Jump to content

Բերկրի

Քաղաք
Բերկրի
թրք.՝ Muradiye
Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 912 քմ²
ԲԾՄ 1700 մեթր
Բնակչութիւն 49 688 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 65500
Պաշտօնական կայքէջ muradiye.gov.tr

Բերկրի, Արեւմտեան Հայաստանի Բերկրի բնակավայրը սկզբնաղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի նաեւ Բարկիրի, Բերգրի եւ անուան այլ տարբերակներով, իսկ թուրքերը կոչած են Պերկրի-քալէ։

Յստակ չէ, թէ երբ հիմնադրուած է այն։ Սակայն այդտեղ ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններու գոյութիւնը ցոյց կու տայ, որ հնագոյն բնակավայր էր։

Սկզբնական շրջանին սովորական գիւղ եղած է, ապա՝ բերդաքաղաք։

Կը գտնուի Վանայ լիճէն հիւսիս-արեւելք, լճափէն 16քմ հեռաւորութեամբ, Բերկրի գետի աջակողմեան հարթավայրին մէջ։ Հեռաւորութիւնը Վան քաղաքէն մօտ 65քմ է։ Ջրառատ է, եւ շրջակայքը կան ընդարձակ արգաւանդ հողեր։ Ունի քարածուխի հարուստ հանքեր եւ նաւթի զգալի պաշարներ։

Բերկրի երբեք մարդաշատ բնակավայր չէ եղած։ Հին եւ միջին դարերուն անոր բնակչութիւնը զանգուածօրէն բաղկացած էր հայերէ։ Այստեղ բնակած են նաեւ որոշ թիւով հրեաներ, որոնք Հայաստան բերուած են տակաւին Տիգրան Բ․-ի եւ անոր որդի Արտաւազդ Բ․-ի օրօք։

8-րդ դարուն, Ապպասեան խալիֆներու կիրառած քաղաքականութեան հետեւանքով, Բերկրիի մէջ եւ անոր շրջակայքը կը հաստատուին արաբական ութմանիկ ցեղին պատկանող շատ բնակիչներ, իսկ աւելի ուշ՝ նաեւ քիւրտեր։

Սակայն անկէ ետք ալ, մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմը, Բերկրիի բնակչութեան մեծագոյն մասը դարձեալ հայեր եղած են,  իսկ 20-րդ դարու սկիզբը Բերկրի ունէր 3100 բնակիչ, որմէ 2100-ը՝ հայ: 

Հայերուն մեծ մասը զոհ գացած է 1915 թուականի Եղեռնին, իսկ միւս մասը տեղահանուած է, քիչերը յաջողած են փրկուիլ թրքական եաթաղանէն եւ ապաստան գտնել Արեւելեան Հայաստան։

Ներկայիս Բերկրի փոքրիկ ու խղճուկ բնակավայր է, սովորական անբարեկարգ գիւղ մը՝ յետամնաց տնտեսութեամբ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ճանաչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Բերկրի»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-01-28։ արտագրուած է՝ 2023-03-27 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։