Jump to content

Հայ Բժշկութեան Թանգարան

Հայ Բժշկութեան Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան
Տեղագրութիւն Երեւան
Հասցէ Երևան, Արշակունյաց պողոտա 44/1, մուտք 4, հարկ 4, բնակարան 43 եւ Yerevan, Arshakunyats Avenue, 44/1, entrance 4, floor 4, apart. 43
Հիմնադրուած է 1999
Տնօրէն Հարություն Մինասյան?
40°09′00″N 44°29′49″E / 40.150047°N 44.496979°E / 40.150047; 44.496979
Կայքէջ medicalmuseum.am(հայ.)
Քարտէս
Քարտէս

Հայ բժշկութեան թանգարան (Յարութիւն Մինասեանի անհատական հաւաքածոյ), Հայ բժշկութեան թանգարան Երեւանի մէջ, բացուած է 18 Մայիս 1999-ին։

1999-ին թանգարանը գրանցուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան մասնաւոր թանգարաններու ցուցակին մէջ եւ Ռիկայի Փաուլ Ստրադինի անուան բժշկութեան պատմութեան թանգարան-ինստիտուտին մէջ։

Թանգարանի նպատակն է հաւաքել, պահպանել, ցուցադրել եւ սերունդներուն փոխանցել հայ ժողովուրդի դարաւոր բժշկական մշակութային ժառանգութիւնը հանդիսացող նիւթական եւ հոգեւոր արժէքները, ինչպէս նաեւ հայ բժշկութեան բազմադարեայ հարուստ աւանդոյթները տարածել Հայաստանի բնակչութեան, Սփիւռքի հայութեան եւ օտարերկրացիներու շրջանին մէջ[1]։

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են Յարութիւն Մինասեանի հաւաքածոյի շուրջ 30 000 ցուցանմուշներէն ընդամէնը 10000։ Ցուցադրութիւնը կարելի է պայմանականօրէն բաժնել քանի մը բաժիններու՝

  • պեղածո-հնագիտական
  • երկրագիտական-ազգագրական
  • կենցաղային
  • բժշկութեան հետ առնչուող նիւթեր
  • բուն բժշկական նիւթեր
  • գրադարան
  • արխիւ
  • նկարներու արխիւ

Թանգարանին մէջ ցուցադրուած են պղինձէ, կաւէ, յախճապակեայ, ապակեայ ամաններ, կուժեր, սափորներ, սկահակներ, սրուակներ, մետաղեայ, փայտէ իրեր, պրոնզէ, քարէ, փայտէ հաւանգներ, բժշկական գործիքներ եւ սարքեր, երաժշտական գործիքներ, գիրքեր, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, կահոյք, կահկարասի, պեղածոյ նիւթեր, օրինակ՝ մարդկային մասունքներ եւ այլն։ Թանգարանի արժէքաւոր ցուցանմուշներէն են Մեծամօրէն բերուած 5000-ամեայ սափորը, Գորիսէն բերուած կաւէ սրուակները, Արտաշատի Ջրահովիտ գիւղի պեղումներէն յայտնաբերուած մարդու 5000-ամեայ կմախքը՝ գանգոսկորի ախտաբանութեամբ, 100-200 տարի առաջ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ տպագրուած հայկական բժշկական գիրքեր՝ Պետրոս Քալանթարեանի 1793-ին Նոր Նախիջեւանի մէջ տպագրուած «Բժշկարան յամառօտ» գիրքը, Մխիթար Հերացիի՝ 12-րդ դարուն գրուած եւ 1832-ին Վենետիկի մէջ տպագրուած «Ջերմանց մխիթարութիւն» գիրքը, հայ, ռուս եւ օտարազգի անուանի բժիշկներու գիրքեր, յաճախ ինքնագրերով, ընծայագրերով, մակագրութիւններով ու անձնական կնիքներով կնքուած հրատարակութիւններ, 19-20-րդ դարերու նշանաւոր բժիշկներու ձեռագիր գիրքեր եւ ուսանողական տետրեր, աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէվ հրատարակուած 100-150 տարուան հնութեան հայկական բժշկական պարբերականներ, հայ բժիշկներու լուսանկարներ ու փաստաթուղթեր, Երեւանի բժշկական ինստիտուտի առաջին եւ յետագայ տարիներու շրջանաւարտներու խմբանկարներ, սփիւռքահայ բժիշկներուն վերաբերող նիւթեր, հարիւրաւոր հայ բժիշկներու կենսագրական նիւթեր եւ այլն։ Այստեղ կարելի է տեսնել հայ բժիշկներուն պատկանած կահոյք, անձնական եւ կենցաղային իրեր՝ գրասեղաններ, գրապահարաններ, փայտէ սառնարան, աթոռներ, սնտուկներ, կարասներ, երկանքներ, գուռ, քանդակներ, գեղանկարներ, խորհրդային եւ արտասահմանեան արտադրութեան պատեֆոններ, ռատիոընդունիչներ, հեռուստացոյց, հեռախօսներ, ժամացոյցներ, գիւղատնտեսական եւ խոհանոցային պարագաներ եւ այլն[2]։

Հայ բժշկութեան թանգարանի նոր հասցէն. Երեւան, Շենգաւիթ, Արշակունեաց պող. տ. 44/1, մուտք 4, բն. 43: Հեռ. 093-30-92-37: Մուտքը անվճար է: Անհրաժեշտ է նախօրօք զանգահարել ու պայմանաւորուել օրն ու ժամը:

Նախապէս տեղակայուած էր Երեւանի Հրաչեայ Քոչարի 21 հասցէին` «Նոր Արաբկիր» առողջութեան կեդրոնի 6-րդ յարկի 608 սենեակին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայ բժշկութեան թանգարանին նոր տարածք է անհրաժեշտ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-04-01-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-18 
  2. Բժշկութեան թանգարանի համար 15 տարի է չի գտնուիր, ոչ փող, ոչ տարածք. Յարութիւն Մինասեանը կը դիմէ աշխարհի հայ բժիշկներուն

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]