Վարդանանց Պատերազմ
| Վարդանանց Պատերազմ | |||||||
|---|---|---|---|---|---|---|---|
| |||||||
| |||||||
| Հակառակորդներ | |||||||
| հայեր վրացիներ աղուաններ |
|||||||
| Հրամանատարներ | |||||||
| Վարդան Մամիկոնեան | |||||||
| Կողմերու ուժեր | |||||||
| 66 000 մարտիկ | |||||||
Վարդանանց պատերազմ, 450-451 թուականներուն մարզպանական Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած ապստամբութիւն։
Ուղղուած էր Սասանեան արքունիքի դէմ, որուն նպատակն էր քրիստոնէադաւան հայերուն մէջ տարածել զրադաշտականութիւնը, անջատել հայերը Բիւզանդիոնէն եւ աստիճանաբար ձուլել զանոնք պարսիկներուն մէջ։
Համահայկական պայքարը կը գլխաւորեն ժամանակի հայկական նախարարական տուները՝ Մամիկոնեաններու, Սիւնիներու, Արծրունիներու եւ այլ նախարարներու գլխաւորութեամբ։
Անոնց կողքին կը կանգնի Հայ Առաքելական եկեղեցին։ Ապստամբելու որոշումը կը կայացուի 449 թուականին՝ Արտաշատի ժողովին։
Գլխաւոր ելակէտային ճակատամարտը տեղի կ'ունենայ 26 Մայիս 451-ին՝ Աւարայրի դաշտին վրայ։
Մարզպանական Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սասանեան Պարսկաստանի հպատակ պետութիւններու շարքին, Մարզպանական Հայաստան արտօնեալ կարգավիճակով ինքնավար երկիր էր։ Հայ նախարարներու եւ բարձրադաս հոգեւորականներու աւանդական իրաւունքներն ու արտօնութիւնները, պաշտօնակալութիւնները եւ հայկական զօրաբանակը ո՛չ միայն կը պահպանուէին, այլեւ պատշաճ մակարդակի վրայ կը գտնուէին։ Սասանեաններուն կը տրուէր հարկ, որքան կը գանձուէր ի շահ վերջին Արշակունիներուն։
Հայ նախարարներու քաղաքական միասնութիւնը կ'արտայայտուէր ընդհանուր զօրաբանակով, զոր կը գլխաւորէր սպարապետը, կառավարման միասնական համակարգով, կաթողիկոսին նախագահութեամբ, ըստ անհրաժեշտութեան՝ գումարուող համազգային ժողովով։ Պարսիկներուն թագաւոր Յազկերտ Բ.-ը 443 թուականին Հայոց մարզպան կը նշանակէ հայ ազդեցիկ իշխան Վասակ Սիւնին (443-451)։
440-ական թուականներուն, պարսից արքունիքը կ'որդեգրէ այս ինքնավարութիւնը վերացնելու եւ զայն պարսկական սովորական նահանգի վերածելու քաղաքականութիւն մը։
442 թուականին, հայկական զօրաբանակը, սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, կ'ուղարկուի Միջին Ասիա՝ քուշաններու դէմ պատերազմելու։
447 թուականին, «աշխարհագիր» (մարդահամար եւ եկամուտներու հաշիւին մէջ) կատարելու պատրուակով, պարսիկ պաշտօնեայ Դենշապուհը կ'աւելցնէ Հայաստանէն գանձուող հարկերը, կը սահմանափակէ հոգեւորականներու իրաւունքները, կը պառակտէ հայ նախարարներու միասնութիւնը, հայրենասէր նախարարները կը զրկէ իրենց ժառանգական պաշտօններէն եւ արտօնութիւններէն՝ զանոնք յանձնելով հայրենադաւներու կամ պարսիկներու։
Յազկերտ Բ., 449 թուականին յատուկ հրովարտակով կը պահանջէ ուրանալ քրիստոնէութիւնը եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը, որուն հետեւանքով հայերը կը զատուէին դաշնակից բիւզանդացիներէն եւ աստիճանաբար կը ձուլուէին պարսիկներուն մէջ։ Նոյն թուականին, Արտաշատի ժողովի ընթացքին, հայ մեծամեծ նախարարներն ու հոգեւորականները միահամուռ կը մերժեն պարսից արքունիքին պահանջները[1]։
Արտաշատի ժողովը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարսիկները վստահ էին, որ երբ հայերը զրադաշտական դառնան, անոնց կը հետեւին նաեւ վրացիներն ու աղուանները։ Հայ աւագանին պարտաւոր էր կա՛մ շուտով պատասխանել եւ կամ ալ ներկայանալ Տիզբոն ու բացատրութիւն տալ արքունի ատեանին։ Հայերը լաւ կը հասկնային, որ կրօնափոխութեան առաջարկը հեռու գացող նպատակներ կը հետապնդէր։ Պարսկաստան կը փորձէր հայերը զրկել հոգեւոր-մշակութային ինքնատիպութենէն եւ դիւրացնել անոնց ձուլումը պարսիկներու հետ։

արձանը Գիւմրիի մէջ:
Հայոց մարզպանը, հայ հոգեւոր առաջնորդները եւ նախարարները, որոնցմէ են նաեւ կաթողիկոսի տեղապահ Յովսէփ Վայոց Ձորեցին, Արտաշատի մէջ կը գումարեն յատուկ ժողով մը։ Մասնակիցներէն էին նաեւ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի աշակերտները, որոնք քաջատեղեակ էին ժամանակի աստուածաբանական եւ փիլիսոփայական գրականութեան։ Պարսից արքունիքին ուղղուած պատասխան նամակին մէջ, անոնք գլխաւորաբար կը պաշտպանէին քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտացիութիւնը։
| Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել, ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ էլ որեւէ այլ դառն հարուած - կը գրէին անոնք |
Զայրացած Յազկերտ Տիզբոն կը կանչէ հայ, վրացի եւ աղուան անուանի նախարարները։ Հոն անոնցմէ կը պահանջեն հաւատափոխ ըլլալ եւ ընդունիլ զրադաշտականութիւնը։ Հակառակ պարագային, Յազկերտ կը սպառնար մահապատիժի ենթարկել նախարարները, աւերել անոնց տիրոյթները եւ աքսորել հարազատները։ Հայոց մեծամեծները ստիպուած կ'ըլլան առերես ընդունիլ կրակապաշտութիւնը՝ ոչ միայն մահապատիժէ փրկուելու, այլեւ նպատակ ունենալով ժողովուրդը ղեկավարել։
Ուրախացած Յազկերտ, յատուկ զօրագունդի եւ մոգերու ուղեկցութեամբ, շռայլ պարգեւներով զանոնք կ'ուղարկէ Հայաստան։ Հայ նախարարներուն յանձնարարուած էր շուրջ մէկ տարուան ընթացքին վերացնել Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կրօնափոխ դարձնել բնակչութիւնը։ Պարսիկ մոգերը եկեղեցիները պիտի վերածէին կրակատուներու (ատրուշաններու), ուր մշտապէս պիտի վառուէր պարսիկներու համար սրբազան համարուող կրակը։
Չվստահելով նախարարներուն՝ զգուշաւոր Յազկերտը պատանդ կը պահէ Գուգարաց բդեշխ Աշուշան եւ Վասակ Սիւնիի երկու որդիները[2]։
Անգղի եւ Զարեհաւանի ելոյթները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ նախարարներու հաւատուրացութեան լուրը բացասաբար կ'ընդունուի Հայաստանի մէջ։ Ժողովրդական բուռն ելոյթ տեղի կ'ունենայ Բագրեւանդ գաւառի Անգղ գիւղաքաղաքին մէջ։ Մոգերը հոն կը փորձեն կրակատան վերածել տեղւոյն եկեղեցին, բայց արժանի հակահարուած կը ստանան։ Ռամիկները Ղեւոնդ Երէցի գլխաւորութեամբ դագանակներով (ծանր փայտ, որ նախատեսուած է ծեծելու կամ հարուածելու համար) զինուած կը հալածեն մոգերը, իսկ Զարեհաւան գիւղաքաղաքին մէջ, կը կործանեն նորակառոյց ատրուշանը եւ կը սպաննեն զանոնք։ Ապստամբած ժողովուրդը ամէնուրեք կը կոտորէ կամ երկիրէն դուրս կը քշէ մոգերն ու պարսիկ պաշտօնեաները։ Հայրենիք վերադարձած նախարարները ժողովուրդը տեղեակ կը պահեն իրենց կեղծուրացութեան մասին եւ կ'անցնին ժողովրդական շարժման գլուխը։ Համաժողովրդական շարժումը կը թեւակոխէ նոր հանգրուան՝ վերածուելով կազմակերպուած ապստամբութեան։

Սպարապետ Վարդան Մամիկոնեան, ընդառաջելով նախարարներու եւ ժողովուրդի ցանկութեան, կ'անցնի երկիրին զինուած ուժերուն գլուխը։ Այս ընթացքին՝ Վասակ Սիւնին ապստամբութեան գլխաւոր ղեկավարներէն էր։ Երկիրը պարսկական աւերումէն փրկելու նպատակով, ան կը փորձէր հանգստացնել պարսիկ մոգպետը, որպէսզի հայերուն դէմ չգրգռէր պարսից արքունիքը, միաժամանակ ապստամբութեան նախապատրաստութեան կը մասնակցէր։ Ան բոլորին հետ միատեղ «կեղծ երդում տուաւ սուրբ Աւետարանին վրայ»։
Ապստամբութեան ոգին համակած էր բոլորը։ Ժողովուրդի տարբեր խաւերը միաւորած էր պարսկական իշխանութիւններուն դէմ համընդհանուր ատելութիւնը։ Ապստամբները կ'ուխտեն չդաւաճանել ընդհանուր գործին եւ համատեղ պայքարիլ թշնամիին դէմ։
Ապստամբները կը յարձակին այն բերդերուն, աւաններուն եւ քաղաքներուն վրայ, ուր պարսից կայազօրներ հաստատուած էին։ Շուտով անոնց ձեռքը կ'անցնին երկիրին հինաւուրց մայրաքաղաք Արտաշատը, Վանը, անառիկ ամրոցներէն՝ Գառնին, Անին, Արտագերսը եւ այլն։
Ժողովուրդը ամէնուրեք կը զինուէր եւ կը պատրաստուէր կեանքի գնով պաշտպանելու հայրենիքը[3]։
Ապստամբութեան ծաւալումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
որդւոյն հետ աղօթքի ընթացքին,
Աւարայրի ճակատամարտէն առաջ
(Յովհաննէս Այվազովսկի):
Հազարապետի, մաղխազի եւ մեծ դատավարութեան գործակալութիւնները վերստին կը գլխաւորեն Վահան Ամատունին, Խորէն Խորխոռունին եւ Յովսէփ Վայոց Ձորեցին։ Հայ նախարարները կը պատրաստուէին վերականգնել հայոց անկախ թագաւորութիւնը։
Հայոց գահը գրաւելու յաւակնութիւններ ունէին առաջին հերթին՝ ապստամբութեան հիմնական ղեկավարներ Վարդան Մամիկոնեանն ու Վասակ Սիւնին։ Այդ մեծ նպատակին հասնելու համար, անհրաժեշտ էր պարսիկներու դէմ պայքարի ընթացքին դաշնակիցներ ձեռք բերել եւ ներգրաւել հարեւան բախտակից ժողովուրդները։
Դաշինք կնքելու եւ օգնութիւն ստանալու նպատակով, հայերը կը դիմեն Բիւզանդիոնի։ Սակայն կայսրը ո՛չ միայն կը մերժէ, այլեւ վերստին կը հաստատէ պարսիկներու հետ հին դաշինքը եւ անոնց կը խոստանայ չօգնել հայերուն։
Բիւզանդիոն պարսից արքունիքը նաեւ տեղեակ կը պահէ հայերու ապստամբական ծրագիրերէն։ Հայաստանի բիւզանդական մասի հայ իշխաններուն կ'արգիլուի օժանդակել իրենց պարսկահպատակ ազգակիցներուն։
Պարսկական հալածանքները ապստամբութիւն կը յառաջացնեն նաեւ հարեւան Աղուանքի մէջ, որ կը գտնուէր Կուր գետի, Կովկասեան լեռնաշղթայի եւ Կասպից ծովումիջեւ։
Դ. դարու 30-ական թուականներէն, Աղուանքը քրիստոնէութիւնը ընդունած էր, իսկ դարավերջին ինկած էր Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ։ Պարսիկներու դէմ պայքարի ընթացքին, յայտնուելով ծանր կացութեան մէջ՝ աղուանները օգնութեան խնդրանքով կը դիմեն հայերուն։ Հայաստան եկած աղուաններէն եպիսկոպոսն ու հազարապետը կը հաղորդեն, որ պարսկական բանակն ու մոգերը ներխուժած են Աղուանք եւ բռնութեամբ կրակապաշտութիւն կը տարածեն։ Հայերը կ'որոշեն օգնութեան ձեռք մեկնել հարեւան ժողովուրդին։
Հայկական զօրքը կը բաժնուի երեք մասի։ Առաջինին հրամանատար կը կարգեն Ներշապուհ Արծրունի իշխանը եւ կ'ուղարկեն Հեր ու Զարեւանդ գաւառներ՝ Ատրպատականին կողմէ պաշտպանելու երկիրին սահմանները։ Երկրորդ զօրաբանակը Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ, օգնութեան կը շտապէ աղուաններուն։ Երրորդ զօրաբանակը Վասակ Սիւնիի ղեկավարութեամբ, կը մնայ երկիրին մէջ։ Մարզպանին պարտականութիւնն էր անհրաժեշտութեան պարագային օգնութիւն ցուցաբերել միւս զօրաբանակներուն եւ պահպանել կարգն ու կանոնը երկիրին մէջ։

Վարդան Մամիկոնեան իր զօրքով թշնամիին կը հանդիպի Խաղխաղ քաղաքին մօտակայքը (ներկայիս Ղազախ քաղաքի մերձակայքը): Հայկական փոքրաթիւ զօրաբանակը կ'որոշէ ճակատամարտ մղել եւ կանխել պարսիկներու հնարաւոր յարձակումը Աղուանքէն։
Խաղխաղի ճակատամարտին, թշնամին ջախջախելէ եւ փախուստի մատնելէ ետք, հայոց բանակը կ'անցնի Կուրը եւ աղուանից զօրքերուն հետ Աղուանքը կը մաքրէ պարսկական զօրամասերէ։
Վարդան Մամիկոնեան կը շարունակէ յառաջխաղացքը մինչեւ Ճորայի (Հոնաց) ամրութիւնները եւ դաշինք կը կնքէ հոներուն հետ։
Ըստ Հայ-յունական դաշինքին, հոները կը համաձայնին օգնել հայերուն՝ պարսիկներու դէմ պայքարին:
Մինչ սպարապետը Աղուանքի մէջ էր, Վասակ Սիւնի իր կողմը կը ներգրաւէ խումբ մը հայ նախարարներ եւ պարսկական աւերիչ արշաւանքէն երկիրը զերծ պահելու նպատակով, կ'որոշէ լեզու գտնել պարսից արքունիքին հետ: Ան կը ձգտէր կանխել հայոց ռազմական բախումը պարսկական գերակշիռ ուժերուն դէմ: Ստանալով պարսից արքունիքին համաձայնութիւնը՝ Վասակ կը յայտարարէ, թէ Յազկերտ հրաժարած է կրօնափոխութեան ծրագիրէն եւ պատրաստ է ներել ապստամբները։ Կ'ենթադրուի, թէ ան այդ քայլին դիմած է նաեւ իր որդիներուն Տիզբոն պատանդ ըլլալու հանգամանքը, քանի որ անոնք կրնային մահապատիժի ենթարկուիլ։ Բացի ատկէ, ան սկսած էր երկիւղիլ, որ օգնութեան բացակայութեան պարագային՝ ապստամբութիւնը կը պարտուի եւ ան կը կորսնցնէ ո՛չ միայն մարզպանի պաշտօնը, այլեւ Սիւնեաց նահապետի ժառանգական իրաւունքը։ Այս բոլորին հետեւանքով, Վասակ փաստօրէն կը դրժէ համատեղ պայքարելու իր երդումը եւ կը հեռանայ ապստամբութենէն։
Ստանալով այս անհանգստացնող լուրերը՝ Վարդան Մամիկոնեան շտապ կը վերադառնայ Հայաստան, իսկ Վասակ Սիւնին ապստամբներու ճնշման տակ կը քաշուի Սիւնիք։
450-451 թուականներու ձմեռն էր, սպառած էին պարէնի պաշարները։ Ուստի սպարապետը կ'արձակէ իր զօրաբանակը՝ գարնան վերջը հաւաքելու ծրագիրով[4]։
Աւարայրի ճակատամարտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարսկական բանակը դէպի Հայաստան կը շարժի 451 թուականի գարնան: Վարդան Մամիկոնեանի հրամանով հայոց զօրքը կը հաւաքուի Այրարատի դաշտ եւ արագօրէն կը շարժի թշնամիին ընդառաջ։ Սպարապետը կը ցանկար ճակատամարտ տալ հայ-պարսկական սահմանին եւ կանխել երկիրին աւերումը։ Սակայն Մուշկան Նիւսալաւուրտի հրամանատարութեամբ, պարսկական զօրքը արդէն անցած էր Հեր ու Զարեւանդ գաւառները եւ կը շարժէր դէպի երկիրին խորքը։ Պարսիկներու հսկայական բանակը զօրացած էր ընտիր հեծելազօրքով՝ «մատեան գնդով», ու մարտական փիղերով։
Պարսիկները շուտով կը մտնեն Վասպուրականի արտազ գաւառ եւ բանակ կը դնեն Տղմուտ գետի աջ ափին՝ Աւարայրի դաշտին վրայ։ Շատ չանցած հոն կը հասնի նաեւ հայոց բանակը եւ դիրքեր կը գրաւէ գետին ձախ ափին։

Ճակատամարտի նախօրէին սպարապետը իր 66 հազարնոց բանակը կը բաժնէ երեք մասի եւ անոնց հրամանատարներ կը նշանակէ փորձուած զօրավարներ՝ Ներշապուհ Արծրունին, Խորէն Խորխոռունին ու Թաթուլ Վանանդեցին։ Սպարապետը կ'առանձնացնէ նաեւ պահեստազօր եւ իր եղբայր Համազասպ Մամիկոնեանի հետ միասին կը ստանձնէ անոր հրամանատարութիւնը։
Թիւով հայերուն եռապատիկ գերազանցող թշնամին իր գլխաւոր ուժերը կեդրոնացուցած էր աջ թեւին, իսկ պահեստազօրին մէջ կանգնած էր Մատեան գունդը:
Վարդան Մամիկոնեան, Յովսէփ Վայոց Ձորեցին եւ Ղեւոնդ Երէց կը քաջալերեն հայոց զօրքը` արիաբար մարտնչելու թշնամիին դէմ:
26 Մայիս 451-ի վաղ առաւօտեան կը սկսի Աւարայրի ճակատամարտը:
Հայոց այրուձին կ'անցնի Տղմուտը եւ կը մխրճուի թշնամիի մարտական շարքերուն մէջ։ Պարսից բանակի որոշ զօրամասերը չեն դիմանար հայերու ճնշման եւ կը նահանջեն:
Վարդան Մամիկոնեան կը շրջանցէ թշնամին եւ կը հարուածէ պարսից բանակին պահեստազօրը: Պարսիկներու շարքին մէջ խուճապ կը սկսի եւ կը թուէր, թէ հայերը կը յաղթէին:
Բայց այդ ճակատագրական պահուն կը զգացուի պարսկական զօրքերու թուական գերազանցութիւնը: Մուշկան Նիւսալաւուրտի հրամանով պարսիկները կը վերադասաւորեն ուժերը, օգնութեան կը հասնի Մատեան գունդը: Անոնք կը շրջապատեն սպարապետի փոքրաթիւ զօրագունդը եւ կը սկսին աստիճանաբար սեղմել օղակը: Կատաղի եւ օրհասական մարտ կը ծաւալի: Հայ նախարարները եւ զինուորները կը կռուէին եւ կը զոհուէին` ծանր կորուստներ պատճառելով թշնամիին։
«Մահ Ոչ Իմացեալ Մահ է, Մահ Իմացեալ Անմահութիւն է». այս էր անոնց նշանաբանը։ Անհաւասար կռիւի ընթացքին, հերոսաբար կ'իյնան Վարդան Մամիկոնեանն ու բազմաթիւ նշանաւոր նախարարներ[5]:
Երեկոյեան մարտը կը դադրի եւ հայոց բանակը կը վերադառնայ իր դիրքերը։ Զոհուած էր սպարապետը, հայերը զգալի կորուստներ տուած էին։ Հայերու զոհերու թիւը կը հասնէր 1036 հոգիի, մարտի դաշտին վրայ ինկած էին ինը նախարարներ։ Շատ աւելի ծանր կորուստներ կը կրեն պարսիկները՝ 3544 հոգի։ Բացի ատկէ՝ թշնամին չէր հասած իր գլխաւոր նպատակին։ Հայերը չէին ջախջախուած, պահպանած էին մարտական ոգին եւ պատրաստ էին պայքարը շարունակելու վճռականութեամբ։
| Ոչ թէ մէկ կողմը յաղթեց եւ միւս կողմը պարտուեցաւ, այլ քաջերը քաջերու դէմ դուրս գալով, երկու կողմերն ալ պարտութիւն կրեցին: - Եղիշէ |
Աւարայրի ճակատամարտէն ետք, ապստամբական շարժումը չի մարիր։
Հայերը կ'ամրանան անառիկ վայրերուն մէջ եւ կը սկսին յարձակումներով արիւնաքամ ընել թշնամին։
Կռիւներ կը ծաւալին Արցախի, Տայքի եւ Տմորիքի մէջ։ Այդ կռիւներուն կը սկսին մասնակցիլ նաեւ այն գաւառներու բնակիչները, որոնք մինչ այդ չէին մասնակցած ապստամբութեան։ Պարսիկներուն ծանր հարուած կը հասցնեն նաեւ հոները։
Ի վերջոյ, ծանր կացութեան մէջ յայտնուած պարսից արքունիքը ստիպուած կ'ըլլայ թեթեւցնել հարկերը, հաշտուիլ Հայաստանի լայն ինքնավարութեան հետ, հրաժարիլ բռնի կրօնափոխութեան ծրագիրէն։ Սակայն գերուած հոգեւոր առաջնորդները եւ նախարարները Տիզբոնի մէջ կը դատուին։ Առաջինները մահապատիժի կ'ենթարկուին, իսկ երկրորդները՝ կ'ուղարկուին Միջին Ասիոյ կողմերը։ Աւելի ուշ անոնց թոյլ կը տրուի վերադառնալ հայրենիք եւ տիրել իրենց կալուածներուն։
Իբրեւ ապստամբութեան առաջնորդներէն մէկը՝ պարսից արքունիքը բանտ կը նետէ Վասակ Սիւնին, որ կը մահանայ ծանր հալածանքներէն։ Հայրենիք կը վերադառնայ նաեւ հայոց այրուձին։ Պարսից արքունիքը որոշ ժամանակ կը վարէր հայերը սիրաշահելու քաղաքականութիւն։
Վարդանանց պատերազմը հայոց պատմութեան հերոսական էջերէն է։ Հայոց եկեղեցին սրբացուցած է Աւարայրի ճակատամարտին զոհուած մարտիկներն ու զանոնք դասած «հայրենիքի նահատակներու» շարքին։ Մինչեւ օրս ալ «Վարդանանց տօնը» հանդիսաւորապէս կը նշուի համայն հայութեան կողմէ[6]։
Գրականութեան եւ արուեստի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ե. դարու հայ պատմիչ Եղիշէն գրած էր «Վասն Վարդանայ եւ Հայոց պատերազմին» աշխատութիւնը: Անոր հիման վրայ Հայրենական Մեծ պատերազմի տարիներուն Դերենիկ Դէմիրճեան գրած է «Վարդանանք» պատմավէպը` հայ զինուորներու ոգին բարձրացնելու համար։
2002 թուականին կը սկսի եւ 2014 թուականին աւարտին կը հասնի հոլիուտեան նախագիծ մը, որ կը պատմէ այս պատերազմին մասին։ Հեղինակը հայազգի Ռոճըր Գիւփէլեանն է։ Ֆիլմը կը կոչուի «Բիւզանդիոնի արեւելքը՝ պատերազմի աստուածներ եւ սուրբ նահատակներ» (անգլերէն՝ «East of Byzantium: War Gods and Warrior Saints»): Հոն կը նկարագրուին Դ. եւ Ե. դարերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները՝ սկսեալ Քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք: Շարժապատկերին հիմնական նիւթը Վարդանանց պատերազմն է[7]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վարդանանց պատերազմ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14-07-2015-ին։ արտագրուած է՝ 24-01-2016
- ↑ «Կրօնափոխութեան առաջարկը։ Արտաշատի ժողովը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 23-03-2016-ին։ արտագրուած է՝ 24-01-2016
- ↑ «Ապստամբութեան սկիզբը։ Անգղի եւ Զարեհաւանի ժողովրդական ելոյթները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 04-03-2016-ին։ արտագրուած է՝ 29-01-2016
- ↑ «Շարժման ծաւալումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 05-03-2016-ին։ արտագրուած է՝ 29-01-2016
- ↑ «Աւարայրի ճակատամարտ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22-02-2016-ին։ արտագրուած է՝ 29-01-2016
- ↑ «Աւարայրի ճակատամարտ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 05-03-2016-ին։ արտագրուած է՝ 29-01-2016
- ↑ «Բիւզանդիա արեւելք. 451 թուական»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 09-08-2017-ին։ արտագրուած է՝ 21-04-2016