Զէյթունի Ապստամբութիւն (1895)
Զէյթունի ապստամբութիւնը, տեղի ունեցած է՝ 1895-1896 թուականներուն, հայերուն կողմէ իբրեւ պատասխան՝ Համիտեան կոտորածներուն։ Հայերու ինքնապաշտպանական ուժը կոտրելու համար՝ իշխանութիւնները կարեւորութիւն կու տային նաեւ այս տարածաշրջանի հպատակեցման։ 1890-ականներու սկզբնաւորութեան թափ առած հայ յեղափոխական շարժումը, յատկապէս` Հնչակեան կուսակցութեան սկզբնական մակընթացութեան շրջանին, լաւապէս կը գիտակցէր, որ հարկ էր պատրաստ ըլլալ սուլթանի մշակած ջարդի ծրագիրին ու դիմագրաւել զայն: Այդ հանգամանքը հասկնալով՝ հայ ազգային ուժերը, յատկապէս հնչակեանները միջոցներ կը ձեռնարկեն լեռնագաւառը ամրացնելու ուղղութեամբ։ 1895-ի ամրան՝ Զէյթուն կը տեղափոխուի հնչակեան՝ Գարուն Աղասին (Կարապետ Թուր-Սարգսեան), մշեցի հայդուկ Մխօ Շահէնը (Մխիթար Սէֆէրեան) եւ ուրիշներ։ Ապստամբութեան ղեկավար կը դառնայ Նազարէթ Չաւուշը (Նորաշխարհեան)[1]։
Ռազմական Գործողութիւններուն Սկիզբը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուլթանը արդէն սկսած էր զօրք կեդրոնացնել Զէյթունի եւ Լեռնային Կիլիկիոյ միւս բնակավայրերուն մէջ` Զէյթունը վերջնական հաշուեյարդարի ենթարկելու նպատակով: Հնչակեան գործիչները շտապ խորհրդակցութեան կը հրաւիրեն Զէյթունի իշխանները, շրջանի գիւղապետերը եւ հոգեւորական գործիչները: Այդ խորհրդակցութիւններու միջոցով քաջարի Զէյթունը կ'որոշէ կանխել վտանգը եւ կը ձեռնարկէ ապստամբութեան:
3 Սեպտեմբեր 1895-ին, արծուաբոյն Զէյթունի հայութիւնը կը պարզէ ապստամբութեան դրօշ` Օսմանեան կայսրութեան արիւնարբու գահակալ Ապտիւլ Համիտի դէմ: Երեք օր ետք քաջարի հայ լեռնականները կը գրաւեն Զէյթունի կառավարչատունը եւ գերի կը բռնեն բոլոր պաշտօնեաները:
75-ամեայ Ղազար Շովրոեանի եւ Աղասիի գլխաւորութեամբ՝ զէյթունցիները Հոկտեմբերի սկիզբներուն կը սկսին ապստամբութիւնը։ Մինչեւ 16 Հոկտեմբերի լուսաբացը՝ կը զինաթափեն թրքական 700 հոգինոց կայազօրը, կը գրաւեն 600 հրացան, գերմանական երկու հրանօթ եւ մեծ քանակութեամբ այլ զինամթերք։ Զօրանոցին վրայ կը բարձրանայ ապստամբներու կարմիր դրօշը՝ «Զէյթունի Անկախ Իշխանութիւն» գրութեամբ։ Կը կազմուի Զէյթունի ժամանակաւոր կառավարութիւնը՝ Աղասիի նախագահութեամբ։
Նոյեմբեր 1895-ին, Սուլթանական կառավարութիւնը զէյթունցիներուն դէմ կ'ուղարկէ 30 հազարնոց կանոնաւոր եւ քանի մը հազարի հասնող անկանոն զօրքեր: Զէյթունը զանոնք կը դիմաւորէ 6000 կռուող քաջերով եւ ամիսներու վրայ երկարած մարտերով շարունակ ետ կը մղէ թշնամիին գերակշիռ ուժերով յարձակումները:
Թէեւ ապստամբութեան շուրջ չորս ամիսներու ընթացքին զէյթունցիները կու տան 3500 զոհ, բայց թշնամիէն կը խլեն աւելի քան 20.000 սպաննուած:
2-3 Դեկտեմբերին Զէյթունը կը նուաճէ իր մեծագոյն յաղթանակը, երբ կը յաջողի անփառունակ պարտութեան մատնել թրքական ընդհանուր յարձակողականը: Անհաւասար մարտերուն, հայերը ծանր կորուստներ կը պատճառեն թշնամիին։ Ապստամբներու շարքերը պահ մը կը նոսրանան։ Բայց ալեզարդ իշխան Կարապետ Բասիլոսեանին կոչը կռուելու մինչեւ իրենց վերջին շունչը, մարտիկները կրկին կը տանի գրոհի։ Սուլթան Համիտ ստիպուած տեղի կու տայ եւրոպական մեծ տէրութեանց միջնորդութեան առաջարկին եւ համաձայնութիւն կը յայտնէ սկսելու, եւրոպացի դիւանագէտներու հովանաւորութեամբ, Հալէպի մէջ, Զէյթունի հերոս ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններ, որոնք 30 Յունուար 1896-ին կը յանգին փոխադարձ զիջումներու պայմանագիրի մը ստորագրութեան[2]:
Արդիւնք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պայմանագիրին իբրեւ արդիւնք՝ կառավարութիւնը կը պարտաւորուի.
- Զօրքերը ետ քաշել Զէյթունէն։
- Ներում շնորհել հայերուն, ապահովելով անոնց կեանքն ու գոյքը։
- Նշանակել եւրոպացի կառավարիչ մը, իսկ տեղական պաշտօնեաները նշանակել հայեր։
Այս լուրջ զիջումներուն դիմաց թուրքերը հնչակեան գործիչներէն կը պահանջեն զէնքերը յանձնել ու հեռանալ Զէյթունէն։