Jump to content

Մածուն

Շալոտով մածուն անանուխով

Մածուն, կաթնամթերք, որու պատմութիւնը կը ձգուի հազարամեակներ։ Օժտուած է բարձր պիոքիմիական աշխուժութեամբ եւ կը պարունակէ կենդանի կաթնաթթուային մանրէներ, որոնք կը չեզոքացնեն օրգանիզմին մէջ առկայ բացասական ցպիկներու ազդեցութիւնը։ Հարուստ է նաեւ կենսանիւթերով եւ օրգանիզմի համար օգտակար բազմաթիւ տարրերով։

Մածունի հայրենիքը կը համարուի Հայկական լեռնաշխարհը[1][2]։ Մածուն բառը կազմուած է մած արմատէն, որմէ եւ կազմուած են մածանել, մածնուլ բայերը՝ կպչիլ, թանձրանալ, մակարդուիլ իմաստներով[3]։

Հայաստանի մէջ սնունդի մէջ կաթնամթերքներու, մասնաւորապէս՝ մածունի լայն գործածութեան մասին կը վկայեն հնագիտական բազմաթիւ գտածոները։ Նախնադարուն մարդիկ կաթի աւելցուկը թողած են երկար ժամանակ, կաթը վերափոխուած է «թթու կաթի»՝ մածունի։ Պատահական այդ յայտնագործութիւնն ալ աստիճանաբար լայն կիրառութիւն ունեցած է։

Այսօր ալ մածունի ստացման՝ մածուն մերելու եղանակը նոյնն է, ինչ հազարամեակներ առաջ։ Եռացած կաթի մէջ քիչ քանակութեամբ թթուած մածուն խառնելով՝ կը մակարդեն կաթը։ Շնորհիւ ցպիկասպան յատկութեան, 5-6 օրական մածունը հրաշալի դեղամիջոց է աղեստամոքսային հիւանդութիւններու, թունաւորումներու, այրուածքներու, վէրքերու դէմ։

Յայտնի է, որ Կոստանդնուպոլիսէն հրաւիրուած բժիշկը մածունով բուժած է Ֆրանսայի արքայ Ֆրանչիսք Առաջինի վաղահաս ծերութիւնը։ Մեր նախնիներուն յայտնի եղած է նաեւ մածունէն խնոցիի մէջ հարելով կարագ ստանալը։

Հայաստանի մէջ իմացած են նաեւ մածունի երկարատեւ պահպանման միջոցները։ Ամրան մածունը տոպրակով քամած են, լեցուցած կճուճներու մէջ եւ անօդաթափանց դարձնելու նպատակով վրան ճարպ լեցուցած։ Պահպանման եղանակներէն մէկն ալ չորթանն է, որմէ թանապուր եփած են։

Աւանդական հայկական մածունը կը բարելաւէ մարսողութիւնը, կը բարձրացնէ ախտամերժումը։ Մածունը կը հանդիսանայ հայ ընտանիքի սննդակարգի անբաժանելի մասը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Kurmann Joseph A., Rasic Jeremija L., Kroger Manfred։ Encyclopedia of Fermented Fresh Milk Products: An International Inventory of Fermented Milk, Cream, Buttermilk, Whey, and Related Products։ Springer Science & Business Media։ ISBN 9780442008697 
  2. Tamime A. Y., Robinson Richard Kenneth։ Yoghurt: Science and Technology։ CRC Press 
  3. Daily AZG։ «ԶՐՈՅՑ 80. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱԾՈՒՆԸ» 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]