Դուինի Եկեղեցական Ժողով (645)
Արտաքին տեսք
Դուինի եկեղեցական ժողով 645 թուականին Մարզպանական Հայաստանի մայրաքաղաք Դուինի մէջ Ներսես Գ Տայեցիի օրով՝ տեղի ունեցած ժողով, որուն մասնակցած են 17 եպիսկոպոս, նախարարներ, ազատներ։ Ընդունուած է 12 կանոն՝ «Կանոնագիրք Հայոց»ին յայտնի «Կանոնք Դունա սուրբ ժողովոյն» անունով։ Շարք մը կանոններ, Շահապիվանի ժողովի ընդունած կանոնախումբի նման:

- Որոշ յանցանքներու համար նախատեսած են ծեծ եւ տուգանքներ
- Դ կանոնը վանքերու առաջնորդներուն եւ եպիսկոպոսներուն իրաւունք տուած է յանցագործներէն, պոռնիկներէն տուգանք գանձել՝ յօգուտ հիւանդանոցներու, դպրոցներու, աղքատանոցներու, սակայն խստիւ արգիլուած է բռնութեամբ տուգանք վերցնել։
- Ե կանոնն արգիլուած է քահանաներու միջեւ ծխաբաժանութիւնը. անոնք պէտք է բաւարարուէին իրենց բաժին հողով եւ կալուածքով։ Շատ կալուածքներ ունեցող հարուստ եկեղեցին իր արդիւնքէն ոչ մէկ մաս պէտք չէ յանձներ դրացի աղքատ եկեղեցիին։
- Է կանոնը մարմնական պատիժ սահմանած է այն կնոջ համար, որ իր ամուսնոյն գերութեան մէջ գտնուելու 7 տարին չլրացած ամուսնացած է ուրիշի հետ։ Կանոնը նախատեսած է ծեծ, ինչքի գրաւում, որ բաշխուելու էր աղքատներուն։
- Ը կանոնով քահանայական կարգը եւ քահանայի իրաւունքները կալուածներու նկատմամբ հռչակուած են ժառանգական (պատմական որոշակի հանգամանքներուն ընդունուած այս կանոնը յետագային հանուած է հայ եկեղեցական իրաւունքէն՝ հակաեկեղեցական, հակա-աւետարանական ըլլալու փաստարկով)։
Վերջին 4 կանոնները իշխաններու եւ ազատներու համար են։ Ասոնք աշխարհականներուն արգիլած են եկեղեցիներու եւ եկեղեցականներու իրաւունքներն ու հասոյթները յափշտակել, անոնց վրայ հարկ ու տուրք դնել, վանքերուն մէջ բնակութիւն հաստատել, վանականներուն իրենց կամքով փոխել, ուղեւորութիւններու ժամանակ վանքերուն մէջ իջեւանել, նաեւ պատուիրած է իշխաններուն՝ բաժին հանել անկելանոցներուն եւ աղքատանոցներուն մէջ։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայաստանյայց առաքելական եկեղեցու ժողովներ, պաշտոնական կայք Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.