Jump to content

Ֆիտայական Շարժման «Զօրավար Անդրանիկ» Թանգարան

Ֆիտայական Շարժման «Զօրավար Անդրանիկ» Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Հասցէ Կաշեգործներու 233, Երեւան, ՀՀ
Հիմնադրուած է 5 Մայիս 2006
Տնօրէն Ժորժէթա Բեգլարեան
40°10′N 44°30′E / 40.16°N 44.5°E / 40.16; 44.5
Քարտէս
Քարտէս

Ֆիդայական շարժման «Զօրավար Անդրանիկ» թանգարան, բացուած է 1995-ին, Անդրանիկ Օզանեանի 130-ամեակի առիթով։ Երկու տարի ետք փակուած է եւ կրկին վերաբացուած է 16 Սեպտեմբեր 2006-ին Կոմիտասի անուան պանթէոնի հարեւանութեամբ։

Երկյարկանի թանգարանի երկու ընդարձակ դահլիճներուն մէջ կը ներկայացուին ‎ֆ‎իտայական շարժման նշանաւոր գործիչներու կեանքը, գործունէութիւնը, անձնական իրերը՝ Արաբոյէն մինչեւ Արցախեան շարժում։ Առանձին ցուցատախտակներով կը ներկայացուին ֆիտաական շարժման պատմութիւնը, ֆետայիներու, հայդուկներու (Անդրանիկ, Աղբիւր Սերոբ, Մախլութօ, Սեւքարեցի Սաքոյ, Գարեգին Նժդեհ եւ ուրիշներ) մասին նիւթեր, նկարներ, փաստաթուղթեր, անձնական բազմաթիւ իրեր, որոնք 30 տարիներու ընթացքին հաւաքուած են թանգարանին հիմնադիր տնօրէն Իլյիչ Բեգլարեանի կողմէն։

Առանձին կը ներկայացուին նշանաւոր զօրավար Անդրանիկի անձնական իրերը՝ բերուած Պուլկարիայի անոր տունէն։ Ցուցանմուշներու շարքին են փաստաթուղթեր, նամակներ, ձեռագրեր, գործիքներ, թերթեր, գիրքեր, շքանշաններ եւ այլն։ Թանգարանին մէջ կը ներկայացուին բազմաթիւ գիրքեր եւ ալպոմներ հայդուկներու, Հայկական հարցի, Արցախեան պատերազմի մասին։

Թանգարանի հետաքրքիր եւ արժէքաւոր իրերէն են Անդրանիկի՝ Պալքանեան պատերազմին մասնակցած թուրը, Առաջին Կամաւորական Գունդին, որուն հրամանատարն էր Անդրանիկը, շեփորը, Անդրանիկի՝ Պուլկարիոյ տան մանրակերտը, ծննդավայրի՝ Շապին Գարահիսարի յատակագիծը, Մշոյ Սուրբ Առաքելոց վանքի յատակագիծն ու զանգը, Արա Շիրազի կերտած Անդրանիկի քանդակը, Անդրանիկին՝ Դսեղի մէջ նուիրուած դաշոյնը, Թումանեանի եւ Անդրանիկի՝ Թի‎‎ֆլիսին մէջ 1917-1918 տարիներուն հրատարակած «Հայաստան» օրաթերթի բոլոր համարները, թերթի խմբագրատան գրիչը, գրասենեակային իրերը, Մախլութոյի (Սմբատ զօրավար) անձնական իրերը՝ հին փաթի‎ֆոնը (patyphone), ժամացոյցը, Սերոբի դաշոյնը, եւ այլն։

Թանգարանին մաս կը կազմէ նաեւ շինութեան կից փոքրիկ պուրակը, ուր տեղադրուած են ‎քանի մը ‎ֆետայիներու քանդակները։

Թանգարանը կը գտնուի Կոմիտասի անուան զբօսայգիին մէջ, հայոց մեծերու պանթէոնի հարեւանութեամբ՝ Կաշեգործներու 233 հասցէով։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]