Jump to content

Աղթամար կղզի

Աղթամարը Վանայ լիճին ներկայիս չորս կղզիներէն (միջնադարեան շրջանին Վանայ լիճին կղզիներուն թիւը եօթ էր) ամէնէն նշանաւորն է։ Կը գտնուի Վանայ լիճին հարաւ-արեւելեան մասին մէջ։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1860
Սուրբ Խաչ Եկեղեցին, Աղթամար։ Յետին կողմը Ռշտունեաց գաւառի ափն է եւ Արտոս լեռը:

Աղթամարը կը գտնուի Ովկիանոսի մակարդակէն 1662-1912մ բարձրութեան վրայ։ Ամէնէն բարձր կէտը Բարձր-Քարն է (1912մ)։ Տարածութիւնը՝ շուրջ 0.7քմ², հեռաւորութիւնը ցամաքէն՝ 3-3.5քմ։ Ափերու ընդհանուր երկարութիւնը՝ շուրջ 4քմ։ Արեւմուտքէն Աղթամարին մօտ է Առտէր կղզին։ Աղթամարի հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան ափերը ժայռոտ են, երբեմն՝ զառիթափ (լիճին մակարդակէն 200-250մ բարձր)։ Յառաջացած է չորրորդ ժամանակաշրջանին։ Կազմուած է կրաքարերէ եւ աւազաքարերէ։ Մթնոլորտային տեղումները՝ մինչեւ 500մմ։ Հիմնականին մէջ ծածկուած է տափաստանային բուսականութեամբ։ Ծառածածկոյթին մէջ կը գերիշխեն թփուտները եւ նշենիները։ Քաղցրահամ ջուրի աղբիւրները կը բացակային։

Կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։

Հնագոյն ժամանակներուն Աղթամար կղզին կոչուած է Այիտուս[1]։

Աղթամար կղզին Օգոստոս 2018-ին

Կղզիին անուանումը եկած է հին հայկական դիցաբանութեան հերոսուհի Թամարին անունէն։ Այդ դիցաբանութեան հիման վրայ հայ մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեան գրած է իր «Ախթամար» բանաստեղծութիւնը։

Աղթամար կղզին Վասպուրականի բնակչութեան սրտաձիգ վայրը եղած է, որովհետեւ հոն հաստատուած էր նոյն աշխարհի կաթողիկոսարանը՝ իր Ս. Խաչ վանքովը: Աղթամար ապառաժոտ կղզի է մըն եւ զուրկ բուսականութենէ, սակայն Վանայ լիճին մակերեսէն քանի մը հարիւր ոտնաչափ բարձր ըլլալով՝ ամրան ընթացքին օդը զով է եւ կը նկատուի օդափոխութեան հաճելի վայր մը:

Հին դարերուն, հաւանաբար Աղթամար ցամաքին հետ միացած էր, ապա բաժնուած եւ ջուրերու հարուածներու լափումներու հետեւանքով նոյնիսկ փոքրացած:

Աղթամարի անունը դեռ կարելի չէ եղած ճիշդ ստուգաբանել: Ոմանք զայն կը մեկնեն իբրեւ «յաղթուած կամ յաղթող Մարաց», ուրիշներ՝ «Աղ կամ Ախղ՝ ժողովուրդ, Թամար՝ դառնութիւն, ժողովուրդ դառնութեան»:

Վասպուրականի ժողովուրդը իր պարզութեամբը եւ բանաստեղծական աւիւնովը կ'երգէ սէրը զոյգի մը եւ կ'ողբայ մահը դժբախտներու: Այս անանուն կղզիին վրայ Թամար անունով գեղեցիկ աղջիկ մը կ'ապրէր: Ան սիրահարած էր Վռշիկ (Ռշտունի) ազնուականին, որ ամէն գիշեր լողալով անոր այցելութեան կու գար ու կ'երթար:

Փոթորկալից գիշեր մը Վռշիկ կրկին ծով կը նետուի Թամարին քով երթալու համար, սակայն ալիքները կը խափանեն անոր սիրոյ ճամբան: Ան ամէն ճիգ կը թափէ կղզի հասնելու համար, սակայն չի յաջողիր եւ «Ա՜խ Թամար, Թամար» հեծեծելով իր վերջին շունչը կը փչէ: Կղզիին վրայէն սիրատենչ աղջիկը այս տխուր պատկերին սիրտի դառն ցաւով ականատես կ'ըլլայ եւ ինքն ալ ախ ու վախով կը մահանայ: Այդ տխուր արկածէն ի վեր կղզին Աղթամար կը կոչուի:

Դարեր առաջ, այս կղզին Ռշտունիներուն կը պատկանէր: Հոն Բարզափրան Ռշտունին Հրեաներ կը բնակեցնէ, իսկ Թէոդորոս Ռշտունին Է. դարուն զայն բերդերով եւ պարիսպներով կ'ամրացնէ: Միքայէլ Չամչեան կը գրէ. «Սա (Թէոդորոս) ըստ գրելոյ Ասողկայ եւ Վարդանայ... շինեաց վանս ի նմա», մինչ Սուքիաս Էփրիկեան տարբեր կարծիք կը յայտնէ, ըսելով. «Թէոդորոս Ռշտունւոյ կղզւոյս վրայ վանք շինելու յիշատակութիւն չկայ Ասողիկի եւ Վարդանայ մօտ» եւ այնպէս կը համարէ, թէ «վանք» պէտք է բնակարան իմաստով առնել: Սամուէլ Անեցիի այն արտայայտութիւնը, որ կ'ըսէ. «Ի Տէր Եղիայէն Էառ զԱղթամար Գագիկ եւ ետ նմա զԻլի» Էփրիկեան կը խորհի, թէ Գագիկէն առաջ Աղթամարի մէջ «Մենաստան մը սկսեր է ըլլալ»: Իսկ Գագիկ Արծրունի կղզին զանազան շինութիւններով օժտելէ ետք, սկսած է Ս. Խաչ վանքին եւ եկեղեցւոյ շինութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յակոբեան Թ. Խ., Մելիք-Բախշեան Ստ. Տ., Բարսեղեան Հ. Խ., Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, հ. 1 [Ա-Գ] (խմբ. Մանուկեան Լ. Գ.), Երեւան, «Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն», 1986, էջ 230։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։