովայոյզ ցոյցերէն ետք՝ ընկերներուն հետ կը վտարուի դպրոցէն, ապա կ'ընդունուի եւ կ'աւարտէ Երեւանի թեմական դպրոցը (1907-ին)։
  • Հայ ժողովուրդին հակացարական պայքարին մասնակցելով՝ 1901-1903 կը գործէ Պաքուի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի (Կիւմրի) եւ Կարսի մէջ, ուր կը լծուի հայ պանդուխտ բանուորներու ազգային-յեղափոխական պատրաստութեան եւ կազմակերպման եռուն աշխատանքին` իր կարգին Երկիր անցնելու եւ ազատագրական կենդանի պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելու մտասեւեռումով: Բայց Պաքուի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կը նախընտրէ իր մօտ պահել գաղափարական խոր համոզումներու տէր եւ կազմակերպական մեծ շնորհներով օժտուած երիտասարդ Արամը, որպէսզի ան շարունակէ դէպի Երկիր ուխտաւորներու պատրաստութեան պատասխանատու գործը:
  • 1903-ին Կարսի մէջ կը զբաղի Արեւմտեան Հայաստան զէնք, զինամթերք, նաեւ կամաւորական խումբեր փոխադրելով։ Կարսի Հնոցը ղեկավարող Դաշնակցութեան օրուան պատասխանատուները կը նախընտրեն իրենց մօտ պահել մարդիկ իր շուրջ համախմբելու եւ գործի լծելու բնածին տաղանդով յատկանշուող երիտասարդ այս գործիչը: Արամ տարի մը կը մնայ Կարս:
  • 1904-1908-ին կը գործէ Վանի մէջ (ուր զինք կ'անուանեն «Վանի Արամ»), ապա Օրտու քաղաքին մէջ կը զբաղի ուսուցչութեամբ:

1904-ին Վանը ամրօրէն կը փարի արդէն Արամ անունով ներկայացող դաշնակցական գործիչին, որ այնուհետեւ մինչեւ 1916, շատ կարճ ընդհատումով (2 տարի կ'ապրի Ժընեւ), կ'ապրի ու կը գործէ Վասպուրական աշխարհին մէջ:

  • 1910-ին կը վերադառնայ Վան, եւ կը դառնայ Վասպուրականի հայութեան ամէնէն ճանչցուած եւ սիրուած գործիչը: Վասպուրականի մէջ ան ամէնուր էր` ե՛ւ դպրոց, ե՛ւ մամուլ, ե՛ւ ազգային հաստատութիւններ, ե՛ւ երիտասարդական շրջաններ, ե՛ւ յարաբերութիւններ կառավարութեան հետ եւ այլն:
  • Կը կազմակերպէ եւ կը ղեկավարէ 1915-ի Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, որուն յաղթական աւարտէն ետք կը ղեկավարէ Վանի նահանգապետութիւնը (գոյատեւած է 70 օր՝ անկում ապրելով ռուսական զօրքերու անակնկալ հեռանալէն ետք): Ան միակն էր, որ հեղինակութիւն ունէր բոլորին մօտ` թէ թշնամիներուներուն, թէ դաշնակիցներուն:

Օսմանեան կառավարութեան աչքին փուշը դարձած Արամը որքան կ'ատէին, այնքան ալ պատկառանքով կը նայէին Վան եկած ու գացած թուրք թէ քիւրտ իշխանաւոր բեկերն ու փաշաները: Այն աստիճան, որ նոյնինքն թշնամին Արամի մէջ կը տեսնէր իր մեծագոյն ախոյեանը եւ «Փաշա» կ'անուանէր զինք:

Ռուսական զօրքերու նահանջին ընթացքին կը կազմակերպէ Վասպուրականի հայութեան (շուրջ 200 հազար հոգի) գաղթը դէպի Արեւելեան Հայաստան:

Ա­րա­մի ճի­գե­րուն ար­գա­սի­քը կ'ըլլայ 1915-ի-ն ­Վա­նի հա­յու­թեան միաս­նա­կան՝ հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ո­գին եւ հուժ­կու բռունցքն էր Ա­րամ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին՝ ան նշա­նա­կո­ւած է օս­ման­ցի­նե­րէն իր ան­կա­խու­թիւ­նը նո­ւա­ճած ­Վա­նի կա­ռա­վա­րիչ, ար­ժա­նա­նա­լով ոչ միայն վա­նե­ցի­նե­րուն, այ­լեւ՝ ­Վան մտած ռու­սա­կան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան հիաց­մուն­քին ու վստա­հու­թեան։

  • 1916-1917 թուականներուն Արամ Մանուկեան եղած է Թիֆլիսի հայոց Ազգային բիւրոյին եւ ՀՅԴ բիւրոյի անդամ (զբաղած է արեւմտահայ գաղթականութեան հարցերով): Մեծ դեր խաղացած է արեւմտահայերու առաջին համագումարի կազմակերպման գործին մէջ։ 1917-ին իբրեւ Հայոց ազգային խորհուրդի լիազօր-ներկայացուցիչ՝ ժամանած է Երեւան:

Ծանօթանալով հոն ստեղծուած ծանր պայմաններուն՝ Արամ կտրուկ միջոցներ ձեռնարկած է իրադրութիւնը կայունացնելու համար, գլխաւորած է նոր ստեղծուած Յատուկ կոմիտէն, որ զինք օժտած է լայն լիազօրութիւններով, իսկ 1917-ին իր Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն մին­չեւ 1919-ի իր մարմ­նա­պէս հիւ­ծումն ու մա­հը՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան բա­ռին ամ­բող­ջա­կան ի­մաս­տով Ա­րա­րա­տեան ­Դաշ­տին ողջ հա­յու­թեան մար­տու­նակ կամ­քին եւ հա­ւա­քա­կան ու­ժին խտա­ցեալ մարմ­նա­ւո­րու­մը դար­ձած է։

Արամին հերոսապատումին գագաթնակէտը եւ, միանգամայն, խտացումը կը հանդիսանայ Դեկտեմբեր 1917-ին անկիւնադարձային պահը։ Պոլշեւիկեան յեղաշրջման հետեւանքով եւ Լենինին կոչով՝ աւելի քան հարիւր տարի Հայաստանի հողերուն վրայ իր տիրակալութիւնը հաստատած ռուսական զօրքը կը լքէ Հայաստանի սահմանները ու խուժանավարի դէպի Ռուսաստան կը փութայ, ցեղասպան թրքական զօրքին դէմ անպաշտպան ձգելով հայութեան եւ Հայաստանի վերջին բեկորները։ Այդ պահուն, Երեւանի մէջ խցկուած շինական, այլեւ գաղթական հայութիւնը եւ հայ կամաւորական ջոկատները իրենց հայեացքը կը յառեն Արամին ուղղութեամբ, «դիկտատոր» կը հռչակեն ժողովրդավար եւ ընկերվարական Արամը եւ Հայաստանի ու հայութեան օրհասական վերջին կռիւին ղեկավարութիւնը կը վստահին իր անյողդողդ Կամքին եւ Մարտունակութեան։

Արամ արժանաւորապէս կը ղեկավարէ աւելի քան հինգ ամիսներու վրայ երկարած հայ ժողովուրդին պատմական վերածննդեան այդ օրհասական կռիւները: Ան իր տեն­դոտ աշ­խա­տան­քով եւ բազ­մու­թիւն­ներ գե­րե­լու եւ ի մի բե­րե­լու, հա­մախմ­բե­լու եւ կազ­մա­կերպ ամ­րո­ցի վե­րա­ծե­լու իր տա­ղան­դով՝ շունչ եւ մար­մին կու տայ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մին, ­Սար­դա­րա­պա­տի, Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ Ղա­րա­քի­լի­սէի յաղ­թա­կան հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն։ Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան օր­հա­սա­կան այդ պա­հուն՝ Ե­րե­ւա­նի հա­յու­թիւ­նը «­Դիկ­տա­տոր» նշանակած Ա­րա­մին կը վստա­հի ազ­գա­յին իր ճա­կա­տագ­իրին դարբ­նու­մը։ Ա­րամ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կ'ի­րա­գոր­ծէ իր ու­սե­րուն վրայ դրո­ւած ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը եւ դարձած հիմ­նա­դի­րը՝ ­Հա­յոց ­Պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­ն­ման։

Մանուկեան բազմաթիւ կոչերով ու հրամաններով դիմած է հայ ժողովուրդին՝ կազմակերպուած պայքար մղելու. Արամին համոզումը այն էր, որ ազատագրական պայքարի դրօշ բարձրացուցած հայ ժողովուրդը իր յոյսը դնէ իր անձնական ուժերուն վրայ:

Արամ Մանուկեան Մարդը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արամ իր պատանեկան տարիքէն նետուած է հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար անխոնջ պայքարի ու անվեհեր կռիւի դաշտ, ամբողջ կեանքը զոհաբերած է այդ նպատակին եւ հայոց լեռներու ամեհի ու խրոխտ կարծրութեամբ եւ տոկունութեամբ թրծուած իր նկարագիրով, գաղափարապաշտութեամբ ու մարտունակութեամբ՝ ինքնուրոյն իր դրոշմը դրած հայոց նորագոյն պատմութեան արեւածագին վրայ։ Արամ դարձած է հայոց պայքարի եւ ստեղծարար միտքի մարմնացումն ու ոգին: Իր գործունէութեան առաջին իսկ օրերէն ան աչքի ինկած է իր ժողովուրդին անսպառ նուիրումով, պատասխանատուութեամբ, մեծ եռանդով, քաղաքական հասունութեամբ եւ կազմակերպչական բացառիկ ձիրքով:

1918-ին Մայիսեան ճակատագրական ծայրահեղ ծանր օրերուն, երբ թրքական զօրքերը ներխուժած էին Արարատեան դաշտ եւ անմիջականօրէն կը սպառնային Ս. Էջմիածինին ու Երեւանին, երբ դրուած էր հայ ժողովուրդին լինել-չլինելու հարցը, երբ պահ մը յուսալքութիւնը ստացած էր համատարած բնոյթ, Արամ չընկրկիր: Ան մինչեւ վերջ կը մնայ անկոտրում, լաւատես, գործնական, անարգ թշնամիին հակահարուած հասցնելու հարցով անզիջող եւ կը յաջողի իր շուրջը համախմբել նուիրեալ այլ գործիչներ ու ժողովուրդին մէջ բորբոքել պայքարի ոգին:

Իր ծրագիրները կեանքի կոչելու համար, Արամ միշտ իր անձով օրինակ կը դառնար բոլորին: Համեստ էր ու զուսպ, միշտ քալելով գործի կ'երթար, յաճախ կը տեսնուէր ժողովրդական միջոցառումներու ընթացքին: Մարդամօտ էր ու բարի: Բայց երբ գործը կը պահանջէր, նաեւ դաժան էր ու անզիջող: Մանաւանդ Սարդարապատի ճակատամարտին նախորդած օրհասական օրերուն ան բանակին մէջ տիրող բարոյալքումն ու դասալքութիւնը կասեցնելու համար, քանի մը հրապարակային գնդակահարութիւններ իրականացուցած է:

Արամին ամէնէն մեծ ծառայութիւնը իր ժողովուրդին, Սարդարապատի հերոսամարտն էր։ Մինչ այդ պատմութեան մէջ չէր պատահած նման դէպք մը, որ թրքական կանոնաւոր զօրքերուն հայկական բանակը առանձին դիմադրէր, այն ալ` բաց դաշտի մէջ։ Բայց Արամին վճռակամութիւնը կը յաղթէ: Ան լաւ կը գիտակցէր, որ հայ ժողովուրդը այլ ելք չունէր յաղթական ճակատամարտէն բացի: Հայը այդ օրերուն կռիւի դաշտ կու գայ միայն ու միայն յաղթելու եւ ապրելու նշանաբանով: Եւ կը յաղթէ: Արամին կը պատկանի Սարդարապատի առաջին դափնին: Իրն է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման պատիւը: Հայաստանի անկախութիւնը կերտողը Արամն ու անոր շրջապատի գործիչներն էին:

Իբրեւ նախարար, Արամ ժողովուրդին սիրելին էր։ Ան զուսպ ու համեստ կեանք կ'ապրէր: Անոր նորակազմ ընտանիքը ոչինչով կը տարբերէր հասարակ ժողովուրդէն: Անմռունչ կը կրէր ժողովուրդին ցաւերն ու դժուարութիւնները: Հրաժարած էր բոլոր առանձնաշնորհումներէն, որոնցմէ կառավարութեան անդամները կրնային օգտուիլ: Հրաժարած էր նաեւ ծառայողական ինքնաշարժէն: Վանի մէջ, երբ զինք կ'այցելէ ընկերը` ականաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր-Մինասեանը, կը զարմանայ անոր կենցաղավարութեան վրայ։ Հետագային Ռուբէն իր յուշերուն մէջ գրած է.

«…Չորս պատ, չորս աթոռ, ո՛չ սեղան, ո՛չ էլ մահճակալ…»: Նոյնքան անշուք էր Երեւանի բնակարանը: Երբ ընկերները այդ մասին դիտողութիւն կ'ընէին, ան կը պատասխանէր` «Դատարկ բաներով մի մտահոգուէք»:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Տարիները եւ Մահը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, կը ղեկավարէ երկիրը մինչեւ 23 Յուլիս 1918՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի գլխաւորութեամբ։ Նոր կառավարութեան մէջ 1918-ին նո­րան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան դար­բինն ու հաս­տա­տա­կամ ո­գին ըլ­լա­լով հան­դերձ՝ դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր նկա­րագի­րով եւ ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին ան­կեղծ զի­նո­ւո­րի մղու­մով, Սար­դա­րա­պա­տեան հե­րո­սա­մարտ­ե­րը կեր­տած «­Դիկ­տա­տոր»ի իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը վար կը դնէ եւ վար­չա­պետ Յովհաննէս ­Քա­ջազ­նու­նիին գլխա­ւո­րած անդ­րա­նիկ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ կը ստանձ­նէ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը մինչեւ մահ, իսկ աշխատանքի եւ խնամատարութեան նախարար՝ Խաչատուր Կարճիկեանի սպաննութենէն ետք, շուրջ մէկ ամիս՝ 15 Նոյեմբեր 1918-էն մինչեւ 13 Դեկտեմբեր 1918, հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատարն էր։

Կը մահանայ 29 Յունուար 1919-ին, Երեւանի իր անշուք բնակարանին մէջ, բծաւոր տիֆէն։ Անոր մահով նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը զրկուի հայ ժողովուրդի ազգային-հասարակական ներքին միասնութիւնը շաղախող, պետականօրէն կազմաւորող եւ անձնական ուժերով ամրապնդող ղեկավար գործիչէն:

Արամ Մանուկեան վայելած է հայ ժողովուրդին սէրն ու յարգանքը. ժողովուրդը անոր ձօնած է երգեր։

Ամուսանցած էր Հայաստանի առաջին խորհրդարանի Բ. գումարման պատգամաւոր՝ բժշկուհի Կատարինէ Զալեան-Մանուկեանի հետ: Ունէին մէկ դուստր՝ Սեդա[4]:

Մեծերը Արամի մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արամ Մանուկեանի կիսանդրին՝ Գիւմրի
...Երբ գիշերը գայ, մտնէք ձեր հոգու սենեակը, խօսէք ձեր խղճի հետ եւ ասէք, արդեօ՞ք աշխատել էք հայ ժողովրդի համար այնպէս, ինչպէս Արամը, եղե՞լ էք այնքան անձնազոհ, որքան Արամը, տուե՞լ էք ձեր ամբողջ կեանքը հայ ժողովրդին, ինչպէս Արամը...
- Նիկոլ Աղբալեան, գրականագէտ, քաղաքական գործիչ


Արամ Մանուկեան հայ ժողովրդի բովանդակ պատմութեան այն սակաւաթիւ իրատես դէմքերից մէկն է, որոնց մեծութիւնը ճիշդ տեսնելու եւ ճիշդ գնահատելու համար հարկաւոր է ժամանակի հեռաւորութիւն։
- Յարութիւն Թուրշեան, պատմաբան, գրող


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 254.
  2. 2,0 2,1 Deutsche Nationalbibliothek Record #132469332 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  3. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 366. — ISBN 978-2-905686-93-0
  4. «Առաջին հանրապետութեան կին պատգամաւորները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-06-09-ին։ արտագրուած է՝ 2018-02-24 
  • Արամը (Մահուան յիսնամեակին առթիւ), Պէյրութ, 1969, երկրորդ հրատ., Թեհրան, 1982, երրորդ հրատ., Երեւան, 1991, 550 էջ, - [1]
  • Սիմոն Վրացեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Փարիզ, 1928, Պէյրութ, 1968, Երեւան, 1993, 704 էջ, - [2]
  • Արամ Մանուկեան (փաստաթղթերի եւ նիւթերի ժողովածու), գլխ. խմբ. Ամ. Վիրապեան, Երեւան, ՀԱԱ, 2009, 575 էջ, - http://www.historyofarmenia.am/images/menus/941/aram_manukyan.pdf
  • Ասրեան Արմէն, Արամ Մանուկեան. կեանքը եւ գործը (ազատագրական շարժման եւ անկախ պետականութեան վերականգման ուղիներուն), Երեւան, 2005, 268 էջ, Բ. հրտ., Երեւան, 2008, 3-րդ հրտ., Երեւան, 2009, 267 էջ:
  • Արամ Մանուկեան (յօդուածներու ժողովածու), Երեւան, 2010:
  • Դրօշակ, օրկան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Փարիզ, 1929, թիւ 1:
  • Կոսոյեան Հայկակ, Վան-բերդաքաղաքի ժողովրդային հերոսապատում (1915, 7 Ապրիլ – 3 Մայիս), Թեհրան, 1966, 181 էջ:
  • Կոսոյեան Հայկակ, Վան–քաղաքամիջի ապրիլեան կռիւները, Երեւան, 1992, 135 էջ:
  • Ռիչարտ Յովհաննէսեան, Հայաստանի հանրապետութիւն, հատ. 1. (1918–1919 թթ.), 2005, 604 էջ:
  • Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան. 1890–1950, խմբ. Ս. Վրացեան, Պոսթըն, 1950, էջ 464-468:
  • Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար, Գ. հատ., խմբ. Հր. Տասնապետեանի, Պէյրութ, 1976, Բ. հրատ., Պէյրութ, 2007, 358 էջ:
  • Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ա., Թեհրան, 1982, 401 էջ, Երեւան, 1990, 402 էջ:
  • Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Բ., Թեհրան, 1982, 326 էջ, Երեւան, 1990, 328 էջ:
  • Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատ. Ե., Թեհրան, 1982, 383 էջ, Երեւան, 1991, 384 էջ:
  • Վան-Վասպուրականի հերոսամարտը- 75 (նիւթերու ժողովածու), կազմող` Հ. Դ. Փափազեան, 1990, 127 էջ:
  • Վասպուրական (Վան-Վասպուրականի ապրիլեան հերոսամարտի տասնհինգամեակին առթիւ. 1915-1930), Վենետիկ, 1930, 413 էջ:
  • The Armenian Rebellion at Van Utah Series in Turkish and Islamic Studies, Justin McCarthy, The University of Utah Press, 2006, ISBN 0874808707

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]