Ասորիք
Ասորիք, հնագոյն երկիր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Արեւմուտքէն սահմանակից էր Միջերկրական ծովուն ու փիւնիկիային, արեւելեան կողմէն՝ Եփրատ գետին, Միջագետքին ու Բաբելոնին, հարաւէն՝ Անապատային Արաբիային եւ Հրեաստանին, հիւսիսէն՝ Կիլիկիոյ ու Կոմագենէին։ Բաժնուած էր՝ Հիւսիսային կամ Վերին եւ Հարաւային կամ Ստորին երկրամասերու։
Պատմութիւն[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին դարեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ասորիքը եղած է կարաւանային հնագոյն հանգոյց մը, ուր դարերու ընթացքին բախած ու միախառնուած են զանազան ցեղեր ու ժողովուրդներ: Ք.ա. Գ.-Բ. հազարամեակներուն Ասորիքի մէջ, մասնաւորաբար Որոնտես գետի արգաւանդ հովիտին, Դամասկոսի ու Պալմիրայի ովասիսներուն մէջ, տիրապետած են խուրրի-սուբարեան եւ ամովրհական ցեղերը, որոնք Ք.ա. Բ. հազարամեակի սկզբին անցան դասակարգային հասարակարգի: Ասորիքի մէջ կազմուեցան շարք մը քաղաքներ ու քաղաք-պետութիւններ՝ իրարմէ անկախ թագաւորիկներու գլխաւորութեամբ: Ենթարկուելով հզօր դրացիներու նուաճումներուն՝ Ասորիքը այդպէս ալ չկրցաւ ստեղծել միասնական պետութիւն:
Ք.ա. Բ. հազարամեակի վերջաւորութեան Ասորիքը ողողուեցաւ թափառական արամէացիներով, որոնք անկումի մատնեցին անոր տնտեսութիւնը: Եկուորներու ազդեցութեամբ Ասորիքի բնակչութեան լեզուն աստիճանաբար արամէացաւ, իսկ երկիրը անոնց անունով սկսաւ կոչուիլ նաեւ Արամ: Ք.ա. Թ. դարու սկզբին Ասորեստանը ասպատակեց Ասորիքը: Ք.ա. Թ. դարու վերջերէն մինչեւ Ք.ա. Ը. դարու առաջին կիսուն Հիւսիսային Ասորիքը կը հպատակէր Ուրարտուին: Ք.ա. 740-730-ական թուականներուն Ասորեստանի թագաւոր Թիգլաթփալասար Գ.-ն Ուրարտուի Սարդուրի Բ. թագաւորը դուրս մղեց Ասորիքէն եւ վերանուաճեց զայն: Ասորեստանի կործանումէն ետք Ասորիքին տիրեցին՝ Ք.ա. 605-էն՝ Նոր Բաբելոնեան թագաւորութիւնը, Ք.ա. 539-էն՝ Աքեմենեանները, Ք.ա. 301-էն՝ Սելեւկեանները:
Սելեւկեան տիրապետութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սելեւկեան տիրապետութեան շրջանին Ասորիքի մէջ հիմնուեցան յունական քաղաքներ ու աւաններ, տարածուեցաւ յունարէն լեզուն ու մշակոյթը: Ասորիքը դարձաւ հելլենիստական քաղաքակրթութեան կեդրոն: Ք.ա. Բ. դարուն Սելեւկեաններու աշխարհակալութիւնը քայքայուեցաւ, եւ հոգեվարք ապրող Սելեւկեան թագաւորները ամփոփուեցան Ասորիքի սահմաններուն մէջ: Սելեւկեան վերջին գահակալներէն յուսախաբ՝ Ասորիքի աւագանին Ք.ա. 84-ին ընդունեց հելլենիստական Հայաստանի գերիշխանութիւնը: Անտիոքը եւ միւս քաղաքները առանց դիմադրութեան անձնատուր եղան քաղաքային գլխաւոր ճանապարհներուն տիրապետող Տիգրան Բ. Մեծ թագաւորին. Ասորիքը դարձաւ հայկական փոխարքայութիւն՝ հայ զօրավար Բագարատի գլխաւորութեամբ:
Տիգրան Մեծէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ասորիքի քաղաքները, արհեստները, առեւտուրը եւ մշակոյթը վերստին ծաղկեցան: Ք.ա. 66 թուականի Արտաշատի դաշնագրով Ասորիքը Հայաստանէն անջատուեցաւ եւ վերածուեցաւ հռոմէական նահանգի: Ա.-Դ. դարերուն պարսկա-հռոմէական մրցակցութեան ատեն Ասորիքը ենթարկուեցաւ պարթեւա-պարսկական ասպատակութիւններուն ու աւերածութիւններուն:
Այս ժամանակաշրջանին Ասորիքի մէջ հիմնուեցան քանի մը մանր իշխանութիւններ, որոնցմէ նշանաւոր էին Պալմիրան եւ Օսրոյենէն: Վերջինս հայ եւ ասորի խառն բնակչութեամբ թագաւորութիւն մըն էր, որուն վերջին գահակալները կը յիշուին իբրեւ հայեր: Անիկա սերտ կապեր ունեցած է Մեծ Հայքի հետ, թերեւս երբեմն միացած ըլլալով Արշակունիներու թագաւորութեան, որուն համար ալ հայ հին մատենագիրները զայն ուղղակի հայկական երկիր կ'անուանեն:
Դ. դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 630-ականներու արաբական նուաճումները, Ասորիքը բիւզանդական նահանգ էր եւ ռազմական յենակէտ: 661-750 թուականներուն դարձաւ Օմայեաններու խալիֆայութեան քաղաքական ու մշակութային կեդրոնը: Արաբական ցեղերու զանգուածային հոսքը փոխեց Ասորիքի բնակչութեան կազմը: Տեղացի բնակչութեան զգալի մասը իսլամացաւ:
Գիր եւ գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սկիզբը Ասորիքի բնակիչները կը գործածէին եգիպտական մեհենագրերուն նմանող գիրեր։ Մ.թ.ա. Ա. հազարամեակի սկիզբէն կը գործածէին 22 բաղաձայն հնչիւններէ բաղկացած նոր գիրեր։ Համեմատաբար կատարեալ եւ դիւրընկալ գրութեան այս արուեստը՝ մ.թ.ա. Ա. հազարամեակին, տարածուած էին նաեւ շրջապատի քաղաքակիրթ երկիրներուն, անոր կարգին Հայաստանի պաշտօնական գրասենեակներուն մէջ։
- ↑ (հայերեն) Ասորիք, 2024-12-17, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B1%D5%BD%D5%B8%D6%80%D5%AB%D6%84&oldid=10171571, վերցված է 2026-02-20