Jump to content

Գրիգոր Զօհրապ

Գրիգոր Զօհրապ
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Marcel Léart
Ծնած է 26 Յունիս 1861(1861-06-26)[1][2][3]
Ծննդավայր Պէշիկթաշ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 2 Օգոստոս 1915(1915-08-02)[4] (54 տարեկանին)
Մահուան վայր Ուռհա, Շանլըուրֆայի մարզ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն[5]
Ազգութիւն Հայ[6][2]
Ուսումնավայր Կալաթասարայի Վարժարան
Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունք
Տեսակ վիպակ եւ նորավէպ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հրապարակախօս, փաստաբան, քաղաքական գործիչ, մեկենաս, վիպասան
Աշխատավայր Մասիս
Վարած պաշտօններ Օսմանեան կայսրութեան պատգամաւորներու պալատի անդամ.
Ամուսին Քլարա Եազըճեան
Ծնողներ հայր՝ Խաչիկ Զօհրապ, մայր՝ Էֆթիկ հանըմ
Երեխաներ Տոլորես Զօհրապ-Լիպման

Գրիգոր Զօհրապ (26 Յունիս 1861(1861-06-26)[1][2][3], Պէշիկթաշ, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2 Օգոստոս 1915(1915-08-02)[4], Ուռհա, Շանլըուրֆայի մարզ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ անուանի գրող, հայ գրականութեան «Նորավէպի Իշխան»ը, Օսմանեան Թուրքիոյ վերջին ժամանակաշրջանի Օրէնքի եւ իրաւունքի պաշտպանութեան անվեհեր ու անկաշառ դատապաշտպան մեծահռչակ խորհրդարանականը, քաղաքագէտ, փաստաբան եւ բարեգործ։

Ծնած է Պոլիս:

Գրիգոր Զօհրապ ինքնաբաւ ու աւանդապահ ընտանիքի ծնունդ էր: Հայրը` Խաչիկ էֆենտին, լումայափոխ էր, բնիկ` ակնեցի: Մայրը` Էֆթիկ Հանըմը, Մալաթիայէն էր: Զօհրապ նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէշիկթաշի Մաքրուհեան վարժարանին մէջ:

1870-ին կը մահանայ հայրը: Մայրը կը վերամուսնանայ նշանաւոր փաստաբան Աւետիս Եորտումեանին հետ եւ երկու որդիներուն` Միհրանին ու Գրիգորին հետ կը տեղափոխուի Օրթագիւղ:

Տղաքը իրենց ուսումը կը շարունակեն տեղւոյն նշանաւոր Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, ուր սկիզբ կ'առնեն Զօհրապին գրական նախափորձերը` ոտանաւորներ եւ յաջող շարադրութիւններ:

1876-ին Զօհրապ կ'ընդունուի այդ օրերու Թուրքիոյ կրթական միակ բարձրագոյն հաստատութիւնը` Կալաթասարայի վարժարանը, որ բացուած էր 1868-ին, ֆրանսական կառավարութեան հովանաւորութեամբ եւ Կ. Պոլսոյ ֆրանսական դեսպանի անմիջական հսկողութեամբ: Կ'ուսանի երկրաչափութիւն, որուն ընթացքը կ'աւարտէ փայլուն գիտելիքներով:

1880-ին կը սկսի աշխատիլ խորթ հօր իրաւաբանական գրասենեակին մէջ իբրեւ գրագիր, միաժամանակ, կը սկսի յաճախել Կալաթասարայի իրաւագիտութեան բաժինը: Սակայն շուտով վարժարանը, որ ունէր 45 հայ, 2 իսլամ, 2 հրեայ եւ 3 յոյն ուսանող, կը փակուի` բաւարար թիւով իսլամ աշակերտներ չունենալու պատճառով: Եւ երբ 1881-ին կը բացուի «Հուգուգի» (իրաւունքի) վարժարանը, Զօհրապ շուտով հոն կ'արձանագրուի ու երկու տարի ուսանելէ ետք, անկէ կը հեռանայ՝ առանց վկայական ստանալու: Բայց 1884-ին Ատրիանապոլսոյ (Էտիրնէ) մէջ քննութիւն կը յանձնէ եւ կը ստանայ փաստաբան-իրաւաբանի վկայական:

Զօհրապ գրական ասպարէզ մուտք կը գործէ 1878-ին, երբ կը հանդիպի Նիկողայոս Թիւլպենճեանին եւ կը դառնայ անոր հրատարակած «Լրագիր» օրաթերթին աշխատակիցը: Միայն 17 տարեկան էր այդ ատեն եւ, այսուհանդերձ, ինքզինք կը յաջողի դրսեւորել իբրեւ ազգի ճակատագիրով մտահոգ հայը:

1880-ականներու սկիզբը մուտք գործելով հրապարակախօսական ասպարէզ` Զօհրապ կը դառնայ իր օրերուն գրական շարժման մասնակիցներէն եւ արդիւնաւէտ գործիչներէն մէկը:

1883-ին կը հրատարակէ Ասիական ընկերութեան «Երկրագունդ» հանդէսը, Յակոբ Պարոնեանի խմբագրութեամբ:

1885-ին նոյն հանդէսին էջերուն կը սկսի տպագրել իր անդրանիկ վէպը` «Անհետացած սերունդ մը» վերնագիրով:

1887-ին վէպը լոյս կը տեսնէ առանձին գիրքով:

1888-ին Զօհրապ կ'ամուսնանայ Քլարա Եազըճեանի հետ: Կ'ունենան չորս զաւակ` Լեւոն, Տոլորէս, Արամ եւ Հերմինէ:

1891-ին Զօհրապ առաջին անգամ կ'ընտրուի Ազգային ժողովի երեսփոխան, սակայն ժողովի բացման նիստին անոր ընտրութիւնը չի վաւերացուիր` 30 տարիքը բոլորած չըլլալուն պատճառով:

1892-ին Զօհրապի խմբագրութեամբ կը հրատարակուի «Մասիս» ազգային, գրական եւ քաղաքական հանդէսը: Զօհրապին գրիչը այս շրջանին յատկապէս բեղուն կ'ըլլայ: Բայց տարի մը ետք` 1893-ին, հանդէսը կը դադրի լոյս տեսնելէ:

Զօհրապի գրական գործունէութիւնը բուռն վերելք կ'ապրի 1880-ականներու վերջերուն եւ 1890-ականներու սկզբնաւորութեան: «Արեւելք» օրաթերթին, ապա «Մասիս»ի մէջ լոյս կը տեսնեն Զօհրապին առաջին նորավէպերը[7][8]:

Իր գրական ստեղծագործութեան հիմնական մասը ան կ'աւարտէ 1887-1893 տարիներուն: Այս շրջանին Զօհրապ կը գրէ նաեւ իր երկրորդ, բայց անաւարտ մնացած վէպը`«Նարտիկ»ը, ինչպէս նաեւ իրմէ ժառանգ մնացած անկրկնելի նորավէպերուն մեծ մասը, նոյնպէս` բազմաթիւ հրապարակախօսական յօդուածներ, որոնք լայն ճանաչում կ'ապահովեն իրեն` իբրեւ գրողի եւ հրապարակախօսի:

1894-1895 թուականները զարհուրելի էին արեւմտահայերուն համար: Կը սկսին ու մինչեւ 1896 կը շարունակուին զանգուածային կոտորածները: Հայ մտաւորականներուն մեծ մասը կը ստիպուի հեռանալ Կ. Պոլիսէն եւ հաստատուիլ Եւրոպա: Յուսահատութեան ու տեղատուութեան այս շրջանին Զօհրապ ակամայ կը հեռանայ գրական ասպարէզէն: Ան առաւելաբար փաստաբանական գործերով եւ կարեւոր դատավարութիւններով կը զբաղի:

Պոլսոյ մէջ Զօհրապ իբրեւ իրաւաբան-փաստաբան նշանաւոր կը դառնայ յատկապէս օտարներուն մօտ, որովհետեւ, տիրապետելով ֆրանսերէնին, յաճախ ինք կը պաշտպանէր անոնց դատերը Թուրքիոյ առեւտրական առաջին դատարանին մէջ: Զօհրապ նաեւ Պոլսոյ ռուսական դեսպանատան թարգմանն էր ու իրաւագէտ-խորհրդականը: Օգտուելով այդ հանգամանքէն` ռուս օտարահպատակներու դատերը կը ստանձնէ եւ կ'ունենայ Եւրոպա ազատօրէն երթեւեկելու իրաւունք:

Հետագային, երկար լռութենէ ետք, 1898-էն սկսեալ, Զօհրապ դարձեալ կ'երեւի գրական ասպարէզի վրայ, այս անգամ իբրեւ անուանի ու վաստակաւոր գրող եւ հանրային գործիչ:

Սակայն 1906-ին, Օսմանեան կայսրութեան ատենի արդարադատութեան նախարարին կարգադրութեամբ, Զօհրապին կ'արգիլուի թրքական դատարաններուն մէջ դատեր պաշտպանելը: Պատճառը՝ պուլկար յեղափոխականի մը դատական պաշտպանութիւնն էր Զօհրապի կողմէ: Այդ պատճառով ալ, երբ 1908-ին Թուրքիոյ մէջ կը հռչակուի Սահմանադրութիւնը եւ կայսրութեան բոլոր անկիւնները թափ կ'առնեն հաւաքներն ու ցոյցերը` հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ համագործակցութեան կարգախօսներով, Զօհրապ կը գտնուէր Փարիզ, ուր ան կը հրատարակէ իր ֆրանսերէն իրաւագիտական աշխատութիւնը եւ մասնագիտական աշխատանքի լայն ասպարէզ կը գտնէ: Բայց երբ կը տեղեկանայ Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական կարգերու հաստատման մասին, մեծ յոյսերով եւ լաւատեսութեամբ Փարիզէն կը շտապէ Պոլիս[9]:

1908-ի օսմանեան խորհրդարանական ընտրութեանց Զօհրապ պատգամաւոր կ' ընտրուի: Աշխուժ մասնակցութիւն կ'ունենայ խորհրդարանական գրեթէ բոլոր քննարկումներուն, ամէն ջանք ի գործ կը դնէ խորհրդարանին կողմէ արդարացի օրէնքներ ընդունելու համար: Ինքն իր մասին Զօհրապ կը սիրէր ըսել, թէ` «Ես սահմանադրութեան փաստաբանն եմ»: Այս տարիներուն, Զօհրապ կը հրատարակէ մամուլի մէջ ցրուած իր պատմուածքները, զանոնք խմբած երեք ժողովածու-հատորներու մէջ՝ «Խղճմտանքի Ձայներ», «Կեանքը Ինչպէս Որ Է» եւ «Լուռ Ցաւեր»։

1912-ին, Marcel Leart ծածկանունով կը հրատարակէ «Հայկական Հարցը՝ Փաստթաթուղթերու Լոյսին Տակ» գործը՝ ֆրանսերէն։

Զօհրապ մեծապէս յարգուած եւ երեւելի անձնաւորութիւն կը դառնայ թէ՛ հայ ազգային, թէ՛ համա-օսմանեան հասարակական, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ: Սակայն, երբ կը սկսի Համաշխարհային Ա. Պատերազմը, Թուրքիոյ իշխանաւորները պահը յարմար կը գտնեն ի գործ դնելու հայերու դէմ իրենց մշակած ցեղասպանութեան ծրագիրը: Մէկ գիշերուան մէջ` 24 Ապրիլին, մեծաւ մասամբ կը ձերբակալուին եւ կ'աքսորուին Պոլսոյ հայ մտաւորականները: Զօհրապ ամէն ջանք կը թափէ ազատելու իր անմեղ ազգակիցները: Կը դիմէ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որոնցմէ շատերուն հետ մտերիմ յարաբերութիւն ունէր, այդ շարքին` ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշային եւ վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշային: Անոնք բոլորն ալ դրական եւ յուսադրիչ պատասխաններ կու տան: Սակայն շուտով Զօհրապն ու Վարդգէս Սէրէնկիւլեանն ալ միասնաբար կը ձերբակալեն եւ կ'աքսորեն: Անոնց ալ կը սպասէր նոյն դաժան ճակատագիրը:

Յուլիս 1915 թուականին, աքսորի ճանապարհին (Հալէպէն Տիգրանակերտ ճամբուն վրայ), դաժանօրէն կը սպաննուին Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս:

Մտաւորականն Ու Քաղաքական Գործիչը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զօհրապ գրած է բանաստեղծութիւններ, նորավէպեր, ակնարկներ, վէպեր եւ այլ տեսակի գրութիւններ։ Սակայն առաւել ճանչցուած է իր նորավէպերով։ Բիւրեղացած ձեւի ու փոքր ծաւալի մէջ ան հասած է հոգեբանական խորութեան եւ կերտած՝ բազմաթիւ կերպարներ, զարգացնելով իրապաշտութեան աւանդները հայ գրականութեան մէջ։ Անոր լեզուամտածողութիւնը կ'առանձնանայ՝ զուսպ ու դիպուկ ոճով, հոգեբանական նուրբ պատկերներու, համեմատութիւններու եւ մարդոց արտայայտչամիջոցներով։

Զօհրապ իր բոլոր ուժերով հայ քաղաքական միտքի զարգացման ծառայելու յանձնառու մտաւորականն ու քաղաքական գործիչը եղած է, որ պատգամած է սերունդներուն, թէ`«Մարդկութեան գերագոյն շահը յառաջդիմութեան մէջ է: Հասարակութիւն մը, որ հնամաշ բարքեր ունի`յետադիմելու դատապարտուած կը մնայ, եթէ իր խորհելու, զգալու եւ աշխատելու եղանակները չնորոգէ»:

Կանխահաս միտք՝ գիտական իմաստով, երիտասարդ Զօհրապ նոյնքան օժտուած է իբրեւ արուեստագէտ, իբրեւ բացառիկ կերպով բազմակողմանի անհատականութիւն։ Կանուխէն գործօն է հայ իրականութեան մէջ եւ մշակութային միութիւններու, բայց նամանաւանդ՝ մամուլի ճամբով։ Սերտօրէն աշխատակցած է «Արեւելք»ին։ Շրջան մը, բարեկամին՝ Հրանդ Ասատուրի հետ, խմբագրած է «Արեւելք»ի կից լոյս տեսնող «Մասիս»ը։ Այս թերթերուն, ապա «Հայրենիք»ի մէջ, ստորագրած է հրապարակագրական փայլուն էջեր (քննադատութիւն, քրոնիկ...), բայց մանաւանդ իր յաջորդական պատմուածքները կամ նորավէպերը, որոնք մեր գրականութեան մէջ իրենց տեսակին լաւագոյներն են։

Կենսագիրներու վկայութիւններով եւ արխիւային նիւթերով հաստատուած է, որ Հայոց արհաւիրքի աղիտալի օրերուն Զօհրապ ոչ մէկ վայրկեան հեռացած է անձնուրաց մարդասէրի եւ հայոց իրաւունքի անկաշառ դատապաշտպանի իր դիրքերէն:

Երբ կը սկսին հայ մտաւորականութեան եւ ազգային ղեկավարութեան զանգուածային ձերբակալութիւնները, խորհրդարանական պատգամաւորի անձեռնմխելիութիւն վայելող Զօհրապը սկզբնապէս չեն ձերբակալեր: Շրջապատը կը թելադրէր Մեծ Հայուն, որ հեռանայ Թուրքիայէն: Սակայն Զօհրապ կը մերժէ բաժնուիլ իր ժողովուրդէն` յայտարարելով, թէ` «որո՞ւ թողում սա անտէր ու անգլուխ ժողովուրդը. չէ՛, փախչիլ չեմ կրնար, պէտք է, պարտքս է մինչեւ վերջ պատնէշին վրայ մնալ»:

Օգտուելով խորհրդարանական պատգամաւորի իր իրաւունքէն եւ վայելած հեղինակութենէն` Զօհրապ կը դիմէ օրուան ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթին` հաշիւ պահանջելով հայութեան սերուցքին հանդէպ գործադրուող մեծ ոճիրին համար:

Զօհրապ ազդարարած է Թալէաթին. «Օր մը, ապահով եղէ՛ք, որ հաշիւ պիտի պահանջուի ձեզմէ եւ դուք չպիտի կարենաք արդարացնել ձեր արարքները»: Թալէաթ պէյ հեգնանքով հարց տուած է. «Ո՞վ պիտի պահանջէ այդ հաշիւը»:

«Ե՛ս,- պատասխանած է Զօհրապ,- խորհրդարանի մէջ իբր հայ մեպհուս ձենէ հաշիւ պիտի պահանջեմ»:

Ոչ միայն իր ստեղծած գրականութեամբ, այլ նաեւ իր ծաւալած հանրային-պետական յանդուգն գործունէութեամբ, Գրիգոր Զօհրապ հանդիսացած է ճշմարիտին եւ իրաւին պաշտպանութեան ու նուիրագործումին համար անխոնջ պայքարող մը, որ անսակարկ ծառայած է մէկ ու միակ սկզբունքի մը, իր իսկ բառերով այնքան պարզ ու խիտ բանաձեւուած այն դաւանանքին, թէ`«Իմ բարոյականս կը կայանայ իրականը` սուտին, ճշմարիտը` կեղծին վերադասելուն մէջ ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ»:

Թէեւ իր աշխարհայեացքով պահպանողական մտածողութեան տէր էր` հաստատուած արժէքները եւ սկզբունքները անխաթար պահպանելու առումով, այդուհանդերձ իր բոլոր ուժերով հայ քաղաքական միտքի զարգացման ծառայելու յանձնառու մտաւորականն ու քաղաքական գործիչն էր Զօհրապ, որ սերունդներուն պատգամած է, թէ` «Մարդկութեան գերագոյն շահը յառաջդիմութեան մէջ է: Հասարակութիւն մը, որ հնամաշ բարքեր ունի` յետադիմելու դատապարտուած կը մնայ, եթէ իր խորհելու, զգալու եւ աշխատելու եղանակները չնորոգէ»[10]:

Թալէաթի վերջին համբոյրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զօհրապ վերջին անգամ ակումբի մէջ թղթախաղ խաղցած էր իր մեծ բարեկամ Թալէաթ փաշային հետ եւ Թալէաթ բաժնուելէ առաջ ողջագուրուած էր Զօհրապին հետ ու համբուրած էր զայն: Երբ հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ էր այս համբոյրը, Թալէաթ պատասխանած էր. «Ներսէս բխեցաւ»: Ոչ ոք գիտէր, թէ անիկա մահուան համբոյր էր, որովհետեւ Թալէաթ մէկ օր առաջ արդէն ստորագրած էր Զօհրապին մահապատիժը[11]:

Երկերու մատենագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
La Question arménienne, written by Zohrab using the pen name Marcel Léart
  • «Անհետացած սերունդ մը», Կ. Պոլիս, 1887, 187 էջ:
  • «Խղճմտանքի ձայներ», Կ. Պոլիս, 1909, 96 էջ:
  • «Լուռ ցաւեր», Կ. Պոլիս, 1911, 240 էջ:
  • «Կեանքը ինչպէս որ է», Կ. Պոլիս, 1911, 200 էջ:
  • «Էջեր ուղեւորի մը օրագրէն», Իզմիր, 1922:
  • «Անհետացած սերունդ մը», Կ. Պոլիս, 1924, 151 էջ:
  • «Ծանօթ դէմքեր եւ պատմուածքներ», Փարիզ, 1932, 220 էջ:
  • «Խղճմտանքի ձայներ», Աղեքսանդրիա, 1938, 95 էջ:
  • «Նորավէպեր», Երեւան, 1941, 303 էջ:
  • «Մեր կեանքէն», Գահիրէ, 1945, 190 էջ:
  • «Լուռ ցաւեր», Հալէպ, 1947, 503 էջ:
  • «Նորավէպերու լիակատար ժողովածու», Երեւան, 1954, 394 էջ:
  • «Լուռ ցաւեր», Պէյրութ, 1956, 154 էջ:
  • «Անհետացած սերունդ մը» եւ «Փոթորիկ», Պէյրութ, 1957, 154 էջ:
  • «Խղճմտանքի ձայներ», Պէյրութ, 1958, 89 էջ:
  • Ամբողջական հաւաքածոյ նորավէպերու եւ պատմուածքներու, Պոլիս, 1959, 414 էջ:
  • «Էջեր Ուղեւորի Մը Օրագրէն», Պէյրութ, 1959, 62 էջ:
  • «Կեանքը ինչպէս որ է», Պէյրութ, 1959, 120 էջ:
  • Նորավէպեր, Երեւան, 1961, 191 էջ:
  • Երկերի ժողովածու, հատ. 1-2, Երեւան, 1962:
  • «Անհետացած սերունդ մը», Պէյրութ, 1971, 138 էջ:
  • «Լուռ ցաւեր», Պէյրութ, 1971, 142 էջ:
  • Գրականութեան մասին, Երեւան, 1973, 205 էջ:
  • «Կեանքը ինչպէս որ է», Պէյրութ, 1975, 120 էջ:
  • «Խղճմտանքի ձայներ», Պէյրութ, 1977, 99 էջ:
  • Նորավէպեր, Երեւան, 1978, 320 էջ:
  • «Էջեր ուղեւորի մը օրագրէն», Պէյրութ, 1980, 61 էջ:
  • «Մեր կեանքէն», Պէյրութ, 1981, 128 էջ:
  • «Լուռ ցաւեր», Պէյրութ, 1982, 143 էջ:
  • «Կեանքը ինչպէս որ է», Պէյրութ, 1982, 143 էջ:
  • Նորավէպեր, Երեւան, 1982, 238 էջ:
  • Նորավէպեր, Երեւան, 1987, 368 էջ:
  • Երկեր, Անթիլիաս, 1988, 421 էջ:
  • Երկեր, Երեւան, 1989, 652 էջ:
  • «Կեանքը ինչպէս որ է», Իսթանպուլ, 1994, 143 էջ:
  • Նորավէպեր, մաս Ա. «Խղճմտանքի ձայներ», Վենետիկ, 1994, 92 էջ:
  • Նորավէպեր, մաս Բ. «Կեանքը ինչպէս որ է», Վենետիկ, 1994, 80 էջ:
  • Նորավէպեր, մաս Գ. «Լուռ ցաւեր», Վենետիկ, 1994, 88 էջ:
  • Հատընտիր, Հալէպ, 1996, 293 էջ:
  • «Էջեր ուղեւորի մը օրագրէն», Էջմիածին, 1997, 108 էջ:
  • Երկերու ժողովածու, հատ. Ա. Գեղարուեստական երկեր, Նորավէպեր, Դիմանկարներ, Երեւան, 2001, 640 էջ:
  • Երկերու ժողովածու, հատ. Բ. Վէպեր, «Էջեր ուղեւորի մը օրագրէն», «Գոյնզգոյն եւ ցիրուցան գեղարուեստական երկեր», Երեւան, 2001, 576 էջ:
  • Երկերու ժողովածու, հատ. Գ. Յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ, Երեւան, 2002, 704 էջ:
  • Երկերու ժողովածու, հատ. Դ. Նամակներ, Ընծայագրեր, Օրագրութիւններ, Երեւան, 2003, 656 էջ:
  • Երկերու ժողովածու, հատ. Ե. Ելոյթներ, Օրինագիծեր, Յիշատակագիրեր, Զեկոյցներ, Բանախօսութիւններ, Հարցազրոյցներ, Առաջարկներ, Յաւելուածներ (1891, 1893, 1908-1910), Երեւան, 2004, 560 էջ:
  • Երկերու ժողովածու, հատ. Զ. Ելոյթներ, Օրինագիծեր, Յիշատակագիրեր, Զեկոյցներ, Բանախօսութիւններ, Հարցազրոյցներ, Առաջարկներ, Յաւելուածներ (1911-1915), Երեւան, 2004, 456 էջ:
  • Նորավէպեր (ընտրանի), Երեւան, 2011, 232 էջ:
  • Ստեղծագործութիւններու ժողովածու, Երեւան, 2011, 158 էջ:
  • Սեբաստիոյ նահանգը տնտեսական ու ազգագրական տեսակէտէն եւ հայերու դրութիւնը: Հայկական հարցը փաստաթուղթերու լոյսին տակ, Երեւան, 2013, 80 էջ:
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 82:
  • «Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 220-250։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  3. 3,0 3,1 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 2.
  4. 4,0 4,1 4,2 Kévorkian R. Le Génocide des Arméniens, The Armenian genocide : a complete history, Геноцид армян : полная историяParis: Éditions Odile Jacob, 2006.
  5. http://www.gibrahayer.com/index.php5?&page_id=231&path=231
  6. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 626–627. — ISBN 978-2-905686-93-0
  7. «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՄԱՍԻՍ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-13 
  8. «Համահայկական թվանշային գրադարան» 
  9. Գրիգոր Զօհրապ
  10. Զօհրապ մարդը
  11. Թալէաթի համբոյրը

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]