Jump to content

Խաչքար

Խաչքար Գոշավանքի մէջ, փորագրուած 1291-ին Պօղոսին կողմէ
Նկարիչ Մարտիրոս Սարեանը (վարը, ձախ երկրորդը) Սանահինի մէջ 1902-ին
Երկու խաչքար, տեղափոխուած Ջուղայի գերեզմանոցէն, մինչեւ վերջինիս աւերումը Ազրպէյճանի կողմէն
Խաչքար՝ Սանահինի վանք, ~1050

Խաչքար, միջնադարեան հայ կերպարուեստի տեսակ, ճարտարապետական մանր կոթողային ձեւ, որու հիմնական բովանդակութիւնը կը կազմէ պատուանդանի (խարիսխի) վրայ կանգնած սալաձեւ խաչարձանը՝ ճակատը դէպի արեւմուտք ուղղուած:

Հակառակ անոր, որ հեռուէն անոնց պատկերը գրեթէ միշտ համաչափ կ'երեւի, սակայն մօտէն կարելի է նկատել, որ կողմերը իրարմէ կը տարբերուն։

Խաչքարը յաջորդած է խաչով աւարտող քառակող վաղ միջնադարեան կոթողներուն եւ թեւաւոր խաչերուն, որոնց մեծ մասը ոչնչացած է արաբական արշաւանքներուն ատեն։ Խաչքարը կը բովանդակէ քրիստոնէութեան հիմնական գաղափարը՝ Յիսուս Քրիստոսի փրկագործութիւնը։ Գլխաւոր տարրը խաչն է՝ իբրեւ Խաչեցեալին՝ Քրիստոսին, Կենաց ծառին, խոստացուած երկնային հոգեւոր դրախտին ու փրկութեան խորհուրդը. անիկա հայերուն համար փոխարինած է սրբապատկերները։ Դ.-Ե. դարերէն խաչքար կանգնեցուցած են ռազմական յաղթանակներն ու պատմական կարեւոր դէպքերը յաւերժացնելու համար կամ, իբրեւ ճարտարապետական զարդ, ագուցուած է եկեղեցիներու որմերուն։ Խաչքարը ծառայած է նաեւ իբրեւ տապանաքար՝ հանգուցեալին հոգիին փրկութեան համար, օրինակ՝ Նորատուսի, Սաղմոսավանքի, Հին Ջուղայի (1998-2006 թուականներուն հիմնովին աւերած են ազերուները) գերեզմանատուներու խաչքարերը։ Վերջիններս նաեւ պատմական վաւերագիրեր էին, որոնց արձանագրութիւնները կը բովանդակէին երկրին ներքին ու արտաքին կեանքին վերաբերող կարեւոր տեղեկութիւններ։ Խաչքարերու զգալի մասին վրայ պատուիրատուին անուան կողքին կամ առանձին կը յիշատակուի նաեւ պատրաստող վարպետին անունը. յիշարժան են Մխիթար Կազմողը (ԺԲ. դար), Մոմիկը, Պօղոսը (ԺԳ. դար), Քիրամ Կազմողը (ԺԶ.-ԺԷ. դարեր) եւ ուրիշներ։ Ժ.- ԺԳ. դարերուն ձեւաւորուած եւ ոճական առումով կատարելութեան հասած են խաչքարի արուեստի հիմնական տեսակները. կերտուած են ամբողջական քարերէն եւ դրուած պատուանդանին վրայ, ագուցուած կամ փորուած են եկեղեցիներու պատերուն, ժայռազանգուածներուն կանգնած են նաեւ խմբակային խաչքարեր։ Մեզի հասած ամենավաղ խաչքարերէն են Կատրանիտէ թագուհիին (879, Գառնի), Գրիգոր Ատրներսեհ իշխանին (881, Մեծ Մազրա) եւ ուրիշներու կանգնեցուցած խաչքարերը։ Միջնադարուն խաչքարերը երբեմն ներկած են կարմիր, աւելի հազուադէպ՝ սպիտակ եւ կապտաւուն։ Խաչքարերուն տեսակներէն են «Ս. Սարգիսը» (սիրահար զոյգերը «չար աչքէ» անխոցելի դարձնող), «Ցասման խաչերը» (բնութեան տարրերը սանձող) եւ այլն։ Որոշ նիւթեր եւ սրբապատկերային տարրեր կը պարունակեն «Ամենափրկիչ», «Դեիսուս» կամ «Բարեխօսութիւն», «Համբարձում», «Ծնունդ» եւ այլ տեսակներ։ Խաչքարի արուեստը խորհրդանշային է՝ ամբողջութեամբ տոգորուած փրկութեան խորհուրդով, անիկա ունի զուտ աստուածաբանական պաշտամունքային դեր ու նշանակութիւն։ Խաչքարի արուեստը վերածնած է վերջին տասնամեակներուն. բազմաթիւ քարգործ վարպետներ ու քանդակագործներ կը շարունակեն խաչքարեր կերտելու աւանդոյթները։

Վաղ շրջանի կոթողները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչքարերը հայ միջնադարեան մշակոյթի ինքնատիպութեան խորհրդանիշն են։ Ուղղաձիգ դիրքով առանձին կանգնած քարէ յուշակոթողներէն հնագոյնները մենհիրներն են, որոնք բաւական մեծ քանակութեամբ կը գտնուին Հայաստանի մէջ։ Անոնք ունեցած են պաշտամունքային նշանակութիւն։ Նոյն կարգի յուշարձաններ են նաեւ «վիշապ» կոչուող կերտուածքները։ Անոնք իրենց վրայ կը կրեն մշակման հետքեր՝ գաղափարագիրերու եւ քանդակներու ձեւով, ունին հսկայ ձկան տեսք եւ կը կապուին հայերու նախահայրերուն մօտ տարածուած ջուրի աստուածուհիին՝ Աստղիկի պաշտամունքին հետ։

Եթէ վերոյիշեալները տակաւին ուղղակիօրէն չեն առնչուիր խաչքարերու հետ, ապա ուրարտական կոթողները (Ք.ա. 8-7 դարերուն), որոնք բաղկացած են պատուանդանէն ու անոր վրայ կանգնած ուղղաձիգ քառակող սիւնէն կամ սալէն՝ սեպագիր արձանագրութեամբ, կրնան դիտուիլ իբրեւ խաչքարերու ծաւալա-տարածական յօրինուածքի նախօրինակներ։ Այսպիսի կոթողները շարունակած են կիրարկուիլ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին։ Անոնք տեղադրուած են ճամբաներուն, քաղաքներուն՝ ամենատարբեր առիթներով։ Անոնց մէկ մասը հասած է Դ.-Ե. դարեր։

Արագած լերան փէշերուն գտնուած են քառակող սիւնաձեւ կոթողներ, որոնք իրենց վրայ կը կրեն խաչի նշան։ Անոնք բաղկացած էին երկու մասէն՝ պատուանդանէն եւ ուղղաձիգ մարմինէն։

Վաղ քրիստոնէական շրջանին աւելի զարգացած օրինակները բաղկացած են երեք մասէ։ Այս պարագային արդէն աստիճանաձեւ հիմք, պատուանդան եւ ուղղաձիգ մարմին։

Քարէ խաչքարին համար նախօրինակ ծառայած են փայտեայ խաչերը, որոնք կը կանգնեցնէին յատկապէս քանդուած հեթանոսական մեհեաններուն տեղը։ Ըստ աւանդութեան, Հայաստանի մէջ փայտեայ խաչեր կանգնեցուցած են Սեւանայ կղզիին, Սանահինի, ինչպէս նաեւ հարեւան վրայստանի մէջ՝ Մցխեթի մօտ, Մծիրէ լերան վրայ, ուր եօթներորդ դարուն կառուցուած է Ջվարի (որ վրայցերէն կը նշանակէ խաչ) եկեղեցին։ Փայտակերտ խաչը քարէ խաչով փոխարինելու վաղագոյն փորձերը կը վերաբերուն Դ.-Է. դարերուն։ Անոնք ներկայացուած են Դուինի պեղումներու ատեն գտնուածներով։ Սերելով փայտակերտ խաչերէն՝ «թեւաւոր խաչերը» միաժամանակ հիմք ծառայած են հայկական նոր եւ ինքնատիպ արուեստի կազմաւորման համար։ Այսպիսի թեւավոր խաչեր գտնուած են Դուինի պեղումներու ատեն[1]։

Խաչքարերու հիմնական տեսակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խաչքարերու պատ Կեչառիսի վանքային համալիրին մէջ
Երկու ամենամեծ խաչքարերը Ս․Յովհաննէս եկեղեցւոյ մօտ:

ԺԱ.-ԺԳ. դարերուն կ'աւարտի խաչքարային յօրինուածքի եւ ոճական առանձնայատկութիւններու զարգացումը։ Եւ արդէն իսկ տիպականօրէն ձեւաւորուած խաչքարերը «Հայաստանի միջնադարեան կոթողային յուշարձանները։ Թ.-ԺԳ. դարերու խաչքարերը»[2] գիրքի հեղինակները կը բաժնեն հետեւեալ խումբերուն․

  1. Միակտուր քարերէն կերտուած խաչքարեր, որոնք իրենց ստորին մասով կ'ամրացուին գետնին, գլխաւորաբար կ'ունենան ուղղանկիւն գագաթ, երբեմն նաեւ կը հանդիպինք կամարաձեւ գագաթի, վերը՝ քիչ մը աւելի լայն, հիմքը համեմատաբար աւելի նեղ։
  2. ԺԱ. դարէն սկսեալ խաչքարերը կը սկսին կանգնիլ ոչ միայն միակտուր, այլեւ աստիճանաձեւ պատուանդանի մը վրայ։
  3. ԺԱ. դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ երեւան կու գան ճարտարապետական աւելի բարդ ու համեմատաբար մեծ չափերու օրինակներ, այսպէս կոչուած որմնափակ խաչքարերը, որոնք սովորաբար կ'ունենան սովորական խաչքարի ձեւերը, սակայն ամբողջովին կ'ըլլան սրբատաշ քարով եւ կրաշաղախով շարուած մեծ ճարտարապետական յօրինուածքի մէջ։ Վերջինս իր մէջ կ'ընդգրկէ մէկ կամ աւելի խաչքար եւ կ'ունենայ երկթեք կամ միաթեք ծածկ։ Որմնափակ խաչքարերը երբեմն զետեղուած են նաեւ յուշարձաններու պատերու մէջ։ Յատկապէս լայն տարածում կը գտնեն ԺԱ.-ԺԴ. դարերուն, իսկ արդէն ԺԴ. դարէն սկսեալ անոնց շինարարութիւնը գրեթէ կը դադրի։
  4. ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն կը յառաջանան դարաւանդով խաչքարերը, իսկ երբեմն ալ դարաւանդը կը պատրաստուէր առանձին քարէն եւ կ'ամրանար խաչքարին վրայ երկաթէ գամերու օգնութեամբ։ Շատ յաճախ դարաւանդները կ'ամրանային խաչքարին անոր գագաթին եղած յատուկ ցցուած մասերու օգնութեամբ։ Քարերու միացման այս երկու ձեւերն ալ Հայաստանի մէջ յայտնի էին հին ժամանակաշրջանէն։ Դարաւանդին վրայ յաճախ տարբեր բնոյթի փորագրութիւններ կ'ըլլային՝ բուսազարդեր, պատկերաքանդակներ, կենցաղային գեղեցիկ դրուագներ եւ այլն։
  5. ԺԲ. դարէն սկսեալ հանդէս եկած են խմբական խաչքարերը։ Անոնք երբեմն կը կանգնեցնէին մէկ ընդհանուր կամ կողք-կողքի դրուած պատուանդաններու վրայ։ Երբեմն խաչքարերը կանգնեցուցած են հանգուցեալներու յիշատակին խումբ մը մարդոց կողմէ (Հաւուց Թառ, Կեչառիս, Հադրութ, Մարց եւ այլուր)[3]։
  6. Բնական ժայռաբեկորներէն կերտուած եւ երբեմն ալ աւելի մեծ ժայռերու վրայ քանդակուած խաչքարերու օրինակներու կը հանդիպինք Փառիտոսի, Արուճի, Ն. Թալինի, Վայոց ձորի, Վարդենիսի շրջանին, Գեղարդի, Գառնիի եւ այլ վայրերու մէջ սկսած ԺԱ. դարէն մինչեւ ուշ միջնադար։
  7. Խաչքարային յուշարձաններէն յատուկ են «Ամենափրկիչ» խաչքարերը, որոնց վրայ սովորաբար նկարագրուած են Քրիստոսի խաչելութիւնը, որու համար ալ այս խաչքարերուն տրուած է ամենափրկիչ պայմանական անունը։ Կան արձանագրութեամբ «Ամենափրկիչ» կոչուած խաչքարեր, որոնց վրայ խաչելութեան տեսարան չկայ։ Այդպիսիք են օրինակ Սանահինի 1161, 1125 եւ Վանեվանի 1285-ի թուակիր խաչքարերը։ Ինչպէս կը նշէ «Հայաստանի միջնադարեան կոթողային յուշարձանները Թ.-ԺԳ. դարերու խաչքարերը» գիրքին հեղինակը, «Ամենափրկիչը» խաչքարերուն կառուցողներու տուած լոկ սովորական անուն է, այդ իսկ պատճառով ճիշդ կ'ըլլար պարզապէս «խաչելութեան խաչքարեր» անուանել։ Շատ յաճախ այս տիպի խաչքարերուն կ'ուղեկցին լուսնի եւ արեգակի պատկերներ:
  8. Միջնադարուն սովորութիւն եղած է խաչքարերը ներկել կարմիր գոյնով։ Երբ քարերը շատ ծակոտիներ կ'ունենային, անոնց մակերեսը նախապէս կրաշաղախի բարակ շերտով մը կը ծեփէին, ապա կը ներկէին։ Խաչքարերը ներկելու սովորութիւնը հինէն կու գայ։ Կարմիր գոյնով ներկուած են Թալինի Ը.-Ժ. դարերու քանի մը խաչքարեր, Կողբի երկու որմնափակ խաչքարերը (ԺԲ.-ԺԳ.), Յովհաննավանքի գաւիթին ներսը դրուած շարք մը խաչքարեր, Հռիփսիմէ տաճարին բակը դրուած ԺԶ.-Ժէ. դարերու խաչքարերը եւ այլն։ Կը կարծուի, որ երբեմն խաչքարերը ներկուած են բազմագոյն ներկով. անոր ապացոյցը Հաղբատի վանքի Ամենափրկիչ խաչքարն է (1273), առայժմ միակը իր տեսակին մէջ[4]։

Միջնադարեան խաչքարեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Լ. Ազարեան, «Հայկական խաչքարեր», ալպոմ, «Էրեբունի» հրատարակչութիւն, 1973
  2. Հայաստանի միջնադարեան կոթողային յուշարձանները։ Թ.-ԺԳ. դարերու խաչքարերը։[permanent dead link] Խմբագիր՝ Բաբգէն Առաքելեան, ՀՍՍՀ ԳԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ, 1984 թ․
  3. Հայաստանի միջնադարյան կոթողային հուշարձանները։ Թ.-ԺԳ. դարերու խաչքարերը։[permanent dead link] Խմբագիր՝ Բաբգէն Առաքելեան, ՀՍՍՀ ԳԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ, 1984 թ․, էջ 29
  4. Հայաստանի միջնադարեան կոթողային յուշարձանները։ Թ.-ԺԳ. դարերու խաչքարերը։[permanent dead link] Խմբագիր՝ Բաբգէն Առաքելեան, ՀՍՍՀ ԳԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտ, 1984 թ․, էջ 28-29