Ձի

Ձի (լատ.՝ Equus ferus caballus), ընտելացուած անասուն, վայրի ձիուն պահպանուած երկու ենթատեսակներէն մէկը։ Միւսը Բժեւալսկիին ձին է:

Մարդուն կողմէ ձիերուն ընտելացումը սկսած է մօտաւորապէս մ.թ.ա. 4000 թուականէ, իսկ արդէն մ.թ.ա. 3000-ին ձին մարդու օգնութեամբ տարածուած է աշխարհով մէկ։ Ներկայիս գոյութիւն ունին ձիերու բազմաթիւ ցեղատեսակներ, որոնք հարմարուած են այս կամ այն աշխատանքին համար։

2008-ին տուեալներով աշխարհը կայ մօտ 59 միլիոն ձի, որոնցմէ 33,5 մլն առանձնեակը Ամերիկային, 13,8 մլն՝ Ասիոյ, 6,3 մլն՝ Եւրոպային եւ մնացածը՝ Ափրիկէյին ու Աւստրալիոյ մէջ:

Նկարագիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձիերը ձիազգիներու ընտանիքի միասմբակաւոր կենդանիներ են։ Խոշոր են (իրանի երկայնութիւնը մինչեւ 2.5 մ է եւ մնդաւի բարձրութիւնը՝ մինչեւ 1.6 մ), վերջութիւնները՝ երկար են, զարգացած է միայն միջին մատը, որ վերածած է սմբակի: Մազածածկը խիտ է, մազերը՝ կարճ (երկար են միայն պարանոցի վերին եւ պոչի հատուածներով): Վայրի ձիերը կը հանդիպին Ասիոյ եւ Ափրիկէյի տափաստանները, կիսաանապատները եւ անապատները (Եւրոպայի բնաջնջուած են): Կ'ապրին երամակներով։ Յայտնի է 8 տեսակ՝ խմբաւորուած 4 ենթասեռի մէջ՝ իսկական ձիեր (Բրժեւալսկիի ձի, ընտանի ձիեր, անհետացած տարպան), էշեր, կիսաէշեր (կուլաններ) եւ վագերաձիեր (զեպր)։ Պահպանուած վայրի տեսակներու գլխաքանակը խիստ սահմանափակ է եւ վերցուած է պահպանութեան տակ։ Ընտանի ձիերը տարածուած են գրեթէ բոլոր երկիրներու։ Մարդը հնագոյն ժամանակներէն կատարելագործած է ձիերու որակական յատկանիշները եւ ստեղծած է 200 տարբեր ցեղեր, միաւորուած է 3 հիմնական տիպերուն մէջ (հեծկաններ, լծկաններ եւ ծանրաքարշներ): Առաւել յայտնի են անգլիական զտարիւն արագավազները, նորֆոլքեան վարգունները, շայրի, սուֆոլկի, քլեյտեստալեան ծանրաքարշները, ամերիկեան վարգունները, արաբական ձին, տարբեր երկիրները տարածուած պրապանոսները, արտենները, Ժուսաստանի օռլովեան վարգունները, Դոնի հեծկանները, ԽՍՀՄ բուդյոնավեանը, թերեքեանը, կաբարդինեանը, լիտւական եւ լատւիական լծկանները, խորհրդային ծանրաքարշերը եւ այլն։

Ընտելացած ձին երկար ժամանակ եղած է մարդու մշտական օգնականը երկրագործական ու փոխադրական աշխատանքներու եւ կարեւոր դեր խաղցած է բանակի։ XX դարու 1-ին կէսին գիւղտնտեսական արտադրութեան մեքենայացման եւ փոխադրածիջոցների զարգացման հետեւանքով աշխարհի (յատկապէս՝ բարձր զարգացած երկիրներու) ձիերու գլխաքանակը կրճատուած է գրեթէ կրկնակի անգամ։ Սակայն շատ երկիրներու բանող ձիեր դեռնս օգտագործւող են։ Մեծ քանակութեամբ ձիեր կը բուծուին նաեւ ձիասպորտի եւ զբոսաշրջութեան զարգացման, միս ու կումիս ստանալու, բժշկութեան եւ անասնաբուժութեան մէջ գործածւող շիճուկներ ու պատրաստուկներ արտադրելու նպատակով։

Ձին Արագածի փեշերը

Հայաստանի յայտնի է Ղարաբաղեան ձին. լեռնային հեծկան ձիերու ցեղ է, որն ստեղծուած է հնագոյն ժամանակներու՝ ժողովրդական ընտերասերմամբ (պարսկական, թուրքմենական հնագոյն, հետագային՝ նաեւ արաբական ձիերու ցեղերի ներազդմամբ)՝ Կուր եւ Արաքս գետերու միջեւ ընկած տարածքին։ Հայոց այրուձիի կը կազմի յայտնի էր որպէս լաւագոյն հեծկան։ Արտահանուած է Իրան, Ֆրանսա, Լեհաստան եւ այլ երկիրներ։ Աչքի կ'իյնայ գեղեցիկ մարմնակազմուածքով, իսկ հեզ վարքագծով նման է արաբական ձիերու։ Գլխի շարժումը թեթն է, իրանը՝ ուղիղ։ Մնդաւի բարձրութիւնը 145-150 սմ է, իրանի թէք երկարութիւնը՝ 145-150 սմ։ Օգտագործուած է Դոնի, այսրկովկասեան հանրապետութիւններու, Արեւմտեան Եւրոպայի մէկ շարք երկիրներու տարբեր ձիերու ցեղերի բուծման եւ բարելաւման նպատակաւ։ Սահմանափակ քանակով կը բուծէ ԼՂՀ տարբեր շրջաններու։

Ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձի[1] անուանումն ունէ զուտ հայ ծագում: Մաս կը կազմէ կարգ մը կապակցութիւներու՝ ձիարշաւ, ձիարշաւարան, ձիաւոր, այրուձի, գետաձի:
Ձիին հետ կապ ունեցող բառերը՝

  • մտրուկ՝[2] ձիին ձագ, նաեւ՝ քուռակ[3], որը կըսուի նաեւ իշու ձագին
  • մատակ՝ ձիին (եւ, ընդհանրապէս՝ բոլոր չորքոտանիներուն) էգը
  • զամբիկ՝ մատղաշ ձի
  • նժոյգ, երիվար՝[4] ընտիր ձի
  • գրաստ՝[5] բանող ձի (աւանակ, ջորի)

Բնագիտութեան մէջ յայտնի է հզօրութեան «ձիաոյժ» չափին միաւորը:

Կազմաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կմախք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Diagram of a horse skeleton with major parts labeled.
Ձիուն կմախքային համակարգը:

Ձիուն կմախքը կազմուած է աւելի, քան 205 ոսկորներէ: Մարդուն կմախքէն ձիու կմախքի հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ կը բացակայէ անրակը՝ ուսին եւ վիզին միջեւ եղած ոսկորը՝ ձիուն առջեւին վերջավորութիւնները ողնաշարը ամրացած են ջիլերու եւ մկաններու ուժեղ կառուցուածքով մը, նման ձեւով կապուած է ուսին թիակը եւ իրանը: Ձիուն ոտքերը եւ սմբակները ունեն իւրայատուկ կառուցուածք: Ոտքերին ոսկորներ համաչափորեն կը տարբերուին մարդուն նոյն ոսկորներէ: Այսպէս, մարմնին այն մասը, որ կը կոչուի ձիուն «ծունկ», իրականը ոսկորներու կառուցուածք մըն է, որ կը նմանի մարդուն արմունկը: Ձին նաեւ չունէ մկաններ ծուներէն ցած՝ միայն կաշին է, մազերը ոսկորները, ջիլերը, կապանները (ligament), եւ տարբեր հիւսուածքներ, որոնցէն կազմուած է ձիուն սմբակը:

Սմբակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձիուն համար ոտքերուն եւ սմբակներու ծայր անհրաժեշտութիւնը կ'արտայայտէ անգլիական ասոյթը, որ «չկան ոտքեր, չկայ ձի» ("no foot, no horse"): Ձիուն սմբակները կը սկսին յօդերէ, որ կը նմանի կարդու մատին, որ շրջապատած է կրճիկներով եւ այլ յատուկ, արիւնով հարուստ, փափուկ հիւսուածքներէ կազմուած թերթերէ: Սմբակին դուրսին պատերը եւ ներբանին եղջիւրը կազմուած էն քերադինէ (keratin)` նոյն նիւթէ, որեն կազմուած է մարդուն մատերուն եղունգը: Ի վերջոյ, ձի մը, որ կը կշռէ 500 ք.կ.-էն աւել, կը քայլէ նոյն ոսկորներով, ինչպէս մարդը կը քայլէ ոտների մատերու վրայ:[6] Սմբակները հնարաւոր վնասուածքներէ պաշտպանելուն համար արհեստավարժ պայտարներ անոնց տակը կ'ամրացնեն պայտեր: Սմբակները անընդհատ կ'աճեն եւ ընտանի ձիերէն շատեր կարիք ունեն կտրելու հինգէն ութ շաբաթը մէկ, չնայած:

Քայլուածքին Տեսակները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Film showing a horse running.
Քառատրոփ վազք

Բոլոր ձիերը կը տեղաշարժուին չորս հիմնական քայլուածքներով՝ հանդարտ վարգով, միջինը՝ 6.4 ք.մ./ժամ, զոյգատրոփ, միջինը՝13-19 ք.մ./ժամ, եռատրոփ միջինը՝19-24 ք.մ./ժամ եւ քառատրոփ:
Վարգին ատենը ձիուն ոտքերը կը տեղաշարժուին անկիւնագիծային կարգով՝ միասին գետնին կը դիպնեն առջեւին աջ եւ ետեւին ձախ ոտքերը, ետքը՝ միուս երկուսը: Յստակ կը լսուեն սմբակներու գետնին խփելու երկու հարվածները: Այլավազքի դէպքում կրնայ գետնին խփիլ միեւնոյն կողմի առջեւի եւ ետեւի ոտքերով:

Քառատրոփին միջին արագութիւնը 40-49 ք.մ./ժամ է, սակայն, կարճ տարածքին վազքը քառատրոփին աշխարհին ռեքըրը 88 ք.մ./ժամ կազմած է:[7]
Քառատրոփը ձին կրնա սկսիլ ետեւի ձախ ոտքէն, ատիկա կը կոչուի՝ «աջ ոտքին քառատրոփ»: Ետքը գետնին կը դրուին երկու անկիւնագիծային՝ ետեւին աջ եւ առջեւին ձախ ոտքերը, ապա՝ առջեւին աջը եւ կը հասնէ կախուելուն փուլը, որուն ընթացքին ձին «կը թռնէ»: Քառատրոփին ատենը յստակ կը լսուին սմբակներու գետնին զարկելու երեք հարուածները: Սա վազքերու հիմնական ձեւերեն բացի, որոշ ձիեր կը կատարեն երկտրոփ վազք արագ ընթացքին համար: Կան նաեւ քանի մը քառատրոփ վազքեր, «այլավազք», որը նոյն արագութեան է, բայց՝ աւելի սահուն: Ասոնք կ'ընգրկեն նաեւ կողային, ինչպէս նաեւ՝ անկիւնագիծով վազքը՝ «աղուէսաքայլը»: Այլավազքը կը ժառանգեն որոշ ցեղատեսակներ, որ առանձին խումբով յայտնի են «այլավազող ձիեր» անուանումով:

Սովորական քայլելուն ատենը ձին ոտքերը առաջ կը դնէ հերթով՝ օրինակ՝ ետեւին ձախը, առջեւին ձախը, ետեւին աջը, առջեւին աջը: Օդին մէջ միաժամանակ կը գտնուէ մէկ կամ երկու ոտքերը: Սմբակներու չորս հարուածները յստակ կը լսուին:
Ասոնք բնական վազքին տեսակներն են: Կա նաեւ արհեստական եղանակ՝ փասսաժ, որը հանդարտ վարգելուն ձեւ մըն է, առջեւին ոտքերը հանդարտ ւե գեղեցիկ կը կտրուին գետնէն եւ կը բարձրանան, ետեւինները իրանին տակ են: Ձին կրնա նաեւ կատարիլ տեղում փասսաժ:

Բազմացումը եւ Զարգացումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձիուն հղիութիւնը կը տեւէ մօտաւորապէս 335—340 (11 ամիս). Սովորաբար, մատակը կը ծնէ մէկ, հազւադէպ երկու մտրուկ: Քուռակը լոյս աշխարհ կը գայ տեսողութիւնով եւ քանի մը վայրկեան ետք կը կարնա ոտքի կանգնիլ եւ քայլիլ: Կաթ կ'ուտէ 4-6 ամիս, որուն ընթացքը կը յայտնուին կաթնատամներ: Երեք տարեկանում ձին կը դառնայ բազմանալուն ընդունակ:

Բանեցում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարշող ձի
Հեծեալ ոստիկան Պրազիլին մէջ

Կան որոշակի աշխատանքներ, որոնք ձին կընե շատ լաւ եւ դեռ տեքնոլըճիները բաւարար չափով զարգացած չեն՝ անոնց փոխարինելուն համար: Օրինակ՝ հեծեալ ոստիկանութիւնը յարմար է որոշակի պարեկային ծառայութիւններու եւ ամբոխները վերահսկողութեան համար:[8] Հեռաւոր, կտրտուած տարածքները խոշոր եղջերաւոր կենդանիները արածեցնելուն համար առաջուան պէս կը պահանջուի ձիերուն օգնութիւնը: Կարգ մը երկիրներուն մէջ որոնողական եւ փրկարարական կազմակերպութիւններու աշխատանքները կախում ունեն դիմելու տեղացի լեռնցիներուն տարերային աղետներու հետեւանքները վերացնելուն համար:[9] Ձիերը կրնան օգտագործուիլ նաեւ անանկ տեղեր, ուր անհրաժեշտութիւն կայ խուսափիլ մեքենաներու շարժումներէ, ինչպէս, օրինակ, բնական արգելոցները: Անոնք կրնան նաեւ հանդիսանալ միակ փոխադրամիջոցը ամայի տարածութիւնները: Ձիերը շարժիչաւոր կառքերէն առաւել կատարեալ են:
Հակառակ անոր, որ մեքենաները շատ տեղեր ձիերուն փոխարինած են, աշխարհին տարբեր պակաս զարգացած տեղերը կը գնահատուի 100 մլն ձիեր, աւանակներ եւ ջորիներ, որ մինչեւ հիմա կ'օգտագործուի գիւղտնտեսական եւ փոխադրական աշխատանքներուն համար: Սա թիւը կը ներառնէ շուրջ 27 մլն աշխատող կենդանի միայն Ափրիկէի մէջ:[10]

Մշակոյթին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձին մէծ մասնակցութիուն ունէ զանազան հեքիաթներուն, առասպելներուն, ասքերուն մէջ: Հին յունական առասպելաբանութենէ յայտնի է Ողիմպոս լեռը ապրող թեւավոր Բեկաս ձին, հիւսիսային երկիրներներու ասքերէ՝ միաեղջիւրը, որ կապրէ Լուսնին վրայ: «Սասնայ ծռեր» էպոսին յայտնի գործողներէն է Մէծ Մհերին եւ Գաւիթին Քուռկիկ Ճալալին:

Կերպարուեստ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնագոյն ժամանակներէն սկսած մարդը կը պատկերէ ձին: Ձիուն պատկերներ նախամարդը ըրած է քարանձաւներու պատերուն վրայ, այնուհետեւ, անդիք ժամանակները ձիու քանդակներ կը հանդիպեն, ձիուն պատկերներ ըրած են հին եգիպտացիներ: Բոլոր ժամանակներու նկարիչներ ձին պատկերած են ինչպես առանձին, այնպէս ալ՝ յայտնի մարդկանց հետ: Ամենէ յայտնիներէն մին Աղէքսանդր Մէծին խճանկար պատկերն է՝ ձիուն հեծած:

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&pageNumber=1544
  2. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D5%B4%D5%BF%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%AF
  3. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D6%84%D5%B8%D6%82%D5%BC%D5%A1%D5%AF
  4. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D5%A5%D6%80%D5%AB%D5%BE%D5%A1%D6%80
  5. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D5%A3%D6%80%D5%A1%D5%BD%D5%BF
  6. Fuess, Ph.D., Theresa A.։ «Yes, The Shin Bone Is Connected to the Ankle Bone»։ Pet Column։ University of Illinois։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 9, 2006-ին։ արտագրուած է՝ 2008-04-05 
  7. «2011 New Orders Guide»։ American Quarter Horse Association։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2013-08-14 
  8. «Horse Mounted Unit»։ United States Park Police։ National Park Service։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-02-18-ին։ արտագրուած է՝ 2008-04-07 
  9. «Volunteer Mounted Search and Rescue Unit»։ Employment։ San Benito County Sheriff's Office։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-05-09-ին։ արտագրուած է՝ 2008-07-08 
  10. Brown, Kimberly S. (June 1, 2006)։ «At Work in Morocco»։ The Horse։ արտագրուած է՝ 2009-10-21։ (registration required (help))