Jump to content

Ակն

Քաղաք
Ակն
թրք.՝ Kemaliye
Երկիր  Թուրքիա[1]
Նահանգ Երզնկա
Տարածութիւն 1 094 քմ²
ԲԾՄ 1130 մեթր
Բնակչութիւն 5555 մարդ (2018)
Ագլոմերացիա 5 487
Ժամային գօտի UTC+2
Անուանուած է Աթաթիւրք
Պաշտօնական կայքէջ kemaliye.gov.tr

Ակն (այժմ՝ Քեմալիէ, թրք.՝ Kemaliye), քաղաքը կը գտնուի Թուրքիոյ կեդրոնական մասին, Երզնկա նահանգին մէջ, Արեւմտեան Եփրատ գետի աջ ափին։

Անցեալին եղած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Խարբերդ վիլայէթի կազմին մէջ։ Ակնը կը գտնուի Տաւրոսեան եւ Անդիտաւրոսեան լեռնաշղթաներու միջեւ, ծառազարդ դաշտավայրի մէջ, բարձր աւելի քան 1000 մ.։ Բնակչութիւնը՝ 5555 մարդ (2018)։

Ակնը հիմնած են Սեբաստիա տեղափոխուած Արծրունիները 1022-ին։ Սկզբիը կոչուած է Մարընտունիկ։ Ակն անունը հաւանաբար ծագած է քաղաքի մէջտեղ հոսող Ակնաղբիւրի անունէն։ ԺԱ. դարուն Արծրունիներն Ակնին մէջ կառուցած են Նարեկայ (Ռշտունիքի Նարեկայ վանքի անունով), իսկ աւելի ուշ՝ Սուրբ Նշան վանք (Վասպուրականի Վարագայ Սուրբ Նշան վանքի անունով)։

1300–1321-ին Անիէն այստեղ գաղթած հայերը հիմնադրած են իրենց թաղամասը՝ Ս. Յակոբ եկեղեցիով։ Ակնի մէջ եղած է նաեւ Անի անունով բերդ մը։ ԺԶ. դարու սկիզբին Ակնը կը գրաւուի թուրքերու կողմէ։ 1880-ին Ակն ունէր շուրջ 10 հազար բնակիչ, որուն մօտ 5500-ը հայեր էին։ Տուները քարաշէն էին, 2-4 յարկանի։ Քաղաքը մաքուր էր, բարեկարգ, սալայատակուած փողոցներով։ Ակնցիք վարպետ արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին։

ԺԹ. դարու վերջերը Ակնի մէջ կը գործէին երկսեռ դպրոցներ՝ (Նարեկեան եւ Ներսէսեան), եկեղեցիներ՝ (Ս. Աստուածածին եւ Ս. Գէորգ), ազգային ընկերութիւններ՝ (Ազգասիրական, Ուսումնասիրական, Արամեան եւ Նարեկեան)։ 1870-ին Ակնի մէջ լոյս տեսած են՝ «Ծաղիկ», «Եփրատ», «Մտրակ» թերթերը։ 1873-ին այդտեղ ներկայացուած է «Սուրբ Մեծն Ներսէս» փիեսը։

3-4 Սեպտեմբեր, 1896-ին թուրք հրոսակները կը յարձակին Ակնի վրայ, իսկ քիւրտերը՝ շրջակայ հայ գիւղերուն վրայ՝ (Լիճք, Բինկեան, Զմարա, Կասմա, Ապուշեխ, Կամարակապ եւ այլ գիւղեր), կը կոտորեն բնակիչներուն, կը կողոպտեն ու կը հրդեհեն տուները։ Ականատեսի վկայութեամբ, զոհերուն թիւը կը հասնի 3000-ի։ Հետագայ երկու տասնամեակներուն հայերը կը վերաշինեն քաղաքը։ Ակնի մէջ կեանքը նորէն կ'աշխուժանայ։

Մեծ Եղեռնին Ակնը եւ շրջակայ գիւղերը կը դատարկուին հայերէ, որոնց մեծ մասը շուտով զոհ կ՛երթայ գաղթի ճանապարհին։

Ակնցիները տուած են գրչի ու մտքի բազմաթիւ ականաւոր մշակներ, բժիշկներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, իրաւաբաններ, ազգային եւ հոգեւոր գործիչներ։ Ակնէն կը սեռին Արփիար Արփիարեանը, Միսաք Մեծարենցը, Գրիգոր Զօհրապը, Սիամանթօն, Արշակ Չօպանեանը, Մինաս Չերազը եւ Ն. Գալանտերեանը։

Ակնը մօտ 200 տարի ամիրական նշանաւոր գերդաստաններ տուած է Կ. Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ՝ (Տատեան, Ճեզայիրլեան եւ ուրիշներ) մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. GEOnet Names Server — 2018.
  • Հայր Մ․ Վարդ․ Պոտուրեան, Հայ Հանրագիտակ, 1938 Պուքրէշ, Հատոր Ա․, էջ 81-82