Jump to content

Համազասպ Սրուանձտեան

Համազասպ Սրուանձտեան
Ծնած է 5 Յունիս 1873(1873-06-05)
Ծննդավայր Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 18 Փետրուար 1921(1921-02-18) (47 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն ֆետայի
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Արմենական Կուսակցութիւն

Համազասպ Սրուանձտեան (5 Յունիս 1873(1873-06-05), Վան, Օսմանեան Կայսրութիւն - 18 Փետրուար 1921(1921-02-18), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն), ազատագրական պայքարի մարտիկ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ։

Համազասպ Սրուանձտեան ծնած է 1873-ին, Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ: Նախակրթարանը աւարտելէ ետք սորված է ոսկերչութիւն եւ ժամագործութիւն: Կանուխ տարիքէն ներգրաւուած է յեղափոխական շարժումին մէջ: Եղած է արմենական, ապա` ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Խուսափելով թուրք իշխանութիւններու հետապնդումներէն` հեռացած է Վանէն, անցած է Երեւան, Շուշի:

Համազասպ 1894-ին ամուսնացած է Շուշանիկ Վանեանցին հետ եւ ունենցած է չորս զաւակ` Գարեգին, Ալմաստ, Հրանդ եւ Վանազատ:

Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մասնակցած է 1905-1906 թուականներուն հայ-թաթարական կռիւներուն: Քաջութեամբ աչքի կը զարնէ յատկապէս 22 Օգոստոս 1905-ին Ասկերանի կիրճին մէջ մղուած մարտին, երբ 200 հոգիէ բաղկացած թրքական ջարդարարներու ամբոխէն ողջ մնացած է միայն 6-ը:

1906-ին կազմակերպած է Գանձակի հայութեան պաշտպանութիւնը` թաթարական ոտնձգութիւններէ: 1908-ին ՀՅ Դաշնակցական գործիչներու հետ ձերբակալուած է ցարական կառավարութեան կողմէ, դատապարտուած` մահուան, սակայն մահապատիժը փոխարինուած է 15 տարուան տաժանակրութեամբ (Սիպերիա):

1913-ին փախած է բանտէն, անցած` Եւրոպա. եղած է Հռոմ, Մարսէյ, Փարիզ եւ Պոլիս, իսկ 1914-ի սկիզբը բնակութիւն հաստատած է Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ: Նոյն տարին կը փոխադրուի Կ. Պոլիս:

1914-ի ամրան Համազասպ Թիֆլիս կը փոխադրուի: Նոյն թուականին Կարնոյ մէջ կայացած ՀՅԴ կուսակցութեան Ը. Ընդհանուր ժողովին մէջ կտրականապէս դէմ արտայայտուած է երիտթուրքերու հետ որեւէ համագործակցութեան:

Համազասպ Սրուանձտեանցը՝ Հայկական Երրորդ կամաւորական գումարտակի, հետագաին՝ զօրագունդի, հրամանատարը, Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ մասնակցած է հայկական կամաւորական շարժումին, նշանակուած է կամաւորական 3-րդ գունդի հրամանատար:

Մասնակցած է բազմաթիւ ճակատամարտերու: Ապահոված է Բասէնի եւ Ալաշկերտի շրջանէն հայ բնակչութեան անվտանգ գաղթը:

Եղած է 1915 մայիսին Վանը ազատագրող հայ կամաւորներէն, կռուած է Պիթլիսի ուղղութեամբ (Յուլիսին), Հոկտեմբերին յաջող արշաւանք ձեռնարկած է դէպի Խիզան:

Համազասպ այնուհետեւ փոխադրուած է Թիֆլիս, ընտանիքին մօտ: Ռուսական 1917-ի Փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք ձեւաւորուած է հայկական զօրամասը, որմէ ետք Համազասպ Ալաշկերտի շրջանի պաշտպանութեան ղեկավար նշանակուած է:

Հայոց ազգային խորհուրդին որոշումով Համազասպ մեկնած է Հիւսիսային Կովկաս, արեւմտեան ռազմաճակատներէն վերադարձող հայ զինուորներ հաւաքագրելու, ջոկատներ կազմակերպելու եւ Հայաստան ուղարկելու համար:

Համազասպ 1918-ին մեկնած է Պաքու եւ գործօն մասնակցութիւն բերած քաղաքի պաշտպանութեան կռիւներու ընթացքին:

Պաքուի անկումէն ետք Համազասպ մեկնած է Թիֆլիս եւ այնուհետեւ Երեւան փոխադրուած:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակին մէջ ան 1919 Յուլիսին ստանձնած է նոր Պայազիտի  զօրամասերու հրամանատարութիւնը: Ան արդէն ունեցած է գնդապետի աստիճան:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 Դեկտեմբերին Համազասպ այլ գործիչներու հետ ձերբակալուած է եւ 68 օր ետք, այլ բախտակիցներու հետ Երեւանի Կեդրոնական բանտին մէջ[2] 18 փետրուար 1921-ին արեւածագէն առաջ կացինահարուած:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է 20 Փետրուարին, Մլեր գերեզմանատան (ներկայիս` Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն) մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։