Տաւուշի մարզ

Մարզ
Տաւուշի մարզ
Երկիր  Հայաստան
Ներքին բաժանում Իջեւան, Այրում, Դիլիջան, Նոյեմբերեան, Աչաջուր, Աճարկուտ, Աղաւնավանք, Ակնաղբիւր, Արճիս, Արծուաբերդ, Այգեձոր, Այգեհովիտ, Այգեպար, Ազատամուտ, Բաղանիս, Բագրատաշէն, Բարեկամաւան, Բերդաւան, Բերքաբեր, Չինարի, Չինչին, Տեպեդաւան, Դեղձաւան, Տիդաւան, Դովեղ, Գանձաքար, Գետահովիտ?, Գոշ, Հաղարծին, Յաղթանակ, Հովք, Իծաքար, Ջուջեւան, Խաչարձան, Խաշթառակ, Կիրանց, Կողբ, Կոթի, Լճկաձոր, Լուսաձոր, Լուսահովիտ, Մովսէսգիւղ, Նաւուր, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Նորաշէն, Պառաւաքար, Պտղաւան, Սարիգիւղ, Սեւքար, Տաւուշ, Թեղուտ, Ներքին Ծաղկաւան, Վերին Ծաղկաւան, Վարագաւան, Վազաշէն, Վերին Կարմիրաղբիւր, Ոսկեպար, Ոսկեւան, Ենոքաւան եւ Զօրական
Governor of Tavush? Հայկ Չոբանյան?
Հիմնադրուած է՝ 7 Նոյեմբեր 1995
Տարածութիւն 2704,0 քմ²
Բնակչութիւն 122 200 մարդ (2019)
Փոստային ցուցանիշ 3901–4216
Պաշտօնական կայքէջ tavush.mtad.am

Տաւուշի մարզ, մարզ Հայաստանի հիւսիսարեւելեան մասը: Մարզկեդրոնը Իջեւան քաղաքն է։

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տաւուշի մարզը կը գտնուի Հայաստանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ։ Կ՚ընդգրկէ Իջեւանի, Տաւուշի (նախկին՝ Շամշադին), Նոյեմբերեանի, Դիլիջանի տարածաշրջանները եւ 5 քաղաքներ՝ Իջեւան, Նոյեմբերեան, Բերդ, Դիլիջան եւ Այրում:

Մարզը սահմանակից է Վրաստանին, հիւսիսէն եւ արեւելքէն՝ Ազրպէյճանին։ Հայաստանի պետական սահմանէն մարզին բաժին կ՚իյնայ մ 400 քմ հատուած, որմէ 352-ը՝ Ազրպէյճանի հետ։ Մարզի կեդրոնով դէպի հիւսիս-արեւելք կը հոսի Աղստեւ գետը: Ամենացած կէտը կը գտնուի Դեբեդաւան գիւղի մօտ (380 մ), ամենաբարձր կէտը՝ Միափորի լեռնաշղթայի Մուրղուզ լեռն է (2993 մ)։ Հայաստանի Տաւուշի մարզը կը տարածուի Փոքր Կովկասի լեռնաշղթաներու արտաքին շարի վրայ (Վիրահայոց, Գուգարաց եւ Միափորի լեռներ)։ Կը գտնուի Հայաստանի չափաւոր խոնաւ տարածաշրջանին մէջ։

Արեւափայլքի տարեկան տեւողութիւնը 1900-2000 ժամ է։

Ամառները կ՚ըլլան տաք, ձմեռները՝ մեղմ։ Գետերը կը պատկանին Կասպից ծովի (Կուր գետի) աւազանին եւ կը սնուի հալոցքային, ստորերկրեայ եւ անձրեւային ջուրերէն։

Կը գտնուի Երեւանէն 137 քմ հեռաւորութեան վրայ։

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարզը կը զբաղեցնէ ՀՀ տարածքի 9.1 %-ը, 1 քառ. քմ-ի վրայ կ՚ապրի 50 մարդ։ Բնակչութեան զգալի մասը բնիկ տաւուշցիներ են. կան նաեւ Արցախէն եւ Գարդմանքէն տեղափոխուածներու (տարահանուածներու) սերունդներ: Օրինակ, 17-19-րդ դարերուն հայութեան զգալի քանակի ներհոսք եղած է Արցախիցէն դէպի Տաւուշ: Տեղափոխուածները կամ կը հիմնէին նոր գիւղեր կամ ալ վերականգնում նախկին լքուած կամ աւերուած հայկական բնակավայրերը:

Տաւուշի մարզի բնակչութիւնը կը կազմէ հանրապետութեան բնակչութեան ընդհանուր թուաքանակի 4.2 %-ը։ Բնակչութեան 62.3 %-ը կ՚ապրէ գիւղական վայրերուն մէջ։ Մարզը հանրապետութեան վառ արտայայտուած գիւղատնտեսական շրջաններէն է։ ՀՀ Տաւուշի մարզկեդրոնը Իջեւան քաղաքն է (մինչեւ 1919՝ Քարվանսարա), որու բնակչութիւնը 1 Յունուար 2003-ի դրութեամբ կազմած է 20.3 հազ. բնակիչ։

Բնակավայրեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տաւուշի մարզը կը ներառէ Մեծ Հայքի 3 աշխարհներու գաւառներ ու գաւառամասեր։ Մարզի տարածքի հիւսիսային մասը (Նոյեմբերեանի տարածաշրջան) հիմնականին կը համապատասխանէ Գուգարքի Կողբափոր, կեդրոնական եւ արեւմտեան մասերը (Իջեւանի տարածաշրջան)՝ Կայէն եւ Կանգարք գաւառներուն։ Հարաւային մասը (Դիլիջանի տարածաշրջան) մտած է Այրարատ աշխարհի Վարաժնունիք գաւառի մէջ, իսկ արեւելեան մասերու (Բերդի տարածաշրջան) բնակավայրերն ու հնավայրերը կը յիշատակուին Ուտիք աշխարհի Աղուէ եւ Տուչքատակ գաւառներուն մէջ։

Տաւուշի մարզի ռելիեֆային քարտէզ

Մարզի Դիտաւան գիւղին մէջ Հայաստան համահայկական հիմնադրամը իր Արժանթինի տեղական մարմնի միջոցով իրականացուցած է չորս կարեւորագոյն ենթակառուցուածքային ծրագիր։ Շնորհիւ այդ ծրագրերուն` գիւղը այսօր ունի գազ, խմելու ջուր, նորակառոյց դպրոց եւ համայնքային կեդրոն։

2016-ին՝ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի մանուկներ բարեգործական հիմնադրամի ջանքերով Կոթի եւ Այգեհովիտ սահմանամերձ համայնքներուն մէջ բացուեցան ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ ապահով սենեակներ։ Ասոնք կրթական սրահներ են, որոնք կրնան պէտք եղած պարագային ծառայել նաեւ իբրեւ ապաստարան սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու համար։ ՍՄԱՐԹ ապահով սենեակները կրնան միաժամանակ տեղաւորել մինչեւ 200 բնակիչի, ունին ջուրի, սնունդի պաշարներ, լրացուցիչ էներգիայի գեներատոր, սանհանգոյց եւ օդափոխութեան համակարգ։

Կիրանց վանք
Գոշավանք վանական համալիր

Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ողջ հիւսիսարեւելեան հատուածի վարչական, արդիւնաբերական, կրթամշակութային կեդրոնն է եւ տրանսպորտային հանգոյցը։ Քաղաքի արդիւնաբերութեան հիմնական ուղղութիւնը մշակող արդիւնաբերութիւնն է (մասնաւորապէս՝ փայտամշակումը, մէտաղամշակումը, սննդամթերքի, հանքային ջուրի եւ գինիի արտադրութիւնները)։ Իջեւան քաղաքը յայտնի է նաեւ գորգագործութեամբ։

Մարդկային ներուժի զարգացման ցուցակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստորեւ ներկայացուած է Մարդկային ներուժի զարգացման ցուցակի փոփոխութիւնը ըստ տարիներու: Այն կը ներկայացնէ մարզի կրթական մակարդակի, կեանքի սպասուող տեւողութեան եւ մէկ անձի տարեկանի եկամուտներու համախառն ցուցանիշ։

Աղստեւ գետ
Տաւուշի բերդ
Տարի 1990 1995 2000 2005 2010 2015 2017
Ցուցանիշ 0.611 0.583 0.626 0.677 0.719 0.73 0.734

Բնապահպանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դիլիջանի մօտ գտնուող Պարզ լիճն է։ 1970-1980 կառուցուած են Խնձորուտի, Հախումի, Տաւուշի, Այգեձորի, Ջողազի եւ Քոլագրի ջրամբարները։ Մարզի բնութիւնը գեղատեսիլ է։ Ընդհանուր մակերեսի 51%-ը կը զբաղեցնեն խառն անտառները, որոնք աչքի են ընկնում բուսական եւ կենդանական աշխարհի բազմազանութեամբ, բնական ժառանգութեան անզուգական յուշարձաններով։ Բնութեան նախաստեղծ վիճակի պահպանութեան, առաւել հարստացման եւ տեղական պայմաններուն մէջ նոր տեսակներու ստացման նպատակով Աղստեւի աւազանին մէջ ստեղծուած են Դիլիջանի պետական արգելոցը եւ Իջեւանի անտառային այգին՝ (դենդրոպարկը)։

Պարզ լիճ

Զբօսաշրջիկութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարզի եւ յատկապէս Աղստեւի հովտի բնակլիմայական պայմանները (մեղմ կլիմայ, թթուածնով հարուստ լեռնային մաքուր օդ, հանքային բուժիչ ջուրեր, անտառներ, դեղաբոյսերով հարուստ լեռնաշխարհ) չափազանց նպաստաւոր են բնակչութեան հանգիստի կազմակերպման, առողջութեան վերականգման եւ միջազգային զբօսաշրջիկութեան ծաւալման համար։

ՀՀ Տաւուշի մարզի տարածքը չափազանց հարուստ է պատմամշակութային կառոյցներով՝ վանքային համալիրներ, բերդեր, խաչքարեր, կամուրջներ, դամբարաններ, յուշակոթողներ, յուշաղբիւրներ։ Յատկանշական են Գոշավանքը, Հաղարծնի ու Մակարաւանքի համալիրները, Տաւուշի բերդը եւ այլն։ Յայտնի են նաեւ Ջուխտակ վանքերը, Մաթոսաւանքը, Առաքելոց եկեղեցին, Ոսկեպարի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Սրանոց կամուրջը, Մորոյ Ձորոյ վանքը, Լաստիվերի անապատը, Գոշի լիճը եւ այլն։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]