Շիրակի Միջազգային Օդակայան

Շիրակի Միջազգային Օդակայանի Շէնքը

Շիրակի Միջազգային Օդակայան, միջազգային օդակայան մըն է, որ կը ծառայէ Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզերը, Հայաստանի մէջ: Օդակայանը կը գտնուի Գիւմրիի կեդրոնէն 5 քմ. հեռու: Անոր բացումը տեղի ունեցաւ 1961 թուականին, եւ կը նկատուի Հայաստանի երկրորդ ամէամեծ օդակայանը, առաջինը ըլլալով Զուարթնոց Միջազգային Օդակայան[1]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օդակայանին վերջակայանը հիմնուած է 1982 թուականին, ճարտարապետ՝ Լեւոն Քրիստոֆորեան եւ Ռուբէն Ասրտատեանի կողմէ: Սակայն, 1988-ի երկրաշարժէն ետք, օդակայանը դարձաւ ոչ-գործնական մինչ իր վերանորոգումը 2004 թուականին: 2006 թուականի սկիզբը, Հայաստանը կարիքը ունեցաւ երկրորդ օդակայանի երբ աննպաստ օդի պայմանները շատ մը թռիչքներ ստիպուեցան իրենց ընթացքը փոխել Զուարթնոցի Միջազգային Օդակայանէն դէպի Շիրազի Միջազգային Օդակայան: Ինչպէս նաեւ նոր ռատիոտեղակայանքեր զետեղուեցան 2006 թուականին որ կարելի դարձուցին ճանչնալու օդանաներ 400 քմ. շառաւիղ հեռու[1] :

26 Դեկտեմբեր, 2018 թուականին, Հրիփսիմէ Գրիգորեան, Զբօսաշրջիկութեան Կոմիտէին պետը, որ Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու Նախարարութեան բաժին մը է, հաստատեց թէ Եւրոպական քիչ ծախս ունեցող օդանաւի ընկերութիւնները պատրաստ են մուտք գործելու Հայաստանի շուկան: Ըստ Հրիփսիմէին, բանակցութիւններ տեղի ունեցան այս քիչ ծախս ունեցող օդանաւի ընկերութիւններուն հետ եւ այս ընկերութիւնները շուտով պիտի ունենան թռիչքներ Հայաստանի երկրոդ ամէնամեծ քաղաքին մէջ՝ Գիւմրի:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 «Շիրակ օդանավակայան - Zvartnots»։ www.zvartnots.aero։ արտագրուած է՝ 2019-10-17