Արժանթին

Արժանթին
Արգենտինայի դրոշ? Զինանշանը


Կը ներառնէ Պուէնոս Այրես, Բուենոս Այրես?, Կատամարկա?, Չակո?, Կորդովա?, Կորիենտես?, Էնտրե Ռիոս?, Formosa Province?, Խուխույ?, Լա Պամպա (պրովինցիա)?, Լա Ռիոխա?, Մենդոսա?, Միսիոնես?, Նեուկեն?, Ռիո Նեգրո պրովինցիա?, Սալտա?, Սան Խուան?, Սան Լուիս?, Սանտա Կրուս?, Սանտա Ֆե նահանգ?, Santiago del Estero?, Հրո Երկիր, Անտարկտիդա և Հարավային Ատլանտիկայի կղզիներ?, Տուկուման? եւ Չուբուտ?
Պետական լեզու Սպաներէն
Մայրաքաղաք Պուէնոս Այրես
Օրէնսդիր մարմին Argentine National Congress?
Երկրի ղեկավար Խավիեր Միլեյ?
Կառավարութեան ղեկավար Խավիեր Միլեյ?
Ազգաբնակչութիւն 47 327 407 մարդ (2022)[1]
Օրհներգ Արգենտինայի օրհներգ?
Կարգախօս Beats to your rhythm եւ Curiad eich Rhythm
Հիմնադրուած է 9 Յուլիս 1816 թ.
Արժոյթ Արգենտինական պեսո?
Ժամային համակարգ time in Argentina?
Հեռաձայնային համակարգ +54
Համացանցի յղում .ar?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,842[2]
argentina.gob.ar(սպան․)

Արժանթին, պետութիւն Հարաւային Ամերիկայի տարածքին։ Տարածութեամբ՝ կը գրաւէ աշխարհի ութերորդ տեղը։

Աշխարհագրական դիրք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի հարաւային մասին մէջ, որ կը կոչուի Բաթակոնիա։ Սահմանակից է արեւմուտքէն՝ Չիլիին, հիւսիսէն՝ Պոլիվիային եւ Բարակուէյին, հիւսիս-արեւելքէն՝ Պրազիլին եւ Ուրուկուէյին։ Արեւելեան կողմի ափերը կ՚ողողեն Ատլանտեան ովկիանոսի ջուրերը։ Արժանթինի կը պատկանին Ֆոլգլենտեան կղզիները, ինչպէս նաեւ՝ «Հրոյ Երկիր» կղզիի արեւելան հատուածը։ Արժանթինի արեւմտեան հատուածը լեռնային է, ուր կը գտնուի՝ ամբողջ արեւմտեան կիսագունդին, ամենաբարձր լեռը՝ Ագոնգակուան՝ 6960 մ., իսկ արեւելքէն կը հոսի՝ Բարանա, Ռիօ Նեկրօ, Բարակուէյ եւ այլ գետերը։ Արժանթինը ժամանակին եղած է Սպանիոյ գաղութ, սակայն հետագային՝ 25 Մայիս 1810-ին ազատագրուած է սպանական լուծէն՝ շնորհիւ «Խոսէ Սան-Մարթին»ին եւ այլ պայքարողներու։

Արժանթինը հարուստ է նաֆթով եւ այլ օգտակար հանածոներով։ Ունի հարուստ բուսական եւ կենդանական աշխարհ (կատուառիւծ, լամա, նանտի ջայլամ)։ Քաղաքներէն ամենամեծը՝ մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսն է՝ Լա-Բլաթայի ծովախորշի ափին։

Կլիմա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արժանթինը կը գտնուի երեք կլիմայական գօտիի մէջ` արեւադարձային, մերձարեւադարձային եւ ամոք:

Ամառը երկրի հարաւը ցուրտ է. միջին ջերմաստիճանը նոյնիսկ ամենատաք ամսուն (Յունուար) +15°C է: Հիւսիսը գտնուող Կրան Չաքոյի արեւադարձային շրջանն Արժանթինի մէջ կ'անուանեն «Շոգի բեւեռ»: Ամառը օդը կը տաքնայ մինչեւ + 30 ... + 40°C, իսկ ձմեռը միջին ջերմաստիճանը կը հասնի + 17 ... + 20°C: Տարեկան տեղումներու քանակը կը նուազի արեւելքէն արեւմուտք ինկած հարթավայրերուն մէջ՝ 1400-1600-էն մինչեւ 100-300 միլիմեթր, լեռներուն մէջ այն կրկին կ'աճի։ Ամէնէն շատ տեղումներ կ'ըլլան Հարաւային Անտերի արեւելեան լանջերը (մինչեւ 2000 միլիմեթր, իսկ տեղ-տեղ նոյնիսկ տարեկան մինչեւ 5000 միլիմեթր), իսկ հարթավայրային շրջաններէն` Արժանթինի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Էնտրէ Ռիոսի մէջ (տարեկան մինչեւ 1600 միլիմեթր):

Բուսական աշխարհ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էլ Պալմարի ազգային պարկ, Էնտրէ Ռիոս

Արժանթինի բուսականութիւնը կ'առանձնանայ մեծ բազմազանութեամբ՝ արեւադարձային անտառներէն մինչեւ կիսաանապատային տարածքներ Բաթակոնիայի եւ Փունայի մէջ: Հիւսիսային Արժանթինական Միջագետքի մէջ կ'աճին մերձարեւադարձային բազմատեսակ անտառներ: Այստեղ կը հանդիպին թանկարժէք բնափայտեր ունեցող շքածառին, սեդրոնին, լապաչոյին։ Հարաւի մասը կը գերակշռէ թուփերով աճող բուսականութիւնը. ճահճացած տարածքները ծածկուած են շամբիներով, եղեգներով, ջրաշուշաններով, իսկ բարձրադիր ու չոր տարածքները` հարուստ խոտածածկ ունեցող մարգագետիններով: Կան ակացիայէն, միմոզէն, ջայլամի ծառերէն բաղկացած նօսր անտառներ, իսկ գետերու ափերուն` արմաւենի պուրակներ:

Հարաւի ուղղութեամբ կան աւելի բաց խոտածածկ տարածքներ, Էնտրէ Ռիոս նահանգի հարաւային մասը դարձած է հացահատիկային պրերիա եւ կը ներկայացնէ անցումային շրջանը դէպի Փամփա: Հնդկացիներու կեչուա լեզուէն թարգմանաբար Փամփա կը նշանակէ «փայտային բուսականութիւնէ զուրկ»: Խոնաւ փամփայի անծայրածիր տափաստանային տարածութիւնները ժամանակ մը պատուած էին բազմամեայ բոյսերով՝ փետրախոտով, [մարգարտախոտ]]ով, վայրի կորեկով ու պիսակաւոր գունաւոր տարազգի բուսականութեամբ: Սակայն այստեղ բնական բուսականութիւն քիչ մնացեր է, տարածքի զգալի մասը հերկուեր է, իսկ երբեմնի այն ծածկած խոտածածկը, որ անասնապահութեան համար ծառայեր է բնական կերային ծաւալի, անասուններու երկարատեւ արածեցման հետեւանքով մոլախոտերու կողմէն աղբակալուեր է եւ կորսնցուցեր իր սկզբնական տեսքը։

Չոր Փամփային բնորոշ է քսերոֆիլային բուսականութիւնը` ցած հասակի ծառեր, փշոտ թփեր, կոշտ խոտաբոյսեր: Նմանատիպ բուսականութիւնը տարածուած է նաեւ երաշտային արեւմուտքը, միջլեռնային լողաւազանները, այնտեղ կոշտ հացահատիկներու եւ քսերոֆիլ թուփերու փունջերը փոխարինած են քաքթուսներով (կակտենի):

Արժանթինի մէջ անտառներն կը զբաղեցնեն հողային ֆոնտի 12 %-ը: Առաւել արժէքաւոր են Արժանթինիկան Միջագետքի եւ Խոնաւ «Անտեր»ի փշատերեւ անտառները, ինչպէս նաեւ Չաքոյի մէջ գտնուող քեբրաչոյի անտառները: Ատոնց շահագործումը դժուար է, քանի որ կը գտնուին հեռաւոր շրջաններու մէջ, ուստի արհեստական անտառատնկման փորձեր կը ձեռնարկուին ամենաբնակեցուած շրջանը՝ Փամփայի մէջ:

Առաւել իւրացուած են Չաքոյի անտառային աղբիւրները, բայց այստեղ երկարատեւ շահագործման հետեւանքով սուր դրուած է ատոնց պահպանութեան եւ վերականգնման հարցը։

Արժանթինի ազգային ծաղիկն էրիթրինան է:

Կենդանական աշխարհ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արժանթինի ազգային խորհրդանիշ թռչուն` Furnarius rufus

Արժանթինի կենդանական աշխարհը թէեւ այնքան ալ հարուստ եւ բազմազան չէ, ինչպէս Լատինական Ամերիկայի այլ երկիրներուն մէջ, բայց ունի բաւական շատ էնտէմիկ տեսակներ: Գրեթէ բոլոր այդ կենդանիները կը բնակին Անտերիի մէջ եւ այդ շրջանի նախալեռներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Բաթակոնիայի քիչ բնակեցուած շրջանին մէջ: Փունա էքօտարածքին մէջ կը բնակի մնացուկային ակնոցաւոր արջը:

Բաթակոնիայի Patagonia բաց կիսանապատային տարածքներուն մէջ եւ Չաքոյի սաւանաներուն այսինքն՝ արօտադաշտերուն մէջ տարածուած է փուման: Անտերիի մէջ կը հանդիպին նաեւ փափուկ բուրդ ունեցող վիքունեան եւ նուրբ արծաթափայլ մորթով շինշիլան: Սակայն ինչպէս անոնք, այնպէս ալ միւսները ենթարկուեր են գրեթէ ամբողջական ոչնչացման: Շատ են կրծողները եւ զրահակիրները: Չաքոյի, Արժանթինական Միջագետքի եւ Բաթակոնիայի մէջ լայնօրէն տարածուած են նութրիաները, ջրասամոյրները:

Ճահճուտներուն մէջ եւ լիճերուն՝ ամէնուրեք կը բնակին ջրային թռչունները, որոնցմէ շատերը կ'առանձնանան իրենց վառ գոյնով։ Ջրամբարներու ափերուն կարելի է տեսնել ֆլամինկօ, ձկնկուլ: Անտառներուն մէջ կան քոլիպրիներ, որոնց թիւին մէջ կան էնտէմիք տեսակներ, օրինակ, այսպէս կոչուած, ճախրող զմրուխտը Բաթակոնիայի «Անտեր» լեռներուն (The Andes, Andes Mountains or Andean Mountains) վրայ: Արժանթինի մէջ բնակող Furnarius rufus թռչունը 1928 թուականին դարձեր է երկրի ազգային խորհրդանիշներէն մէկը:

Վալտես թերակղզին կենդանիներու եղանակային չուի կեդրոններէն մէկն է: Յունիսէն մինչեւ Դեկտեմբեր այստեղ լողալով ափ կը հասնին հարաւային հարթ կէտերը, Սեպտեմբերէն մինչեւ Մարտ-Ապրիլը` մակելանեան փինկուինները եւ խոյատելֆինները, Դեկտեմբերէն մինչեւ Մարտը` մոխրագոյն տելֆինները: Ողջ տարին այստեղ կարելի է հանդիպիլ պիսակաւոր տելֆիններու, ծովափղերու, ծովառիւծներու, կուանաքոյի, Բաթակոնիական ճագարներու, նանտուներու, գորշ աղուէսներու եւ զրահակիրներու։

Անուանի մարզիկներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արժանթինցի աշխարհահռչակ մարզիկներէն են՝ Տիէկօ Արմանտօ Մարատոնան, Լիոնէլ Մեսսին, ինչպէս նաեւ հայազգի թենիս խաղացող Դաւիթ Նալպանտեանը։

Քաղաքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պուէնոս Այրես
Սալտա

Արժանթինը արագ զարգացող գիւղատնտեսական-արդիւնաբերական պետութիւն է[4]: 1990-ականներու սկիզբը երկիրը աշխուժօրէն կը վարէ սեփականաշնորհման եւ արտասահմանեան դրամագլուխի աւելի լայն ներգրաւման քաղաքականութիւն: Mercosur-ի (Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու ընդհանուր շուկայ) մուտքը զգալիօրէն ընդլայներ է Արժանթինի ներքին շուկան: Արժանթինի համար բնորոշ է մշակող արդիւնաբերութեան գերակշռութիւնը, իսկ այդ ոլորտին մէջ կը գերիշխէ ծանր արդիւնաբերութիւնը: Սակայն աւանդական ճիւղերը` թեթեւ եւ, յատկապէս, սնունդի արդիւնաբերութիւնը, առաջուան պէս կը զբաղեցնեն, կարեւոր տեղ կը գրաւեն եւ ունին արտահանման նշանակութիւն:

Այնուամենայնիւ, չմտածուած բարեփոխումներու անցկացման պատճառով 2001 թուականի տնտեսական ճգնաժամը յանգեցուցեր է ընկերային լարուածութիւնը եւ պարտազանցման զգալի աճը (պետական պարտքի գումարն այդ պահին կազմեր է 132 միլիար տոլար, որը պարտազանցման խոշորագոյնը դարձեր է պատմութեան մէջ):[5]

Արդիւնաբերութեան տեղաբաշխման համար բնորոշ է տարածքային բարձր համակեդրրոնացումը: Ծանր արդիւնաբերութեան արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու զգալի մասը կեդրոնացած է «Փարանայ»ի ստորին աւազաններուն, Պուէնոս Այրեսի եւ Ռոսարիոյի միջեւ արդիւնաբերական գօտիին մէջ: Արդիւնաբերական արտադրանքի աւելի քան կէսը կ'արտադրուի Մեծ Պուէնոս Այրեսի մէջ:

Նաֆթի արդիւնահանմամբ երկիրը Լատինական Ամերիկայի մէջ չորրորդ տեղը կը գրաւէ (Վենեզուելայէն, Էքուատորէն եւ Պրազիլէն յետոյ): Արդիւնահանումը լիովին կը բաւարարէ երկրի կարիքները (պետական Enarsa, YPF եւ մասնաւոր Bridas, Pluspetrol ընկերութիւններ), եւ պետութիւնը նաֆթ չի ներմուծեր:

Արժանթինը ուրանի պաշարներով առաջատար երկիրներու տասնեակի մէջ է։ Երկիրը յայտնի է միջուկային ուժականութեան եւ ուրանի արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ իր գիտական մշակումներով (INVAP, Nucleoeléctrica Argentina):

Երկրի սեւ մետալուրկիան ամենահինն է մայրցամաքի մէջ, բայց հումքի պակասի պատճառով կը զարգանայ բաւականին դանդաղ պատճառով: Հումքի մեծ մասը պէտք է ներմուծել:

Գունաւոր մետաղի ճիւղերէն զարգացած են կապարի, ցինկի, պղինձի, ալիւմինի արտադրութիւնը` սեփական եւ դուրսէն բերուող հումքի հիման վրայ։

Մեքենաշինութիւնը ծանր արդիւնաբերութեան մէջ առաջատար է արտադրանքի արժէքով: Առաւել զարգացած են փոխադրամիջոցներու մեքենաշինութիւնը (Արժանթինի մէջ իրենց գործարանները ունին Ֆորտը, Քրայսլերը, Թոյոթան, Փեժօն եւայլն), գիւղատնտեսական մեքենաշինութիւնը, սնունդի արդիւնաբերութեան համար սարքաւորումներու, ելեկտրա-ճարտարագիտական արտադրութիւնը (IBM, Siemens գործարաններ): Փոխադրամիջոցներու մեքենաշինութեան առաջատարն է ինքնաշարժի շինութիւնը (Պուէնոս Այրես, Քորտովա), զարգացած են նաւաշինութիւնն ու նաւանորոգումը (Պուէնոս Այրես, Էնսենատա), օդանաւա-շինութիւնը (FAdeA, Aero Boero, Laviasa) եւ ուղղաթիռներու արտադրութիւնը (Cicaré, AeroDreams) (Քորտովա, Պուէնոս Այրես):

Պուէնոս Այրես

Արտահանման ճիւղերու շարքին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն մսամթերքի արտադրութիւնը՝ աւանդական եւ երկրի համար իւրայատուկ ճիւղը: Արժանթինը կը դասուի միսի, գլխաւորապէս կովու միսի եւ ատոր արտահանողներու ամենամեծ չափով արտադրողներու թիւը։ Սնունդի արդիւնաբերութեան այլ ճիւղերէն արտահանման նշանակութիւն ունին բուսական իւղերու արտադրութիւնը, վերջին տարիներուն՝ սոյայի, ինչպէս նաեւ ալրաղացման, ձէթի արդիւնաբերութիւնն ու գինեգործութիւնը: Ներքին շուկան կեդրոնացած է պտուղ-բանջարեղէնի, պահածոներու, շաքարի արդիւնաբերութեան, ըմպելիքներու արտադրութեան վրայ:

Արժանթինի գիւղատնտեսութեան տարբերակիչ առանձնայատկութիւնը Լատինական Ամերիկայի այլ երկիրներու համեմատ այն է, որ այն ոչ միայն լիովին կ'ապահովէ իրեն սննդամթերքով, այլեւ կ'արտահանէ այն (ընդ որուն, գիւղատնտեսութեամբ զբաղուած է աշխատողներու միայն 2 տոկոսը): Մէկ շունչի հաշիւով պարենամթերքի սպառման ցուցանիշով երկիրը կը գերազանցէ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն (1-ին հորիզոնական): Գիւղատնտեսութեան եւ անասնաբուծութեան արտադրանքը կու գայ արտահանման եկամուտներու աւելի քան 50 տոկոսը: Խոշոր եղջերաւոր անասուններու գլխաքանակով Արժանթինը կը զբաղեցնէ 6-րդ տեղը աշխարհի մէջ: Մէկ շունչի հաշիւով միսի արտադրութեան ցուցանիշով՝ 5-րդը, իսկ ատոր սպառման ցուցանիշով՝ առաջինը: Միսը արժանթինցիներու ազգային ուտեստն է:

Բուսաբուծութեան մէջ հիմնական տեղը աւանդաբար կը զբաղեցնեն արտահանման նշանակութիւն ունեցող հացահատիկային, ձիթատու եւ ծխախոտային մշակաբոյսերը: Ցորենի եւ ծխախոտի հաւաքով Արժանթինը աշխարհի առաջատար երկիրներէն մէկն է: Համաշխարհային դրամատան տուեալներով՝ 2012 թուականին երկիրը ցորենի արտահանման ցուցանիշով աշխարհի մէջ ունի 6-րդ տեղը (8,4 միլիոն թոն)[6]: Բացի այդ, Արժանթինը հաւկիթի, կաթի, գարիի եւ ծխախոտի կարեւորագոյն արտահանողն է:

Արժանթինի մէջ աշխատանքի վարձատրութեան միջին չափը, 2018 թուականի Սեպտեմբերի դրութեամբ, կը կազմէ 31.898 փեսօ (401.000 դրամ)[7][8][9][10]: 1 Հոկտեմբեր 2019 թուականէն աշխատանքի վարձատրութեան նուազագոյն չափը կը կազմէ 16.875 փեսօ (135.000 դրամ) եւ 14.512,5 փեսօ (14% եկամտահարկը հանելէն ետք)[11][12]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. https://www.pagina12.com.ar/422916-la-poblacion-argentina-es-de-47-327-407-personas
  2. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  3. «3218.0 - Instituto Nacional de Estadistica y Censos, Argentina, 2006-07»։ INDEC։ 2008-03-31։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-08-21-ին։ արտագրուած է՝ 2008-06-06 
  4. Аргентина // Энциклопедический географический словарь / отв. редакторы Е. В. Варавина и др. — М.: Рипол-классик, 2011. — С. 47. — (Словари нового века). — 5 000 экз. — ISBN 978-5-386-03063-6
  5. Аргентинский дефолт: последствия
  6. Грибоедова И. А. Анализ и адаптация мировой продовольственной системы в Республике Беларусь // Экономические и социальные перемены: факты, тенденции, прогноз. — 2015. — № 1 (37). — С. 204
  7. «{title}» 
  8. «{title}» 
  9. «{title}» 
  10. «Архивированная копия»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-02-14-ին։ արտագրուած է՝ 2019-02-14 
  11. [1]
  12. [2]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երուանդ Մոնոֆարեան (1968), «Հանրագիտակ», Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, Պէյրութ:

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]