Jump to content

Նոր Ջուղա

Բնակավայր
Նոր Ջուղա
Երկիր  Իրան,  Ղաջարական Պարսկաստան և  Աֆշարեան կայսրութիւն
Հիմնադրուած է՝ 1606
Անուանուած է Ջուղա
Պաշտօնական կայքէջ norjugha.ir

Նոր Ջուղա, նախկին քաղաք, այժմ՝ թաղամաս Իրանի Սպահան քաղաքի կազմին մէջ։ Կարեւոր կեդրոն եղեր է իրանահայութեան համար։ Հիմնադրուեր է 1606 թուականին, երբ շահ Ապպաս կամ շահ Աբբասը Արեւելեան Հայաստանէն ու յարակից տարածքներէն մօտ 300.000 հայ տեղահանեց դէպի Իրան։

Պարսկաստանի մէջ հայ բնակչութիւնը շատ հին պատմութիւն ունի։ Յայտնի է դեռեւս 4–րդ դարէն պարսից Շապուհ թագաւոր Հայաստանէն տասնեակ հազարաւոր մարդոց բռնի տեղափոխած է Պարսկաստան։ Հայ բնակչութեան այդպիսի գաղթեցումներ դէպի Պարսկաստանի խորքերը կատարուած են նաեւ յետագայ դարերուն։ Սակայն հայկական գաղթավայրերու առաջացումը Պարսկաստանի մէջ տեղի կ'ունենայ աւելի ուշ՝ առանձնապէս 18–րդ դարուն։ Այդ գաղութներէն առաւել նշանաւոր է պարսկական Սպահան քաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ հիմնուած Նոր Ջուղան։ Այստեղ հայերու բնակութեան մասին տեղեկութիւններ կան՝ սկսած 16–րդ դարու 50–ական թուականներէն, բայց անոր հիմնադրումը տեղի ունեցած է Շահ Աբասի օրօք։ «Ջուղա» տեղանունը գիտական գրականութեան մէջ դեռեւս ստուգաբանուած չէ։ Հայ մատենագրութեան մէջ այս հնագոյն տեղանունը V-XVII դարերուն կոչուած է Ջուղայ, Ճողայ, Ջուղա, իսկ XVII ֊XX դդ., ի տարբերութիւն Նոր Ջուղայի, կոչուած է Հին (տեղական բարբառով Խին) Ջուղա։ Օտարազգի պատմիչներն ու ճանապարհորդները զայն անուանած են Djoulfa, Ciulfa, Iulfa, Zulfa, Usulfa, Sulfa, Diulfa, Tulfa, Iula, Chiulfa, Zugha: XVII դարուն Ղազար կաթողիկոս Ճահկեցին նշած է, որ Անի քաղաքի կործանումէն յետոյ անոր բնակչութեան «կեսքն ճղեալ գնացին ի Ճուղայ...»։ Այս տեղեկութիւնն ալ հիմք ծառայած է, որպէսզի կարծուի, թէ Ջուղան որպէս բնակատեղի հիմնուած է Անիի կործանումէն յետոյ եւ այն Անի քաղաքի մէկ ճիւղն է («ճիւղ ա»)։ Այս ոչ ճիշդ մեկնաբանութիւնն ալ աւանդաբար փոխանցուած է ջուղայեցիներուն։ Սակայն Նախիջեւանի հնամենի գաւառներու բազմաթիւ տեղանունները, ինչպէս, օրինակ, Գողթն, Տրունիք, Երնջակք, Ռամիք, Ցղնայք, Ապրակունիք, Շահապունիք կամ Շահապոնք, Շարուր եւ այլն, որոնք յոգնակի թիւով աշխարհագրական անուններ են, ցոյց կու տան հաւաքական գաղափար եւ տեղ։ Կարելի է ենթադրել, որ Ջուղայքը կամ Ջուղայը էթնիկական ծագում ունի[աղբիւրի կարիք ունի] եւ ցոյց կու տայ հաւաքական նշանակութեամբ բնակելու տեղ։ Հաւանաբար այս տեղանունը նախահայկական ծագում ունի եւ առաջացած է այդտեղ բնակող հայկական նոյնանուն ցեղի անունէն։ 1604 թուականին հայոց կաթողիկոսներու սադրանքով ու դրդումով պարսից Շահ Աբաս Առաջինը հայաթափեց Արեւելեան Հայաստանը։ Շահ Աբասին ձեռնտու էր այդ. Պարսկաստանի մէջ բնակեցնելով հայերը՝ ան որոշ արտօնութիւններ շնորհեց անոնց եւ կարճ ժամանակ անց ոտքի կանգնեցաւ երկրի տնտեսութիւնը, լեցուեցաւ պետական գանձարանը։ Ի թիւս այլ ծաղկուն բնակավայրերու՝ հայաթափուեցաւ վաճառաշատ Ջուղա քաղաքը։ Շահը հայութեանը բռնի տեղահանելով՝ անոնց բնակեցուց իր մայրաքաղաք Սպահանի մօտակայքը, հող յատկացուց անոնց եւ այստեղ կարճ ժամանակ անց՝ 1606 թուականին, յառնեցաւ Նոր Ջուղան՝ ժամանակին Արեւելքի ու աշխարհի ամէնածաղկուն ու բարգաւաճ քաղաքներէն մէկը։ Նոր Ջուղան կառուցուեցաւ դատարկ վայրի մէջ, արագ։ Գլխաւոր պողոտան կ'երկարէր արեւելքէն արեւմուտք, ունէր 3276 քայլ երկարութիւն եւ 16 քայլ լայնութիւն։ Այն քաղաքի առաջին քաղաքապետ՝ քալանթար Նազարի պատուին կոչուած է Նազարի խիաւան։ Պողոտային վրայ կը գտնուէին հիմնական վաճառատուներն ու արհեստանոցները։ Պատմական Ջուղա քաղաքը տարածուած եղած է այժմեան Նախիջեւանի ԻՍՍՀ Ջուլֆայի շրջանի Ջուղա գիւղի մերձակայքը, Արաքս գետի ձախ ափին, աւելի քան 2 քմ երկարութեամբ՝ արեւելքէն դէպի արեւմուտք, Արաքսէն մինչեւ մօտակայ լեռնափէշերը 400- 500 մ լայնութեամբ։ Ապառաժոտ լեռնաշղթաներու արանքը հիմնադրուած Ջուղայի թաղամասերն ընդգրկած են նաեւ Արաքսի աջափնեայ (այժմ իրանական) հարթութիւնները, ուր այժմ ալ կը նկատուին քաղաքապատկան շինութիւններու՝ կամուրջի, քարաւանատան, Անդրէորդիի եկեղեցիի, գերեզմանատան եւ այլ կառոյցներու աւերակներն ու հետքերը։ Արաքսամերձ այս վայրը, ուր հիմնուած եղած է Ջուղան, բաւական խոր ու երկար, նեղ կիրճ է, որուն ջուղայեցիները կոչած են Ծակուտայ ձոր, Ծակուտ։ Զայանդեռուդ գետի եզերքէն դէպի հարաւ 10 ուղիղ եւ լայն փողոցներ կ'երկարէին, որոնք կը հատէին Նազարի պողոտան եւ կը ձեւաւորէին քսան ինքնուրոյն թաղամասեր. անոնցմէ եօթի ծայրերը նոյն ուղղութեամբ կը հասնէին այն դաշտը, ուր կը գտնուէր հայոց գերեզմանատունը։ Այդ 10 փողոցները եղած են թաղերու սահմանները եւ ատոնց միջեւ կառուցուած են տուները՝ սկիզբ առնելով գետի եզերքէն։ Պողոտան կը բաժնուէր երկու մասի. արեւմուտքէն` Սաֆրազենց դուռ, ուր կ'ապրէին առաքելադաւան հայերը եւ Շահրիմանեանց դուռ, ուր կ'ապրէին կաթոլիկ հայերը։ Ջուղան պատուած էր գեղեցիկ պարտէզներով։ Հայերը քաղաքին մէջ 13 եկեղեցի կառուցած են։ 1620 թուականին Նոր Ջուղան արդէն իրանական առեւտրական գաբիթալի կեդրոնն էր` 30 հազար բնակիչով։ Իրանական հում մետաքսի արտահանման մենաշնորհը Շահ Աբասը յանձնեց հայերուն։

Նոր Ջուղայի դերը եւ նշանակութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոր Ջուղայի գաղութը 17-18-րդ դարերուն խոշոր դեր խաղացած է հայկական մշակոյթի զարգացման գործին մէջ։ Այնտեղ 17-րդ դարու առաջին կէսերուն հիմնադրուած է դպրոց մը, որ Խաչատուր Ջուղայեցին կ'անուանէ համալսարան։ 17-րդ դարու երկրորդ կիսուն Ջուղայի մէջ կը սկսին գործել այլ դպրոցներ եւս, որոնցմէ նշանաւոր էր Կոստանդին վարժապետի գլխաւորած դպրոցը։ Այնտեղ կը դասաւանդուէին աշխարհիկ գիտութիւններ եւ գերազանցապէս հաշուողական առարկաներ։ Դասաւանդումը կը կատարուի պարզ, հասկնալի լեզուով, համարեա աշխարհաբար[1]։

Առեւտուր, արհեստ պատմական աղբիւրներու վկայութեամբ Ջուղայի մէջ, դեռեւս XXII դդ. սկսած, արհեստներուն հետ համատեղ շեշտակի զարգացած է առեւտուրը։ Այն XI դարուն արդէն ունէր իր հոգեւոր կեդրոնը եւ իր նշանակութեամբ ու համբաւով կը դասուէր Նախիջեւանի շարքին։ Գտնուելով նշանաւոր առեւտրական երթուղիի վրայ, որ կը կոչուէր նաեւ արքունի կամ վաճառականական ճանապարհ, ան կարճ ժամանակամիջոցի մէջ Արաքսի (Երասխի) ձորին մէջ կը հռչակուի որպէս տարանցիկ ապրանքներու պահեստավայր ու առեւտրական փոխանակութիւններու կեդրոն եւ XV դարէն սկսեալ աննախադէպ ծաղկման ու բարգաւաճման կը հասնի։ Այդ պատճառով ալ ջուղայեցիներու համար առեւտրական ըլլալը գլխաւոր եւ առաջնակարգ ժառանգական զբաղմունք ու մասնագիտութիւն եղած է։ Եւ արդէն XV-XVII դարերուն հայ իրականութեան մէջ ջուղայեցի վաճառականները, որոնք իրենք զիրենք կը կոչէին «խոճայներ», յայտնի էին թէ՛ իրենց կուտակած անհաշիւ հարստութիւններով ու կարողութիւններով, թէ՛ որպէս հայ տպագրական-հրատարակչական գործի իսկական կազմակերպիչներ ու նուիրեալ հայրենասէրներ։ Այդ դարերուն Հայաստանի համար քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային առումով անկումային համարուող ժամանակաշրջանին, մեծ հռչակ ձեռք կը բերէ Ջուղան, որու դրամագլուխը յայտնի էր համարեա թէ ամէնուր։ Ջուղայեցիներու հարստութիւնները առասպելական չափերու հասած էին, իսկ «խոճայներու» տուներու ու ապարանքներու զարդարանքներն ու կահկարասիներու մեծ մասը ոսկիէ ու արծաթէ էին պատրաստուած։ Հայ վաճառականները հիմնեցին Նոր Ջուղայի հայ առեւտրական ընկերութիւնը, որու գործակալները, առեւտրական գործունէեութենէն զատ, շահի համար յաճախ նաեւ հետախուզական, թարգմանական եւ դիւանագիտական ծառայութիւններ կը մատուցէին։ Ջուղայի վաճառականները լայն գործունէութիւն ծաւալեցին։ Անոնք իրենց ձեռքը վերցուցին մետաքսի հումքի արտահանումը եւ հանդէս կու գային որպէս Պարսկաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ կատարուող առեւտուրի միջնորդ։ Միջերկրական ծովով անոնք կապ հաստատած էին Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Սպանիայի, Իտալիայի քաղաքներուն հետ։ Ջուղայի վաճառականներն ունէին իրենց առեւտրական ընկերութիւնները եւ ներկայացուցիչներ՝ եւրոպական մեծ քաղաքներուն մէջ։ Այդ ընկերութիւններն առեւտրական պայմանագրեր կը կնքէին անգամ օտար պետութիւններու հետ։ Ջուղայի հայ առեւտրական ընկերութիւնը՝ յանձին Գրիգոր Լուսիկովի, 1667 թ. պայմանագիր կը կնքէ Ռուսաստանի հետ։ Ատով ընկերութիւնը ազատ առեւտուրի իրաւունք կը ստանայ Ռուսաստանի տարածքին մէջ։ Ռուսերը ջուղայեցիներուն իրաւունք տուին նաեւ Ռուսաստանի տարածքով արտահանել իրենց ապրանքները Եւրոպա։ Խաչատուր Կեսարացին 1630 թուականին Նոր Ջուղայի մէջ դպրոց հիմնեց, ուր կը դասաւանդէին մարդկային եւ բնական գիտութիւններ` մաթեմաթիկա, քերականութիւն, քնարերգութիւն, իմաստասիրութիւն... Դպրոցը յաճախ կոչուած է նաեւ համալսարան։

Նոր Ջուղայի մէջ հիմնուեցաւ նաեւ առաջին տպարանը՝ պարսկական պետութեան տարածքին մէջ։ Ինքնաշէն այդ տպարանին մէջ 1638-1642 թուականներուն հրատարակուած են «Սաղմոսարան», «Հարանց վարք», «Խորհրդատետր», «Ժամագիր ատենի» գիրքերը։ Բացի առեւտուրէն, հայերը Նոր Ջուղայի մէջ կը զբաղուէին գինեգործութեամբ, կօշկակարութեամբ, ոսկերչութեամբ, այգեգործութեամբ։ Շահ Աբասը կ'ուզէր, որ հայութեան հոգեւոր-մշակութային ու քաղաքական կեդրոնը Նոր Ջուղայի մէջ հաստատուի։ Ան անգամ կը պատրաստուէր քանդել Էջմիածնի վանքը ու նոյն քարերով վանքը հաստատել Նոր Ջուղայի մէջ, բայց հայ խոճայները տարհամոզեցին զինք։

Նոր Ջուղայի հայկական գաղութը ծաղկման շրջանին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17-դարի երկրորդ կիսուն Նոր Ջուղայի հայկական գաղութը ծաղկման շրջան կ'ապէր, անոր բնակչութեան թիւը կը հասնէր քանի մը տասնեակ հազարի։ Եւրոպական ճանապարհորդներէն մէկը՝ Ջոնսընը, նշած է, որ Սպահանի արուարձան՝ Նոր Ջուղան ունեցած է 50-60 հազար շունչ, իսկ եթէ հաշուեն նաեւ անոր մօտիկ եւ անոր հետ կապուած հայկական գիւղերու բնակչութիւնը, ապա հայկական այդ գաղթավայրի բնակչութիւնը հարիւր հազարէն աւելի եղած է։ Այնտեղ առաւելապէս աչքի ինկած է խոշոր վաճառականներու դասը, որ իր առեւտրական գործունէութեամբ կապուած եղած է բազմաթիւ երկիրներու հետ եւ խոշոր դեր խաղացած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ առեւտուրի զարգացման գծով։ Մեծ թիւ կը կազմէին նաեւ միջին եւ մանր առեւտրականները։ Այդ երկու խաւերէն աւելի բազմազան էին արհեստաւորական եւ գիւղացիական խաւերը, որոնք նոյնպէս իրենց լուման ունէին Սեֆեյեան Պարսկաստանի արհեստագործութեան եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման մէջ։

Ջուղայի հայկական դպրոցներ, Ջուղայի գրչօճախը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոր Ջուղան եղած է հոգեւոր կեդրոն եւ բնակավայր հայ ազգի համար դեռ 17-րդ դարէն, երբ Պարսից Շահ Աբասի հրամանով աւելի քան 300 հազար հայերու Հայաստանէն տեղափոխեցին Պարսկաստան։ Գաղութն ունէր ինքնավարութիւն, որ կը տնօրինէր քաղաքագլուխը։ Նորաբնակները ունէին շարք մը արտօնութիւններ, սկսած կրօնի ազատութենէն մինչեւ արհեստանոցներ եւ դպրոցնել հիմնելը։ Ջուղայի առեւտրականները լայն գործունէութիւն ծաւալեցին՝ վերցնելով իրենց ձեռքը մետաքսի հումքի արտահանումը եւ համագործակցելով տարբեր եւրոպական միջնորդներու հետ։ Նոր Ջուղայի մէջ պահպանուած են հայկական մշակոյթի լաւագոյն աւանդոյթները։ Այնտեղ բացուած են լայն գիտելիքներ տուող դպրոցներ։ Նոր Ջուղան դարձած էր իր ժամանակի հայ մշակոյթի կարեւոր կեդրոն։ 1854 թուականին Նոր Ջուղայի մէջ բացուեցաւ գաղութի առաջին օրիորդաց դպրոցը, որն ի դէպ կը հանդիսանայ նաեւ առաջին օրիորդաց դպրոցը ամբողջ Երանի մէջ։ Սա կառուցուեցաւ Կատարինեան օրիորդաց կուսանոցին կից ճաւայաբնակ Մանուկ Յորդանանեանի միջոցներով։ 1630-ական թուականներուն Խաչատուր Կեսարացին հիմնած է դպրոց, որ ժամանակակիցները կոչած են «համալսարան»[2]։ 1638 թուականին հիմնադրած է տպարան։ Նշանակալի դեր խաղացած է նաեւ Սուրբ Ամէնափրկիչ վանքի դպրոցը, ուր աշակերտներուն սորվեցուցած են եւրոպական լեզուներ եւ «վաճառականութեան արուեստ»։ Վանքին կից բացուած է մատենադարան, ուր հաւաքուած են բազմաթիւ հայերէն ձեռագրեր։ XX դարու սկզիբները, 1901—1905 թուականներուն, Նոր Ջուղայի մէջ հիմնադրուեցան «Գէորգ Քանանեան» անունով օրիորդաց դպրոցը եւ մանկապարտէզը, ի յիշատակ մոսկուացի Գէորգ Քանանեանի՝ Հ Ռափայէլ Պատկանեանի ընկերոջ։ Դպրոցը, որն ստեղծուեցաւ Գէորգ Քանանեանի կտակած միջոցներով, տեղաւորուեցաւ այն ժամանակի համար հազուադէպ երկյարկանի յարմարաւէտ շենքի մէջ։ Հայ մշակոյթի եւ գրչարուեստի պատմութեան մէջ Ջուղան յայտնի է նաեւ որպէս նշանաւոր գրչօճախ։ Այստեղ գրչագրուած ձեռագրերու տուեալներով քաղաքի հոգեւոր օճախներէն Ամէնափրկիչ վանքին մէջ, Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ, Ս. Յովհաննէս եկեղեցիներու հովանիին ներքեւ, բազմացուած ու մանրանկարուած են բազմաթիւ ձեռագրեր։ Դատելով ձեռագրերու ընդօրինակման արուեստէն, պէտք է ենթադրել, որ Ջուղայի մէջ գրչարուեստը եւ անոր ուսուցումը սկիզբ առած են XII– XIII դարերէն ոչ ուշ եւ անոր գրչատուներու գործունէութիւնը յարատեւած է գլխաւորաբար մինչեւ քաղաքի բռնագաղթը Պարսկաստան, ուր եւ կարճ ընդմիջումէ յետոյ վերսկսուած է նորջուղայեցիներու բուռն մշակութային կեանքին զուգընթաց։ Ջուղայի մէջ XVI-XVII դարերուն գրչագրուած շարք մը ձեռագրերէն յատկապէս արժանայիշատակ են Յակոբ Ջուղայեցիի, Խաչատուր Խիզանեցիի, Բարսեղ Վարդապետի, Յովհան Դարգամարգեցիի, Յովհաննէս գրիչի, Ռստակէս աբեղայի, Յակոբ քահանայի գրչագրած ու ծաղկած ձեռագրերը։ Նշուած ժամանակաշրջանին նախիջեւանի գաւառներուն մէջ գործած նկարիչներու, յատկապէս հռչակաւոր Յովնաթանեաններու շարքին եւ առհասարակ հայ գեղանկարչութեան պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Յակոբ Ջուղայեցին։ Վերջինիս նկարազարդած ձեռագրերու գեղարուեստական լեզուն ու արուեստը անքակտելիօրէն հիւսուած են հայկական միջնադարի գեղանկարչութեան ու մանրանկարչութեան աւանդներուն վրայ։ Այսուհանդերձ այն միաժամանակ յագեցած է նոր ժամանակներու ոգիով ու գեղագիտական հասկացութիւններով։ Պատկերներու ու կերպարներու կենդանի, աշխոյժ պատկերումը, գունագեղութիւնը, յագեցուածութիւնն ու ռիթմը, բազմազան զարդամոթիֆներու իւրովի կիրառումը առանձնայատուկ հմայք մը ու անհատականութիւն կը հաղորդեն Ջուղայեցիի արուեստին։

Հայերը Նոր Ջուղայի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերը Նոր Ջուղայի մէջ հաստատուած են շահ Աբբաս I-ի օրօք։ 16-րդ դարի սկիզբը Նոր Ջուղա տեղափոխուած են տեղահանուած եւ Իրանի Սպահանի նահանգ քշուած Ջուղայի հայերը, Զայանդերուդ գետի աջ ափին՝ Սպահան քաղաքի մօտ։ Նպատակ ունենալով հայ վաճառականներու միջոցով ընդլայնել Իրանի առեւտրական եւ քաղաքական կապերն օտարերկրեայ պետութիւններու հետ՝ Աբբաս I-ը Նոր Ջուղային շնորհած է արտօնութիւններ («Արքունի Խասսերին» վերապահուող իրաւունքներ)։ Բնակավայրն ունեցած է ինքնավարութիւն, որ իրականացուցած է քալանթարը (քաղաքագլուխ), դատական գործերը վարած է քեդխուդան (քալանթարի տեղակալը)։ Կարճ ժամանակի մէջ Նոր Ջուղան բարգաւաճած է, արդէն 1620-ական թուականներուն ունեցած է աւելի քան 30 հազար բնակիչ, դարձած՝ երկրի առեւտրական դրամագլուխի կեդրոն։ Նորջուղայեցի հայ վաճառականներուն յանձնած է իրանական հում մետաքսի արտասահմանեան մենաշնորհը։ 17-րդ դարու կիսուն տեղի հայ վաճառականները ստեղծած են «Նոր ջուղայի հայ առեւտրական ընկերութիւնը»։ Տնտեսական գործունէութեան զուգընթաց, անոնք յաճախ կատարած են նաեւ դիւանագիտական յանձնարարութիւններ։ Համայնքը միատարր չէր. զգալի թիւ կազմած են միջին եւ չքաւոր խաւերը, որոնք գլխաւորաբար զբաղուած են արհեստագործութեամբ։ Նոր Ջուղայի հայ արհեստաւորներու ընկերային բողոքի դրսեւորումներէն էր 1630-1640-ական թուականներուն դերձակ Թումիկի եւ սեւ Պետրոսի գլխաւորութեամբ ծագած աղանդաւորական շարժումը։ 1722 թուականի աֆղաններու արշաւանքի ժամանակ, երբ Միր Մահմուտը գրաւած է Սպահանը եւ սկիզբ դրած՝ Սեֆեան Պարսկաստանի անկումին, Նոր Ջուղան աւերուած է, հայերը գաղթած են Հնդկաստան, Ֆրանսա, Աւստրիա, Հոլանտա, Ռուսաստան եւ այլուր։ 17-18-րդ դարերուն Նոր Ջուղան եղած է հայկական մշակոյթի կարեւոր կեդրոն։

Ժամանակակից շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սուրբ Ամէնափրկիչ վանք

Նոր Ջուղան եղեր է իրանաբնակ (բացառութեամբ Ատրպատականի), իսկ յետագային նաեւ հնդկաստանաբնակ հայերու հոգեւոր կեդրոն։ 19-20-րդ դարերուն մնացեր է որպէս թեմական եւ մշակութային կեդրոն։

19-րդ դարու 30-ական թուականներուն Նոր Ջուղայի մէջ բնակեր է շուրջ 4 հազար հայ։ Այդ տարիներուն բացուեր էր Նոր Ջուղայի առաջին հայկական դպրոցը (1831-1853): 1858 թուականին հիմնուեր է Օրիորդաց դպրոցը, 1880 թուականին շարք մը դպրոցներ միաւորուեր եւ կազմեր են Ազգային կեդրոնական դպրոց։ 20-րդ դարու սկիզբը բացուեր է Գէորգ Քանանեան իգական դպրոցը։ 1905-1911 թուականներու իրանական յեղափոխութիւնէն յետոյ աշխուժացեր է արդէն Նոր Ջուղայի մշակութային կեանքը։ Կառուցուեր է թանգարան-մատենադարանի շէնքը (1905)։ 1930-ական թուականներուն ստեղծուեր են ազգային ակումբներ, կազմակերպուեր են երգչախումբեր։ Հրատարակուեր են «Նոր Ջուղայի լրաբեր» ամսաթերթը (1904-1908), «Նոր Ջուղայի աւետաբեր (1906-1911), «Ընկեր» (1920) թերթերը եւ 10 անուն ձեռագիր կամ մեքենագիր պարբերականներ։ 1946 թուականէն սկսեր է Նոր Ջուղայի հայերու ներգաղթը Խորհրդային Հայաստան: 1952 թուականին Նոր Ջուղայի մէջ բնակեր է 4675, 1958 թուականին՝ 5 հազար, 1969 թուականին՝ 8 հազար, 1979 թուականին՝ 10 հազար հայ։ Ներկայիս Նոր Ջուղան Սպահանի թաղամասերէն է։ 2003 թուականի դրութեամբ հայութեան թիւը եղեր է շուրջ 7 հազար։ Գլխաւորապէս կը զբաղուին արհեստներով, տնային գործերով, զգալի թիւ կը կազմեն մանր ձեռնարկատէրերն ու առեւտրականները, մտաւորականները։

Նոր Ջուղան այժմ ունի 14 եկեղեցի (Սուրբ Ամէնափրկիչ վանք, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Բեթղեհէմ, Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սուրբ Յակոբ, Յովհաննէս Մկրտիչ, Սուրբ Յովսէփ, (St. Catherine Convent) Սուրբ Քաթարինէ մենաստան, Սուրբ Մինաս, Ներսէս Մեծ, Սուրբ Նիկողայոս, Սուրբ Սարգիս, Սուրբ Ստեփանոս), որոնցմէ հիմնականը Սուրբ Ամէնափրկիչ Վանքն է[3]։

Ջուղայի պատմական յուշարձանները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ջուղայի յուշարձաններու ուսումնասիրութեան համար մեծ աշխատանք կատարած է հայ երախտաւորներէն մէկը՝ Արամ Վրոյրը։ 1912 թուականին Ջուղայի մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարելէն յետոյ, իր տպաւորութիւններուն մասին գրած է Ն. Մառին, ուր կ'ըսէ. «Անչափ հետաքրքիր է Ջուղան, փոքրիկ Անի մը, կարծէք աւելի ճոխ պահեստ 14-15 դարերու իրեղէններու... Անհրաժեշտ է առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնել այդ տեղի վրայ, մանաւանդ, որ համարեա ամէն տարի տնավարի պեղումներ կը կատարուին։ Գտնուած ամանները ամբողջ կամ զարդարուած անհաշիւ են»։

Յետագային Ա. Վրոյրը 1915 թուականի Սեպտեմբերին ձեռնամուխ կ'ըլլայ Ջուղայի գերեզմանատան խաչքարերու լուսանկարման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ բռնագաղթի ու աւերման ենթարկուած քաղաքի մասին մնացած աւանդոյթներու հաւաքման։ Ջուղան հայոց պատմութեան մէջ յայտնի է իր միջնադարեան շարք մը պատմական ու ճարտարապետական յուշարձաններով, հազարաւոր գեղաքանդակ ու զարմանահրաշ խաչքարերով, հոյակապ կամուրջով, բերդով, շարք մը քարաւանատուներով ու վաճառատուներով, քաղաքային շուկայով ու բաղնիքով, եկեղեցիներով ու այլեւայլ յուշարձաններով, որոնք այժմ մեզ հասած են մեծ մասամբ հիմնայատակ աւերուած եւ մասամբ ալ կանգուն ու կիսակործան վիճակով։ Ժամանակին այստեղ կը գործէին՝ Ամէնափրկիչ վանքը, Ս. Գէորգ վանքը, Ս. Մինաս, Ս. Յովհաննէս, Ս. Յակոբ, ԱմԷնասուրբ Երրորդութիւն կամ Վերին Կաթան, Անդրէորդի, Պամբլոզի ժամ եւ այլ եկեղեցիներ, որոնցմէ մէկ քանին կը մնան, այն ալ կիսակործան վիճակով։ Ժամանակի եւ պատմական անցեալի բերումով Ջուղա քաղաքէն այժմ շատ քիչ բան մնացած է։

Ս. Ամէնափրկիչ վանք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ջուղայի գերեզմանատունէն դէպի հիւսիս-արեւմուտք բաւական խոր ձորակ կայ, որ մշտական քամիներու պատճառով ջուղայեցիները կը կոչէին Քամիի ձոր։ Այդ ձորի պռունկին կառուցուած է Ջուղայի հռչակաւոր Ամէնափրկիչ վանքը։ Վանքի հարաւային մասը՝ Մաղարդայի լեռնաշղթայի փեշերով, կը հոսի Արաքս գետը։ Արեւելքը՝ վանքի լեռան ստորոտը, Ջուղայի գերեզմանատունն ու քաղաքի աւերակներն են, իսկ հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն լերկ եւ վարդագոյն լեռներն են։ Ամէնափրկիչ վանքի համալիրը բաղկացած է փոքրածաւալ եկեղեցիէ, գաւիթէ, սեղանատունէ, միայարկ եւ երկյարկ օժանդակ, արտադրական եւ այլ շինութիւններէ, որոնք պարսպապատուած են։ Համալիրի հարաւ-արեւելեան անկիւնը գտնուող եկեղեցին աւագ աբսիոդով եւ զոյգ աւանդատուներով, արեւմտեան ճակատի մուտքով կեդրոնագմբէթ յուշարձան է։ Կառուցուած է ճեղքուած, կիսամշակ եւ մասամբ սրբատաշ քարերով եւ կրաշաղախով։ Ներքին տարածքը սուաղուած է եւ սպիտակացուած։ Բաւական մեծ ու կլոր գմբէթը ծածկուած է բրգաձեւ վեղարով։ Եկեղեցին գլխաւորաբար զուրկ է ճարտարապետական յարդարանքէ։ Անոր միապաղաղ տեսքին որոշ չափով շունչ կը հաղորդեն մուտքի շուրջը եւ որմերու այլ մասերուն վրայ տեղադրուած քանի մը արձանագիր խաչքարերը։ Նկատի ունենալով յուշարձանի ճարտարապետական ու յօրինուածքային առանձնայատկութիւնները՝ պէտք է եզրակացնել, որ Ամէնափրկիչ վանքը կառուցուած է ոչ ուշ քան՝ 9-10-րդ դարերուն։ Ամէնափրկիչ վանքի հարաւային մասը կը գտնուի վանքի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուած են միաբաններու եւ եպիսկոպոսներու աճիւնները։ Այս գերեզմանատան խաչքարերու մեծ մասը կը վերաբերին 15-16 դարերուն եւ ունին ուշագրաւ պատկերաքանդակներ ու զարդաձեւեր, որոնց մեծ մասր տապալուած են կամ կործանուած, կամ ալ թաղուած՝ հողի տակ։

Քամիի ձորի եւ Ջուղայի շրջակայ լեռներու ծերպերուն կան քանի մը խորշ ու խորշակներ, բնական քարայրներ, որոնցմէ ամէնանշանաւոր «ճգնաւորի» եւ «կրեկճատուն» քարանձաւներն են։ Վերջիններս կը գտնուին Ամէնափրկիչ վանքէն հիւսիս՝ Քամիի ձորին մէջ։ Մօտաւորապէս մ.թ.ա. 1-2 հազարամեակին վերագրուող այս քարանձաւները հին ժամանակ օգտագործուած են որպէս բնակատեղեր, իսկ մինչեւ Ջուղայի տեղահանութիւնը՝ ապահով թաքստոցներ։ «Կրեկճատուն» քարանձաւը հին ատեն օգտագործուած է որպէս կիր մշակելու արհեստանոց, ուրկէ ալ ստացած է իր անունը։

Քաղաքային բաղնիքը.- Այս յուշարձանի աւերակները այժմ չեն ալ երեւար. գտնուած է քաղաքային գերեզմանատան եւ արաքսամերձ տարածքին մէջ։ Անիկա հիմնայատակ աւերուած է երկաթուղագիծի շինութիւններու ժամանակ։ Յուշարձանի նկարագիրը թողած է Քաջբերունին։ Ըստ այդ՝ «գերեզմանատան եւ Արաքսի մէջտեղը ճանապարհորդը կը տեսնէ հոյակապ, գմբէթաձեւ, կրաշաղախ բաղնիք մը, որու ընդարձակ նախասրահը երեք դռներով կը բացուի դէպի Արաքս։ Նախասենեակէն միակ կամարաձեւ դռնով դուք կը մտնէք երկար, աջ եւ ձախ կողմը երկարող կամարակապ շեմը, որու ծայրերը կան փոքրիկ սենեակներ, երեւի թէ հանուելու կամ հագուելու առանձնատուներն են։ Շեմէն կը մտնէք լողարանի կամարակապ մեծ սենեակը, որու գմբէթի մէկ մասը թէեւ քանդուած է, բայց մէջտեղի լուսամուտները դեռեւս ամբողջ են։ Լողարանի իւրաքանչիւր անկիւնը կայ փոքրիկ կամարակապ սենեակ, իսկ ետեւի պատին միւս կողմը, կամարակապ շինութեան մէջ կ'երեւայ ջուրի պահարանը, հնոցը եւ այլն»։ Բաղնիքը հաւանարար կառուցուած եղած է 16-րդ դարուն, քանի որ աւանդութիւնը զայն կը վերագրէ Ջուղայի քաղաքապետ՝ խոճայ Խաչիկին։

Գլխաւոր քարաւանատուն.- Քաղաքի գլխաւոր քարաւանատունը համարուող այս յուշարձանի աւերակները կը գտնուին Արաքսի եւ երկաթուղագիծի միջեւ գտնուող հարթ վայրին մէջ։ Շինութեան յօրինուածքը կը կրկնէ փակ առեւտրական շէնքերու՝ շուկաներու յատակագիծը։ Անիկա ուղղանկիւն յատակագիծով շինութիւն է եւ կը զբաղեցնէ բաւական ընդարձակ տարածութիւն (ունի 37 մ երկարութիւն ), որուն մեծ մասը փլատակներու վերածուած է։ Թաղակիր ծածկերով իրականացուած այդ շինութիւնը կառուցուած է կիսամշակ քարերով, աղիւսով եւ կրաշաղախով եւ ներսէն գաճով սուաղուած է։ Ներսը՝ պատերուն կից, կառուցուած եղած են ճանապարհորդներու, անասուններու եւ ապրանքներու համար բազմաթիւ մեծ ու փոքր սենակներ։ Ամենայն հաւանականութեամբ այս քարաւանատունը կառուցուած եղած է 12-13-րդ դարերուն։

Արաքսի գետի ափին կառուցուած այս գեղեցիկ եւ հոյակապ կամուրջի աւերակներու մնացորդներր մինչեւ օրս ալ կը մնան պարսկական ափին։ Անիկա կը գտնուի բնակատեղիէն արեւելք՝ Երնջակ գետի Արաքսին միախառնուելու հատուածին մէջ։ Առեւտրական յոյժ կարեւոր այս կամուրջր կառուցուած է մեծ խնամքով, սրբատաշ քարերով ու կրաշաղախով։ Կամարներու բացուածքներն ունեցած են մօտ 37 մ թռիչք եւ 3 մ լայնութիւն։ Պատմական աղբիւրներու վկայութեամբ՝ Ջուղայի այս հռչակաւոր կամուրջր, որ կառուցուած եղած է դեռեւս վաղ միջնադարուն «...կանգուն եղած է մինչեւ 1400 կամ 1500 թուականներուն, քանի որ Ջուղայի տեղահանութեան ժամանակ անիկա աւերուած էր։ 1655թուական Տաւերնիէ, 1673 թուական Շարդեն եւ 1700 թուական Տուրնֆոր ճանապարհորդները անցնելով Ջուղայով կը նշեն, որ կամուրջր աւերակ եղած է։

Ջուղայի կամ Դարվազրի բերդը - Կը գտնուի քաղաքի արեւելեան կողմը՝ Արաքսէն դէպի մօտակայ լեռնաշղթան երկարող լեռան վրայ, անմատչելի վայրի մէջ։ Անմատչելի եւ բարձր պարիսպներով կառուցուած այս բերդը դարեր շարունակ անուանուած է Ջուղայի կամ Դարվազրի բերդ։ Վերջին անուանումը ստացած է քաղաքի գլխաւոր մուտքի բարձր ու աշտարակաւոր դարպասի պատճառով։ 11-12 դարերուն կառուցուած այս բերդի մասին պատմական աղբիւրները շատ կցկտուր են. անիկա կառուցուած է գլխաւորաբար ճեղքուած եւ կիսամշակ քարերով։ Այժմ բերդապարիսպներու եւ աշտարակներու մեծ մասը աւերուած է։

Աստուածածին եկեղեցին -Հիմնադրուած է քաղաքի արեւելեան կողմը, բարձր բլրանման ապառաժի մը վրայ։ Եկեղեցին յատակագիծով ուղղանկիւն, արեւելեան էպիսոտով եւ զոյգ աւանդատուներով յուշարձան է։ Անիկա գլխաւորաբար շարուած է ճեղքուած քարերով եւ ներսէն ծեփապատ է։ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որու նախկին շինութիւնը հիմնուած եղած է 12-13 դարերուն, վերանորոգուած է 16 դարու վերջը։ Եկեղեցւոյ բոլոր կողմերը դրուած խաչքարերր տեղահան եղած են։ Եկեղեցին չորս կողմերէն շրջափակուած եղած է ժամանակակից եւ ամուր պարիսպով, որն ալ անոր փոքրիկ բերդի տեսք կու տայ։ Եկեղեցիէն ոչ այնքան հեռու՝ արեւմտեան լանջին վրայ, կայ շուրջ 60 խաչքար։

Դաշտ գիւղի հետքեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուի Ջուղայէն 1,5 քմ արեւելք՝ Արաքսի ափին, կամուրջի մօտ, հարթ վայրի մէջ։ Միջին մեծութեան այս գիւղը, տափարակ վայրի մէջ կառուցուած ըլլալուն պատճառով, ստացած է Դաշտ անուանումը: Դաշտի գիւղ, որու բնակչութիւնր եւս 1605 թուականին բռնագաղթի ենթարկուեցաւ։ Դաշտի տարածքր կանաչազարդ եւ վարդերով պատուած ըլլալուն պատճառով ստացած է նաեւ Վարդուտ, Վարդուտի գիւղ անուանումները։

ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքային այս գերեզմանատունր, որ Ջուղայէն մնացած ամէնակարեւոր ու արժէքաւոր յուշարձանախումբն էր, խաչքարերու կիսաւեր անտառ մըն էր։ Յուշարձանախումբ, որն իր ընդարձակութեամբ, բազմազանութեամբ եւ բազմաթիւ խաչքարերու կատարողական արուեստով նոյնիսկ միակն էր ամբողջ աշխարհի մէջ։ Այն պատմական ու ճարտարապետական, քանդակագործական արուեստի մի իսկական հիասքանչ թանգարան էր։ Այդ խաչքարերու, խոյաձեւ տապանաքարերու տակ կը հանգչի Ջուղա քաղաքը, անոր փառքն ու հռչակը արարած ջուղայեցիներու աճիւններր։ Գերեզմանատունը տարածուած էր քաղաքի արեւմտեան կողմը եւ կը գրաւէր աւելի քան 600 քմ տարածք։ Գերեզմանատան խաչքարերն ու տապանաքարերը մօտակայ լեռնալանջերիու փլուզումներէն եւ հեղեղումներէն պաշտպանելու նպատակով կառուցուած են բարձր պատնէշ-պարիսպներ։

  • Յարութիւն Թ. Տէր Յովհանեանց, Պատմութիւն Նոր Ջուղայու որ յԱսպահան, հատոր առաջին, Նոր Ջուղա, 1880։
  • Առաքելեան Հ., Պարսկաստանի հայերը, Վիեննա, 1911, էջ 31։
  • Լեւոն Գ. Մինասեան, Նոր Ջուղան աւելի քան մէկ եւ քառորդ դարուն, Ս. Էջմիածին, 1999։
  • Դիւան Ս. Ամէնափրկիչ վանքի 1606-1960. Կազմեց Լ. Գ. Մինասեան,, Նոր Ջուղա, 1983։
  • Լեւոն Գ. Մինասեան, Նոր Ջուղայի տպարանն ու իր տպագրած գրքերը, Նոր Ջուղա, 1972։
  • Վահան Պայպուրտեան, Նոր Ջուղա, Երեւան, 2007։
  • Աշոտ Ստեփանեան, Նոր Ջուղայի կենցաղային մշակոյթը, Երեւան, 2000։
  • Ալիզապէթ Թաճիրեան, Նոր Ջուղայի հայ գաղթօճախը 17-18-րդ դդ. եւրոպական աղբիւրներու մէջ, Մաս I, Երեւան, 2012։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Հայկական սփիւռք

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
  1. (հայերեն) Նոր Ջուղա, 2025-07-28, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%86%D5%B8%D6%80_%D5%8B%D5%B8%D6%82%D5%B2%D5%A1&oldid=10411119, վերցված է 2025-08-29
  2. Նոր Ջուղայի հայկական գաղութ
  3. ԻՐԱՆՅԱՆ ՏՊԱՎՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ՝ ԱԿԱՄԱ ՄԻՋԱՐԿՈՒՄՈՎ