Աւետիք Իսահակեանի Տուն-Թանգարան (Երեւան)
Աւետիք Իսահակեանի Տուն-Թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | հուշային թանգարան? |
Երկիր | Հայաստան[1] |
Տեղագրութիւն | Երեւան եւ Կեդրոն |
Հասցէ | Զարոբեան 20, Երեւան, ՀՀ |
Հիմնադրուած է | 1963 |
40°11′28″N 44°30′47″E / 40.191075°N 44.513022°E | |
Կայքէջ | isahakyanmuseum.am |
Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարան, բացուած է 31 Հոկտեմբեր 1963-ին, կը գտնուի Բաղրամեան պողոտային զուգահեռ Զարոբեան փողոցին։ Այս տան մէջ Աւետիք Իսահակեանը ապրած է իր կեանքի վերջին տասը տարին։
Ընդգրկուած է Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1945-ին մեծ բանաստեղծի ծննդեան 70-ամեակի առթիւ Հայաստանի կառավարութիւնը Իսահակեանին առանձնատուն նուիրելու որոշում ընդունած է։ Շէնքը կառուցուած է ճարտարապետ Պերճանուշ Մսրեանի նախագիծով, Իսահակեանի ցանկութեամբ՝ սրբատաշ սեւ տուֆ քարով։ Այն երկյարկանի է, արտաքին տեսքով նման է հայկական մատուռի` եռանկիւնի գմբէթով, մուտք-գաւիթով։ Գլխաւոր մուտքի կողմէն` երկրորդ յարկը՝ կամարաձեւ քարէ տանիքի տակ, կը գտնուի փոքրիկ պատշգամբը։ Քարէ վեց աստիճանները կը տանին դէպի շքամուտք։ Տան հետեւի մասը ամառնային ընդարձակ պատշգամբն է, որու դիմաց եւ աջ կողմը կը տարածուի այգին։ Գլխաւոր մուտքի աջ եւ ձախ կողմերուն ծաղկանոցներ են։
1946-էն Իսահակեանը ընտանիքով բնակութիւն հաստատած այդ տան մէջ։ Այս տունը հիւր եղած են անուանի մարդիկ (Փապլօ Ներուտա[2] եւ այլք): Իսահակեանի մահէն ետք՝ 1958-ին, ՀԽՍՀ Մինիստրներու խորհուրդի 1 Մարտի թիւ 67-Պ որոշմամբ հայ մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով առանձնատունը վերածուած է տուն-թանգարանի։ Շէնքը մասնակի փոխուած է. երկրորդ յարկի յետին մասին մէջ կառուցուած են մեծ սրահ եւ աշխատասենեակներ, տան փայտէ պատշգամբը եւ սանդուղքը քարապատուած են։
Ցուցադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թանգարանի ամենանուիրական հատուածը բանաստեղծի աշխատասենեակն է, ուր տեղադրուած է Իսահակեանի հնօրեայ գրասեղանը, Վարպետի համար յատուկ պատրաստուած բազմոցը։ Գրասեղանին բանաստեղծի ձեռագրերն են, անոր կարդացած վերջին գիրքերը, հարազատներու լուսանկարները եւ անձնական իրերը՝ գրիչը, ակնոցը, թազբեհը եւ այլն։ Տուն-թանգարանի հպարտութիւնն է բանաստեղծի անձնական գրադարանը։ Յուշասենեակներէն է Վարպետի հիւրասենեակը, ուր գտնուող գեղանկարները հայ նկարիչներու նուէրներն են Իսահակեանին։ Անոնցմէ են Մարտիրոս Սարեանի` Վարպետի դիմանկարը (արուած ածուխով), Գէորգ Բաշինջաղեանի «Էջմիածնի վանքի լճակը» կտաւը, Փանոս Թերլէմէզեանի «Հայ աղջնակի դիմանկարը» եւ այլն։ Թանգարանի յուշային մասը կ՚եզրափակէ ննջարանը՝ պարզ ու համեստ կահաւորանքով։ Թանգարանի շարունակութիւնն է գողտրիկ այգին, ուր կանգուն են Վարպետի ձեռքով տնկած ծառերը։ 3 ցուցասրահներ յատկացուած են Իսահակեանի կեանքի ու ստեղծագործութեան լուսաբանմանը. կը ցուցադրուին նմուշներ ձեռագրերէն, շարք մը անձնական իրեր, կարեւոր վաւերագրեր, լուսանկարներ եւ այլն[3]։
Միջոցառումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի նպատակն է պահպանել եւ նոր սերունդներուն փոխանցել այն սուրբ մասունքները եւ իրեղէն վկայութիւնները, որոնք կապուած են մեծ բանաստեղծի անուան հետ։ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանի գործունէութեան ուղղութիւններն են՝ թանգարանի հաւաքածոյի պահպանումը, հաշուառումը, ուսումնասիրումը, ինչպէս նաեւ մշտական ցուցադրութեան եւ ցուցահանդէսներու, տարաբնոյթ միջոցառումներու, դասախօսութիւններու միջոցով հանրութեան Իսահակեանի գրական ժառանգութեանը հաղորդակից դարձնելը։
Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին բազմազան միջոցառումներ՝ գիտական ընթերցումներ, գրական-երաժշտական ցերեկոյթներ, բանավէճեր, գիրքերու շնորհանդէսներ, բաց դասեր, համերգներ, ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ, հանդիպումներ գիտութեան եւ մշակոյթի անուանի մարդոց հետ եւ այլն։
Աւանդոյթ դարձած է Վարպետի յարկի տակ Աւետիք Իսահակեանի անուան դպրոցի առաջին դասարանցիներու «իսահակեանցի» օծուելու խորհրդանշական արարողութիւնը, իսկ ուսումնական տարուան վերջին աւարտական դասարաններու աշակերտները այստեղ կը ստանան իրենց հասունութեան վկայականները։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Վարպետի աշխատասենեակը
-
Վարպետի կիսանդրին թանգարանի բակին մէջ
-
Քարէ բազմոց այգիին մէջ, ճարտարապետ՝ Ռաֆայէլ Իսրայէլեան
-
Վարպետի աշխատասենեակը
-
Աւետիք Իսահակեանի անձնական իրերէն
-
Հիւրասենեակ
-
Հիւրասենեակ
Տես նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Wiki Loves Monuments monuments database — 2017.
- ↑ Նոր Դար հանդէս, #3 2000, էջ 119
- ↑ «Եղեգնեայ գրչով. գրական Երեւան | Աւետիք Իսահակեան»։ Журнал ЖАМ։ արտագրուած է՝ 2018-01-27