Ալեքսանդր Խատիսեան
Ալեքսանդր Խատիսեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 17 Փետրուար 1874 |
Ծննդավայր | Թիֆլիս |
Մահացած է | 10 Մարտ, 1945 |
Մահուան վայր | Փարիզի 17-րդ շրջան, Փարիզ |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն Ֆրանսա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Ուսումնավայր |
Մոսկուայի կայսերական համալսարան[1] Խարկովի ազգային համալսարան[1] |
Մասնագիտութիւն | Հայ քաղաքական գործիչ եւ լրագրող |
Աշխատավայր | Խարկովի ազգային համալսարան |
Վարած պաշտօններ | Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ, Թիֆլիսի քաղաքապետ, Արտաքին գործերու նախարար[1], Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար, Ներքին գործոց նախարար եւ կազմակերպութեան նախագահ |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն[1][2] |
Ալեքսանդր Խատիսեան (17 Փետրուար 1874, Թիֆլիս, - 10 Մարտ 1945, Փարիզ)՝ հայ քաղաքական գործիչ եւ լրագրող, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին արտաքին գործոց նախարար եւ երկրորդ վարչապետ, շուրջ եօթը տարի եղած է Թիֆլիսի քաղաքապետ։
Ինքնակառավարման, բժշկութեան, տնտեսութեան ու մշակոյթի մասին բազմաթիւ յօդուածներու եւ հայերէնի թարգմանութիւններու հեղինակ։
Երիտասարդ տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1874-ին, Թիֆլիս, ազնուական ընտանիքի մը մէջ, չորս եղբայրներու երկրորդն էր։
1891-ին աւարտած է Թիֆլիսի պետական գիտութիւններու հիմնարկը։ Բժշկութիւն ուսանած է Մոսկուայի եւ Խարկովի համալսարաններուն մէջ։ 1897-ին, գերազանցութեամբ աւարտած է, ստանալով բժիշկի մասնագիտութիւն։
1898-ին մեկնած է արտասահման՝ վերապատրաստուելու լաւագոյն բուժարաններու մէջ։ Այցելած է Իտալիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Լոնտոն, Հռոմ եւ Պալքաններ, խանդավառութիւն ստեղծելով ամէն տեղ եւ ուսուցանած՝ առողջաբանական եւ իրաւական գիտութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքապետական գործեր վարած է, ինչպէս՝ սպանդանոցներ, հիւանդանոցներ, ջրամատակարարում։
Փարիզի ու Պերլինի մէջ հրապարակած է քանի մը գրքոյկ ու գիրք նուիրուած ջրամատակարարման, քարէ սալարկներու, ժողովրդական տուներու եւ այլն։
Խատիսեան հմուտ էր հայերէնի, ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի ու վրացերէնի։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1900-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս ու կը սկսի զբաղիլ քաղաքականութեամբ։ Յաջողակ բժիշկ, Խատիսեան կանուխէն կը հեռանայ բժշկական ասպարէզէն ու ամբողջապէս կը նուիրուի հանրային եւ քաղաքական-գործունէութեան՝ հաւասարակշռուած քաղաքագէտի, բազմաշնորհ կազմակերպիչի, ճկուն դիւանագէտի եւ մանաւանդ՝ ժողովրդային սիրուած ու յարգուած ղեկավարի օրինակելի կերպարը մարմնաւորելով։
- 1902-ին կ'ընտրուի Քաղաքային դումայի խօսնակ, Թիֆլիսի քաղաքային խորհուրդի խորհրդական, 1905-ին քաղաքային վարչութեան անդամ։ 1905-ին, հայ եւ թաթարական բախումներու շրջանին, ի տես Հ. Յ. Դաշնակցութեան վարած ինքնապաշտպանական կռիւներուն, Ալ. Խատիսեան անդամակցութեան դիմում կը կատարէ, բայց Ռոստոմի եւ Համօ Օհանջանեանի խորհուրդով, կը մնայ համակիր, որովհետեւ այդ կարգավիճակով կրնար աւելիով օգտակար հանդիսանալ հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին։
- 1906-ին, Թիֆլիսի փոխ-քաղաքապետ է, իսկ 1909-1917-ին՝ քաղաքապետ։
- 1914-էն Քաղաքներու Միութեան կովկասեան կոմիտէի նախագահն էր:
- Ա. Համաշխարհային պատերազմին բռնկումէն ետք Ալ. Խատիսեան կը փութայ իր աջակցութիւնը բերել Հայոց Ազգային Բիւրոյի ստեղծման, որուն փոխ-նախագահը կ'ընտրուի եւ առաջնորդող դեր կը կատարէ հայ կամաւորական շարժման կազմակերպումին մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայ գաղթականութեան պատսպարման եւ հոգատարութեան դժուարին գործին մէջ, իբրեւ Թիֆլիսի քաղաքապետ եւ Կովկասեան Քաղաքներու Միութեան նախագահ, Ալ. Խատիսեանի ներդրումը անգնահատելի կ'ըլլայ։ Խատիսեան որեւէ դժուարութիւն չունենար պատշաճելու ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով ստեղծուած հիմնովին նոր պայմաններուն։ Արդէն անդամագրուած Դաշնակցութեան եւ համառուսաստանեան խորհրդարանին կուսակցութեան ցանկով պատգամաւոր ընտրուած, Խատիսեան նոր ծանօթութիւններ եւ գործակցութիւններ կը հաստատէ։ Բժիշկ Զաւրիեւի հետ, մասնակից կը դառնայ Լենինի հայ զինակից Ստեփան Շահումեանի կողմէ Թրքահայաստանի Ինքնավարութեան Ծրագիրի մշակումին, որ 1917-ի վերջերուն իբրեւ պետական հրամանագիր կը հրապարակուի։
- Դեկտեմբեր 1917-ին Թիֆլիսի քաղաքապետական նոր ընտրութիւններուն Խատիսեան կը կորսնցնէ իր պաշտօնը, բայց շուտով կը հրաւիրուի Ալեքսանդրապոլ, ուր քաղաքապետ կ'ընտրուի եւ այդ պաշտօնով իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը շարունակէ անդրկովկասեան քաղաքական զարգացումներու ղեկավարման մէջ։ Ելեւմտական նախարար կը դառնայ Անդրկովկասեան Սէյմի կառավարութեան մէջ։
- Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, Յովհաննէս Քաջազնունիի վարչապետութեամբ առաջին կառավարութեան կազմին մէջ, Ալ. Խատիսեանի կը վստահուի արտաքին գործոց նախարարի ծայր աստիճան զգայուն եւ դժուարին պատասխանատուութիւնը։ Թուրքերու հետ զինադադարի եւ հաշտութեան բանակցութիւնները Խատիսեան կը վարէ։
- 15 Փետրուար 1919-ին, Խատիսեան վարչապետի պաշտօնակատար կը նշանակուի: Կառավարութեան առջեւ, բնականաբար, դեռ ծառացած էին շարք մը պետական եւ ազգային լուրջ հիմնախնդիրներ, որոնցմէ ամենակարեւորները՝ սահմաններու ընդարձակման եւ ներգաղթի խնդիրներն ու տնտեսական, դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորումներն էին: Նուազ կարեւոր չէր երկաթուղիի բարեկարգման գործը. կառավարութիւնը դուրսէն մասնագէտներ կը հրաւիրէ: Գործուն էր նաեւ քաղաքական կեանքը՝ 12 Մարտին կառավարութիւնը կ'որոշէ առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարել։ Կը ձեւաւորուի նոր խորհրդարանը՝ դաշնակցական մեծամասնութեամբ, որ կը հռչակէ նոր կառավարութեան կազմը՝ վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ալ. Խատիսեանի գլխաւորութեամբ: Կառավարութեան խնդիրները հետեւեալներն էին.
- Ստեղծել շատ մատչելի պետական վարկեր՝ տնտեսութեան համար կարեւորութիւն ներկայացնող շարք մը ձեռնարկներ շահագործելու համար,
- Պետական օգնութիւն ցոյց տալ արհաւիրքներուն տուժած աշխատաւոր դասակարգին,
- Ամէն ձեւով խրախուսել յատուկ դրամագլուխներու մուտքը,
- Օգտագործել ամէն հնարաւոր եւ արդիւնաւէտ հարկային մեքենականութիւններ,
- Քաջալերել մասնագիտական կրթութիւնը:
Ինչ կը վերաբերէր արտաքին քաղաքականութեան, կառավարութիւնը կ'որոշէ հարեւան պետութիւններուն հետ սահմանային վէճերը երբեք չլուծել զէնքի միջոցով:
Պետութիւնը կը զարգանար ու կը կատարելագործուէր. շատ բան կը փոխուէր Հայաստանի մէջ. պետական միջոցներով կը կազմակերպուէր աղի արտադրութիւնն ու վաճառքը, բացուած էր Կարս-Պաթում խճուղին, ստեղծուած էր ժողովրդական տնտեսութեան նախարարութիւնը, որուն պաշտօնն էր անմիջականօրէն զբաղիլ տնտեսութեան զարգացմամբ, լուրջ միջոցառումներ կը ձեռնարկուէին կրթական-մշակութային ոլորտներու զարգացման ուղղութեամբ:
Խատիսեանի կառավարութեան օրով էր, որ կը բացուի Հայաստանի համալսարանը: Յովհաննէս Թումանեանի /հայ գրողներու միութեան նախագահ/ դիմումի հիման վրայ հայ գրողներուն, որպէս նպաստ, կը յատկացուի 100 հազար ռուբլի: Կառավարութիւնը մեծ գումարներ կը ծախսէ ներգաղթի վրայ։
Խատիսեանի կառավարութիւնը ձեռնամուխ կ'ըլլայ Լոնտոնի մէջ հայկական դրամներու տպագրութեան:
Կը բացուի երդուեալ դատաւորներու դատարանը:
Խատիսեանի պաշտօնավարութեան վերջին շրջանին Հայաստանի իրավիճակը կրկին անկայուն կը դառնայ, Ատրպէյճանը խորհրդային կը դառնայ, Մայիսին տեղի կ'ունենան ցոյցեր, եւ պոլշեւիկները կ'օգտագործեն այդ ցոյցերը, որուն հետեւանքով կը ստեղծուի կառավարական ճգնաժամ:
Այն ատեն, երբ Վրաստանի մէջ, Ազրպէյճանի պոլշեւիկները կ'ենթարկուէին անողոք հալածանքի, Խատիսեանի կառավարութիւնը անոնց ազատ աշխատելու եւ ապրելու հնարաւորութիւնը կու տայ:
- Մայիսի 1920-ին, երբ արդէն առկայ էր կառավարական ճգնաժամը, կը գումարուի խորհրդարանի արտակարգ ժողով: Խատիսեան հրաժարականը կը ներկայացնէ, զոր խորհրդարանը կ'ընդունի: Խատիսեանի կառավարութեան ամէնէն բնորոշիչ քայլերէն մէկը այն էր, որ ընդունած էր մէկ հայրենիքի՝ Միացեալ, Անկախ Հայաստանի վերաբերող փաստաթուղթը, որ կը հաստատէր թէ՝ հայկական գաւառներն ու բոլոր տարածքները պէտք է միանան Համահայկական պետութեան: Պոլշեւիկեան խռովութեանց առաջքն առնելու նպատակով, Համօ Օհանջանեանի վարչապետութեամբ կազմուած Բիւրօ-կառավարութեան մաս չի կազմեր Խատիսեան, բայց կառավարութեան յանձնարարութեամբ կը ստանձնէ Հայաստանի լիազօր ներկայացուցիչի առաքելութիւնը՝ արտասահմանեան հայ օճախները շրջելու եւ Հանրապետութեան հաշւոյն ներքին փոխառութիւններ հանգանակելու եւ պետական պիւտճէն կայացնելու նպատակով։ Իր այդ առաքելութիւնը եւս Խատիսեան պատուով ի կատար կ'ածէ։
- Խատիսեան վերստին պատնէշի վրայ է, երբ քեմալական Թուրքիոյ եւ լենինեան Ռուսաստանի աքցանին մէջ բռնուած Հայաստանի Հանրապետութեան անունով թուրքերու հետ բանակցող պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ։ 3 Դեկտեմբեր 1920-ին իր կողմէ ստորագրուած Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, հակառակ տասնամեակներով ցեխարձակման թիրախ դարձած ըլլալուն, կը հանդիսանայ հայկական դիւանագիտութեան պատմակշիռ պահերէն մէկը, որ ծանր գին վճարելով հանդերձ՝ ամբողջական կործանման վտանգէն կը փրկէ մանուկ Հայաստանը եւ Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը։
Ինչպէս առաջին հանրապետութեան շատ ղեկավարներ, Խատիսեան եւս, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը լքէ հայրենիքը:[3]
Կեանքին վերջին տարիները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Փարիզի մէջ, հայկական ազգային պատուիրակութեան կազմին մէջ կը շարունակէ քաղաքական գործունէութիւնը, սկիզբը իբրեւ նախագահի տեղակալ, ապա նախագահ։
- 1922-1923 թուականներուն կը մասնակցի Լոզանի վեհաժողովին՝ ներկայացնելով եւ պաշտպանելով հայ ժողովուրդին շահերը։ Կ'անդամակցի հայկական ու ռուսական հասարակական կազմակերպութիւններուն։
- 1926-ին Եղբայրական օգնութեան կոմիտէի նախագահի մտերիմներէն էր, մեծապէս կ'աջակցի Հայաստանի 1926-ի երկրաշարժէն ետք։
- 1926-1928 թուականներուն կ'անդամակցի նաեւ «Ռուսական մշակոյթի ընկերներու օճախ» կոմիտէին։ Կը դասախօսէ Ռուսական ժողովրդական համալսարանին մէջ։ Կը հանդիսանայ «Իլյուստրիրովաննայա Ռոսսիա» պարբերականին։
- Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ Փարիզի գրաւման ատեն, կը տեղափոխուի Փորթուկալ (ք. Պորտու)։
- 1944-ին Խատիսեան կը ձերբակալուի՝ ամբաստանութեամբ գերմանացիներու հետ ունեցած կապերուն համար, սակայն շուտով կ'ազատագրուի՝ փաստերու բացակայութեան պատճառով։
- Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, առողջական վիճակը այլեւս չի վերականգնիր եւ Ալ. Խատիսեան կը մահանայ 10 Մարտ 1945-ին։ Թաղուած է Փարիզի Փէր-Լաշէզ գերեզմանատան մէջ։
Խատիսեանի միտքերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ժողովուրդներու եւ պետութիւններու կեանքը կը տեւէ դարեր, հազարաւոր տարիներ։ Իմ յուշերուս մէջ առնուած է պզտիկ ժամանակաշրջան մը, պատմական տեսակէտով՝ վայրկեան մը միայն, բայց անհունօրէն կարեւոր վայրկեան։ Ասիկա այն վայրկեանն է, երբ մեր ազգը՝ միացած խանդավառութեան մը մէջ՝ նորէն ստեղծեց իրեն համար անկախ ազգային կեանք մը։ Ես ջանացի ցոյց տալ ծագումը այդ կեանքին եւ անոր զարգացման ելեւէջները, մանաւանդ այն վայրկեանները, երբ ես ինքս եղայ դէպքերու ականատեսը։ Բայց կեանքը կանգ չ'առներ։ Եւ միշտ կ'ընթանայ յառաջ։ Եւ կեանքի մէջ ամէն բան կը փոխուի։ Պիտի փոխուին, ի հարկէ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կեանքի զարգացման ապագայ պայմանները։ Անիկա շատ ուրախութիւն եւ վիշտ պիտի տեսնէ դեռ։ Բայց թո՛ղ անոր համար ալ հարազատ դառնայ նշանաբանը այն քաղաքին, որուն մէջ կը գրուին այս տողերը»[4] - Խատիսեանի միտքերէն
|
Տպագիր Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», Պէյրութ, 1930, 1968:
- Թիֆլիս քաղաքի մունիցիպալ տնտեսութիւնը։ Հանրային դասախօսութիւնը, Ժողովրդական համալսարան, 30 Նոյեմբեր, 1908։ Կ. Պ. Կոզլովսկիի տպարան, 1909:
- Քաղաքների համառուսական խորհրդի Կովկասեան բաժինի գործունէութեան կրճատ ակնարկ, 1915 - 1916։ Լիբերմանի տպագրութիւնը, 1917:
- Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը, Պէյրութ, 1968, 487 էջ[[5]։
- Քաղաքապետի մը յիշատակները, Պէյրութ, 1991, 406 էջ,[5]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. Այվազյան — Երևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 5. — է. 513.
- ↑ Նախկին վարչապետեր
- ↑ Խատիսեանի միտքերէն
- ↑ 5,0 5,1 Քաղաքապետի Մը Յիշատակարանը
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 28 Մայիս, Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան 96- Ամեակ, Հրատարակութիւն՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն:
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ալեքսանդր Խատիսեանի կենսագրականը