Jump to content

Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան

Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարան
Տեսակ հուշային թանգարան?
Երկիր  Հայաստան[1]
Տեղագրութիւն Զանգակատուն[1]
Կազմուած է Պարույր Սևակի գերեզման?
Հիմնադրուած է 1972

Պարոյր Սեւակի տուն-թանգարանը, կը գտնուի գրողին ծննդավայրը՝ Զանգակատուն գիւղին մէջ։ Անոր բացումը տեղի ունեցած է Պարոյր Սեւակի ողբերգական մահուան տասնամեակիn տարելիցին օրը՝ 17 Յունիս, 1971 թուականին։

Թանգարանը ընդգրկուած է Զանգակատունի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:

1971 թուականին Պարոյր Սեւակի եղերական մահէն յետոյ ՀԽՍՀ կառավարութեան որոշմամբ, 1972 թուականին բանաստեղծին հայրենի գիւղին մէջ կազմակերպուեցաւ անոր տուն-թանգարանի հիմնադրումը։ Թանգարանը կառուցուած է Սեւակի հայրենի տան քով՝ Այգին մէջ։ Այս ծրագրին ու նախագիծին հեղինակն է, ճարտարապետ՝ Ճիմ Թորոսեանը[2]։

Թանգարանի նախասրահ-դահլիճին մէջ ցուցադրուած են Պարոյր Սեւակին կեանքի ու ստեղծագործական տարբեր շրջաններէն վերաբերող ցուցանմուշներ՝ անձնական իրեր, վաւերագիրեր, ձեռագիրով պատճէններ, տարբեր լեզուներով հրատարակութիւններ եւ այլն։ Թանգարանին մէջ կը պահպանուին շուրջ 700 ցուցանմուշներ եւ 1000-էն աւելի գրականութիւններ։ Ցուցասրահին մէջ կը ներկայացուին Սարգիս Մուրատեանի՝ 1985-1986 թուականներուն միջեւ ստեղծած մեծադիր որմնանկարները։

Ձայնասփիւռի միջոցով, թանգարանին մէջ նաեւ կրնանք լսել Պարոյր Սեւակին ձայնը որ կ'ընթերցէ իր գրած բանաստեղծութիւնները:

Տուն-թանգարանի բակին մէջ, Այգի կեդրոնը՝, կը գտնուի Պարոյր Սեւակի գերեզմանը։ Գերեզմանաքարին վրայ փորագրուած են Պարոյր Սեւակին եւ իր կնոջ՝ Նելլի Մենաղարաշուիլիին անունները։

Թանգարանը կը գտնուի Արարատի մարզին, Զանգակատուն գիւղին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Wiki Loves Monuments monuments database — 2017.
  2. «Պարույր Սևակի տուն-թանգարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-10-12 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]