Անասնապահութիւն
Անասնապահութիւն, գիւղատնտեսութեան երկու հիմնական ճիւղերէն մէկը։ Կը ներառէ ընտանի եւ Գիւղատնտեսական անասուններու ու թռչուններու բուծումը՝ անասնաբուծական մթերքներ՝ սննդամթերք (կաթ, միս, հաւկիթ, կարագ եւ այլն), սնունդի եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան հումք (կաթ, միս, բուրդ, կաշի, մորթ), գիւղատնտեսութեան բանող ուժ (ձի, եզ, ջորի, ուղտ, եղջերու, եւ այլն), պարարտանիւթ (գոմաղբ եւ թռչնաղբ) ստանալու նպատակով։ Անասնապահութեան առանձին ճիւղերէն կը ստացուին տարբեր նիւթեր դեղագործութեան համար (օրինակ՝ թռչնաղբէն), իսկ անասնապահական մթերքներու վերամշակումէն յառաջացած մնացուկներէն՝ արժէքաւոր կերեր (մսալիւր, ոսկրալիւր, զտուած կաթ եւ այլն)։
Բաժիններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անասնաբուծութիւնը կը բաժնուի ընդհանուր եւ մասնակի բաժիններու։ Ընդհանուր անասնաբուծութիւնը կ'ուսումնասիրէ գիւղատնտեսական անասուններու եւ թռչուններու բուծման, կերակրման, խնամքի ու պահուածքի ընդհանուր սկզբունքները եւ կը միաւորէ գիւղատնտեսական անասուններու բուծումը, կերակրումը եւ այլն։ Մասնակի անասնաբուծութիւնը կ'ուսումնասիրէ անասնապահութեան ճիւղերը վարելու ձեւերը, մշակման գործնական միջոցառումներ՝ մեկնելով տեսակներու, ցեղերու առանձնայատկութիւններէն եւ բուծման բնական տնտեսական պայմաններէն։ Մասնակի անասնաբուծութիւնը կ'ընդգրկէ կովերու, ոչխարներու, այծերու, թռչուններու, ուղտերու, եղջերուներու, ճագարներու, մեղուներու եւ շերամներու բուծանումը։
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |