Jump to content

Գում Գաբուի Ցոյցը

Գում Գաբուի ցոյցը տեղի կ'ունենայ 1890 Յուլիս 15-ին, Կ․ Պոլսոյ մէջ։ Ցոյցին կազմակերպիչն է Հնչակեան Կուսակցութիւնը։

Տեղի ունեցած է Կոստանդնուպոլսոյ Գում Գաբու թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուէր Կոստանդնուպոլսոյ Մայր Եկեղեցին եւ Հայոց Պատրիարքարանը։ Կազմակերպած են հնչակեանները՝ 1890 թուականի Յուլիսի 15-ի Կիրակի օրը՝ Գուրպան Պայրամի առաջին օրը, Եւրոպական պետութիւններու ուշադրութիւնը Հայկական Հարցին վրայ հրաւիրելու եւ Պերլինի դաշնագրի 61-րդ յօդուածը իրագործել տալու նպատակով։ Ցոյցի ղեկավարներէն էին Ռուբէն Խանազատը, Գաբրիէլ Գաֆեանը, Յարութիւն Ճանկիւլեանը, Մեծն Մուրատը (Համբարձում Պոյաճեան) եւ ուրիշներ[1]։

1890 թուականի Յունիսին Կարինի մէջ բախում մը տեղի ունեցաւ հնչակեաններուն եւ թրքական ոստիկանութեան միջեւ, որուն ընթացքին սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան քսանէ աւելի հայեր։

Այս դէպքերը արձագանգ գտան ինչպէս արեւմտահայութեան, այնպէս ալ արեւելահայութեան մէջ։ Գնահատուելով իբրեւ իր ազատութեան համար ոտքի ելած բողոքի արդարացի պոռթկում, Կարինի ցոյցը ոգեշնչման աղբիւր հանդիսացաւ հայ մշակոյթի բազմաթիւ ներկայացուցիչներու ու ժողովրդական գուսաններու ստեղծագործութիւններուն մէջ։

Համոզուելով, որ թրքական բռնապետութեան դէմ միայնակ հանդէս գալն ու յաղթանակի հասնիլը մեծ դժուարութիւններու հետ կապուած է, հայ ազատագրական շարժման գործիչները ժողովուրդի պայքարի ու յաղթանակի հեռանկարները կը կապէին մեծ տէրութիւններու օգնութեան հետ։ Այս մտայնութեամբ ալ Կարինի դէպքերէն անմիջապէս ետք, անոնք ձեռնարկեցին ցոյցերու ու բողոքագրերու կազմակերպման։ Հնչակեանները որոշեցին իբրեւ բողոք Կարինի մէջ կատարուած խուզարկութիւններուն ու խժդժութեան, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ տարուող մշտական հալածանքներու քաղաքականութեան դէմ խաղաղ ցոյց կազմակերպել Կ. Պոլսոյ մէջ։ Անոնք նպատակ ունէին այդ ձեւով նաեւ բարձրացնել գաւառահայութեան հոգեկան կորովը եւ հայերու հարստահարութեան նկատմամբ անտարբերութիւն ցուցաբերող մեծ տէրութիւններու ուշադրութիւնը նորէն սեւեռել Հայկական Հարցին վրայ։

Սկսաւ ցոյցի տենդագին նախապատրաստութիւնը։ Հնչակեան գործիչներ Ռ. Խանազատն ու Գ. Գաֆեանը (Շմաւոն) կը շրջէին Կ. Պոլսոյ մէջ ցրուած բազմաթիւ իջեւանատուները, կ'ոգեւորէին հայրենակցական խումբերով հոն հանգրուանած գաւառցի հայ պանդուխտները, անոնց կը բացատրէին ցոյցի նշանակութիւնը։

Նախապէս կատարուած ժողով-խորհրդակցութեան հիման վրայ որոշուած էր ցոյցի օրն ու վայրը։ Քննարկման կարեւոր հարց էր նաեւ, թէ ո՞վ պիտի կարդայ ուղերձը, քանի որ յստակ էր, որ ուղերձ կարդացողը մահապատիժի պիտի ենթարկուէր։ Յարութիւն Ճանկիւլեանը քիչ մը մտածելէ ետք առաջարկեց իր թեկնածութիւնը, որ միաձայն ընդունուեցաւ։

Յուլիսի 15-ին եկեղեցւոյ մէջ՝ կիրակնօրեայ պատարագի համար հաւաքուած էր հոծ բազմութիւն։ Յանկարծակի կ'ընդհատուի ժամասացութիւնը եւ հնչակեան գործիչ Հ. Ճանկիւլեանը կը կարդայ հնչակեաններու կազմած կոչ-ուղերձը, որ պատրիարքը անմիջապէս պէտք է ներկայացնէր սուլթանին։ Ապա ցուցարարները կը մտնեն պատրիարքարանի շէնքը։ Հ. Ճանկիւլեանը պատէն կը պոկէ եւ կը պատռէ Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի նկարը եւ Օսմանեան պետական զինանշանները։

Ցուցարարները Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Խորէն Աշըգեանը հարկադրեցին ընկերակցելու իրենց եւ Գում Գաբուի թաղամասէն (ուր կը գտնուէր Հայոց պատրիարքարանը) շարժեցան դէպի սուլթանի պալատը՝ Հայկական բարենորոգումներու մասին պահանջագիր ներկայացնելու, ինչպէս նաեւ Հայկական վիլայէթներուն մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւններուն դէմ բողոքելու համար։ Ոստիկանական զօրքերու եւ ցոյցի մասնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցաւ ընդհարում, որուն ընթացքին երկու կողմերէն եղան սպաննուածներ եւ վիրաւորներ։

Հ. Ճանկիւլեանը կը ձերբակալուի եւ կը դատապարտուի մահուան, բայց այս պատիժը յետագային կը փոխարինուի ցմահ բանտարկութեամբ։ Կը ձերբակալուին եւ կը դատապարտուին նաեւ այլ գործիչներ, Կոստանդնուպոլիսէն Երուսաղէմ կ'աքսորուի Մկրտիչ Խրիմեանը։ Եռանդուն ցուցարարներէն մէկը՝ ռուսահպատակ Յակոբ Վարդ-Պատրիկեանը, որ դատարանին մէջ հանդէս եկաւ Օսմանեան վարչակարգի մերկացումով եւ պաշտպանեց Հայ ժողովուրդի արդարացի պահանջները, յանձնուեցաւ Ռուսական իշխանութիւններուն։

Թրքական կառավարութիւնը կատարուած դէպքերէն ետք զօրք կը տեղակայէ Առաջնորդարանի շրջակայքը, որմէ ետք իրավիճակը որոշ չափով կը կայունանայ, բայց թրքական կառավարութիւնը առիթը բաց չձգեր եւ Գում-Գաբուի ցոյցը գործածեց արեւմտահայերու հալածանքները ուժեղացնելու եւ ցեղասպանութեան իր քաղաքականութիւնը արդարացնելու համար։

Այդ օրերուն Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանը յատկանշական կը համարէ յատկապէս այն փաստը, որ թրքական ուժերու կողմէ Կոստանդնուպոլիսը գրաւելէն ետք (1453 թ.) ասիկա առաջին դէպքն էր, երբ մայրաքաղաքին մէջ քրիստոնեաները կը համարձակէին դիմադրել զինուորականներուն։

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. (հայերեն) Գում Գափուի ցույց (1890), 2024-04-10, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D5%B8%D6%82%D5%B4_%D4%B3%D5%A1%D6%83%D5%B8%D6%82%D5%AB_%D6%81%D5%B8%D6%82%D5%B5%D6%81_(1890)&oldid=9798946, վերցված է 2025-12-11
  2. (հայերեն) Գում Գափուի ցույց (1890), 2024-04-10, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D5%B8%D6%82%D5%B4_%D4%B3%D5%A1%D6%83%D5%B8%D6%82%D5%AB_%D6%81%D5%B8%D6%82%D5%B5%D6%81_(1890)&oldid=9798946, վերցված է 2025-12-11