Jump to content

Հալէպ

Քաղաք
Հալէպ
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-ku-latn" does not exist։
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Սուրիա[1]
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ 5 հազարամեակ
Առաջին յիշատակում 2500 BCE
Տարածութիւն 190±1 քմ²
ԲԾՄ 379 մեթր
Պաշտօնական լեզու արաբերէն
Բնակչութիւն 2 003 671 մարդ (2021)[2]
Տեղաբնականուն հալէպցի
Ժամային գօտի UTC+2, Արեւելաեւրոպական ժամ և UTC+3։00
Հեռախօսային ցուցանիշ 021
Պաշտօնական կայքէջ alp-city.sy

Հալէպ[3] (Ալեփփօ, Հալապ, հին շրջանին՝ Բերոյա, հայկական աղբիւրներուն մէջ‘ Բերիա, Տիբերիա, Խալիպոն, Խաղաբ), արաբերէն՝ حَلَب), քաղաք Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը, Հալէպ մարզի (մուհաֆազայի) վարչական կեդրոնը, Սուրիոյ մեծագոյն եւ ամէնամեծ հայաբնակ քաղաքը։ Ըստ1999-ի տուեալներուն ունէր 1,5 միլիոն բնակիչ, իսկ ըստ 2004-ի տուեալներուն՝ 2,132,100 բնակիչ։

Ստուգաբանութիւն[4]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախասեմական Ծագում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հալէպ անուան ստուգաբանութիւնը հնամենի է եւ արմատաւորուած՝ շրջանի բազմադարեայ պատմութեան մէջ:

Կը կարծուի, թէ Հալապ (Ḥalab) անունը յառաջացած է սեմական արմատէ մը, հաւանաբար նախասեմական ḥlb արմատէն, որ կը նշանակէ «կթել» կամ «կաթ»: Այս կապը թերեւս յառաջացած է շրջանի անասնապահութեան եւ կաթնարտադրութեան հետ ունեցած առնչութեան պատճառով: Այլ վարկածի մը համաձայն՝ անունը կը վերաբերի «սպիտակ» գոյնին, քանի որ ḥlb արմատը փոխաբերաբար կրնայ նկարագրել տեղական որոշ հողերու կամ նիւթերու բաց կամ սպիտակ երանգը: Նմանապէս, քաղաքին արդի արաբերէն Ալ-Շահպա (al-Shahbāʾ - الشهباء) մականունը, որ կը նշանակէ «սեւախառն սպիտակ», կը սեպուի յառաջացած՝ քաղաքի հռչակաւոր սպիտակ մարմարէն:

Ամովրհական Ծագում եւ Խեթական Ազդեցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակին, Հալէպը դարձաւ Ամովրհացիներու (Amorite) պետութեան առանցքային քաղաքներէն մէկը, որոնք զայն կը կոչէին «Հալապ»: Խեթերը՝ այդ ժամանակաշրջանի անատոլիական կայսրութիւնը, իրենց արձանագրութիւններուն մէջ քաղաքը կը յիշատակէին որպէս Հալփա (Ḥalpa) կամ Հալփու (Ḥalpu): Ասիկա ցոյց կու տայ, որ անունը արդէն իսկ հաստատուն կերպով ձեւաւորուած էր այդ շրջանին:

Ասորերէն եւ Աքքադերէն Տարբերակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ասորերէնի (Aramaic) մէջ քաղաքը պահպանեց նմանատիպ անուանում մը՝ Հալպա (Ḥalba) ձեւով: Աքքադական աղբիւրները նոյնպէս քաղաքը կը կոչեն Հալապ:

Յունական եւ Հռոմէական Ժամանակաշրջաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հելլենիստական եւ հռոմէական շրջաններուն Հալէպը ծանօթ էր Բերիա (Beroea - յունարէն՝ Βέροια) անունով. անուանում մը, որ հաւանաբար տրուած է Սելեւկեան տիրակալներուն կողմէ՝ ի պատիւ Մակեդոնիոյ համանուն քաղաքին: Հակառակ ասոր, տեղացի բնակչութիւնը շարունակեց գործածել նախնական սեմական անունը:

Իսլամական Ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսլամութեան յայտնութեամբ եւ շրջանի արաբացմամբ, Հալապ (արաբերէն՝ حلب) անունը մնաց գործածական՝ արտացոլելով անոր պատմական խոր շարունակականութիւնը: Արաբերէն ձեւը նաեւ պահպանեց իր նախկին իմաստները, իսկ ժողովրդական աւանդութիւնը յաճախ անունը կը կապէ Աբրահամ մարգարէին հետ, որուն մասին կը պատմուի, թէ այս տարածքին մէջ կը կթէր իր անասունները՝ ճամբորդներուն սնունդ հայթայթելու համար:

"Aleppo" անուան որդեգրումը անգլերէնի մէջ հաւանաբար համընկած է Խաչակրաց արշաւանքներուն (11-13-րդ դարեր) եւ ատկէ ետք Եւրոպայի ու Մերձաւոր Արեւելքի միջեւ աճող առեւտուրին ու ճամբորդութիւններուն հետ: 14-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 15-րդ դարու սկիզբը, Aleppo եզրոյթը արդէն հաստատուն տեղ գտած էր անգլիական գրականութեան եւ ուղեգրութիւններուն մէջ:

Անգլերէնի մէջ "Aleppo"-ի առաջին փաստագրուած գործածութիւնը կը հանդիպի միջնադարեան բնագիրներու եւ տարեգրութիւններու թարգմանութեանց մէջ, ինչպէս օրինակ՝ Մարքօ Փոլոյի ուղեգրութիւններուն մէջ, ուր քաղաքը կը յիշատակուի որպէս առեւտրական կարեւոր հանգոյց: Բացի այդ, այն պատկերուած է Եւրոպական Վերածնունդի ժամանակաշրջանի քարտէսներուն եւ փաստաթուղթերուն մէջ՝ որպէս Մետաքսի ճանապարհի վրայ գտնուող առեւտուրի կեդրոն:

Հալէպի հայ համայնքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական գաղութի վերաբերեալ առաջին հաւաստի տեղեկութիւնը կայ 1329-ին Հալէպի մէջ գրուած հայկական ձեռագիրի մը յիշատակարանին մէջ, ըստ որուն, ԺԴ. դարուն, Հալէպի մէջ եղած է հայկական համայնք եւ Ս. Աստուածածին հայ առաքելական եկեղեցին։ Հալէպը միջազգային տարանցիկ առեւտուրի կեդրոն ըլլալով, նպաստած է հայ համայնքի վերելքին։ 1616-ին Հալէպի մէջ կար շուրջ 6 հազար, 1652-ին՝ աւելի քան 20 հազար հայ (Ջուղայէն, Երեւանէն, Ղարաբաղէն, Էրզրումէն, Սեբաստիայէն, Կիլիկիայէն գաղթած)։ Անոնք գլխաւորաբար վարպետ ոսկերիչներ, ակնագործներ, կաշեգործներ եւ մետաքսագործներ էին։ Նշանակալից էր հայ խոճաներու (մեծ առեւտրականներ) դերը Սուրիոյ միջազգային առեւտուրի եւ ապրանքի փոխանակութեան մէջ։ Զբաղելով Պարսկաստանի եւ Սուրիոյ հում մետաքսի առեւտուրով, անոնք աշխոյժ կապերու մէջ էին Վենետիկի, Ճենովայի, Լիվոռնոյի, Ամսթերտամի եւ Մարսէյլի շուկաներուն հետ։

Անոնց ձեռքն էին Հալէպի մաքսատունն ու փողերանոցը։ ԺԷ. (17-րդ) դարու վերջաւորութեան հայ համայնքը անկում ապրած է (կապուած միջազգային տարանցիկ առեւտուրի մէջ Հալէպի դերի նուազման եւ քրիստոնեաներու նկատմամբ կամայականութիւններու սաստկացման հետ)։ Կացութիւնը համեմատաբար բարելաւուած է ԺԹ. (19-րդ) դարու 40-ական թուականներուն, երբ օտարերկրեայ դրամագլուխի մուտքը նպաստած է Սուրիոյ առեւտրական կապերու զարգացման։ Եւրոպացի վաճառականները օգտուած են գլխաւորաբար հալէպահայ միջնորդ առեւտրականներու ծառայութիւններէն։ 1880-90-ական թուականներուն հայ առեւտրականները, դրամական խոշոր միջոցներ կուտակելով, ձեռնամուխ եղած են գորգագործութեան, հիւսուածեղէնի (տեքստիլ), պղնձագործութեան, կաշեգործութեան եւ այլ արհեստանոցներու (մանուֆակտուրաներու) ստեղծման։ Անոնց արտադրանքը առաքուած է Եւրոպա, ԱՄՆ եւ այլ երկիրներ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, շուրջ 60 հազար հայ գաղթականներ Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կիլիկիայէն ապաստանած են Հալէպ։ 1999-ին հալէպահայերու թիւը մօտ 70 հազար էր։ Հալէպ կը գտնուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը եւ ազգային կուսակցութիւններու Սուրիոյ ղեկավար մարմինները։ 1936-ին Հայ աշխատաւորական միութիւնը, Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւնները Հալէպի մէջ կազմած են ֆաշիզմի դէմ պայքարի Սուրիահայ ժողովրդական ճակատը։ 1943-45 թուականներուն հայերը գործօն մասնակցութիւն բերած են Սուրիոյ ժողովուրդի ազգային անկախութեան պայքարին։ 1946-47-ին մեծ թիւով հալէպահայեր ներգաղթած են Հայաստան։ 1967-73 թուականներու արաբ-իսրայէլական պատերազմները բացասաբար անդրադարձած են նաեւ Հալէպի հայ գաղութին վրայ. մեծ թիւով հայեր արտագաղթած են Հալէպէն։

Հայերը Հալէպի մէջ ստեղծած են մշակութային ուշագրաւ արժէքներ։ ԺԶ.-ԺԷ. դարերուն գործած է դպրատուն («դասատուն»), որուն գրիչներուն գործերէն պահպանուած են աւելի քան 200 ձեռագիր մատեաններ, ինչպէս նաեւ հալէպահայ վարպետներու բարձրորակ որմնանկարներ, սրբապատկերներ ու մանրանկարներ։ Յայտնի էին նկարիչներ Ումէի որդի Անանիան, Հանանիայի որդի Խաչատուրը եւ ուրիշներ։ ԺԹ. դարու 40-ական թուականներուն Հալէպի մէջ գործած է հայկական չորս տարրական դպրոց։ 1858-ին բացուած է առաջին մանկապարտէզը («Ծաղկոց»), 1867-ին՝ առաջին իգական դպրոցը։ 1876-ին հիմնուած են Ներսէսեան (արական) եւ Վարդուհեանց (իգական) դպրոցները։ 1930-ական թուականներուն կային 18, 1946-47-ին՝ 21, 1972-78-ին՝ 14 հայկական միջնակարգ եւ տարրական, 1986-ին՝ 22 դպրոց, իսկ 1994-ին՝ 14 դպրոց։ Հալէպի գլխաւոր միջնակարգ դպրոցներն են՝ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, Լազար Նաջարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան, Կիլիկեան եւ Մխիթարեան վարժարանները։ Նախակրթարաններէն են՝ Թէյտէուիէ թաղամասի Հայ Աւետարանականը, Կրթասիրացը, Գերմանիկեանը, Անարատ Յղութեան քոյրերունը, Ազգային Հայկազեանը, Ազգային Սահակեանը, Ազգային Զաւարեանը, Ազգային Կիւլպէնկեանը, Ազգային Մեսրոպեանը, Ներսէսեանը եւ այլն[5]։

Հալէպահայ ազգային կեանքը կազմակերպած են Ռուբինեան միութիւնը (հիմնուած 1846-ին), Ուսումնասիրաց ընկերութիւնը (1880), Դպրոցասէր տիկնանց միութիւնը (1898)։ 1920-ական թուականներէն ի վեր կը գործեն մեծ թիւով բարեգործական, հայրենակցական, մշակութային, հայրենասիրական եւ մարմնամարզական միութիւններ։ Գնահատելի աշխատանք կը տանին ՀԲԸՄ-ի (1910-էն), Ս.Օ. Խաչի (1919-էն), Թէքէեան մշակութային միութեան, Համազգային մշակութային միութեան, ՀԵԸ-ի մասնաճիւղերը, Ազգային մշակութային եւ Կիլիկեան մշակութային միութիւնները, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ «Արշիլ Կորքի» ու «Մարտիրոս Սարեան» ակադեմիաները, Ս. Ասլամազեանի անուան լարային քառեակը, «Զուարթնոց» երգչախումբը, «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը։ Հալէպի մէջ ծանօթ են Ասատուր Ալթունեանի հիմնած (1911-ին) Ալթունեան հիւանդանոցը եւ բժիշկ Ռոպէր Ճեպեճեանի 1952-ին հիմնած Ճեպեճեան ակնաբուժարանը։ Հալէպի մէջ 1877-ին լոյս տեսած արաբական «Ֆըրաթ» (Եփրատ) պարբերականը ունեցած է հայկական բաժին։ Երկարատեւ ընդհատումէ ետք հայ մամուլը սկսած է հրատարակուիլ 1918-էն, եւ մինչեւ օրս լոյս տեսած է աւելի քան 70 անուն պարբերական։ 1975-էն լոյս կը տեսնէ «Գեղարդ» գրական-գեղարուեստական-պատմական տարեգիրքը, 1980-էն՝ «Նոր ապրիլ» բազմաբնոյթ քառամսեան եւ «Գանձասար» շաբաթաթերթը[6]։ Այսօր (2026) լոյս կը տեսնէ միայն «Գանձասար» շաբաթաթերթը՝ տպագիր եւ ելեկտրոնիք տարբերակներով:

ՏարիԲնակչութիւն
2004 2 132 100 մարդ [7]
2008 1 700 000 մարդ
2009 1 900 000 մարդ [8]
ՏարիԲնակչութիւն
2011 2 100 000 մարդ [9]
2014 600 000 մարդ [2]
2015 979 465 մարդ [10]
ՏարիԲնակչութիւն
2017 1 800 000 մարդ
2019 1 834 093 մարդ [10]
2020 1 916 781 մարդ [2]
ՏարիԲնակչութիւն
2021 2 003 671 մարդ [2]
  • Սիւրմէեան Ա., Պատմութիւն Հալէպի Հայոց, հ. 3, Փարիզ, 1950։
  • Թոփուզեան Հ. Խ., Սիրիայի եւ Լիբանանի հայկական գաղթօջախների պատմություն (1841-1946), Երեւան, 1986։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։