Jump to content

Ամարասի վանք

Ամարասի վանք

Հիմնական տեղեկութիւններ
Տեղագրութիւն Սօս
Թեմ Արցախի թեմ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապ. ոճ Հայկական ճարտարապետութիւն
Հիմնադիր(ներ) Գրիգոր Լուսաւորիչ
Հիմնադրուած Դ․ դար
Առանձնայատկութիւններ

Ամարասի վանք (Աղօղլան, Ամարազ, Ամարէն, Արմարաս, Մարաս), վանքային համալիր Արցախի Մարտունի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղին մօտ, Խազազ եւ Լուսաւորիչ սարերու միջեւ ինկած գոգահովիտին մէջ։ Ամարաս գիւղաքաղաքը կը գտնուէր Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Միւս Հաբանդ գաւառին մէջ, այժմեան Մարտունի քաղաքէն 10 Քմ. դէպի հարաւ-արեւելք[1]։

Հայ պատմիչներու վկայութիւններուն համաձայն՝ Ամարասի վանքին եկեղեցին հիմնած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Դ. դարու սկիզբը. կառուցումը իր աւարտին հասցուցած է անոր թոռնիկը՝ Գրիգորիս եպիսկոպոսը։ Եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը՝ Աղուանքի մէջ թաղուած է 338-ին քրիստոնէութիւնը տարածելու իր առաքելութեան ընթացքին նահատակուած Գրիգորիսը[2]: Ե. դարու սկիզբը Մեսրոպ Մաշտոց Ամարասի վանքին մէջ բացած է Արցախի առաջին դպրոցը։

Ըստ Մովսէս Կաղանկատուացիի՝ 489-ին Աղուանքի Վաչական Գ. Բարեպաշտ թագաւորը Ամարասի մէջ վերագտնելով Գրիգորիսի գերեզմանին տեղը, վրան մատուռ մը կառուցած է, միաժամանակ աւարտին հասցուցած եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները։ Ե. դարէն Ամարասի վանքը դարձած է շրջանին ամէնէն մեծ կրօնական կեդրոնը։

Ամարասի վանական համալիր

821-ին վանքը ասպատակած են արաբները։ Ըստ Ստեփանոս Օրբելեանի վկայութեան՝ 1293 -ին մոնկոլ-թաթարներու Բայտու խանը կողոպտած է վանքը՝ իբրեւ աւար վերցնելով Ս. Գրիգորիսի գաւազանն ու 36 ակերով ընդելուզուած ոսկեձոյլ խաչ մը։ Ամարասի վանքը աւերուած է նաեւ 1387-ին՝ Լենկթիմուրի արշաւանքներուն ատեն։ Ըստ աւանդութեան, Լենկթիմուր իր զօրքերը շարած է Ամարասէն մինչեւ Արաքս գետ եւ հրամայած վանքին քարուքանդ պատերուն քարերը իրարու փոխանցելով թափել Արաքսի մէջ։ Սակայն, դարձեալ ըստ աւանդութեան, ասպատակիչները հազիւ հեռացած, վանքը վերստին կանգնած է իր նախկին շուքով[3]։ Վանքը բարեկարգուած է Ժզ. դարու երկրորդ կէսին։ Վարանդայի մելիքներէն մէկը զայն նորոգած եւ պարսպապատած է Ժը. դարուն, կառուցած բազմաթիւ օժանդակ շինութիւններ։

Վանքը իր անընդմէջ գործող դպրոցով շարունակած է մնալ իբրեւ կրօնական եւ մշակութային կեդրոն։ Ժե. եւ Ժզ. դարերուն հոս գրուած եւ ընդօրինակուած են բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ։ Ժէ. դարու 3-րդ քառորդին վանքը նորոգուած է Գանձասարի Պետրոս կաթողիկոսին կողմէ։

Ժթ. դարու 2-րդ քառորդին Ամարասի վանքային համալիրը, որ ունէր Ժէ. դարուն կառուցուած բաւական ուժեղ պաշտպանական համակարգ մը, օգտագործուած է իբրեւ ամրոց, իսկ 1832- 1847 թուականներուն՝ ծառայած է իբրեւ ռուս-պարսկական սահմանի մաքսատուն։ 1848-ին վանքը յանձնուած է Գանձասարի Մետրոպոլիտ Պաղտասարին։ Խարխլած եկեղեցին վերականգած է 1858-ին՝ շուշեցի հայերու օժանդակութեամբ, իսկ 1898-ին շուշեցի ճարտարապետ Միքայէլ Տէր-Իսրայէլեանցի կողմէ պատրաստուած է Գրիգորիսի նոր տապանաքարը։ Ժթ. դարու վերջը վանքը ունէր կալուածներ՝ վարելահողեր, այգի եւ ջրաղաց։ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք լքուած եւ ամայացած է։ Վերաբացուած է 1992-ին իբրեւ Արցախի թեմի գործող վանք։ Ամէն տարի հարիւրաւոր այցելուներ կ'ունենայ վանքը։ Այժմ կը կատարուին պարիսպներու վերականգնողական աշխատանքներ։

Նկարագրութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վանքը կառուցուած է հարթ տարածութեան վրայ: Վանքը ունի ուղղանկիւն յատակագիծով պարսպապատեր՝ չորս անկիւնները տեղադրուած կլոր բուրգերով։ Պարիսպին երկայնքը արեւելքէն արեւմուտք 85 մ. է, լայնքը՝ 59-ը, բարձրութիւնը՝ հինգ մ.։ Վանքը շրջապատուած է բարձր պարիսպներով, որոնց ներսէն ողջ պարագիծին կից կը գտնուին բնակելի եւ օժանդակ շինութիւններ։ Բնակելի խուցերուն կից անջատուող երկու ներքին բակերէն արեւելեանը տնտեսական նշանակութիւն ունի (անոր շուրջ խմբաւորուած են վանքին գոմը, ախոռը եւ մթերանոցները)։ Արեւմտեանը՝ աւելի ընդարձակ է, բակին կեդրոնը կը գտնուի Ս. Գրիգորիս եռանաւ պազիլիքը՝ երկու զոյգ մոյթերով։ Եկեղեցւոյ բեմին տակը կը գտնուի Ս. Գրիգորիսի մատուռ-դամբարանը։ Նախամուտքերու արեւելեան պատերուն քանդակուած են ոճաւորուած արմաւենիներ։ Գրիգորիսի դամբարանը կառուցուած է նոյն յօրինուածքով, որ յատուկ է Էջմիածինի մէջ Գայեանէի եւ Օշականի մէջ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարաններուն։ Վանքին մայր եկեղեցին կառուցուած է Շուշիի քարհանքի բաց մոխրագոյն սրբատաշ որձաքարով։ Տաճարին սրահին երկարութիւնը 23մ. է, լայնքը` 13,33մ.։ Պահպանուած են պարիսպները, ինչպէս նաեւ վանքին օժանդակ շինութիւններուն մեծ մասը։

Երկթեք տանիքին վրայ կը բարձրանայ փոքրիկ զանգակատան վեց սիւնանի կաթողիկէն։

Ամարասի մէջ յայտնաբերուած խաչքարը, իր վրայ քանդակուած արձանագրութեամբ, թուագրուած է 925-ին: Այսպիսով, այդ խաչքարը կը դասուի թուագրուած կոթողներէն հնագոյններուն շարքին:

  1. Նորավանք
  2. Սեւանավանք
  3. Տաթեւի Վանք

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ամարաս գիւղաքաղաք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-25 
  2. «Ամարասի վանք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-28-ին։ արտագրուած է՝ 2020-06-25 
  3. Վանքին ու Լենկթիմուրի մասին պատմուած աւանդութիւնը

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]