Մեծն Տիգրան
Մեծն Տիգրան | |
---|---|
| |
Ծնած է | ՔԱ140 |
Ծննդավայր | Արտաշատ, Հին Հռոմ |
Մահացած է | ՔԱ55 |
Մահուան վայր | Մեծ Հայք |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Զրադաշտականութիւն |
Մասնագիտութիւն | գերիշխան |
Վարած պաշտօններ | Հայոց արքայ |
Ամուսին | Կլեոպատրա Պոնտացի? |
Ծնողներ | հայր՝ Տիրան Ա. |
Երեխաներ | Արտաւազդ Բ., Տիգրան Կրտսեր? եւ Արիազատե? |
Տիգրան Մեծ (Տիգրան Բ․ Մեծ), (հին յունարէն՝ Τιγράνης ὁ Μέγας, լատիներէն՝ Tigranes Magnus) (Ք․ա 140 - Ք․ա․ 55), Մեծ Հայքի արքայ Ք․ա․ 95-էն մինչեւ մահը, Ասորիքի եւ Փիւնիկիոյ արքայ (Ք․ա․ 83 - Ք․ա․ 69), Ք․ա․ 85-էն ունի արքայից արքայ տիտղոսը։ Կը հանդիսանայ Արտաշէսեան հարստութեան հզօրագոյն ներկայացուցիչը, յաջորդած է հօրը՝ Տիգրան Ա․-ին։
Տիգրան Մեծի ժամանակ Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը հասաւ իր հզօրութեան գագաթնակէտին։ Պարտութեան մատնելով Պարթեւական թագաւորութիւնը եւ ստանալով Սելեւկեան գահը՝ Հայաստանը կարճ ժամանակով դարձաւ Առաջաւոր Ասիոյ հզօրագոյն պետութիւնը. Տիգրան Մեծի տէրութիւնը կը տարածուէր Կասպից ծովէն մինչեւ Միջերկրական ծով, Կովկասեան լեռներէն մինչեւ Միջագետքի անապատները։ Տիգրանը, սակայն, կորսնցուց նուաճումներու մեծագոյն մասը Պարթեւական թագաւորութեան եւ ուժեղացող Հռոմէական հանրապետութեան դէմ պայքարի ժամանակ։ Տիգրան Մեծին կարելի է նկատել Առաջաւոր Ասիոյ մէջ վերջին մեծ հելլենիստական տէրութեան հիմնադիրը։ Անոր տիրութեան քայքայումէն ետք յաջորդող եօթ դարերու ընթացքին (մինչեւ արաբական արշաւանքները) Առաջաւոր Ասիան, եւ, մասնաւորապէս, Հայաստանը, կը դառնայ մէկ կողմէն Հռոմի (եւ անոր յաջորդած Բիւզանդական կայսրութեան), միւս կողմէն՝ Պարթեւական թագաւորութեան (եւ ապա անոր յաջորդած Սասանեան Պարսկաստանի) միջեւ մղուած անհաշտ պայքարի թատերաբեմ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սկզբնական տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաշէս Բարեպաշտն իր յաջորդներուն ձգեց տնտեսապէս հարուստ ու բարգաւաճ եւ ռազմապէս հզօր երկիր։ Անոր յաջորդեց իր աւագ որդին՝ Արտաւազդ Ա․-ը, որ թագաւորեց խաղաղութեամբ։ Միայն կառավարման վերջին տարիներուն բռնկեցաւ հայ-պարթեւական կարճատեւ պատերազմ մը, ուր Հայոց թագաւորութիւնը պարտութիւն կրեց։ Ք.ա. 115 թուականին եւ անժառանգ Արտաւազդ Ա․ ստիպուած էր եղբօրորդուն՝ Տիգրանին, որպէս պատանդ յանձնել պարթեւներուն։
Արտաւազդ Ա․-ի մահէն ետք թագաւորեց անոր կրտսեր եղբայր Տիրանը (Տիգրան Ա․, Ք.ա. 115-95)։ Պատանդութեան մէջ թագաժառանգ Տիգրան մնացած է շուրջ 20 տարի եւ հայրենիք վերադարձած է հօր՝ Տիգրան Ա․-ի մահէն ետք։ Իր ազատութեան դիմաց ան ստիպուած եղաւ Պարթեւաստանի Միհրդատ Բ․ թագաւորին զիջիլ Մեծ Հայքի հարաւ-արեւելքը գտնուող «Եօթանասուն հովիտներ» կոչուած տարածքը։
Տիգրանի սկզբնական տարիները համընկնած են Պարթեւական թագաւորութեան հզօրացման հետ։ Ք.ա. 2-րդ դարու երկրորդ կէսերուն՝ մղուած բազմաթիւ պատերազմներու արդիւնքով, Պարթեւները յաղթած են Սելեւկեան թագաւորութեան՝ գրաւելով Մարաստանը, Ատրպատականը եւ Միջագետքը։ Հաւանաբար Ք.ա. 113 - 112 թուականներուն Պարթեւական Միհրդատ Բ․ թագաւորը կռուած է նաեւ հայոց թագաւոր Արտաւազդ Ա․-ի դէմ. թէեւ, ըստ Ստրաբոնի վկայութեան[1], Պարթեւները չեն կարցած իրենց ենթարկել Հայաստանը, կնքուած հաշտութեան պայմանագիրով Արտաւազդը ստիպուած եղած է, բազմաթիւ պատանդներու հետ մէկտեղ, Միհրդատ Բ․-ին յանձնել իր եղբօրորդի Տիգրանը։
Տիգրան Ա․-ի մահէն ետք՝ Ք.ա. 95-ին, զիջելով Միհրդատ Բ․-ին Մեծ Հայքի հարաւ-արեւելեան շրջանները՝ 70 հովիտները, Տիգրան Բ․ կ’ազատի գերութենէ եւ կը ժառանգէ հայոց գահը[2]։
Հայրենիք վերադառնալէ ետք Տիգրան Բ․ թագադրուեցաւ Աղձնիքի նշանաւոր սրբավայրերէն մէկուն մէջ, ուր հետագային կառուցուեցաւ Տիգրանակերտ մայրաքաղաքը։ Տիգրան Բ․ (Ք.ա. 95-55) գահ բարձրացաւ 45 տարեկան հասակին։ Իր առաջնահերթ խնդիրը հայկական բոլոր տարածքները մէկ ընդհանուր պետութեան մէջ միաւորելն էր։ Արտաշէս Ա․՝ հիմնականին մէջ, լուծեց այդ կարեւոր խնդիրը, բացառութեամբ Ծոփքի եւ Փոքր Հայքի թագաւորութիւններուն։ Այժմ Տիգրան Բ․ եռանդուն գործունէութիւն ծաւալեց շարունակելու իր հօր միաւորիչ քաղաքականութիւնը։ 94 թուականին Տիգրանի բանակները մտան Ծոփք եւ այն միացուցին Մեծ Հայքի թագաւորութեան։ Ծոփքի թագաւոր Արտանէսը (Զարեհի սերունդէն[2]) սպաննուեցաւ. Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը դուրս եկաւ Եփրատի ափերը։ Գետին այն կողմը կը տարածուէր Կապադովկիոյ թագաւորութիւնը, որ շուտով գրաւեց Տիգրան Բ․-ի ուշադրութեան կեդրոնը[3]։
Տիգրանի թագաւորութեան սահմաններէն դուրս կը մնայ Փոքր Հայքը, որ մաս կը կազմէր դաշնակից Պոնտոսի թագաւորութեան։ Աւելին՝ Պոնտոսի արքայ Միհրդատ Եւպատոր աւելի կանուխ բարձրացած է Փոքր Հայքի գահին, քան բուն Պոնտոսին եւ կը համարուէր Փոքր Հայքի Արքայ։ Ճիշտ այդ աւանդական տեսակէտէն ալ, Միհրդատ 6-րդ Եւպատոր, Տիգրան Մեծի հետ միասին կը համարուէր Հայոց Արքաներից մէկը։ Ահա ինչո՞ւ, թէ՛ հայերը, թէ՛ նոյնիսկ օտարներէն շատերը Տիգրանի եւ Միհրդատի դաշինքը դիտած են, որպէս՝ Հայկական միութեան կամ ալ նոյնիսկ համարած են «Արիական Համադաշնութեան» վերականգնման փորձերէն մէկը։
Դաշինք Պոնտոսի Հետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք.ա. 2-րդ դարու վերջաւորութեան, Միհրդատ Զ․ Եւպատորի (Mithridates VI or Mithradates VI Eupator) օրօք, խիստ հզօրացաւ Պոնտոսի (Pontus) թագաւորութիւնը։ Միհրդատ Պոնտոսին միացուց Կողքիսը, այսինքն՝ Կոլխիտայի թագաւորութիւնը, Վոսփորի թագաւորութիւնը (The Bosporan Kingdom), որ կ’ընդգրկէր Ղրիմի (Crimea) թերակղզին եւ Ազովի (The Sea of Azov) ու Սեւ ծովերու առափնեայ՝ ներկայիս Ուքրանիոյ հարաւային մարզերը, ինչպէս նաեւ ներկայիս Ռուսաստանի Տոնի Ռոսթովի (Rostov-on-Don) մարզի եւ Հիւսիսային Կովկասի Ազովի ու Սեւ ծովու ափամերձ տարածքները։ Բացի այդ Միհրդատն Զ. իր տիրութեան միացուց նաեւ Սեւ ծովու հիւսիսային ափերուն գտնուող բազմաթիւ հարուստ յունական գաղութ-քաղաքները, ներառեալ՝ Ազովի ծովու հիւսիսային ափին գտնուող նշանաւոր Թանայիս (յունարէն Tauatg, Tdvatg հին քաղաք Տանաիսի այժմ՝ Տոն) քաղաք-պետութիւնը՝ Տոնի գետաբերանի մօտ եւ Սեւ ծովու ափին գտնուող ոչ նուազ նշանաւոր Քերսոնես կամ Խերսոնեսոս (Խերսոնես) (The Khersones or Chersones) քաղաք-պետութիւնը։ Որպէս արդիւնք կամ հետեւանք. համեմատաբար, փոքր թագաւորութիւնէն Փոքր Հայքն ու Պոնտոսը վերածուեցան մեծ տիրութեան, բաւականաչափ ազդեցիկ ռազմա-քաղաքական ուժի, որուն առաջնակարգ նպատակը պայքարն էր ընդդէմ Հռոմի տարածման Փոքր Ասիոյ մէջ։
Ք.ա. 94-91 թուականներուն Տիգրան ռազմաքաղաքական դաշինք կը կնքէ Միհրդատի հետ՝ ամուսնանալով վերջինիս դուստր Կղէոպատրայի հետ[4]։ Մեծ Հայքի եւ Պոնտոսի արքաները կը կատարեն աշխարհի բաժանումը. Միհրդատին կը տրուի հիւսիսային եւ արեւմտեան երկիրներուն տիրելու իրաւունքը, իսկ Տիգրանին՝ հարաւային եւ արեւելեան ուղղութիւնը։ Ասկէ զատ՝ Տիգրան, Պարթեւներուն յաղթելու պարագային, կամ աւելի ճիշդ պէտք է անոնցմէ խլէր՝ մինչեւ Աղեքսանդրիան (մինչեւ Ք.ա. 330 թուականին գոյութիւն ունեցած) Արիական Համադաշնութեան (Ք.ա. 550-330) ամբողջովին երեք անդամներէն մէկուն, տուեալ պարագային՝ Հայաստանին, վերադարձնէր Արքայից Արքայի տիտղոսը։ Թէպետեւ երկու դաշնակից արքաներէն իւրաքանչիւրին կողմէն իր ուղղութեան ստանձման պայմանաւորուածութեան, արքաները վճռական պահուն կը միաւորէին իրենց ուժերը՝ սպառնալիքի պարագային զիրար օգնելու համար։ Ք.ա. 93-91 թուականներուն երկու արքաները վճռականօրէն պայքարած են Կապադովկիոյ (Գամիրք կամ Կապադովկիա յուն.՝ Καππαδοκα, անգլ.՝ Cappadocia) մէջ հռոմէական տիրապետութեան դէմ, որ կրնար լուրջ սպառնալիք ստեղծել Հայաստանի համար՝ արեւմուտքէն, իսկ Պոնտոսի համար՝ հարաւէն։
Ք.ա. 93 թուականին հայ-պոնտական զօրքերը կը ներխուժեն Կապադովկիա։ Տեղական արքայ, Հռոմի դաշնակից Արիոպարզան Ա.-ն իր ունեցուածքով եւ արքունիքով կը փախչի Հռոմ[5]։ Տիգրան Կապադովկիոյ գահ կը բարձրացնէ Կորտէոսին։ Ի պատասխան՝ Հռոմէական Սենաթը (The Roman Senate) արեւելք կ'ուղարկէ Լուքիոս Քոռնելիուս Սուլլային (Lucius Cornelius Sulla Felix)։
Ք.ա. 92 թուականին Սուլլան, աւելի շատ գործի դնելով հռոմէական յայտնի հետախուզական-խոտորման կամ շեղման եւ վնասակար ծառայութիւններն ու դիւանագիտական-քաղաքական դաւերը ապա՝ նաեւ իր լաւ մարզուած եւ յոյժ մարտունակ բանակի հետեւակները եւ ձիաւորները, պարտութեան կը մատնէ հայկական կողմը եւ Տիգրանի զօրքերը ստիպուած կ’ըլլան դուրս գալ Կապադովկիայէն, որուն գահին՝ հռոմէացիները, այսպէսով, կը վերականգնեն իրենց կողմնակից Արիոպարզանին[6]։ Կապադովկիական կռիւներուն, ըստ նախօրօք կայացուած համաձայնութեան, Տիգրան կը ստանայ ողջ շարժական աւարը եւ գերիները, որոնց կը բնակեցնեն Հայաստանի քաղաքներուն մէջ[7]։
Նուաճումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տիգրան Բ.-ի նուաճողական ծրագիրներու իրականացման կը խանգարէր յատկապէս Պարթեւաստանը, որուն թագաւոր Միհրդատ Բ.-ն կ’ուզէր գերիշխանութիւն հաստատել Հայկական թագաւորութեան նկատմամբ։ Սակայն Միհրդատ Բ.-ի կեանքի վերջին տարիներուն սկսած ներքաղաքական պայքարի հետեւանքով թագաւորական իշխանութիւնը Պարթեւաստանի մէջ զգալիօրէն թուլացաւ։ Իրեն մահեն յետոյ Տիգրանն անմիջապես յարձակեցաւ Պարթեւաստանի վրայ եւ առաջին հերթին հետ վերադարձուց հայկական «Եօթանասուն հովիտներ»-ը։ Այնուհետեւ հայկական զօրքերը մտան Պարթեւաստանին ենթակայ Ատրպատականի թագաւորութիւն եւ գրաւեցին զայն։ Շարժուելով հարաւ-արեւելք՝ հայկական բանակը գլխովին ջախջախեց պարթեւներու զօրքը եւ պաշարեց պարթեւական թագաւորներու ամառային նստավայր Էկբատանը։ Պարթեւական թագաւոր Գոդերձ Բ.-ն ստիպված հաշտութիւն խնդրեց։ Հաշտութեան պայմանագրի համաձայն, պարթեւները յօգուտ Մեծ Հայքի կը հրաժարին Մարաստանէն եւ Հիւսիսային Միջագետքէն՝ պահելով միայն Էկբատան մայրաքաղաքը։ Պարթեւաց արքան կը հրաժարէր նաեւ «արքայից արքայ» տիտղոսէն, որն այսուհետեւ պիտի կրէին Տիգրանն ու անոր յաջորդները։ Անով պարթեւները փաստօրէն կը ճանաչնային Հայոց թագաւորութեան գերիշխանութիւնը։
Այնուհետեւ, հայկական բանակը գրաւեց Հիւսիսային Միջագետքը՝ Կորդուքը, Ադիաբենեն, Միգդոնիան, Օսրոյենեն[8]։ Տիգրան Բ.-ի տերութիւնը սահմանակից էր Սելեւկեան պետութեանը։ Իրենց կը բաժանէր միայն Եփրատ գետը։ Երբեմնի հզօր Սելեւկեան թագաւորութիւնը կ'ապրէր խոր ճգնաժամ։ Միմեանց յաջորդող ու անընդհատ կրկնուող ներքին պատերազմները ծայր աստիճան տկարացուցած էին երկիրը, որտեղ հանդէս էին եկած 3-4 գահակալներ։ Չկրնալով յաղթահարել այդ ճգնաժամը՝ երկրի աւագանին ելքը կը տեսնէր արտաքին որեւէ տիրակալի իշխանութիւնը ընդունելու մէջ։ Ի վերջոյ ընտրութիւնը կանգ առաւ Հայոց թագաւոր Տիգրան Բ.-ի թեկնածութեան վրայ, որու առաւելութիւնը, պատմիչի խօսքերով՝ «ռազմական հզօր ուժ ունենալն էր»։
Ք․ա․ 84 թուականին հայկական բանակները առանց մէկ նետ արձակելու մտան Ասորիք։ Տիգրանը Անտիոքին մէջ բազմեցաւ Սելեւկեաններու գահին ու այստեղ խաղաղութեամբ իշխեց 17 տարի։
Ասորիքի (Սուրիոյ) միացումը հնարաւորութիւն ստեղծեց գրաւելու Կոմմագենեն եւ Կիլիկիան, եւ ապա՝ նաեւ Փիւնիկեն։ Ի վիճակի չըլլալով դիմադրելու Հայոց թագաւորի բանակներուն՝ Մեծ Հայքի գերիշխանութիւնն ընդունեցին Հրէաստանը եւ քանի մը այլ երկիրներ։ Տիգրանին յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուին միայն Միջերկրականի ծովափնեայ քաղաքները, որոնցմէ վերջինը՝ Պտղոմայիսը, այն գրաւեց միայն Ք.ա. 71 թուականին։ Այստեղ գերի վերցուեցաւ Սելենէ-Կլեոպաատրա թագուհին, որ հետագային մահապատժի ենթարկուեց Տիգրանի կարգադրութեամբ։
Հայկական տիրութեան սահմանները հասան Եգիպտոս, իսկ Պտղոմէոս XII-ը գահ բարձրացաւ հայոց թագաւորի օգնութեամբ։ Դժուար չէ տեսնել, որ Տիգրանն այդ երկրի նկատմամբ ունէր որոշակի ծրագրեր, որոնք սակայն չիրականացան քաղաքական իրադրութեան կտրուկ փոփոխութեան պատճառով[9]։
Տիգրան Մեծի նուաճումներու հետեւանքով Առաջաւոր Ասիաոյ մէջ ստեղծուեցաւ աշխարհակալ նոր տէրութիւն մը։ Այն կը տարածուէր Եգիպտոսեն մինչեւ Կովկասեան լեռներ եւ Միջերկրական ծովէն մինչեւ Կասպից ծով։ Իրեն գերիշխանութիւնն կ'ընդունէին մինչեւ Միջին Ասիա եւ Հնդկաստան ինկած երկիրներն ու ցեղերը։ Այդ տէրութեան մէջ կը մտնէր Աղուանքը, Վիրքը, Ատրպատականը, Ադիաբենեն, Օսրոենեն, Կոմագենեն, Ասորիքը, Փիւնիկեն, Դաշտային Կիլիկիան եւ այլ երկրներ։ Տիգրան Մեծի գերիշխանութիւնն կ'ընդունէր մէկ շարք այլ թագաւորութիւններ՝ Պարթեւաստանը, Հրէաստանը, Անդրկասպեան սկիւթներն ու Պարսից ծոցի ու Արաբական թերակղզիո ցեղերը։ Ինչպէս յոյն պատմիչը կը հաւաստիէցնէ, Տիգրան Բ.-ի տերութեան մեջ կը խօսէին 15-էն աւելի լեզուներով։
Տիգրան Մեծի տէրութիւնը հելլենիստական պետութիւն էր՝ յիշեցնելով Ալեքսանդր Մակեդոնացիի եւ Սելեւկեաններու տէրութիւնները։ Հայկական տէրութիւնը բազմազգ եւ զարգացման ամենատարբեր աստիճաններու վրայ գտնուող երկիրներու ամբողջութիւն մըն էր։ Բնականաբար, տէրութեան միջուկը կը կազմէր Մեծ Հայքը, ուր կը բնակէր հայ ժողովրդի հիմնական զանգուածը։ Այստեղ կը գտնուէին տէրութեան քաղաքական ու տնտեսական նշանաւոր կենդրոնները։
Տէրութեան տնտեսապէս ամենազարգացած շրջանը Ասորիքն էր՝ իր աշխարհահռչակ Անտիոք մայրաքաղաքով։ Միջազգային տարանցիկ առեւտուրի կարեւոր կենդրոններ էին Փիւնիկէի վաճառաշահ Տիւրոս, Պիպլոս, Պէյրութ, Սիդոն քաղաքները։ Հարուստ ու հռչակաւոր էին նաեւ Դաշտային Կիլիկիոյ Տարսոն, Ատանա եւ այլ քաղաքները։ Ասորիքի կառավարչապետ նշանակուեցաւ Տիգրան Բ.-ի մերձաւոր զինակից Բագարատը, որուն նստավայրը Անտիոքն էր։
Երկրագործութեան եւ արհեստագործութեան նշանաւոր կեդրոնն էր Հիւսիսային Միջագետքը, որուն կառավարիչն էր Տիգրանի կրտսեր եղբայր Գուրասը։ Վերջինիս նստավայրն էր Մծբինը։ Թուարկուած երկրները հայկական տէրութեան կազմին մէջ ունէին տարբեր կարգավիճակներ։ Տիգրան Մեծը գրաւած երկրներու մէկ մասը վերածեց ենթակայ թագաւորութիւններու։ Սուրիոյ թագաւորութիւնը եւս չգրաւուեցաւ։ Տիգրանը միաժամանակ իրեն հռչակեց Սուրիոյ թագաւոր։ Միւս երկիրները վերածուեցան նահանգներու, որոնք կը կառավարուէին արքայից արքայի կողմէն նշանակուած փոխարքաներու կամ կուսակալներու կողմէ։
Նուաճուած երկիրները պարտաւոր էին հարկ վճարել եւ զօրք տրամադրել։ Զօրք կը տրամադէին նաեւ Մեծ Հայքի քաղաքական ազդեցութեան ոլորտին մէջ գտնուող ենթակայ թագաւորները եւ հպատակ ցեղերը։
Այսպիսով, Տիգրան Բ․ դարձաւ Առաջաւոր Ասիոյ մեծագոյն մասի տիրակալը։ Հայոց տէրութեան մէջ անմիջականօրէն մտնող եւ իրեն քաղաքական ազդեցութեան ու գերիշխանութեան ներքոյ գտնուող տարածքը կը կազմէր շուրջ 3 միլիոն քմ², որ կը գերազանցէր Մեծ Հայքի տարածքը (300 000 քմ²) տասն անգամ։ Իսկ Տիգրանի գերտէրութեան միջուկը կը կազմէր 1 000 000 քմ² տարածքով տէրութիւնը, որուն մէջ կը մտնէր Մեծ Հայքի թագաւորութիւնն ու իրեն հարեւան կովկասեան, միջագետքեան եւ միջերկրածովեան երկիրները[10]։
Ք․ա․ 80-ական թուականներուն Տիգրան Մեծը ձեռնարկեց նոր մայրաքաղաքի՝ Տիգրանակերտի, շինարարութեան։ Բանն այն է, որ Արտաշատը մնացեր էր հայոց տէրութեան հիւսիսային ծայրամասին, իսկ երկրորդ մայրաքաղաք Անտիոքը բուն Հայաստանէն դուրս էր։ Մեծ Հայքի Աղձնիք նահանգին մէջ Սասնայ լեռներու հարաւային ստորոտին։ Ժամանակին Տիգրան Մեծ թագադրուեր էր այստեղ։
Հայկական աշխարհակալ տէրութիւնը, նուաճումներու հետեւանքով, կարիք ունէր նոր մայրաքաղաքի։ Արտաշատն արդէն չէր կրնար կատարել այդ դերը, քանզի մնացեր էր տէրութեան ծայրը հիւսիսի մէջ, իսկ Անտիոք կը գտնուէր բուն հայկական հողերէն դուրս եւ ունէր օտարազգի բնակչութիւն։ Նոր մայրաքաղաքը հիմնադրուեցաւ Աղձնիք նահանգին մէջ, Տիգրիսի ձախակողմեան վտակներէն մէկուն ափին։
Մայրաքաղաքը կառուցուեցաւ 70-ական թուականներու ընթացքին եւ անուանակոչուեցաւ Տիգրանակերտ՝ ի պատիւ հայոց հզօր արքային։ Մայրաքաղաքը բնակեցնելու նպատակով Տիգրան Բ․ նուաճուած երկիրներու քաղաքային բնակչութեան մեծ մասին բռնի գաղթ կազմակերպեց դէպի Հայաստան։ Յոյն պատմիչ Ափիանոսի վկայութեամբ, միայն Կապադովկիայէն Հայաստան տեղափոխուեցաւ 300 հազար մարդ, մօտաւորապէս 100 հազար մարդ ալ՝ Կիլիկիոյ 12 քաղաքներէն։ Անշուշտ, Հայաստան տեղափոխուած ամբողջ բնակչութիւնը չէ բնակեցուած միայն Տիգրանակերտի մէջ։ Ասոնց մեծ մասը հաստատուած է Արտաշատ, Արմաւիր, Երուանդաշատ, Վան եւ այլ քաղաքներու մէջ։
Տիգրան Մեծը Տրգրանակերտը վերաբնակեցուցած է հայ աւագանիի ներկայացուցիչներով։ կ'ենթադրուի, որ Տիգրանակերտը ունեցեր է մօտ 100 հազար բնակիչ։ Անոնք հիմնականօրէն զբաղած են արհեստագործութեամբ եւ առեւտուրով։ Տիգրանակերտը եղեր է նաեւ մշակութային խոշոր կեդրոն։ Ըստ յունահռոմէական աղբիւրներու, հայկական թատրոնի առաջին շէնքը կառուցուած է Տիգրանակերտի մէջ Ք․ա. 69 թուականին, սակայն շինութեան հետքերը մինչեւ օրս յայտնաբերուած չեն։ Տիգրանակերտը շրջապատուած էր 25 մ բարձրութեամբ պարիսպով, որուն ներսը տեղադրուած էին ախոռներ եւ պահեստներ, իսկ պատերու տարբեր մասերուն մէջ կան յունարէն արձանագրութիւններ։ Տիգրան թագաւորի պալատը, շրջապատուած էր պարտէզներով, լիճերով, գտնուած է միջնաբերդէն դուրս։ Արտաշատի հետ միացած էր Արքունի Պողոտայով։
Յոյն պատմիչ Պլուտարքոսի խօսքերով Տիգրանակերտը հարուստ էր գանձերով եւ աստուածներուն նուիրաբերուած թանկարժէք ընծաներով, քանզի մասնաւոր անձինք եւ մեծատոհմիկներ, ցանկալով հաճոյանալ թագաւորին, իրարու հետ կը մրցէին քաղաքի շէնութեան ու ընդարձակման համար։ «...Ինքը այստեղ կը հրաւիրուին հայերէն լաւագոյնները եւ կը սպառնար բռնագրաւել այն ամէնը, ինչ իրենց հետ Տիգրանակերտ պիտի չտանէին»։ Այսպիսով, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կառուցուեցաւ մեծ ու շքեղ քաղաք մը։ Քաղաքը շրջապատուած եղեր է 25 մեթր բարձրութեամբ պարիսպներով, ունեցեր է անառիկ միջնաբերդ։ Հետաքրքիր է, որ թագաւորական պալատը կառուցուած է քաղաքէն դուրս, որ շրջապատուած եղեր է պարտէզներով, այգիներով եւ որսատեղիներով։ Տիգրանակերտն Արեւելքի նշանաւոր քաղաքներէն էր, արհեստագործութեան, առեւտուրի ու մշակոյթի խոշոր կեդրոն։ Քաղաքն ունեցեր է իր թատրոնը, ուր յոյն դերասանները ողբերգութիւններ եւ թատերգութիւններ բեմադրած են։
Բացի Տիգրանակերտ մայրաքաղաքէն, Տիգրանակերտ անուանումով քաղաքներ հիմնադրեր են նաեւ տէրութեան այլ վայրերու մէջ[11]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ստրաբոն. Աշխարհագրութիւն, 16.1.19, [1].
- ↑ 2,0 2,1 Ստրաբոն. Աշխարհագրություն, 11.14.15, [2].
- ↑ «Տիգրան Բ․-Ի գահակալութիւնը. Ծոփքի միաւորումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-18
- ↑ «Ապիանոս. Հռոմեական պատմություն. Միհրդատյան պատերազմներ, §13-15»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-02-27-ին։ արտագրուած է՝ 2015-10-07
- ↑ Հուստինոս. Փիլիպի պատմությունը. XXXVIII, 3
- ↑ Պլուտարքոս. Զուգահեռ կենսագրություններ. Սուլլա, 5
- ↑ «Հայ-պոնտական դաշինքը և Կապադովկիայի նվաճումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-10-07
- ↑ «Պարթևստանի ջախջախումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-23
- ↑ «Ասորիքի գրավումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-23
- ↑ «Հայկական տերության տարածքը, բնույթը, բնակչությունը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-23
- ↑ «Տիգրանակերտ մայրաքաղաքի հիմնադրումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-08-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-23
|