Jump to content

Թռչկանի Ջրվէժ

Թռչկանի Ջրվէժ

Թռչկանի ջրվէժ, կը գտնուի ՀՀ Շիրակի եւ Լոռիի մարզերու սահմանին Փամբակ գետի ձախակողմեան վտակ Չիչխան գետի վրայ։ Չիչխան գետը սկիզբ կ'առնէ Շիրակի լեռնաշղթային հիւսիսարեւելեան լանջերէն 2250 մ. բարձրութենէն։ Ունի 29 քմ. երկարութիւն, ջրահաւաք աւազանը 192 քառ. քմ. է։ Բազումի լեռնաշղթային միջլեռնային հովիտին մէջ կը հոսի արեւելք։ Սնումը հալոցքային (42%) եւ ստորերկրեայ (35%) է, վարարումը՝ Մարտ-Յունիս ամիսներուն, որու ընթացքին կը ձեւաւորուի տարեկան հոսքի 62 %-ը։ Վերին հոսքին էջ ափերը ցածրադիր են եւ գետը ունի հարթավայրային բնոյթ. կը հոսի ընդարձակ գետահովիտով։ Միջին հոսանքին մէջ մինչեւ խորը եւ նեղ կիրճի մէջ մտնելը կը յառաջացնէ Թռչկան ջրվէժը, որ յայտնի է նաեւ Չիչխանի ջրվէժ կամ Թռչկան ջուր անունովամբ։ Տեղի բնակիչները ջրվէժը Չռան կ'անուանեն։ Կը գտնուի Լոռիի մարզի Շիրակամուտ գիւղէն շուրջ 10 քմ. հիւսիս-արեւմուտք, հոս եղած է 1988-ի երկրաշարժի կեդրոնը։ Հայաստանի գահավիժող ջրվէժներէն ամենաբարձր եւ ամենաջրառատ ջրվէժն է իր 23,5 մ. բարձրութեամբ ու միջին շուրջ 1.5 թոն վայրկեան ջուրի ծախսով։

Թռչկան ջրվէժը 2008-էն մտած է բնական յուշարձաններու ցանկին մէջ, իսկ 2011-էն տարածքը սահմանուած է իբրեւ յատուկ պահպանուող գօտի։ Այժմ Թռչկանի, իբրեւ բնական յուշարձան, անձնագրաւորման աշխատանքներ կը տարուին։

2011-ին յայտնուեցաւ հանրային ուշադրութեան կեդրոնը՝ ջրվէժին վերի ինկած հատուածին մէջ կառուցուելիք ՀԷԿ-ի պատճառով ջրվէժի գոյութեան վտանգման շուրջ բնապահպաններու շնորհիւ։ «Թռչկան» ջրվէժը Հիւսիսային Հայաստանի բնութեան ամենագեղեցիկ հրաշալիքներէն մէկն է, որ կը գտնուի ՀՀ Շիրակի եւ Լոռիի մարզերու սահմանային հատուածին մէջ` Չիչխան գետի Թռչկան վտակի վրայ եւ իր բարձրութեամբ երկրորդն է Հայաստանի էջ: Հաշուի առնելով այս եզակի բնական վայրին կարեւորութիւնը եւ գեղագիտական առանձնայատուկ արժէքը ՀՀ Կառավարութիւնը իր 14 Օգոստոս 2008-ի թիւ 967-ի որոշմամբ «Թռչկան» ջրվէժը ներառած է Հայաստանի Հանրապետութեան Բնութեան յուշարձաներու ցանկի մէջ, իբրեւ ջրագրական յուշարձան: Ըստ «Բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներու մասին» ՀՀ օրէնքի 19-րդ յօդուածի առաջին կէտի` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնութեան յուշարձանի զբաղեցուցած տարածքին մէջ կ'արգիլուի բոլոր գործունէութիւնները, որոնք կը սպառնան անոր պահպանութեան: Առանց հաշուի առնելու օրէնքի այս դրոյթը 7 Ապրիլ 2010-ին ՀՀ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին որոշմամբ «Ռոբշին» ՍՊԸ-ին տրուած է 1050 Կվտ դրուածքային հզօրութեամբ «Թռչկան» փոքր հիտրոելեկտրակայանը կառուցելու արտօնութիւն, իսկ ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան «Բնապահպանական փորձաքննութիւն» ՊՈԱԿ-ի կողմէ «Թռչկան» փոքր հիտրոելեկտրակայանի նախագիծին տրուած է փորձաքննական դրական եզրակացութիւն:

  • «Հայկական Բնաշխարհ» հանրագիտարան
  • ‎«Թռչկան ջուր» ջրվէժը Չիչխան գետի վրայ կը յիշատակուի Հ.Գ. Գաբրիէլեանի «Հայկական լեռնաշխարհ» գիրքին մէջ (Երեւան, 2000, Էջ 175)։