Աշտիշատ

Աշտիշատ, աւան Մեծ Հայքի Տուրուբերան աշխարհի Տարօն գաւառին մէջ, իսկ աւելի ուշ շրջանի մէջ աւան՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Պիթլիսի վիլայէթի Մշոյ գաւառի մէջ։[1] Գտնուած էր Արածանի գետի ափին՝ Քարքէ լեռան ստորոտին վրայ, Սուրբ Կարապետ վանքի մօտակայքին։

Անուան ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Մ. Չամչեանի Աշտիշատը նշանակուած է «Զոհերու քաղաք», իսկ ըստ Ն. Ադոնցի՝ «Աշտի քաղաք» կամ «Աշտի երկիր»: Շատ վերջարմատը «Sahr» բառէն է։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշտիաշատը նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին եղած է Հայաստանի հեթանոսական պաշտանմունքի գլխաւոր կենդրոններէն մէկը։ Կոչուած է գտնուած Աստղիկի, Անահիտի եւ Վահագնի մեհեաններն իրենց արձաններով։ Աշտիշատի մէջ էր գտնուած նաեւ հարուստ մեհենական մատենադարան։

Նաւասարդի եւ վարդավառի տօները մեծ հանդիսութեամբ տօնած են։ Հանսիսութիւններուն մասնակցած էին նաեւ թագաւորներն ու քրմապետները։

Քրիստոնէութիւնը 301 թուականին որպէս պետական կրօն ճանաչելէն յետոյ մեհեաներն աւերուած են Գրիգոր Լուսաւորիչի նախաձեռնութեամբ եւ անոնց վայրին մէջ կը հիմնեն վանք մը Աշտիշատ անունով։ Վանքը հաւակնութիւն ունէր դառնալու Հայաստանի առաջին եկեղեցին եւ կը համարուէր Աղբիանոսներու եպիսկոպոսական տոհմի նստավայրը։ Իսկ վանքի մոտակայ տարածքները կը պատկանէին կաթողիկոսներուն։ Սահակ Պարթեւի մահէն յետոյ անոնք ըստ կտակից համաձայն կ'անցնին Մամիկոնեան նախարարներուն։

Աշտիշատի Իննակնեայ կոչուող վայրին մէջ Գրիգոր Լուսաւորիչը կ'ամփոփ է Յունաց երկրէն իր հետ բերած Յովհաննէս Մկրտիչի եւ Աթանագինէ վկայի մասունքները եւ վկայարան մը կը կառուցէ այդ գերեզմաններու վրայ՝ պատուիրելով, որ ամէն տարի հաւաքվէն այդտեղ սուրբերու հիշատակը տօնելու համար։

354 թ.-ին Աշտիշատի մէջ Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի կողմէն կը գումարուի եկեղեցական ժողով, որ կը քննարկուի եւ կը կանոնակարգ է աշխարհիկ եւ հոգեւոր կեանքի շարք մը հարցեր։

VII դարին Աշտիշատ վանքն աւերուած է եւ անոր վայրին մէջ կառուցուած է նոր եկեղեցի։ Այն ստացած է Սահակ Պարթեւ անուանումը։

1915 թուականին Աշտիշատը Դերեկ անուանումով անշուք գիւղ էր։

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ եղեռնի նախօրէին Աշտիշատն ուներ 600 հայ բնակիչ։

Պատմամշակութային կառոյցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշտիաշատի մէջ գտնուած է Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի անոր դստեր Շուշանիկի դամբարանները, որոնք կանգուն մնացած են մինչեւ 1915 թուականը։

Աւանն ուներ Ս. Սահակ անունով եկեղեցի։ Աշտիշատի մոտակայքին մէջ կը գտնուէր Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Աթանագինէ մատուռները։[2]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Բաղեշ նահանգի Մուշի գաւառ»։ արտագրուած է՝ ապրիլ 14 2015 
  2. «Հայաստանի եւ հարակի շրջաններու տեղանուններու բառարան», հտ 1, էջ 300