Jump to content

Պոնտոս

Պոնտոսի աշխարհագրական դիրքը
Պոնտոս
Սարախօ լիճը թրք․՝Uzungöl, Տրապիզոնի մօտ
Սինոփի․ 2009-ի նկար

Պոնտոս. աշխարհագրական տարածաշրջանի անուն, որ նաեւ պատմական շրջան մըն է։ Կը գտնուի Փոքր Ասիոյ հիւսիս-արեւելեան ափերուն, ներկայիս՝ Թուրքիոյ Սեւ Ծովուն տարածաշրջան․ Սեւ Ծովուն եւ Պոնտական լեռներուն միջեւ երկարող տարածութիւն, Ալիս գետին արեւելեան կողմը։ Յունական դիցաբանութեան եւ պատմագրութեան մէջ յաճախ նկատուած է (ըստ Սթրապոնի եւ Իրոտոթոսի (Հերոտոդոս) Ηρόδοτος) իբրեւ Ամազոնաներուն Αμαζόνες տունը։ Հին ժամանակներէն յունական գաղթօճախ եղած է։ Մինչեւ 1923 (Լոզանի դաշնագրով պարտադրուած բնակչութեանց փոխանակութիւն), յոյն բնակչութիւնը Պոնտոսի մէջ կարեւոր ներկայութիւն էր։ 

Ալիս գետէն դէպի արեւելք երկարող Սեւ Ծովուն գօտեզերքին յոյները կու տան Էն Փոնտօ Ἐν Πόντῳ անունը, երբ շրջանը յունական գաղթօճախ կը դառնայ Ք․Ա․ 7-րդ դարուն։ Էն Փոնտօ անունը առաջացած է Սեւ Ծովու յունական անունէն՝ Էվքսինոս Փոնտոս Εύξεινος Πόντος կամ Պոնտոս Πόντος (փոնտոս=բաց ծով)։ Պոնտոս անունին կը հանդիպինք Քսենոֆոնի «Նահանջ Բիւրուն» Κύρου Ανάβασις հատորին մէջ։

Քարտէս յենուած Արղոնաւթեան արշաւանքի տուեալներուն, գործ՝ Աբրահամ Օրթելիուս Abraham Ortelius, 1624

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոնտոս կը գտնուի Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը։ Նեղ ու երկար գօտեզերք մըն է, սեղմուած հիւսիսէն Սեւ Ծովուն եւ հարաւէն պոնտական լեռնաշթղային միջեւ։ Տարածութիւնը փոքր ելեւէջներ կ'ունենայ պատմութեան ընթացքին։ Կարգ մը շրջաններու մէջ նեղ ու երկար գօտեզերքը կ'ընդլայնուի գետերու ճիւղաբերաններուն ստեղծելով բերրի, մշակելի տարածքներ։

Արեւմտեան Պոնտոսի Սամսունի թրք.՝ Samsun, յուն․՝ Σαμψούντα (Սամսունտա), հին յուն․՝ Αμισός (Ամիսոս) շրջանը ծխախոտի ճարտարարուեստական կեդրոն է։ Սամսունի արեւելեան կողմը կիտրոնազգիի տեսակներ կ'արտադրէ։ Ռիզէի հին յուն․՝ Ριζαίον, յուն․՝ Ριζούντα (Րիզունտա) տարածքին կան թէյի մշակավայրեր։ Սամսունի արեւելեան կողմը եւ Տրապիզոնի շրջանը հանրածանօթ են իրենց կաղիններով։ Պոնտոսի մշակելի տարածքները եւ լեռնային մատչելի շրջանները կ'օգտագործուին իբրեւ արօտավայր։

Կլիման խոնաւ եւ մեղմ է։

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոնտոսի կլիման կ'օգնէ գիւղատնտեսութեան զարգացման։ Կ'ենթադրուի թէ կեռասի հայրենիքը Պոնտոսն է։ Հռոմէացի Լուկուլլոս զօրավարը կեռասը «Կարմիր մարգարիտ» կ'անուանէ եւ հետը Հռոմ կը բերէ։ Կեռասի յունական անունն է գերասիոն κεράσιον, ուրկէ առաջ եկած է Քերասունտա Κερασούντα քաղաքին անունը։

Պոնտոսը Թուրքիոյ փայտ հայթայթող գլխաւոր շրջանն է։ Շագանակենին Պոնտոսի աւանդական ծառն է եւ անոր պտուղները բաւական խոշոր եւ համբաւի արժանացած են։ Շրջանը հարուստ է նաեւ լաստենիի, բարտիի եւ կոնաբեր ծառերով։ Լեռներու իւրայատուկ զառիվարները կը նպաստեն այծերու, ոչխարներու եւ արջառներու տեսակներու անասնաբուծութեան։ Սեւ Ծովը հարուստ է անձրուկ ձուկի տեսակով եւ շրջանին մէջ անոր ձկնորսութիւնը տարածուած է։

Ցանցեր եւ յարակցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախքան թրքական գերիշխանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Փանաղիա Սումելա վանքը

Պոնտոսը, նախքան թրքական գերիշխանութեան, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ առեւտուրի կապը եղած է։ Կը գտնուի Մետաքսի Ճամբուն վրայ։ Հռոմէական ճամբան Պոնտոսը կը ճեղքէր․ Կոստանտնուպոլիսը կը կապէր Հայաստանին ու անկէ ալ՝ Պարսկաստանը Հնդկաստանին, Տրապիզոնը հանդիսանալով գլխաւոր նաւահանգիստը։ Սակայն ԺԶ․ եւ ԺԷ․ դարերու ընթացքին թուրք-պարսկական շարունակական պատերազմները, վերջ կու տան առեւտուրի ճամբուն շահագործման։

Ժամանակակից շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոնտոսի նեղ ու երկար հողատարածքը կը ճեղքէ գլխաւոր պողոտան՝ (D010), որ կ'երկարի շրջանի գօտեզերքին զուգահեռ։ Ան գլխաւորաբար կը հետեւի հին հռոմէական ճամբուն հետքերուն։ Պոնտոսի արեւմտեան մասէն դէպի հարաւ երթալու համար միայն երեք ճամբաներ կան, որոնք կը կտրեն Պոնտական լեռները եւ Էրզրում (Կարին) կը հասնին․ առաջինը Տրապիզոնէն, երկրորդը Ռիզէէն եւ երրորդը Հոփայէն (Արդուին)։ Արեւմտեան Պոնտոսը թրքական երթեւեկութեան ցանցին միացած է եւ կը հասնի մինչեւ Անգարա եւ Վոսպոր։ Մինչեւ Խորհրդային Միութեան անկումը, Պոնտոսի երթեւեկութեան ցանցը գրեթէ առանձնացած էր, սակայն 1991-էն ետք, Վրաստանի սահմաններուն բացումով, Պոնտոսի պողոտան միակ ճամբան է, որ Վրաստանը եւ Հայաստանը (հայ-թրքական սահմանը փակ ըլլալով) Եւրոպային կը միացնէ։

Քոլխիտային քարտէսը, գծուած 1770-ին

Գլխաւոր քաղաքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոնտոսի գլխաւոր քաղաքներ եղած են Տրապիզոնը, Ամիսոս (Սամսունտա), Սինոփի, Արդուին (Հոփա), Ռիզունտա (Ռիզէ), Ամասիա, Քերասունտա, Քոթիորա, Քրոմնա եւ Իրաքլիա։

Քաղաքներուն հին անունները փակագիծի մէջ առնուած են․-

Թուրքիոյ մէջ

Սամսուն (Ամիսոս), Տրապիզոն (Տրապեզունտա), Օրտու (Քոթիորա), Կիրեսուն (Քերասունտա), Պաֆրա, Ռիզէ (Ռիզունտա), Ունիէ (Ինոէ), Ֆաթսա, Կիորելէ, Չարշամպա, Աքչա՜պաթ (Փլաթանա), Սինոփ (Սինոփի), Կիւմիւշա՜նէ (Արղիրուփոլի), Արդուին, Թիրեպոլու (Թրիփոլի), Օֆ, Հոփա (Սարբ), Աթինա (Պոնտոսի Աթէնք)։

Վրաստանի մէջ

Պաթում (Լիմենաս Վաթի) եւ Քոպուլեթի։

Ժողովրդագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոնտոսի բնակչութիւնը միատարր պատկեր կ'ունենայ միմիայն 1923-էն ետք․ նախորդած են թրքական պետութեան կողմէ կատարուած 1915-1922 Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ 1923-ին Լոզանի Դաշնագրով պարտադրուած բնակիչներու փոխանակումը Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

Հին գրագէտները Պոնտոս սահմանումը կը գործածէին, որպէսզի ծովը անուանեն Էվքսինոս Փոնտոս։ Իրոտոթոսի ժամանակ եւ մանաւանդ Քսենոֆոնի «Նահանջ Բիւրուն» երկէն ետք, բազմաթիւ աշխարհագէտներ եւ գրագէտներ Պոնտոս անունով կը սահմանեն Էվքսինոս Փոնտոսին (Սեւ Ծով) հարաւային շրջանը․ Ալիս գետէն (Տրապիզոնէն արեւելք) մինչեւ Քոլհիտա (արդի արեւմտեան Վրաստան) եւ Տիոսքուրատայէն մինչեւ Սինոփի Σινώπη քաղաքին արեւմտեան մասը երկարող հողատարածքը։

Հին տարիներու Պոստոսի քարտէս

Հնագոյն տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յոյն պատմաբաններ՝ Իրոտոթոս, Էսհիլիոս, Քսենոֆոն եւ Ստրապոն, իրենց արձանագրութիւններուն մէջ կը նշեն թէ Պոնտոսի հողատարածքներուն վրայ կը բնակէին բնիկ ժողովուրդներ, որոնք յետագային յունացան եւ կամ հռոմէական եւ բիւզանդական ժամանակաշրջաններուն քրիստոնէացան։ Այդ ժողովուրդներն են՝ Հայասա-Ազզի, Կասկեր, Մուշկի/եր, Սպիտակ Սուրեացիներ Λευκόσυροι, Մարեր, Մաքրոներ Μάκρωνες (հիւսիս արեւելեան շրջան), Մոսինիքիներ Μοσσύνοικοι, Թիվարիներ Τιβαρηνοί, Խալտիներ Χάλδοι, Լազեր (Քոլհիտան անոնց բնօրրանն էր), Ամազոնաներ, եւայլն։

Յունական գաղթօճախներու հիմնում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիցաբանութեան մէջ նշուած հետեւեալ դէպքերը՝ Իասոնասին եւ Արղոնաւթիներուն առաքումը Քոլհիտա, Օրեսթիին թափառումը Պոնտոսի Թոանիայի շրջանը, Օտիսէային արկածախնդրութիւնները Կիմերներուն երկրին մէջ, Փրոմիթէային Կովկաս աքսորումը Տիային (Զեւս) կողմէ, Իրաքլիսին (Հերակլես) ճամբորդութիւնը դէպի Պոնտոս, կը փաստեն հնագոյն ժամանակներէն առեւտուրի ճամբաներու գոյութիւնը։

Սինոփի քաղաքը եւ պատնէշներուն աւերակները․ ծովէն դիտուած

Ք․Ա․1000-ին կը սկսին առեւտուրի առաջին ճամբորդութիւնները դէպի Պոնտոսի շրջանը, մետաղ գտնելու համար։ Երկու դար ետք՝ Ք․Ա․ 8-րդ դարուն, յաջորդաբար կը հիմնուին յունական գաղթօճախներ․-

  • Ք․Ա․756-ին Տրապիզոնը Τραπεζοῦς, Τραπεζούντα
  • Սինոփի Σινώπη նաւահանգիստ-քաղաքը (Ք․Ա․630), որուն աշխարհագրական եւ ռազմական դիրքը կ'օգնեն անոր արագ զարգացման․
  • Ապա՝ Քրոմնա (Սինոփին արեւմուտքը), Քոթիորա Κοτύωρα (այժմ՝ Օրտու) եւ շատ ուրիշ կարեւոր քաղաքներ։

Քսենոֆոն իր «Նահանջ Բիւրուն» երկին մէջ կը նկարագրէ Պոնտոսի յոյներուն եւ Հայաստանի հայերուն հիւրասիրութիւնը, անոնց կենցաղը։ Ան եւ իր զինուորները Պոնտոսի Տրապիզոն քաղաքը կը մնան երեսուն օր։ Քսենոֆոն քաղաքը կ'անուանէ «Յունական քաղաք, մեծ եւ երջանիկ» (πόλιν Ελληνίδα μεγάλην και ευδαίμονα)։ Կը նկարագրէ մարզական տօնահանդէսները ի պատիւ յունական երկոտասան աստուածներուն։ Նաեւ կը շեշտէ թէ Տրապիզոնը ենթակայ էր Սինոփին։

Աշխարհագէտ Ստրապոն, որուն ծննդավայրը Պոնտոսի Ամասիա քաղաքն էր, իր «Աշխարհագրական» (Γεωγραφικά) գիրքին մէջ, Պոնտոսը կը նկարագրէ իբրեւ բարեխառն կլիմայով երկիր, առանց երաշտի եւ յարմար գիւղատնտեսութեան արտադրութիւններու եւ որսորդութեան համար։

Պոնտոսի դրամ․ մէկ երեսին Սինոփի քաղաքին Արծիւը, իսկ միւս երեսին կնոջական տիպար մը

Պարսկական գերիշխանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոնտոս Պարսիկներուն գերիշխանութեան տակ կ'իյնայ, երբ Կիւրոս թագաւորը մարերուն կը յաղթէ։ Փոքր Ասիոյ եւ Պոնտոսի գօտեզերքներուն քաղաքները կը պահեն իրենց ինքնիշխանութիւնը։ Նաեւ պարսիկները Պոնտոսին կը շնորհեն տնտեսական ուրոյն կարգավիճակ, ստեղծելով Էֆեսոսէն (Եփեսոս) մինչեւ Սուսա՝ (Միջագետքի վրայով), առեւտրական ճամբան․ ապահովութեան համար ապրանքներու փոխադրութիւնը ցամաքի ճամբով տեղի կ'ունենայ։

Մեծն Աղեքսանդրի շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քսենոֆոնի անցքէն մինչեւ Մեծն Աղեքսանդրի աշխարհակալութեան շրջանը, Տրապիզոնը եւ մնացեալ յունական գաղթօճախները խաղաղութեան եւ զարգացման շրջան մը կը բոլորեն։ Կը ճարեն տնտեսական նոր աղբիւրներ՝ արծաթի, պղինձի եւ երկաթի հանքեր։

Պոնտոսի թագաւորութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պոնտոսի դրամ, Միհրդատ Զ․ Եւպատորի Ք․Ա․ 112-63 կերպարով․ Աթէնքի Դրամագիտական Թանգարան, Յունաստան

Ք․Ա․302-ին կը հիմնուի Պոնտոսի Հելլենիստական թագաւորութիւնը․ կը տեւէ մինչեւ Ք․Ա․63-ին։ Մայրաքաղաքն է Ամասիա։ Պետական լեզուն յունարէնն է, իսկ կրօնը՝ յունական երկոտասան աստուածները, իսկ կ'իւրացնէ պարսկական եւ տեղական չաստուածները։

Պոնտոսի թագաւորութեան ընթացքին, յունական բարգաւաճ քաղաքները առեւտուրի կեդրոն կը դառնան։ Թագաւորութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի Միհրդատ Զ․ Եւպատորի գահակալութեան շրջանին։ Ան կը դաշնակցի Հայաստանի թագաւոր Մեծն Տիգրանին մետ եւ միասին կը յաջողին Փոքր Ասիայէն դուրս վտարել հռոմէական հսկայ բանակը։ Սակայն, Ք․Ա․ 64-ին եւ Ք․Ա․ 63-ին թուականներուն, հռոմէական զօրքերը Պոմպէոս զօրավարի հրամանատարութեամբ յաջորդաբար Սինոփի եւ Տրապիզոն քաղաքները կը գրաւեն ու Պոնտոսի թագաւորութիւնը վերջ կը գտնէ։

Պոնտոսը Հռոմէական Կայսրութեան ներքեւ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․63-ին Պոնտոսի մէկ մասը, հռոմէացիները Վիթինիա շրջանին կը միացնեն (Վիթինիա․ յունական անկախ թագաւորութիւն մինչեւ Ք․ա․74-ին)։ 287-ին Հռոմի Տիոքլիթեանոս (Gaius Aurelius Valerius Diocletianus) կայսրը Պոնտոսը փոքր գաւառներու կը բաժնէ, իսկ աւելի ուշ՝ հռոմէական գաւառներու վարչական բաժանումի ատեն, ան Պոնտոսի շրջանը երեք փոքր ինքնավար գաւառներու կը բաժնէ եւ «Պոնտոսի Թեմ»ին մէջ կը ներառնէ։

Հռոմէական շրջանի քարտէս․ Ք․Ա․ 89-ին

Պոնտոսի Թեմ․ Հռոմէական կայսրութեան վարչական բաժանումէն ետք ստեղծուած Թեմ․ հեղինակն է Տիոքլիթեանոս կայսրը։ Անոր սահմաններուն մէջ կը ներառուին նաեւ արեւմտեան Հայաստանի գաւառները։ Սահմանամերձ է Սասանեան իշխանութեան տակ գտնուող Հայաստանի արեւելեան մասին հետ։ 

Բիւզանդական շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոնտոսը Բիւզանդական Կայսրութեան ներքեւ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

536-ին Բիւզանդիոյ Յուստինեանոս կայսրը շրջանը կը վերակազմէ։ Պոնտոսի արեւմտեան բաժինը մաս կը կազմէ Հելլենապոնտական գաւառին, որուն մայրաքաղաքն է Ամասիա եւ կ'ընդգրկէ Սինոփիի, Ամասիայի, Իվորայի (այսօրուան Թոքաթ) եւ Զիլայի (այսօրուան Զելա) շրջանները։ Իսկ Տրապիզոնի եւ Քերասունտայի շրջանները կը ներառնուին Մեծ Հայքին (Մեծ Հայաստան - Հռոմէական Հայաստան) մէջ։

Տրապիզոնը կը դառնայ գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոն։ Է․ դարուն Անանիա Շիրակացին կ'ուսանի Տրապիզոնի ուսումնարանին մէջ։ Ան, Թիխիքոսին (Տիւքիկոս, Τυχικός Tychicus) աշակերտներէն է։

Ը․ դարէն մինչեւ Մանազկերտի ճակատամարտը (1071), Պոնտոս խաղաղութեան տարիներ կ'անցընէ։ 1081-ին սելճուքները Սինոփին կը գրաւեն եւ դարավերջին բիւզանդացիները կը յաջողին քաղաքին վերատիրանալ, սակայն անոր աշխարհագրական դիրքին պատճառով քաղաքը թիրախ կը դառնայ սելճուքներուն յաճախակի յարձակումներուն մինչեւ ԺԲ․ դարավերջը, երբ կը հիմնուի Տրապիզոնի Կայսրութիւնը։

Մեծն Կոմնիսնոսներուն Կայսրութիւնը (Տրապիզոնի Կայսրութիւնը)․ 1204 - 1461

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պոնտոսը եւ Հայաստանը․ 50-ական թուականներուն

ԺԲ․ դարուն վերջերը, Բիւզանդիոնի Անտրոնիքոս Ա․ Կոմնինոս կայսրը գահընկէց կ'ըլլայ ու կը սպաննուի։ Անոր երկու թոռները՝ Ալեքսիոս եւ Դաւիթ կ'ապաստանին Վրաստանի Թամար թագուհիին մօտ։ Անոնք 1204-ին Պոնտոսի շրջանին մէջ անկախ թագաւորութիւն կը հիմնեն, ծանօթ որպէս «Մեծն Կոմնիսնոսներուն Կայսրութիւնը»։ Քանի մը ամիս ետք, Կոստանդնուպոլիսը խաչակիրները կը գրաւեն (տե՛ս Լատինական Կայսրութիւն եւ Խաչակիրներու Դ․ Արշաւանք

Տրապիզոնի Կայսրութիւնը 257 տարի կը գոյատեւէ եւ այս ժամանակաշրջանին Պոնտոսը տնտեսապէս կը բարգաւաճի եւ մշակոյթը կը զարգանայ։ Կոմնինոս Հարստութեան կայսրերը զարկ կու տան գիր-գրականութեան եւ արուեստի զարգացման։ Պոնտոսի վանքերը մշակոյթի կեդրոն կը դառնան եւ Կոստանտնուպոլսոյ մտաւորականութեան հետաքրքրութիւնը կը գրաւեն, ինչպէս օրինակ՝ թուաբան եւ աստղաբան Ղրիղորիոս Խոնիատիս, աստուածաբաններ Վիսարիոն, Ղիորղոս Տրապիզոնցին եւ Ղիորղոս Ամիրուծիս։

Փրկուած որմանկարներն ու մատեանները, չքանդուած եկեղեցիներն ու վանքերը, պալատներն ու հանրային շէնքերը կը վկայեն Պոնտոսի վաղեմի փայլը։

Օսմանեան գերիշխանութեան ժամանակաշրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բիւզանդական Հայաստան․ 387 - 536

Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումէն (1453) եւ Բիւզանդական Կայսրութեան անկումէն ետք, օսմանցիները կը գերիշխեն շրջանին մէջ։ Պոնտոսը կը բաժնեն երկու մեծ վիլայէթներու (նահանգներու)՝ Տրապիզոն եւ Ռում (Պոնտոսի արեւմտեան եւ ներքին մասը)։ Սուլթանի հրամանով, Պոնտոսի քաղաքներու բնակչութեան լուրջ թիւ մը կը տեղափոխուի Կոստանդնուպոլիս, որպէսզի Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքը զարգանայ։

Իսլամացման քաղաքականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օսմանեան կայսրութիւնը մանկահաւաքի եւ ծանր տուրքերու սպառնալիքով, իսլամացման քաղաքականութիւնը Պոնտոսի մէջ ալ կը վարէ։ Բազմաթիւ ընտանիքներ, խուսափելու համար մանկահաւաքի սպառնալիքէն, յօժարակամ կ'իսլամանան, իսկ քրիստոնեայ հաւատքին կառչողներուն դէմ կը կիրարկուի մանկահաւաքի եւ ծանր տուրքեր վճառելու քաղաքականութիւնը։ Եկեղեցիներ մզկիթներու կը վերածուին։ Տրապիզոն քաղաքին եւ անոր շրջակայքին մէջ իսլամացումը մեծ ծաւալ կ'արձանագրէ։ 8 000-է աւելի քրիստոնեաներ կը լքեն Տրապիզոնը եւ կ'ապաստանին լեռները ու բնակավայրեր կը հիմնեն՝ ծանօթ իբրեւ Թոնիա։ Պոնտոսի յոյն բնակչութեան 25% կը մեկնի ու կը հաստատուի Կարսի եւ Ռուսական Կովկասի շրջանները մինչեւ 1923 (փոքրամասնութիւններու բնակչութեանց փոխանակումը), ինչպէս նաեւ Հայաստան եւ Վրաստան, ուր կը մնան մինչեւ 1990․ կը պահեն Պոնտոսի բարբառը (հին յունարէնի եւ յունարէնի խառնուրդ)։

Մանկահաւաք (թրք․՝devşirme)Կայսրութեան տարածքին քրիստոնեայ ընտանիքներուն մանչ զաւակները կ'առեւանգէին եւ զանոնք իբրեւ օսմանցի զինուոր կը մեծցնէին։

Իսլամացած պոնտոսցիներու մեծ թիւ մը, կը մնայ գաղտնի քրիստոնեայ։ Անոնց մէկ մասը՝ 12 000 – 15 000 հոգի, Քրոմները Κρωμναίοι , կը բնակին Քրոմ, Իմերա, Լիվատիա, Փրտի, Ալիթինոս, Մոխորա եւ Լիղոստի գիւղերուն մէջ։ Բոլորը կը պահեն իրենց լեզուն, սովորութիւններն եւ ծէսերը։ Թրքական պետութիւնը միշտ կասկածամիտ ըլլալով անոնց հանդէպ, գիւղերը կը պարպէ բնակչութեանց փոխանակումի ժամանակ (1923)․ այժմ շատ քիչեր հոն մնացած են եւ կը շարունակեն խօսիլ պոնտական լեզուն։

Փանաղիա Սումելա Վանքը, Տրապիզոնի հարաւը․ մինչեւ այսօր յոյն պոնտոսցիներուն գլխաւոր ուխտավայրը
Պոնտական աւանդական բնակարան
Պոնտական լեռներու համայնապատկեր․ Ռիզէէն դիտուած

Կրթական համակարգը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԷ․ դարու վերջերէն կը սկսին կրթական դպրոցներ բացուիլ։ Տրապիզոնը կը հանդիսանայ յունարէն լեզուի զարգացման կեդրոն․ առաջին դպրոցը կը բացուի 1682-ին, իսկ Սինոփի մէջ՝ 1675-ին։ Յաջորդաբար եւ մինչեւ ԺԸ․ դարավերջին յունական դպրոցներ կը հիմնուին Արղիրուփոլի, Սամսունտա եւ Քերասունտա քաղաքներուն մէջ։ Իսկ ԺԹ․ դարուն, Պոնտոսի բոլոր շրջաններուն մէջ հիմնուած են արդէն հարիւրաւոր յունական դպրոցներ։

Պոնտոսի յունական ընտանիք, Ի․ դարասկիզբը

16601840 թուականներուն, օսմանցիները նկատելով թէ քրիստոնիաները կը գերակշռեն առեւտուրի եւ արուեստի բնագաւառներէն ներս, անոնց բնաջնջման համար նոր քաղաքականութիւն մը կը կիրարկեն։ Սուլթանները կ'որդեգրեն Տերեպէյիներուն վարչաձեւը (թրք․Թիմարիոթներ)․ Սուլթանը կը նշանակէ շրջաններուն կառավարիչները՝ Տերեպէյիները, որոնք քրիստոնեաներուն վրայ կ'ունենան անսահման իրաւասութիւններ՝ դատել եւ վճիռ տալ (ընդհանրապէս մահապատիժ) եւ հպատակներուն կեանքին վրայ լրիւ տիրութիւն ընել։ Անոնց առաքելութիւնն է բնաջնջել քրիստոնեայ բնակչութիւնը։

Անոնք, պատերազմներու ընթացքին Սուլթանը կը հայթայթեն հարկի կարեւոր գումարով մը եւ զինուորներով։ Անոնց պաշտօնը ժառանգական էր։

Անոնց բռնիշխանութիւնը կը վերջանայ 1856-ի հրամանագրով․ Սուլթանը կայսրութեան տարածքին բոլոր հպատակ ժողովուրդներուն կը շնորհէ կրօնական ազատութիւն եւ հաւասար իրաւունքներ կու տայ։

Ռուս-թրքական առաջին մեծ պատերազմէն ետք, 1768-1774, ռուսական բանակները երեք անգամ Պոնտոս կը մտնեն՝ 1828-1829, 1854-1856 եւ 1876-1877։ Սակայն, այս պատերազմներուն հետեւանքը ծանր կ'ըլլայ․ մեծ թիւով Պոնտոսի յոյն բնակիչներ (մօտաւորապէս 200 000) կը գաղթեն դէպի Ռուսիա, վախնալով թուրքերուն վրէժխնդրութենէն։

Ռիզէ․ Թէյի մշակում

Երիտասարդ Թուրքեր – Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուլթանի բռնատիրութենէն դժգոհ թուրք երիտասարդ մտաւորականներու շարժումը՝ «Երիտասարդ Թուրքեր», կայսրութեան տարածքին քրիստոնեաներուն կողմէ (յոյներ, հայեր, ասորիներ), խանդավառութեամբ կ'ընդունուի։ Օսմանեան Կայսրութիւնը Իտալիոյ դէմ (1911) եւ Պալքանեան երկիրներուն դէմ (1912-1913) մղած պատերազմներուն կը պարտուի։ Յուսալքումը իր անդրադարձը կ'ունենայ կայսրութեան տարածքին, մանաւանդ քրիստոնեաներով բնակուած շրջաններուն մէջ։ Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին կը կատարուի Պոնտոսի յոյն բնակչութեան ցեղասպանութիւնը՝ 1914 -1923 (Հայոց Ցեղասպանութեան հետ զուգահեռ)։ 

Աւելի քան 300 000 յոյն պոնտոսցիներ կը սպաննուին։ Լոզանի դաշնագրով (1923) պարտադրուած բնակչութեանց փոխանակութեան ընթացքին, 400 000 յոյներ Պոնտոսէն Յունաստան կը փոխադրուին, իսկ 65 000 հոգի ալ կը նախընտրէ Խորհրդային Միութիւն արտագաղթել։ Պոնտոսի 3․000 տարուան պատմութիւն ունեցող յունական բնակչութենէն, շրջանը կը մնան միայն իսլամացած յոյները։ 

Լազ լեռնականներ, 1900

Յոյներուն մեկնումով Պոնտոսը կ'ամայանայ եւ տնտեսութիւնը կը քայքայուի։ Կը յաջորդէ դէպի Գերմանիա արտագաղթի մեծ հոսանք մը։ Թուրքիան կը ջանայ կասեցնել արտագաղթը տնտեսական զանազան միջոցներով՝ շրջանին մէջ կը ներածէ բրինձի եւ կաղինի մշակումը, սակայն արդիւնքը սպասուածը չէ։

Պոնտոսի անկախութեան յոյսեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1919-ի Յունուարին, Փարիզի մէջ յաղթական Դաշնակից Պետութիւններու համաժողովի ընթացքին, յոյն վարչապետ Էլեֆթերիոս Վենիզելոս Պոնտոսի յունական պետութեան մը ստեղծման ծրագիրը կը ներկայացնէ։ 10 Օգոստոս 1920-ին Փարիզի արուարձան Սեւրի մէջ Առաջին համաշխարհային պատերազմը յաղթած երկիրներու եւ սուլթանական Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ կը կնքուի հաշտութեան պայմանագիր՝ Սեւրի Դաշնագիրը։ Հայաստանը Թուրքիոյ կողմէ կը ճանչցուէր իբրեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ անկախ պետութիւն եւ անոր սահմաններուն մէջ կը հիմնուէր Պոնտոսի յունական ինքնավար պետութիւնը։ 

Ժամանակակից շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոնտոսը աշխարհագրականօրէն մաս կը կազմէ Սեւ Ծովու շրջանին (Թուրքիոյ աշխարհագրական բաժանումի եօթը շրջաններէն մէկը)։ Պոնտոսի շրջանը իր կարգին, բաժնուած է 22 գաւառներու։

1968-ին զօրաւոր երկրաշարժ մը կը ցնցէ Սամսունտա, Սինոփի, Պոլու եւ Պարտին քաղաքները։

Խորհրդային Միութեան փլուզումով, Պոնտոսի նաւահանգիստները կը լեցուին ռուս, վրացի եւ հայ տնտեսական գաղթականներով։ Անոնք կը զբաղին առեւտուրով եւ ճարտարարուեստով։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24]

Աղեքսանդրիա

Բաբելոն

Հայաստան

Սելանիկ

Յունաստան

Փոքր Ասիա

• Նահանջ Բիւրուն Κύρου Ανάβασις, երկու հատոր, հրատ․՝ Ζήτρος 2005 ISBN 9789608437425

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Պոնտոս՝ բաց ծով - Henry George Liddell, Robert Scott, յունարէն-անգլերէն բառարան(անգլերէն)
  2. ՍթրապոնիԱշխարհագրութիւնը․ Քարոլիտիս Փաւլոս, Աթէնք, 1889(յունարէն)
  3. Քսենոֆոն, Նահանջ Բիւրուն – հին յունարէնի դասաւանդման դպրոցական դասագիրք(յունարէն)
  4. Ստրապոնի Աշխարհագրութիւնը The Geography of Strabo, (անգլերէն)
  5. Պալքանեան թերակղզիին բնակչութեանց փոխանակումը, The Balkan Exchange of Minorities and Its Impact on Greece, Dimitri Pentzopoulos(անգլերէն)
  6. «Հայերը Սեւ Ծովուն շրջանին մէջ, Րիչարտ Յովհաննէսեան՝ Հայկական Պոնտոս(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-10-18-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-10 
  7. Պոնտոսին յոյները, Michel BRUNEAU(յունարէն)
  8. Քեմպրիճ համալսարան․ Սպաննութեան Թակարդը, Manus I. Midlarsky, 2005(անգլերէն)
  9. Սելանիկի Արիստոթելեան համալսարան․ Պոնտոսի յոյներուն ջանքերն ու պայքարը ինքնավարութիւն ունենալու համար 1916-1922, Աթէնք 1925 (յունարէն)
  10. AINA - Հոլանտային Խորհրդարանը կը ճանչնայ հայերուն, Պոնտոսի յոյներուն եւ Ասորիներուն Ցեղասպանութիւնը
  11. Իրանեան Հանրագիտարան․Պոնտոսի թագաւորութիւնը, 24-7-2015(անգլերէն)
  12. Մեծն Կոմնիսնոսներուն Կայսրութիւնը․ հիմնում, նկարագիր եւ նպատակ(յունարէն)
  13. Շիքակօ Համալսարանի լրատարութիւն․ Émile Janssens (անգլերէն)
  14. «Բիւզանդական Կայսրութեան Պատմութիւն․ Ostrogorsky, 1966, էջ 422-424(անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-08-30-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-10 
  15. Տրապիզոնի յունական վերջին կայսրութիւնը․ William Miller, 1926, (անգլերէն)
  16. Հայ Ժողովուրդը․ հնագոյն տարիներէն մինչեւ ժամանակակից շրջանը – Ռիչըրտ Յովհաննէսեան(անգլերէն)
  17. Պալքաններուն փոքրամասնութիւններու բնակչութեանց փոխանակումը - Dimitri Pentzopoulos, 2002 (յունարէն)
  18. Պոնտոսի յոյները –Սթաւրուփոլիսին յոյները, Փարիզ, հրատ․՝ 1998 (ֆր.)
  19. Տերեպէյիները, Թիմարիոթներուն վարչակարգը եւ Պոնտոսի յոյներուն իսլամացման քաղաքականութիւնը(յունարէն)
  20. Պրիթանիքա Հանրագիտարան - Տերեպէյիներ(անգլերէն)
  21. Ցեղասպանութիւններու բառարան(անգլերէն)
  22. theguardian - Ասի Ցեղասպանութիւն էր,սակայն զոհերը միայն հայեր չէին․ Թէա Հալօ(անգլերէն)
  23. panarmenian - Հայաստանի յունական համայնքը կը յիշատակէ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը, 19 Մայիս, 2007 (անգլերէն)
  24. Պոնտոսի գաղտնի քրիստոնեաներն ու Անգլիոյ հիւպատոս Ուիլիամ Կիֆորտ Փալկէյվ - Antony Bryer(անգլերէն)

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ղրիղորիոս Խոնիատիս(անգլերէն)
  2. Կաթողիկէ Հանրագիտարան, 1913, Klemens Löffler(անգլերէն)
  3. Պոնտոսի յոյներուն Ցեղասպանութիւնը(ֆր.)
  4. Պոնտոսի Թագաւորութիւն(սպան․)
  5. Տրապիզոնի Կայսրութիւն(ֆր.)
  6. Կոմնինոսներուն Հարստութիւնը(յունարէն)
  7. Մանկահաւաք(անգլերէն)
  8. Գաղտնի քրիստոնեաներԿաղապար:Lang-pnt
  9. Թիմարիոթները(անգլերէն)
  10. Յունական Ցեղասպանութիւնը(անգլերէն)
  11. Թուրքիոյ Աշխարհագրական բաժանումը(անգլերէն)