Արամազդ
Արամազդ, Հին Հայաստանի գերագոյն աստուած՝ երկնքի ու երկրի արարիչը, բոլոր աստուածներու հայրը Արամազդ։ Ան կը կոչուի «Մեծ եւ արի Արամազդ», որուն գլխաւոր սրբավայրը կը գտնուի Հին Հայաստանի պաշտամունքային կենդրոններէն մէկուն մէջ՝ Անիի-Կամախի մէջ։ Այնտեղ կը գտնուէին հայոց Արշակունի թագաւորներու տոհմական դամբարաններն ու գանձերը։ Կը համապատասխանէ իրանական Ահուրամազդային եւ յունական Զեւսին։
Անուան ծագումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քանի որ մեզի հասած տեղեկութիւնները սակաւ են Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն» աշխատութիւնէն, իսկ մեծ մասը Մովսէս Խորենացին եւ Ագաթանգեղոսը օգտուած են այլ պետութիւններու պատմիչներու գրառումներէն, անուան ամենահաւանական տարբերակներէն է «ԱՐԱ» – հայ․ Արարիչ եւ «Մազդայ» – պարս․ Իմաստուն կամ իմաստութիւն, որ սխալմամբ կամ դիտաւորեալ նմանցուելով Ահուրայ Մազդային լայն տարածում կը գտնէ, եւ քրիստոնէութեան ժամանակ կը յիշուէին հին աստուածները։ Թերեւս այս բոլորէն խուսափելու համար պատմիչներու կողմէ այս քայլը առնուած է, որպէս հասարակ մարդոց մէջ «հեթանոսութենէն» պաշտպանման ձեւ, որակելով Արամազդին որպէս «հին սխալ երեւոյթ» որ մեզի հասած է զրադաշտականութենէն։ Ինչ որ անոր անունը Արարիչ կամ կարճ Արա պէտք է ըլլար, նոյնիսկ կը գործածեն Հայր Արա, որպէս դիմելաձեւ Արարիչին։
Ընդհանուր բնութագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինչպէս կը վկայեն Ագաթանգեղոսի եւ Մովսէս Խորենացիի պատմութիւնները, Հայաստանոի պանթէոնի գլուխը կանգնած էր Արամազդը, իբրեւեւ գերագոյն աստուած, ով ըստ դիցաբանութեան բոլոր աստուածներու հայրն էր, երկնքի եւ երկրի արարիչը։
Այլ դիցաբանութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սովորաբար, երբ մեր նախնիները հեթանոսական այս աստծուն կը յիշատակէին որպէս յունական աստուած, անոր կը կոչէին «Տիոս»։ Այս անունը մօտ է բուն «Աստուած» նշանակող յունարէն «Տէոս» եւ լատիներէն «Տեուս» անուանումներուն։ Երբեմն այդ մասին կը վկայեն կատարուած թարգմանութիւնները։ Սկզբնական շրջանին հայերը համակարծիք էին պարսկական կրօնական հաւատալիքներուն, սակայն երբ ընդունեցին յունական աստուածներուն, պատկերացումներն ալ խառնուեցան ու հելլէնացան։ Արամազդի անունով պարզ կ'երեւէր, որ ան կը համապատասխանէր իրանական «Ահուրայ Մազդայ»-յին։ Սակայն Արամազդը նոնը չէր «Ահուրայ Մազդայ»-յի հետ։ Բարի բնութիւն ունենալով հանդերձ, Արամազդը կրնար նաեւ պատժել։ Այստեղ չենք տեսներ իրանական կրօնին յատուկ՝ չար եւ բարի աստուածներու երկուութիւնը, քանի որ Ահուրայ Մազդայի հակոտնեայ՝ չարի աստուած «Ահրիման»-ը կամ անոր զուգահեռը հայերու կողմէն չէր պաշտուեր։
Պաշտամունք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արամազդի գլխաւոր մեհեանը կը գտնուէր Մեծ Հայքի Բարձր Հայքի Դարանաղեաց գաւառին՝ Երզնկայի մօտ գտնուող Անի ամրոցին մէջ, ուր կը գտնուէին նաեւ հայոց Արշակունի թագաւորներու դամբարաններն ու գանձերը։ Արտաշես Ա.-ն յոյներու այդ ամենամեծ աստծոյ շքեղ կերպարանքը՝ «Օլիմպիական պատկերը», այսինքն՝ իր գերագոյն գահի՝ Օլիմպոսի վրայէն հսկաներու շանթահար ընելու քանդակուած, իսկական արիութեամբ իջեցուց եւ ղրկեց Հայաստան։ Անոր որդին՝ Տիգրանը, զայն կանգնեցուց Անիի մէջ, մինչդեռ միւս աստուածներուն սփռեց այլ տեղեր եւ քուրմերուն ան նշանակեց որպէս իրենց դիցահօր պաշտամունքաւվար։ Արամազդին նուիրուած տաճարներ եղած են Վասպուրականի Անձեւացեաց գաւառին մէջ։ Հայաստանի մէջ Արամազդի մեհեանը այլեւս ոչ մէկ վայրի մէջ չի յիշատակուիր, բացառութեամբ Արամազդի տան, որ կը գտնուի Պաշատ լերան մօտ։
Ընտանիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին յունական առասպելները իրենց գերագոյն աստծուն շատ զաւակներ կ'ընծայեն։ Մինչդեռ, մեր դիցաբանութեան մէջ յայտնի են ընդամէնը Արամազդի մէկ որդին՝ Միհրը եւ երկու դիցուհիները՝ Անահիտն ու Նանէն[1]։ Հեթանոսական միւս աստուածներու ծնողները չեն յիշատակուիր եւ կ'ենթադրեն, որ անոնք ալ Արամազդի զաւակներն են։ Իսկ աստուածներու մայրը կամ Արամազդի կինը բնաւ չեն յիշատակուիր։
Այլ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արամազդը կը բնութագրուէր «մեծ» եւ «արի» մակդիրներով եւ կը համարուէր «արարիչ երկնի եւ երկրի», «հայր դիցն ամէնայնի», այսինքն՝ բոլոր աստուածներու հայր, լիութիւն եւ պարարտութիւն պարգեւող։ Արամազդի պատուին տօնը կը կատարուէր Ամանորին (Նաւասարդ), երբ տեղի կ'ունենային նաւասարդեան խաղերը։ Արամազդին կը զոհաբերէին սպիտակաթոյր կենդանիներ (ցուլ, նոխազ, ձի, ջորի)։ Արամազդ կոչուած է հայոց հեթանոսական տոմարի ամիսներու 15-րդ օրը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «50 Տարի Առաջ (27 Յուլիս 1966) – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2022-11-16
Օգտագործուած գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Դիցաբանական բառարան», Մ. Ն. Բոտուիննիկ, Մ. Ա. Կագոն, Մ. Բ. Ռաբինովիչ, Բ. Պ. Սելեցկի, թարգմ՝ Ս. Մ. Կրկեաշարեան - Երեւան, Լոյս, 1985 թ., 264 էջ
- Ագաթանգեղոս - «Պատմութիւն հայոց», Երեւան - 1983
- «Անանիա Շիրակացու մատենագրութիւնը»
- Հովհան Մամիկոնեան - «Տարոնի պատմութիւն», Երեւան – 1989
- Մովսես Խորենացի – «Հայոց պատմութիւն», Երեւան – 1983
Լրացուցիչ գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Գագիկ Արծրունի - «Դիցարան Հայոց», Երեւան – 2003
- Ղեւոնդ Ալիշան - «Հին հաւատք կամ հեթանոսական կրօնք հայոց», Վենետիկ – 1895
- Սարգիս Յարութիւնեան - «Հին հայոց հաւատալիքները, կրօնը, պաշտամունքն ու դիցարանը», Երեւան – 2001
- «Հայ ժողովրդի պատմութիւն» (ակադէմիական հրատարակութիւն), հ. 1, Երեւան 1971