Ճարտարապետութիւն

Ճարտարապետութիւն (լատիներէն architectura), շէնքեր, կառոյցներ, ինչպէս եւ ատոնց համակարգով մարդու կեանքի ու գործունէութեան համար գեղեցիկի օրէնքներով ու յարմարաւէտ տարածական միջավայր ստեղծելու արուեստ։ Անոր գեղարուեստական կերպարները նշանակալի դեր կը խաղան հանրութեան հոգեւոր կեանքին մէջ։[1]
Ճարտարապետութեան մէջ գեղարուեստական կերպարի ստեղծման հիմնական միջոցները տարածութեան ձեւաւորումն ու կառուցման արուեստն են։[2]
Յատկապէս կարեւոր են կառոյցի բաղադրամասերուն եւ ամբողջական համամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ ճարտարապետական յօրինուածքը՝ գործառական եւ կառուցային պահանջներուն համապատասխան ձեւերու ամբողջական գեղարուեստաարտայայտչական համակարգը։[3]
Ճարտարապետութիւնը Նախնադարեան Ժամանակներուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճարտարապետական հնագոյն կառոյցներ՝ կացարաններ եւ արհեստական բնակատեղիներ, ստեղծուած են նախնադարուն։ Մեկալիթեան կառոյցները (մեծածաւալ քարերով կերտուած պաշտամունքային կառոյցներ՝ մենհիրներ, տոլմեններ, կրոմլեխներ) քարերու ուղղաձիգ եւ հորիզոնական համադրութիւններն են (Սթոնհենճի կրոմլեխը՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ)։

Պետութիւններու կազմաւորման զուգընթաց, երեւան եկած են քաղաքատիպ բնակավայրերը, կառուցուած են ոռոգման համակարգեր եւ Աստուծոյ ու աստուածացուած տիրակալներու հզօրութիւնը խորհրդանշող կառոյցներ (Եգիպտոսի մէջ՝ Կիզայի բուրգերը, Կառնակի եւ Լուքսորի տաճարները, Ասորեստանի եւ Բաբելոնի զիկկուրատները (պաշտամունքային բրգաձեւ շինութիւն), Հին Իրանի պալատները եւ այլն)։

Հին Յունաստանի մէջ ստեղծուած է քաղաքապետութիւններու (պոլիս) համակարգ։ Տաճարը քաղաքի պաշտամունքային եւ ճարտարապետական յօրինուածքի կեդրոնն էր, որ կը կառուցուէր աքրոփոլիսի (միջնաբերդ) բարձունքին։ Դասական տաճարի կատարելութեան տիպ է պերիպտերը (սիւներով եզերուած կառոյց), օրինակ՝ Աթէնքի Պարթենոնը։ Հին Հռոմի մէջ յատկանշական են հանրապետութեան (հետագային՝ կայսրութեան) հզօրութիւնը խորհրդանշող կառոյցները, կիրարկուած են կամարային եւ թաղային կառուցուածքները (շինութիւն, Պանթէոն տաճարը)։[4]
Ճարտարապետութիւնը Վերածննդեան Դարաշրջանին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ճարտարապետութիւնը բարձր մակարդակի հասած է Վերածննդեան դարաշրջանին, սկզբնաւորուած է ԺԵ. դարուն, Իտալիոյ Թոսքանա մարզի քաղաքներուն մէջ (Ֆլորանս, Փիզա, Լիւոռնօ, Քառարա) եւ զարգացած է ԺԵ.- ԺԶ. դարերուն՝ արեւմտեան ու կեդրոնական Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ (Ֆրանսա, Հոլանտա, Գերմանիա, Անգլիա, Սպանիա)։
ԺԹ. դարու Բ. կիսուն Եւրոպայի ու ԱՄՆ-ու մէջ իշխող դասակարգերու ամրապնդմամբ եւ արդիւնաբերութեան զարգացումով պայմանաւորուած էին քաղաքներու արագ աճը, արտադրութեան նոր տեսակներու, առեւտրական, փոխադրութեան եւ այլ կառոյցներու երեւան գալը։

ԺԹ. դարու վերջին եւ Ի. դարու սկիզբին, ճարտարապետութեան մէջ նկատելի են տարբեր ոճերու համադրումը (էկլեկտիկա) եւ նոր ուղղութիւններու՝ արդիական, մեկնիչ, նոր դասականութիւն եւ այլն յառաջացումը։
Ճարտարապետութիւնը Նոր Ժամանակներուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր ժամանակներու ճարտարապետութեան մէջ գեղարուեստական-յօրինուածքային խնդիրները դարձած են առաւել կարեւոր եւ վճռորոշ, իսկ շինարարական ձեւի զարգացումն ու կատարելագործումը (շարժական ծածկեր, երկակի կորութեան թաղեր եւ այլն) նոր հնարաւորութիւններ բացած են համարձակ մտայղացումներ իրագործելու համար։
Ժամանակակից ճարտարապետութիւնը կը բնութագրուի զարգացման ուղղութիւններու բազմազանութեամբ, առանձին շէնքերու փոխարէն կ'իշխեն քաղաքաշինական կազմաւորումները, կը դառնան աւելի յարմարաւէտ եւ յուսալի, կը շեշտուին կառոյցներու ու համալիրներու արտաքին տեսքը՝ վերասլաց են, աստիճանաձեւ, յաճախ ոչ ուղղաձիգ ծաւալներով ու ձեւերով, քաղաքաշինական համալիր խնդիրներու ամբողջական եւ աւարտուն լուծումներով։
Նոր ժամանակներու ճանչցուած ճարտարապետներ Լը Քորպիւզէն, Ֆրանք Լլոյտ Ռայթը, Միս Վան տեր Ռոէն, Վալտեր Կրոպիուսը, Օսքար Նիմեյերը, Քենձօ Թանկը, Ալուար Աալտօն, Էրօ Սաարինէնը, Լուիս Քանը, Ժորժ Կանտիլիսը եւ ուրիշներ ստեղծած են ճարտարապետական արժէքներ, որոնք մեծապէս նպաստած են մշակութային յառաջընթացին։
Հայկական ճարտարապետութեան բնորոշ են զարգացման բարձր մակարդակը, գեղարուեստական հարուստ աւանդոյթները եւ յատկապէս ազգային ինքնատիպութիւնը, որ բացի բնական պայմաններէն, կացութաձեւէն եւ ժողովրդական ակունքներէն, պայմանաւորուած է նաեւ տեղական շինանիւթերու, յատկապէս տուֆի բազմազանութեամբ ու գեղարուեստաֆիզիքական յատկանիշներով։
Ճարտարապետութիւնը Հայաստանի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական ճարտարապետութեան հնագոյն փուլը կ'ընդգրկէ ք. ա. 4-րդ եւ Առաջին հազարամեակները, պահպանուած են քարէ դարեան անձաւներ, պղինձէ դարեան եւ պրոնզէ դարեան բնակատեղիներ, դամբարանադաշտեր, մեկալիթեան կառոյցներ եւ ժայռափորագրութիւններ։
Հին փուլը կ'ընդգրկէ կազմաւորուած հայկական պետականութեան ժամանակաշրջանի՝ ք. ա. 4-րդ եւ 3-րդ դարերու՝ ստրկատիրական կացութաձեւի ճարտարապետութիւնը։ Այդ ժամանակաշրջանը կը կարեւորուի յատկապէս հայկական մշակոյթի եւ հայկական լեռնաշխարհին մէջ բնակող այլ ցեղերու մշակոյթներու փոխառնչութեամբ։ Այս փուլի հիմնական պաշտամունքային կառոյցները հեթանոսական մեհեաններն ու տաճարներն էին, որոնց տեղերը յետագային կառուցուեցան քրիստոնէական վաղ շրջանի շինութիւններու զգալի մասը։
Վաղ միջնադարը (Դ.-Է. դարեր) հիմնականօրէն հայկական կոթողական ճարտարապետութեան ազգային նկարագիրի ձեւաւորման (Դ.-Ե. դարեր) եւ հասունութեան ու կատարելութեան (Զ.- Է. դարեր) շրջաններն են։

Զարգացած միջնադարեան փուլը, ըստ ընդունուած պարբերացման, կ'ընդգրկէ Թ. դարու վերջէն մինչեւ ԺԵ. դարը՝ Թ. - ԺԱ. եւ ԺԲ.-ԺԴ. դարերու ենթափուլերով։
Թ.- ԺԱ. դարերուն զարգացման բարձր մակարդակի հասած է քաղաքաշինութիւնը (Անի, Դուին, Կարս, Վան եւ այլն), ստեղծուած են վանական համալիրներ (Տաթեւ, Սեւան, Գնդեվանք, Հոռոմոս, Խծկոնք, Հաղբատ, Սանահին եւ այլն)։
ԺԲ.-ԺԴ. դարերուն ընդլայնուած են համալիրները, ստեղծուած են նորերը, կատարելագործուած է քաղաքաշինական արուեստը, հարստացած են արտայայտչամիջոցները, շինարարական-կառուցուածքային հնարքները, կարեւորուած է աշխարհիկ շէնքերու (գրատուն, սեղանատուն, հիւրանոց-կարաւանատուն), ճարտարագիտական եւ պաշտպանական կառոյցներու շինարարութիւնը, կազմաւորուած են ճարտարապետական դպրոցներ Սիւնիքի, Վասպուրականի, Գուգարքի, Արցախի մէջ եւ այլուր։
Միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան վերջին փուլը կ'ընդգրկէ ԺԷ.- ԺԸ. դարերը:
Երեւան եկած են նոր յատկանիշներ քաղաքաշինութեան եւ բնակարանային ճարտարապետութեան ոլորտներուն մէջ, մասամբ պակսած են կառոյցներու կոթողը, գեղարուեստական արտայայտչականութիւնը։
Նոր փուլի (ԺԹ. դարէն մինչեւ Ի. դարու առաջին երկու տասնամեակներ) ճարտարապետութեան բնորոշ են մերձեցումը ռուսական մշակոյթին եւ քաղաքաշինութեան (Երեւան, Գիւմրի, Գորիս, Նոր Պայազիտ եւ այլն) զարգացումը՝ դասականութեան ու կանոնաւոր յատակագծման սկզբունքներու կիրարկումով։ Եթէ միջնադարեան ճարտարապետութեան նախորդ փուլերուն բնակավայրի դիմագիծը բնորոշողը պաշտամունքային կառոյցներու ճարտարապետութիւնն էր, ապա նոր փուլին մէջ առաջնային դարձած են քաղաքաշինութիւնը եւ ժողովրդական տան ճարտարապետութիւնը։
Նորագոյն փուլը խորհրդահայ ճարտարապետութեան շրջանն է՝ 1920-1990 թուականներ, երբ գիւղական եւ քաղաքային բնակավայրերուն մէջ ծաւալած է զանգուածային բնակարանաշինութիւն, կառուցուած են ուսումնական, մշակութային, կենցաղային սպասարկման առարկաներ, հաղորդակցուղիներ (հաղորդակցութիւն) եւ ենթակառուցուածքներ, բարելաւուած են բնակավայրերու պայմանները, կարեւորուած են բնապահպանական խնդիրները։
Արդի փուլի (1990-ական թուականներու սկիզբէն)՝ Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան ճարտարապետութեան բնորոշ են որոշակի որակական փոփոխութիւնները, տիպային եւ նորմատիւային պահանջներու մեղմացումը, նոր շինանիւթերու, կառուցուածքներու ու արհեստագիտութիւններու կիրարկումը, ճարտարապետական ազգային աւանդոյթներու եւ համաշխարհային փորձի զուգադրումը։
Հայկական ճարտարապետութիւնը խարիսխուած է ազգային մշակոյթի հարուստ աւանդոյթներու վրայ։ Կարեւոր են նաեւ այլ ժողովուրդներու հետ մշակութային շփումներն ու փոխազդեցութիւնները։ Հայրենի (Թորոս Թորամանեան եւ ուրիշներ) եւ օտար (Տիւպուա, Շառլ Տիհլ, Եոզեֆ Ստրժիգովսկի, Նիկողայոս Մառ եւ ուրիշներ) հեղինակներէն շատերը նշած են հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը արեւմտեան Եւրոպայի ճարտարապետութեան վրայ։ Հայկականն ալ իր հերթին ազդեցութիւն կրած է այլ երկիրներու ճարտարապետութենէն, ինչպէս ք. ա. 3-րդ դարուն՝ հայկական հելլենիզմի շրջանին՝ Հին Յունաստանի ճարտարապետութենէն: Լաւագոյն օրինակը յունա-հռոմէական պերիպտեր տիպի Գառնիի տաճարն է (Ա. դար)։

Հայկական ճարտարապետութեան յուշարձաններէն Զուարթնոցը, Գեղարդավանքը, Հաղբատը, Սանահինը, Նորավանքը ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային «Արժէքներու ցանկին մէջ»։
Պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ, նաեւ ճակատագիրի բերումով, հայ ժողովուրդը սփռուած է աշխարհով մէկ, հայոց շինարուեստի աւանդոյթները տարածելով նաեւ գաղթավայրերուն մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Pierre Leclercq, Safin Stéphane, Delfosse Vincent (October 2010)։ «Phases of an architectural project»։ Mixed-Reality Prototypes to Support Early Creative Design։ doi:10.1007/978-1-84882-733-2_21։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ Apr 18, 2023-ին – via ResearchGate
- ↑ «architecture»։ Encyclopedia Britannica։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 16 November 2017-ին։ արտագրուած է՝ 2017-10-27
- ↑ «architecture – Expression of technique»։ Britannica (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2022-09-21
- ↑ Pace Anthony (2004)։ «Tarxien»։ in Daniel Cilia։ Malta before History – The World's Oldest Free Standing Stone Architecture։ Miranda Publishers։ ISBN 978-9990985085