Jump to content

Փետրուար

Փետրուար (լատիներէն՝ Februārius mēnsis «Ֆեպրուուսի ամիս»), տարուան երկրորդ ամիսը, իր հռոմէական Febriaius անուն ստացած է լատիներէն՝ februum բառէն, որ կը նշանակէ «մաքրում» եւ կապուած է, այդ ամսուն կատարուող, հռոմէացիներու Februa մաքրագործութեան արարողութեան հետ։

Մեր թուարկութենէն 56 տարի առաջ, Յուլիոս Կեսարի հրամանով կատարուած օրացոյցի բարեփոխումէն ետք, Փետրուարը դարձաւ երկրորդ ամիսը եւ ունէր 29 օր։

Յետագային, ամիսներէն մին՝ ի պատիւ Յուլիոս Կեսարի, կոչուեցաւ Յուլիս, իսկ անոր յաջորդող Օգոստոս ամիսը՝ Օգոստոս կայսեր պատուոյն։ Բայց Օգոստոսն ունէր միայն 30 օր, իսկ Յուլիսը՝ 31։ Մէկ բան, որ կը շեշտէր Կեսարի գերազանցութիւնը՝ Օգոստոս կայսեր նկատմամբ։ Որոշուեցաւ Օգոստոս ամսուան օրերու թիւին աւելացնել մէկ օր եւ այդ օրը վերցուցին Փետրուարէն։ Այսպիսով Փետրուար ամիսը, որ կապուած էր հռոմէական չար աստուծոյ անուան հետ, մնաց 28 օր։ Միայն նահանջ տարին է, որ մէկ օրով կ'աւելնայ եւ կը դառնայ 29 օր։

Փետրուարը, ըստ հայկական տոմարին, կը համապատասխանէ «Մեհեկան» ամսուան։ Այդ ամսուն մեծ տօնախմբութիւն կը կատարուէր ի պատիւ «Միհր»ի, որ զրադաշտական աստուած էր։ Ան կը մարմնաւորէր արեգակը եւ կրակը։ Միհրի պաշտամունքը իր ժամանակին եղած է՝ հեթանոսական Հայաստանի մէջ։ Միհրին նուիրուած տաճարները կը կոչուէին մեհեան, որմէ յառաջացած է «Մեհեկան» անունը։

  • Փետրուար ամսուայ Կենդանաշրջանին նշանները՝
    • մինչեւ 18-ը՝ Ջրհոս
    • 19-էն ետք՝ Ձուկեր

Նշանաւոր Օրերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փետրուար
Կրիմանիներու ընտանիքի Ժամագիրքէն
Փետրուարեան բնապատկեր
  • Փետրուար 4
    • Անկախութեան Օր (Սրի Լանքա)
    • Քաղցկեղի Համաշխարհային Օր
  • Փետրուար 5
    • Թագաժառանգ Մարի Արքայադստեր Ծննդեան օր (Դանիա)
    • Քաշմիրին Հետ Համերաշխութեան Օր (Փաքիստան)
  • Փետրուար 6
    • Սամիներու Ազգային Օր (Ռուսիա, Ֆինլընտ, Նորվեկիա եւ Շուէտ)
  • Փետրուար 8
    • Արեւելեան Նօր Տարի
      • Չինական Նօր Տարի
      • Քորիական Նօր Տարի
  • Փետրուար 9
  • Փետրուար 11
  • Փետրուար 12
    • Տարուինի Օր (Միջազգային)
    • Րատիօյի Համաշխարհային Օր
  • Փետրուար 14
    • Վալենթինի Օր
  • Փետրուար 14
  • Փետրուար 16
    • Լիթուանիոյ Պետականութեան Վերականգնումին Օր
  • Փետրուար 17
    • Անկախութեան Օր (Քոսովօ)
  • Փետրուար 18
    • Անկախութեան Օր (Կամպիա)
  • Փետրուար 19
    • Դրօշակի Օր (Թուրքմենստան)
    • Մահարաշթրա (Հնդկաստան)
  • Փետրուար 20
    • Երկնային Հարիւրեակի Օր (Ուքրաինա)
  • Փետրուար 21
    • Մայրենիի Համաշխարհային Օր
  • Փետրուար 23
    • Կարմիր Բանակի Օր նախկին Խորհրդային Միութեան մէջ
      • Հայրենիքի Պաշտպանի Օր (Ռուսիա)
      • Հայրենիքի Պաշտպանի Եւ Զինուած Ուժերու Օր (Պելառուս)
  • Փետրուար 24
  • Փետրուար 25
    • Քոմունիստական Բռնակալութեան Զոհերու Յիշատակի Օր (Հունկարիա)
    • Սովեթական Բռնագրաւումին Օր (Վրաստան)
  • Փետրուար 26
  • Փետրուար 27
    • Բեւեռային Արջի Համաշխարհային Օր
    • Մարաթիերէնի Օր (Հնդկաստան)
  • Փետրուար 28
    • Քալեվալայի Օր (Ֆինլընտ)
    • Դերձակներու Համաշխարհային Օր