Հաղբատի Վանք
Հաղբատի վանք, միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր, մշակութային եւ գիտաուսումնական կեդրոն, կը գտնուի Հաղբատ գիւղի հարաւ-արեւելեան բարձրադիր մասին մէջ, Դեբետի աջ ափին։ Վանքի առաջին Ս․ Նշան եկեղեցին, որ նուիրուած է Քրիստոսի փրկարար խաչին, 976 թուականին սկսած է կառուցել Աշոտ Ողորմած թագաւորի կինը՝ Խոսրովանոյշ թագուհին, եկեղեցիին շինութիւնը աւարտած է 991 թուականին։ Թագուհին, մոռնալով իր սեփական անձը, իր որդիներուն՝ Սմբատի եւ Կիւրիկէի (Գուրգէն ) արեւշատութեան նուիրած է եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ թմբուկին վրայ եղած արձանագրութեան համաձայն՝ Հաղբատի առաջին վանահայր Սիմէոն եւ Տիրանուն երէցը հիմնած են հոգեւոր դպրոց, հրաւիրելով գիտնական եւ ուսուցիչ վանականներ եւ միաբաններու թիւը հասած է 500-ի։
1996 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումով վանքը վերադարձուած է Ս․ Էջմիածնի տնօրինութեան։
Անուան պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաղպատ անուանման հետ կապուած են բազմաթիւ աւանդութիւններ, որոնցմէ մէկուն համաձայն Սանահինի իշխաններէն մէկը կը հրաւիրէ իր մօտ ճանչցուած վարպետ մը, վանք կառուցելու համար։ Վարպետը կը ներկայանայ իշխանին իր որդւոյն հետ։
Աշխատանքի ընթացին վէճ կ'առաջանայ հօր եւ որդիին միջեւ։ Ենթավարպետներէն մէկը կը բռնէ տղուն կողմը։ Այսպէս, կռուելով հօր հետ, որդին կը ձգէ աշխատանքը եւ կը հեռանայ։ Ճանապարհին, ուրիշ իշխան մը կը վարձէ իրենց՝ իր վանքը կառուցելու պատուէրով։ Երբ տղուն բարձրացուցած պատերը կը հասնին այնքան, որ տեսանելի կը դառնան Սանահինէն, աշխատաւորները կը հաղորդեն այդ մասին ծեր վարպետին։ Ոչ աշխատանքային օրը ան կ'որոշէ այցելել տղուն շինարարութիւնը, կը մօտենայ կիսասարք վանքի պատին եւ երկար կը զննէ զայն։ Բոլորը լուռ կը սպասէին ծեր վարպետի գնահատականին։ Վերջապէս, ան հրեց շարուածքի քարը եւ ըսաւ. «Հախ պատ»։ Այստեղ հայր եւ որդի գրկախառնուեցան եւ հաշտուեցան։ Իսկ վանքին մնաց «Հաղպատ» անուանումը։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաղբատ գիւղը հին ժամանակ կոչուած է «Սրբլիս» (Սուրբ Լոյս), որովհետեւ արեւը կը բարձրանար հարեւան սարի ետեւէն եւ լոյս կը սփռէր հարեւան գիւղերու վրայ։ Հաղբատ վանքի կառուցումէն ետք գիւղը վերանուանուեցաւ, իսկ Սրբլիս անունը անցաւ հարեւան սարին։ Նախապէս գոյութիւն ունեցած Մարիամաշէն գաւիթի (1185) տեղը։ Անիկա արեւելք-արեւմուտք ձգուած ընդարձակ սրահ է՝ լայնաթռիչք, հուժկու փոխհատուող զոյգ կամարներու վրայ յենած իւրայատուկ ծածկով։ Կամարներով սահմանուած՝ քառակուսիէն, արեւմուտքէն կը շարունակէ եւս 3 մ․՝ սահմանագիծին ունենալով հաստահեղոյս փնջաձեւ զոյգ սիւներ, որոնց վրայ չորս կողմէն կը հանգչին թաղակիր կամարները։ Փոխհատուող զոյգ կամարներու հնարքը կիրառուած է նաեւ կեդրոնական քառակուսի ծածկոյթի մէջ, ուր անոնք կը կազմեն քառակուսի երդիքը՝ պսակուած վեցսիւնանի ռոտոնդայով։ Սուրբ Նշանի հիւսիս-արեւելեան անկիւնային մասին մէջ գտնուող գրատուն-մատենադարանը քառակուսի դահլիճ է, պատերուն կից կիսագլանաձեւ որմնամոյթերէն բարձրացող փոխհատուող զոյգ կամարներու վրայ յենուող ծածկով։ Միջին քառակուսիին վրան կը բարձրանայ բուրգաձեւ ութանիստ գմբէթը՝ լուսաւորութեան միակ աղբիւր երդիքով։ Ներկայ շէնքը 1258-1262-ին Յովհաննէս վանահօր վերակառուցածն է։ Ուշ միջնադարուն ծառայած է որպէս մառան, որուն մասին կը վկայեն մեծ թիւով թաղուած կարասները։ Գրատուն-մատենադարանի վերակառուցման հետ միաժամանակ կառուցուած են գրատան սրահը եւ փոքր գաւիթը, որոնցմով իրարու հետ կը կապուին գրատուն-մատենադարանը, Սուրբ Նշանը եւ Համազասպի ժամատունը։
Համազասպի ժամատուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոքր գաւիթի հիւսիսէն՝ կցուած է Համազասպի ժամատունը: 1257-ին կառուցած է Համազասպ Անեցի վանահայրը։ Չորս հզօր սիւներով, երդիքաւոր, կեդրոնակազմ դահլիճ է՝ իր ժանրին մէջ ամէնամեծը (18, 68 x 18, 20 մ․)։ Արեւելքէն կցուած է աւելի վաղ կառուցուած մատուռը։
Զանգակատունը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանքի տարածքի արեւելեան բարձրադիր մասին մէջ, գլխաւոր մուտքին դիմաց, առանձին կանգնած է հայ ճարտարապետութեան անզուգական յուշարձան՝ Հաղբատ վանքի զանգակատունը, որ 1245-ին կառուցած է Համազասպ վանահայրը «Բազում ջանիւ, ի դառն ժամանակս թաթարաց», ինչպէս կը տեղեկացնէ արձանագրութիւնը։ Բաղկացած է եօթսիւնանի զանգաշտարակով, պսակուած երկու յարկաբաժիններէ, որոնց միջեւ հաղորդակցումը կը կատարուի քարէ բարձր աստիճաններով։ Կառոյցին բացառիկ շուք ու հմայք կու տան վարպետօրէն զուգակցուած տարբեր մեծութեան ճակտոնները, անկիւններու շթաքարէ անցումները, բացուածքներու շքեղ եզրակալները, կամարակապ զոյգ պատուհանները, գեղանի զանգաշտարակը։
Սեղանատունը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համալիրի հիւսիս-արեւելքը գտնուող սեղանատունը (13-րդ դար, նորոգուած է 1975 - 1978 թթ․) յատակագիծը ուղղանկիւն կառոյց է՝ մէկ զոյգ սիւներով բաժնուած երկու հաւասար քառակուսի մասերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրն ունի փոխհատուող զոյգ կամարներու վրայ յենուող երդիքաւոր ծածկ։ Մուտքը արեւմուտքէն է՝ պարիսպէն դուրս։
Սուրբ Գրիգոր եկեղեցի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գաւիթէն հարաւ տեղադրուած՝ Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին (1025), դուրսէն ուղղանկիւն, իսկ ներսէն խաչաձեւ յատակագիծով, երկթեք կտուրով, թաղակապ շինութիւն է, որուն չորս անկիւնները աւանդատուներ են (արեւմտեանները՝ կրկնայարկ)։
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին (13-րդ դար), գաւիթի հիւսիսային կողմն է, Սուրբ Գրիգորին գրեթէ համաչափ դիրքով։ Ցած համաչափութիւններով, գմբէթաւոր փոքրաչափ կառոյց է։
Խաչքարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոքր գաւիթէն ներս, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ հիւսիսային շքամուտքի արեւելեան կողմն է, պատկերագրական հարստութեամբ եւ արտայայտչամիջոցներու բարձրարուեստ միահիւսմամբ բնութագրուող, Ամենափրկիչ խաչքարը (1273)՝ կանգնեցուած Աթաբեկ եւ ամիրսպասալար Սադունի ի պատիւ։ Պարիսպի հիւսիս-արեւմտեան անկիւնի մօտ Ուքանանց տոհմի՝ գեղաքանդակ խաչքարերով պսակուած մատուռ-դամբարաններն են (13-րդ դարի առաջին կէս)։
Համաշխարհային Ժառանգութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1996-ին Հաղբատի վանական համալիրը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային արժէքներու ցուցակին մէջ։
Լուսանկարներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Սուրբ Նշան եկեղեցին՝ Հաղպատի համալիրէն ներս
-
Հաղբատի զանգակատունը
-
Զանգակատան հարաւային կողմը
-
Զանգակատունը
-
Զանգակատունը եւ Սուրբ Նշան եկեղեցին
-
Շինութիւններէն մէկուն մուտքը
-
քարտէս
-
Հաղբատ վանքի յատակագիծը
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաղբատի Վանք էջը Ուիքիպահեստին մէջ |
Կաղապար:Համաշխարհային ժառանգություն Հայաստանում
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |