Քարահունջ

Քարահունջ
Քարահունջ
Քարահունջը գտնվում է Հայաստանում
Քարահունջ
Շինարար Անյայտ

Քարահունջ (Զօրաց քարեր, Քարենիշ[1]), նախապատմական hնագիտական կառոյց, «Զօրաց քարեր բնակատեղի» անունը կրող պատմամշակութային արգելոց եւ պետութեան կողմէ պահպանուող յատուկ տարածք[2][3] Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մօտ՝ «Մ 2» մայրուղիին կից։ 2004-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կառոյցը կը ճանչցուի իբրեւ աստղադիտարան: Այդ կարծիքին են նաեւ կարգ մը գիտնականներ եւ հետազօտողներ, որոնք նոյնպէս կը պնդեն, որ hնագիտական կառոյցը աստղադիտարան կը նկատուի: Գիտական եւ սիրողական որոշ շրջանակներ կը մերժեն աստղադիտարան ըլլալու հանգամանքը եւ կը պնդեն, որ անիկա դամբարանադաշտ է[4][5][6]: Հնագիտական կառոյցին անուան եւ նշանակութեան մասին առկայ հակասական կարծիքներն ու պնդումները յաճախ կը վերածուին վէճերու, ինչպէս՝ գիտական, այնպէս ալ հասարակական շրջանակներուն միջեւ[7][8]։

Դիրք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարահունջ կը գտնուի Երեւանէն 200 քմ հարաւ՝ 39° 34' լայնքով եւ 46° 01' երկայնքով [9]՝ ծովու մակերեսէն 1170 մ բարձրութիւն ունեցող սարահարթին վրայ եւ կը զբաղեցնէ 7 հեկտար տարածք Որոտան գետի Դարբ վտակին ձորին ձախ ափին։

Անուանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնավայրին ժողովուրդին կողմէ տարածուած անուանումն է Զօրաց քարեր, իսկ Քարահունջ անուանումը առաջարկած է 1990-ականներուն համալիրը հետազօտած ակադեմիկոս Պարիս Հերունին, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան 29 Յուլիս 2004-ի թիւ 1095 որոշումին համաձայն Հայաստանի Սիսիան քաղաքին մօտ գտնուող քարէ յուշարձանը կոչուած է «Քարահունջ աստղադիտարան»[10]։ 11 Օգոստոս 2004-ին այդ որոշումը վաւերացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին կողմէ։

Յայտնի են նաեւ հնավայրին այլ անուանումները՝ Ցից քարեր, Դիք-դիք քարեր։

Տարիք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարահունջին տարիքին մասին գոյութիւն ունին բազմաթիւ, յաճախ զիրար հակասող եւ ընդդիմացող տեսակէտեր։ Մինչեւ օրս յուշարձանին տարիքին մասին ուսումնասիրութիւն մը կատարած է ակադեմիկոս Պարիս Հերունին։ Ան «Հայերը եւ Հնագոյն Հայաստանը» գիրքին մէջ երեք առանձին գլուխներով մանրամասն ներկայացուցած է իր կատարած աստղագիտական, ֆիզիքական եւ ուսողական հաշուարկները, որոնցմէ ի յայտ կու գայ, որ Քարահունջը կառուցուած է աւելի քան 7500 տարի առաջ։ Պէտք է նշել, որ Բրիտանիոյ «Սթոնհենճի»ն տարիքը որոշուած է նոյն ձեւով, որ բաւականին տարածուած ձեւ է գիտնականներուն կողմէ։

Կառոյցին նկարագրութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարահունջը բաղկացած է խումբ մը կառոյցներէ եւ առանձին քարերէ, որոնք միասին կը կազմեն հնագիտական արձանը։ Այդ կառոյցներն են՝ կեդրոնական շրջանը, հիւսիսային եւ հարաւային թեւերը, հիւսիս-արեւելեան քարուղին, շրջանը հատող լարագիծը, ինչպէս նաեւ առանձին կանգնած քարերը։

Քարերը պազալթ են, որոնց բարձրութիւնը կը տարուբերի 0,5-էն մինչեւ 3 մեթրի միջեւ, իսկ ծանրութիւնը՝ մինչեւ 10 թոն։ Քարերուն մեծ մասը պահպանուած է, հակառակ անոր, որ հողային մաշումներու ենթարկուելուն պատճառով ծածկուած են քարամամուռներով։ Անցքերը աւելի լաւ վիճակի մէջ են։ Կան նաեւ կոտրուած քարեր։ Քարահունջին քարերը բերուած են մօտակայ Դարբ գետի ձորին քարահանքէն, բարձրացուած եւ տեղափոխուած են հիւսուած պարաններով ու լծկան անասուններու միջոցով։ Իսկ աստղադիտարանին մէջ բացուած են քարերու անցքերը ու պատրաստուած՝ աստղագիտական գործիքները։

Քարահունջի Քարերը, Համարակալումն ու Նկարագրութիւնը
Գտնուած վայրը Համարներ Ընդհանուր քանակը Ընդհանուրը անցքերով Կանգնած Կանգնած անցքերով Պառկած Պառկած անցքերով Թեքուած Վնասուած
Կեդրոնական շրջան 1-39
+29ա
40 - 15 - 9 1 10 2
Լարագիծ 40-59 20 6 8 3 1 - 3 6
Հարաւային թեւ 60-125,
+90ա,+62ա,
64ա,65ա
70 27 25 16 32 10 2 17
Հիւսիսային թեւ 126-196
214-222
80 49 28 18 35 30 3 21
Հիւսիս-արեւելեան քարուղի 197-199
208-212
8 2 2 - 4 2 2 3
Առանձին քարեր 200-202
207,213
5 1 1 - 2 1 - -
Ընդհանուրը 620 223 85 79 37 83 44 20 49

Կեդրոնական շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեդրոնական շրջանը կազմուած է 40 քարերէ։ Ունի հաւկթաձեւ տեսք մը եւ սուր ծայրով ուղղուած է դէպի արեւմուտք։ Կեդրոնը կը գտնուի աւերակներու կոյտ մը (7x5) մ²․ չափով, որ հաւանաբար եղած է կրօնական տաճար մը։ Գառնիի տաճարը ունի քարահունջին նոյն համաչափութիւնները։ Ըստ ակադեմիկոս Պարիս Հերունիի՝ կեդրոնական շրջանն ու հիւսիս-արեւելեան կարճ քարուղին, որ ուղղուած է արեւածագի կէտին ամառնային արեւադարձի օրը, ծառայած է Արեւու աստուծոյ նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւններուն։

Հետազօտողներու խումբ մը, որ օգտագործած է զգայուն մագնիսաչափեր, յայտնաբերած է, որ կեդրոնական շրջանին բնական մագնիսական ուժագիծերը պարոյրի տեսք ունին։

Հիւսիսային թեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարահունջին հիւսիսային թեւը բաղկացած է 80 առանձին քարերէ, որոնցմէ 49-ն անցքեր ունին։ Թեւին երկայնքը 136 մ է։ Հիւսիսային վերջաւորութիւնը կը բաժնուի արեւմտեան եւ արեւելեան քարուղիներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին երկայնքը 50 մ է։ Հոս կան նաեւ 1-1,5 մ լայնքով սալարկուած քարուղիներ։ Ուղիներու երկարութեամբ քարերուն հակառակ կողմը կան մանր քարեր, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ, դիտարկումներու ժամանակ ծառայած են իբրեւ նստարաններ։ Նմանատիպ քարուղիներ կան նաեւ հարաւային թեւին մէջ։

Հարաւային թեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշարձանին հարաւային թեւը կ'երկարի կեդրոնական շրջանէն 75 մ դէպի հարաւ, այնուհետեւ կը թեքուի դէպի արեւմուտք-արեւմուտք-հարաւ ու կը շարունակուի աւելի քան 40 մ։ Անիկա կազմուած է 70 քարերէ, որոնցմէ 26-ին վրայ անցքեր կան։ Հարաւային թեւին վերջաւորութենէն ետք կան շրջանաձեւ 3-8 մ տրամագիծով գերեզմաններ[11]։ Հոն կան նաեւ 1-1,5 մ լայնքով սալարկուած քարուղիներ։ Ուղիներուն երկարութեամբ քարերուն հակառակ կողմը կան մանր քարեր, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ, դիտարկումներու ժամանակ ծառայած են իբրեւ նստարաններ։

Հիւսիս-արեւելեան թեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւսիս-արեւելեան քարուղին կազմուած է 8 քարերէ, որոնցմէ երկուքը ունին անցքեր։ Քարուղիին երկայնքը 36 մ է, լայնքը՝ 8 մ, իսկ բարձրութիւնը 0,5 մ։

Լարագիծ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թիւ 28՝ մինակ կանգնած քարը

Լարը կը հատէ կեդրոնական շրջանը եւ իբրեւ հիւսիսային թեւին շարունակութիւն՝ կը միացնէ զայն հարաւային թեւին հետ։ Լարը կ'ընդգրկէ 20 քար, որոնցմէ 6 քարերը անցքեր ունին։

Առանձին կանգնած քարեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշարձանին տարբեր հատուածներուն մէջ կան նաեւ առանձին կանգնած քարեր։ Անոնք կանգնեցուած են արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերուն մինչեւ 90 մ եւ աւելի հեռաւորութեան վրայ։ Կան առնուազն 5 այսպիսի քարեր։ Անոնցմէ մէկը անցք մը ունի։ Հաւանաբար այս քարերը օգտագործուած են նշանառութեան համար, ինչպէս որ Մեծն Բրիտանիոյ «Սթոնհենճ»ի Կրնկաքարը[12]։

Քարերուն միջեւ անցքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարահունջի քարերէն շատերը ունին անցքեր, որոնք եզակի երեւոյթ մը կը կազմեն հնագոյն յուշարձաններուն մէջ։ Այդ հսկայ քարերուն մէջ կատարուած անցքերը կ՚ապահովեն, դէպի նպատակակէտին ուղղուածութեան, բարձր ճշգրտութիւն եւ կայունութիւն։

Անցքերը ունին 4-5 սմ տրամագիծ եւ կը գտնուին քարերու գագաթներէն 15-20 սմ վար։ Անցքերը երկու կողմէն կոնաձեւ կը լայննան մինչեւ 12 սմ։ Անցքերը պատրաստուած են օպսիտիան միջուկներ ունեցող թրծուած կաւէ գործիքներով։ Ներսի կողմէն մակերեսը մաքուր է ու ողորկ։

Կառոյցին ուսումնասիրութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ակադեմիկոս Պարիս Հերունիի ղեկավարած արշաւախումբերը մանրամասն ուսումնասիրութիւններ կատարած են Քարահունջի եւ յարակից տարածքին մէջ 1994-էն 1997, 1999 եւ 2001 թուականներուն, որոնց ժամանակ կազմուած է կառոյցին տեղագրական քարտէսը, չափուած է անոր աշխարհագրական լայնքն ու երկայնքը, տեղի մագնիսական շեղումի անկիւնը, ինչպէս նաեւ կատարուած են հորիզոնին գտնուող լեռնաշղթաներու անկիւնային բարձրութիւններու չափումները 360° հեռագագաթներու համար։ Չափուած են քարերու անցքերուն մէջ եղած բոլոր անցքերուն ուղղուածութեան հեռագագաթները եւ տեղի անկիւնները եւ այլ կարեւոր բնութագիրներ։ Կազմուած է 223 քարերու լիակատար գրացուցակը, անոնց չափերու ու վիճակի նկարագրութեամբ, եւ բոլոր այդ քարերը թուագրուած են։ Յայտնաբերուած են բազմաթիւ նախնադարեան աստղագիտական քարէ գործիքներ եւ որոշուած է անոնց ճշգրտութիւնը[13][14][15][16][17]։

Զուիցերիացի գիտնական, գիտութիւններու դոկտոր Հ․ Պ․ Քլեյնըր (Kleiner) , 1995-ին ուսումնասիրած է Քարահունջի տարածքը։ Ան ուշադրութիւն դարձուցած է թիւ 68 քարին, որուն փորուած խորշին մէջ անձրեւաջուր լեցուած էր։ Ջուրի մակերեսէն արտացոլուած արեւու ճառագայթը թիւ 69 քարին գագաթին հետ կը կազմէ որոշակի անկիւն մը։ Քլեյնըր կարծիք յայտնած է, որ առանձին կանգնած թիւ 200 քարը խաղացած է նոյն դերը, ինչ որ Բրիտանիոյ Սթոնհենճի յայտնի կրնկաքարը։ Քլեյնըր յայտնաբերած է նաեւ շարք մը գործիքներ, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ առնչուած են աստղագիտութեան հետ։

2001-ին Եւրասիական աստղագիտական միութեան նախագահ ռուս փրոֆեսոր Ն․ Գ․ Փոչքարյով (Pochkaryov) երկու դոկտորներու հետ կը յայտնաբերէ թիւ 90ա շրջադիտակ-քարը, որ ինկած էր հարաւային թեւին կից գտնուող թիւ 90 քարին քով։

Քարահունջը բաւականին լուրջ աստղադիտարան է։

Ասիկա փրոֆեսոր Փոչքարյովի առաջին գլխաւոր կարծիքն էր։ Հետագային ան կը կիրարկէ այլ միջոցներ։ 2003-ին ան այն եզրակացութեան կու գայ, որ Քարահունջը աւելի քան 7500 տարեկան է՝ նշելով, որ անիկա աշխարհի ամենահին աստղադիտարանն է։

Աշոտ Փիլիպոսեանի հնագիտական արշաւախումբը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2013-էն «Զօրաց քարեր» պատմամշակութային արգելոցին տարածքին մէջ տեղի կ'ունենան հնագիտական պեղումներ հնագէտ Աշոտ Փիլիպոսեանի ղեկավարութեամբ: Ըստ Փիլիպոսեանի, Քարահունջը Կովկասի եզակի հնագիտական յուշարձաններէն մէկն է, ամբողջ Կովկասի մէջ միակ հնագիտական յուշարձանը, որ իր ծաւալով եւ մակերեսով պահպանուած է: Ա. Փիլիպոսեանի կարծիքով յուշարձանը շուրջ 4 հազար տարեկան է եւ աստղադիտարան չի նկատուիր, այլ դամբարանադաշտ: Հնագէտին խօսքով, անոնք աստղադիտարանի ո՛չ խողովակը գտած են, ո՛չ ալ գործիքները[18]:

Աշոտ Փիլիպոսեանի տեսակէտը բուռն քննարկումներու եւ վէճերու պատճառ դարձած է:

Պատկերներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Պ․Մ․Հերունի «Հայերը Եւ Հնագոյն Հայաստանը» Երեւան, 2006, էջ 71։
  2. Հայաստանի կառավարութեան որոշում, 26 Յունիս 2009-ին թիւ 853-Ն (արխիւ):
  3. «ՀՀ Կառավարութեան 26 Յունիս 2009–ի թիւ 853-Նի որոշումով Քարահունջը կը ստանայ պատմամշակութային արգելոցի կարգավիճակ՝ համալրելով պետութեան կողմէ յատուկ պահպանուող արգելոցներու ցանկը։»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-08-22-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-25 
  4. «Փրկենք Քարահունջը պեղումներէ՞ն, թէ՞ գրգռումներէն»[permanent dead link] (արխիւ)
  5. «Քարահունջ, թէ՞ Զօրաց քարեր. Աստղադիտարա՞ն, թէ հնագոյն դամբարանադաշտ» (արխիւ)
  6. «Աւագեան. «Զօրաց քարերու աստղադիտարան ըլլալը ուղղակի վարկած է» (արխիւ)
  7. «Քարահունջի հարցը քննարկուեցաւ նաեւ Հանրային Խորհուրդի համապատասխան յանձնաժողովին մէջ․ արդիւնքները կը ներկայացուին վարչապետին» Archived 2019-07-23 at the Wayback Machine. (արխիւ):
  8. «Վիճաբանութիւն Զօրաց Քարեր հնավայրին մէջ. «Որոտան» (արխիւ):
  9. Քարահունջը wikimapia.org կայքի քարտէսին մէջ
  10. ՀՀ յուշարձաններու տեղեկատուական շտեմարան[permanent dead link]
  11. Պ․Մ․Հերունի «Հայերը Եւ Հնագոյն Հայաստանը» Երեւան 2006, էջ 22
  12. Պ․Մ․Հերունի «Հայերը եւ հնագույն Հայաստանը» Երեւան 2006 թ., էջ 23–24
  13. Պ․Հերունի, «Հայոց Բուն Օրացոյց», Երեւան 1989։ Պ.Հերունի, «Սիւնիք» թերթ, Հայաստան, 13 Յուլիս 1996
  14. Պապայեան Հ․ եւ ուրիշներ, Քարահունջ աստղադիտարանի մենաքարերու հետազօտութիւնը, «Քիմիան Հայաստանում 20-րդ Դարում Կոնֆերանսի Աշխատութիւններ», Երեւան 2000
  15. Sungiorgy R., Esisto in Armenia un altra Stonohenge, ʾʾScienza & Vita˓˓, 17, 1995; also: Un mistero come Stonehenge, ʾʾTerre di Mezzo˓˓, 12, p. 21, Italy, 1995 (իտ․) Nazarian P., Karahoonj, Stone Henges, Magaz. AIM, p. 68, Montreal, Canada, December 2000
  16. Alexandrian A., Karahountch (Des Millenaire Avant Carnak), Magazine ʾʾNovelles d'Armenie˓˓, pp. 40-47, Paris, France, Fevrier 2002 (ֆր․)
  17. Youssefian R., Karahundj, Generation 3, N9, pp. 10-13, Buenos-Aires, Argentine, 2000 (Սպաներէն)
  18. ««Զօրաց քարեր»-ուն մէջ աստղադիտարանի ոչ խողովակն ենք գտել, ոչ գործիքները. Աշոտ Փիլիպոսեան» (արխիւ)