Jump to content

Շաւարշ Քրիսեան

Շաւարշ Քրիսեան
Ծնած է 22 Յուլիս 1886(1886-07-22)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 15 Օգոստոս 1915(1915-08-15) (29 տարեկանին)
Մահուան վայր Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճ
Ժանսոն-դը-Սայի լիցեյ?
Մասնագիտութիւն լրագրող, գրագէտ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Մարմնամարզ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Շաւարշ Քրիսեան (22 Յուլիս 1886(1886-07-22), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 15 Օգոստոս 1915(1915-08-15), Այաշ, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]) մարզիկ, գրագէտ, հանրային գործիչ, դաստիարակ եւ խմբագիր։

Կեսագրական գիծեր եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պէշիկթաշ, Պոլիս: Նախնական կրթութիւնը ստացած է նոյն թաղի Մաքրուհեան երկսեռ վարժարանէն։ 1897 Սեպտեմբեր 6-ին, եղբայրը զինք ուղարկած է Պարտիզակ՝ Ամերիկեան Բարձրագոյն Վարժարան, իբրեւ գիշերօթիկ[2]: Հոնկէ փոխադրուած է Ռոպէրթ քոլէճ (Պոլիս)։ Քրիսեան Յակոբեանի միջոցով յարաբերութեան մէջ մտած է Փարիզի Լիսէ Ժանսոնի անուանի վարիչ փրոֆ. Տեպոնէի հետ, թղթակցութեամբ հետեւելով մարմնակրթանքի անոր դասերուն:

1906-ին անցնելով Փարիզ յաճախած է մարմնամարզական վարժարան, Լիսէ Ժանսոն ապա Լոնտոն աշակերտելով Սանտովի եւ վկայուելով։

1909-ին վերադարձած է Պոլիս։ Պոլսոյ զանազան վարժարաններու ստանձնած է մարզանքի ուսուցչութեան պաշտօններ․ միաժամանակ, մասնաւոր դասեր ստանձնելէ զատ՝ կազմած է մարմնամարզական ակումբներ զանազան արուարձաններու մէջ։

1911-1914 ձեռնարկած եւ հրատարակած է «Մարմնամարզ» պատկերազարտ ամսաթերթը։ Յովհաննէս Հինթլեանի հետ հրատարակած է նաեւ «Պոյ-Սքաութ»ը

1914-ին, Ա. Աշխարհամարտին, իբրեւ կամաւոր մաս կազմած է ֆրանսական բանակին։

Ան եղած է 1915 Ապրիլ 24-ի առաջին ձերբակալուողներէն: Արամ Անտոնեան երբ առաջնորդուած է Պոլսոյ Կեդրոնական բանտ, յիշատակած է Շաւարշ Քրիսեանի անունը՝ Ակնունիի, Սիամանթոյի, Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ այլոց կողքին:

Բազմաթիւ մտաւորականներու հետ ան եւս աքսորուած եւ Այնաշի մէջ նահատակուած է։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]