Jump to content

Խանասորի Արշաւանք

Խանասորի Արշաւանք
Նիկոլ Դումանի խումբը
'
Թուական 1897
Վայր Արեւմտեան Հայաստան, Խանասորի դաշտավայր
Արդիւնք Հայերու յաղթանակ, Մազրիկ ցեղի ոչնչացում
Հակառակորդներ
Մազրիկ ցեղ Դաշնակցական ֆետայիներ
Հրամանատարներ
Շարիֆ-բէկ Խանասորայ Վարդան, Նիկոլ Դուման
Կորուստներ
ցեղի գրեթէ բոլոր տղամարդիկ 20 ֆետայի

Խանասորի Արշաւանքը, քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբի դէմ գործադրուած պատժական գործողութիւն մըն է, որ կազմակերպուած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ։

Պատճառ եւ որոշում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1896-ին քրտական Մազրիկ ցեղախումբը, Սուլթան Ապտիւլ Համիտի հրամանով, կոտորածի կ’ենթարկէ Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկները։ Աւելի քան 300 հայ երիտասարդներ եւ անզէն տղաք զոհ կ’երթան Մազրիկ ցեղախումբի հայատեացութեան։

Վանէն Պարսկաստան անցնող հայ մարտիկներու խումբը կը գլխաւորէր դաշնակցական Պետօն, արմենական Աւետիսեանը եւ հնչակեան Մարտիկը։ 1897-ի տարեսկիզբին Թիֆլիսի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. Ռայոնական Ժողովին որոշուեցաւ, որ պէտք է մեծախումբ արշաւախումբով պատժել Մազրիկ ցեղախումբը, նպատակ ունենալով պատժել քրտական ցեղախումբը, լուծել վրէժքը Աւետիսեանի, Պետոյի եւ Մարտիկի, անպատժելիութեան մօտեցումները դադրեցնել եւ հայ ժողովուրդին մօտ ամրապնդել յեղափոխական գործին նկատմամբ իրենց վստահութիւնը։

Վարդան եւ Իշխան Արղութեան կը նշանակուին արշաւախումբի հրամանատար եւ օգնական հրամանատար։ Հարիւրապետներ կը նշանակուին Փոխիկ եւ Ախպեր։ Իսկ Նիկոլ Դուման, որ ներկայացուցած էր արշաւանքին գաղափարը՝ նշանակուեցաւ արշաւախումբի չորս յիսնապետներէն մէկը։ Սեւքարեցի Սագոյին վստահուեցաւ ձիաւոր խումբի պատասխանատուութիւնը։

24-էն 25 Յուլիս 1897ին լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն, թուրք-պարսկական սահմանը հատեցին 253 դաշնակցական մարտիկներ, որոնցմէ 40-ը՝ ձիաւոր։ Արշաւախումբը սկսաւ Սալմաստէն, կտրեց Արաուլ Լերան լանջը եւ ուղղուեցաւ Վանայ Լիճին հարաւ-արեւելքը գտնուող Խանասորի դաշտը, որ ամառնային հաւաքավայրն էր քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբին, որուն աշիրէթապետն էր Շարաֆ Պէյը։

Քանի մը ժամուան ընթացքին գործադրուեցաւ ծրագիրը։ Հայ յեղափոխականները ձեռք չեն երկարեր կանանց եւ մանուկներու վրայ։ ֆետայիներու այդ վեհանձն գաղափարականութենէն կ’օգտուի նոյնինքն Շարաֆ պէյ, որ կանացի հագուստ հագած կը ճողոպրի։ Կը սպաննուի անոր անձնական հիւրը հանդիսացող թուրք հարիւրապետը։ Գործողութիւնը ամբողջովին կը ծառայէ ճշդուած նպատակին եւ կ’արձանագրուի յաղթանակ։ Գործողութեան ընթացքին կը նահատակուին 25 ֆետայիներ, որոնց շարքին էր Հ․Յ․Դ․ հիմնադիր Ռոստոմի եղբայրը՝ Կարօն։ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի թէ գաղութներու մէջ մինչեւ այսօր կը տօնէ Խանասորի արշաւանքի յաղթանակը։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]