Սիս
Նախկին մայրաքաղաք | |
---|---|
Սիս | |
Երկիր | Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն |
Պաշտօնական լեզու | Հայերէն |
Ազգային կազմ | Հայեր |
Կրօնական կազմ | Հայ Առաքելական եկեղեցի |
Տեղաբնականուն | Սիսեցի |
Սիս, քաղաք Դաշտային Կիլիկիոյ տարածքին։
Մինչեւ մայրաքաղաք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կիլիկիոյ Թորոս Ա․ իշխանապետը գահակալման սկիզբը, տեղի հայերու աջակցութեամբ, բիւզանդական տիրապետութենէն կ'ազատագրէ Սիսը եւ մօտակայքը կը հիմնէ Դրազարկի վանքը, որ այնուհետեւ կը դառնայ նաեւ Ռուբինեաններու դամբարանը։ 13 Նոյեմբեր 1114–ի երկրաշարժէն խիստ կը տուժէ նաեւ Սիսը, կը զոհուի բնակիչներուն մեծ մասը։
Սիսը մայրաքաղաք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մլեհ իշխանապետը կը վերակառուցէ Սիսը եւ 1173–ին այն կը հռչակէ Կիլիկեան Հայաստանի մայրաքաղաք։
Այդ մասին Մ. Օրմանեանը հետեւեալը կը նշէ[1].
Լեւոն Բ․ Մեծագործ Սիսը հիմնովին վերակառուցած, պարսպապատած, արքունի ապարանքով, աշխարհիկ ու կրօնական շէնքերով, պարտէզ–զբօսարաններով ու ծաղկանոցներով կը ճոխացնէ։
Այդ ժամանակէն մինչեւ 1375 թուականը՝ այս քաղաքը մնաց որպէս Կիլիկիոյ հայոց պետութեան մայրաքաղաք։ Շուտով հայոց իշխանապետի հրամանով մայրաքաղաք Սիսի մէջ կը կառուցեն առեւտրական կեդրոններ։ Բացի այդ՝ քաղաքը կը զարդարեն բազմաթիւ գեղեցիկ շէնքերով, ապարանքներով, տաճարներով, հիւրանոցներով եւ այլ շինութիւններով։ Անոր՝ մայրաքաղաք դառնալը նպաստեց քաղաքի՝ արագընթաց զարգացման։ Սիսը ո՛չ միայն վարչաքաղաքական, այլեւ առեւտրատնտեսական առումով կարեւոր նշանակութիւն ձեռք կը բերէ՝ հաւասարելով եւ գերազանցելով Կիլիկիոյ խոշոր քաղաքներուն (Տարսոն, Ատանա, Մամեստիա, Անարզաբա)[2]։
Շինութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շինարարական աշխատանքները Սիսի մէջ կը շարունակուին նաեւ Հեթում Ա․ թագաւորին եւ անոր յաջորդներուն ժամանակ։ Հայ պատմիչները առաձնապէս գովեստով կը խօսին քաղաքի հիւսիսային թաղամասին մէջ՝ Հեթում Ա․–ի հիմնադրած նոր ապարանքին ու անոր ճոխ քանդակներուն մասին։ Բոլորաձեւ յօրինուածքով՝ Դարպաս–ապարանքը կերտուած է սրբատաշ խոշոր քարերով, մարմարեայ սեւ սիւնաշարով։ Հզօր աշտարակներով եռապարիսպ, եռադարպաս բերդը բաժնուած է երեք մասի, որոնք իրարու կը կապուին քարակերտ ուղիներով։ Բերդի հարաւային կողմը՝ ներքնաբերդն է կամ բուն դղեակը, ուր վտանգի ժամանակ կը պատսպարուէր արքունիքը։ Սիսը ունեցած է քանի մը տասնեակ եկեղեցիներ ու վանքեր։ Հին եպիսկոպոսարանը եւ անոր եռախորան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը գտնուէին քաղաքի հարաւային ծայրամասը։ Հռոմկլայի գրաւումէն յետոյ, անիկա դարձած է հայոց ընդհանրական կաթողիկոսութեան, այնուհետեւ՝ Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան աթոռանիստ կեդրոնը։Սիսի բարեգործական հիմնարկներէն յայտնի էր՝ Զապէլ թագուհիի հիւանդանոցը, որուն հիմնադրամի մասին մարմարեայ քարի վրայ պահպանուած է թագուհիի արձանագրութիւնը։ Սիսը եղած է համահայկական մշակոյթի խոշորագոյն կեդրոնը, ուր արքունիքի ընտրութեամբ եւ պետական ռոճիկով գործող առաջնակարգ մտաւորականները հաւաքած, ուսումնասիրած, բազմացուցած եւ կորուստէ փրկած են բազմահազար հին ձեռագիր՝ գիտական ու գրական արժէքաւոր մատեաններ։ Սիսի ընտիր ձեռագիր մատեանները գլխաւորաբար կը պահուէին արքունի մատենադարանին մէջ։
Սիսը հռչակաւոր եղած է իր մասնագիտացուած բարձրագոյն դպրոցներով, որոնցնէ մեծահամբաւը եղած է Ներսէս Լամբրոնացիի հիմնադրած աշխարհիկ համալսարանը։
Սիսի անկումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1266-ի Օգոստոսին, Եգիպտոսի Պիպարս սուլթանը խոշոր ուժերով կը ներխուժէ Կիլիկիա, կը պաշարէ Սիսը, բայց չկարողանալով գրաւել բերդը, կը հրկիզէ քաղաքը, կը կողոպտէ հարստութիւնները։
1270–ական թուականներուն քաղաքը կը վերաշինուի, կ'ամրացուին նաեւ պարիսպները։
1275–ին Եգիպտոսի սուլթանութեան զօրքերը կրկին կը փորձեն գրաւել Սիսը, սակայն քաղաքի պարիսպներուն մօտ գտնուող հայկական զօրաբանակը, Սմբատ Սպարապետի առաջնորդութեամբ կը ջախջախէ ու ետ կը շպրտէ զանոնք։ Այնուհետեւ, շուրջ մէկ դար, Սիսը կ'ապրի համեմատաբար խաղաղ կեանք մը։ Եգիպտոսի սուլթանութեան 60 հազարնոց զօրաբանակը վերստին կը պաշարէ Սիսը՝ 1369–ին։ Հրդեհի ճարակ դարձնելով եւ կողոպտելով քաղաքը՝ թշնամին, ամէն պարագայի, հարկադրուած կ'ըլլայ հրաժարիլ բերդի գրաւման գաղափարէն ու նահանջել։
Օգտուելով Կիլիկեան Հայաստանի պետական իշխանութեան թուլացումէն ու ներքին երկպառակտութիւնէն՝ Եգիպտոսի սուլթան Մելիք Աշրաֆը 1375–ին կը պաշարէ եւ կը գրաւէ բերդը, կը ձերբակալէ թագաւորն ու շարք մը իշխաններ։
Սիսի անկումը հայ պատմիչները գնահատած են որպէս հայկական պետականութեան կորուստ։ Սաստկացող բռնութիւններու պայմաններուն շատ սսեցիներ գաղթած են օտար երկիրներ։
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (հայերեն) Սիս, 2024-08-31, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8D%D5%AB%D5%BD, վերցված է 2024-10-22
- ↑ Հովհաննիսյան Արամ (2022)։ Մլեհ Ռուբինյան Իշխանապետ Կիլիկիո Հայոց։ Երևան: ԵՊՀ հրատ․։ էջեր 91–93։ ISBN 978-5-8084-2553-8