Դուինի Եկեղեցական Ժողով (648)
Դուինի Չորրորդ եկեղեցական ժողովը տեղի ունեցած է 648 թուականին, Մարզպանական Հայաստանի հին մայրաքաղաք Դուինի մէջ։ Ժողովը գումարուած է Ներսես Գ Տայեցիի (641-661) կաթողիկոսին նախագահութեամբ, եւ Հայոց իշխան Թէոդորոս Ռշտունիի օրոք ու նախաձեռնութեամբ գումարուած ժողով: Ըստ Սեբէոսի, ժողովին մասնակցած են Հայոց բոլոր եպիսկոպոսներն ու նախարարները (անոնց անուններն ու թիւը չի նշուիր)[1]։

Նկարագրութիւն[2]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժողովը գումարուած է Հայոց արքունիքին եւ գլխաւոր եպիսկոպոսներուն կողմէ՝ քննարկելու համար Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ արեւմտեան Ուղղափառ ու Կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ շարունակուող պառակտումը։ Յատուկ մտահոգութեան առարկայ էր Վրաց եկեղեցւոյ հետ վերջերս տեղի ունեցած պառակտումը. Վրաց եկեղեցին սկզբնապէս Հայաստանի կողքին էր՝ մերժելով Քաղկեդոնի կանոնները, սակայն վերջերս փոխած էր իր դիրքորոշումը՝ զօրակցելով Հռոմին եւ Կոստանդնուպոլսին։ Ժողովին ընթացքին Վրաստանի հետ միաւորման զօրաւոր փորձ մը կատարուեցաւ, որ սակայն վերջնականապէս մերժուեցաւ։
Ժողովը նաեւ ընդունեց 12 կանոններ եւ ամրապնդեց եկեղեցական կարգապահութիւնը։
Քննարկուեցաւ նաեւ հայ եկեղեցական շարականներու երգեցողութիւնը։ Ասոնք բարեփոխուեցան Բարսեղ Ճօն վարդապետին կողմէ եւ վաւերացուեցան Ներսէս Գ. կաթողիկոսին կողմէ։ Այս համակարգը այժմ ծանօթ է «Ճօնընտիր» անունով, որ կը նշանակէ՝ «Բարսեղ Ճօնի կողմէ ընտրուած կամ դասաւորուած»։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]640-ական թուականներուն, Հայաստանի վրայ արաբական արշաւանքներու ժամանակ, Բիւզանդիոն ձգտած է իր կողմը գրաւել հայերուն, «դաւանական միութեան» առաջարկով պարտադրած է քաղկեդոնականութիւն։ Բիւզանդական Կոստանդիանոս III կայսրը եւ Կոստանդնուպոլիսի պատրիարքը նամակ ուղղարկած են Հայոց կաթողիկոսին եւ Թէոդորոս Ռշտունի իշխանին՝ յորդորելով ընդունիլ քաղկեդոնական դաւանանքը եւ վերջ տալ թշնամանքին։ Կաթողիկոսը եւ իշխանը Դուինի Ե ժողովը հրաւիրած են նախ պատրաստելու կայսրին եւ պատրիարքին ուղարկուելիք պատասխանը, երկրորդ՝ կազմելու դիւան. ձեռնարկ փաստական պատճառաբանութեամբ, եւ երրորդ՝ իբրեւ ուղեցոյց հավատի ձեռնարկ սահմանելու հայերուն համար, որպէսզի պարզ ելլայ հայոց դաւանութիւնը եւ անոր տարբերութիւնը յունականէն։
Սեբէոսի (7-րդ դար) «Պատմութիւնէն» չերեւիր, որ ժողովին մէջ կազմած թուղթը ուղարկած են կայսրին։ Սակայն ընդարձակօրէն բերուած է դաւան. ձեռնարկը։ Անոր ընդհանուր բովանդակութիւնը հայոց դաւանութեան ամփոփումն է, ուր մասնաւորապէս շեշտուած է Քաղկեդոնի եւ Հայ եկեղեցիի վարդապետութիւններու տարբերութիւնը։ Հեղինակները հիմնավորած են Հայ եկեղեցիի դաւանութեան ուղղափառութիւնը՝ համաձայն 3 տիեզերաժողովներուն(Նիկիայի-325 թուական,Եփեսոսի-381 թուական, Քաղկեդոնի-451 թուական) որոշումներուն։ Վերջոաւորութեան, բանադրած են բոլոր հերձուածողներուն եւ քաղկեդոնականներուն։ Ժողովը բանադրած է նաեւ Յովհան Մայրավանեցիի աշակերտ Սարգիսի հերձուածը (յայտնի է Մայրագոմեցիներու աղանդ անունով), բացատրած «Սուրբ Աստուած» երգը «խաչեցարով» ըսելու դաւանական սկզբունքը։ Թուղթին մէջ կը խոսուի է նաեւ երկրորդ անգամ ամուսնացողներուն եռամեայ ապաշխարությունէն յետոյ հաղորդութիւն ընդունելու, իսկ երրորդ եւ չորրորդ անգամ ամուսնացողներուն՝ եկեղեցիի հաղորդութիւնէն զրկելու կանոններու մասին։ Ժողովի որոշումները ստորագրած են հոգեւորական եւ աշխարհական բոլոր ժողովականները, կնքած իրենց մատանիներով եւ հանձնած կաթողիկոսին՝ ի պահպանութիւն։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայաստանյայց առաքելական եկեղեցու ժողովներ, պաշտոնական կայք Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.
- ↑ (անգլերեն) Fourth Council of Dvin, 2025-01-09, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Fourth_Council_of_Dvin&oldid=1268414258, վերցված է 2026-04-23
- ↑ (անգլերեն) Fourth Council of Dvin, 2025-01-09, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Fourth_Council_of_Dvin&oldid=1268414258, վերցված է 2026-04-23