Jump to content

Ուտիք


Ուտիք (նաեւ Ուտի, Ուտեաց աշխարհ), Մեծ Հայքի տասներկրորդ նահանգը։ Տարածուած է Կուր գետի աջափնեայ տափարակին վրայ եւ հայկական լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելեան լեռնային շրջաններուն մէջ՝ զբաղեցնելով Աղստեւ գետէն մինչեւ Կուրի եւ Երասխի ջրկիցն ինկած տարածքը։ Հիւսիսէն եւ արեւելքէն Կուր գետով սահմանակից է Աղուանքին, արեւմուտքէն՝ Դեբեդի եւ Աղստեւի ջրբաժանով՝ Գուգարքին, հիւսիս–արեւմուտքէն՝ Մրղուզի եւ Սեւանի լեռնաշղթաներով՝ Այրարատին եւ Սիւնիքին, հարաւ–արեւմուտքէն՝ Արցախին, հարաւէն՝ Երասխ գետով, Փայտակարանին։

Վարչական բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուտիքը կազմուած էր հետեւեալ 8 գաւառներէն.

Հնագիտական պեղումները կը վկայեն, որ նախնադարեան համայնական հասարակութեան ժամանակաշրջանէն, Ուտիքի բնակչութիւնը ներառուած է հայկական լեռնաշխարհի ընդհանուր տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ։

Ք․Ա․ 13-րդ դարու 1–ին կիսուն Սարդուրի Բ–ի ուրարտական զօրքերը կը մտնեն Ուտիք, իսկ նոյն դարու 2–րդ կիսուն Ռուսա Ա․ նահանգը միացուցած է Ուրարտական պետութեան։ Ք․Ա․ 6-րդ դարուն, Ուրարտուի անկումէն ետք, Ուտիքը կը մտնէ Երուանդունիներու Հայկական թագաւորութեան մէջ ու կը դառնայ արքայական ձմեռանոց։ Ք․Ա․ 2-րդ դարուն, Ուտիքը Մեծ Հայքի Արտաշէսեան թագաւորութեան կազմին մէջ կը մտնէ։ Ք․Ա․ 1-ին դարուն, Տիգրան Բ․ Մեծը Թագաւորաղբիւր կոչուող վայրին մէջ կը կառուցէ Տիգրանակերտ քաղաքը։ Վարչական շարք մը փոփոխութիւններու հետեւանքով, Ուտիքը 3-րդ դարուն կազմուած է՝ նախ 7, ապա 8 գաւառներէ։

301 թ.-էն, քրիստոնէութիւնը տարածուած է նաեւ Ուտիքի մէջ։ Ուտիքի քրիստոնէութեան ամրապնդման գործին մէջ մեծ դեր ունեցած է Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռը՝ Գրիգորիս եպիսկոպոսը։ Մեծ Հայքի 387 թ.–ի բաժանումէն ետք, Ուտիքը մնացած է Խոսրով Գ․–ի արեւելահայկական թագաւորութեան կազմին մէջ։ 450-451 թթ.–ին՝ Ուտիքի հայ բնակչութիւնը մասնակած է Վարդան Մամիկոնեանի գլխաւորած հակապարսկական ապստամբութեան եւ Աւարայրի ճակատամարտին։ 5-րդ դարու վերջաւորութեան, Ուտիք մտած է Արցախի հայ Առանշահիկներու թագաւորութեան մէջ։ 12-րդ դարուն, Ուտիքը ինկած է արաբական տիրապետութեան տակ՝ ռազմաբեմ դառնալով իրարու դէմ պատերազմող արաբական եւ խազարական զօրաբանակներու միջեւ։ 9-րդ դարու սկիզբը, Հիւսիսային Կովկասէն Հայաստան մուտք գործած Սեւորդեաց ցեղը հաստատուած է Ուտիքի մէջ, ընդունած՝ քրիստոնէութիւն եւ հայացած։ 840–ական թթ. Ուտիքի մէջ հիմնադրուած է՝ Գանձակ քաղաքը։ 9-րդ դարու վերջաւորութեան, Ուտիքի հիւսիս–արեւմտեան մասը մտած է Բագրատունիներու Հայոց թագաւորութեան մէջ։ 11-րդ դարու 2-րդ կիսուն, Ուտիքը գրաւած են սելճուք–թուրքերը։ 11-րդ դարու վերջաւորութեան, Զաքարեաններն ազատած են Ուտիքի արեւմտեան շրջանները, որոնք դարձած են Վահրամեան ճիւղի տիրոյթը։ 14-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 15-րդ դարու սկիզբը, Ուտիք ասպատակած են Լենկթեմուրի զօրքերը։ 17-էն 18-րդ դարերուն, Ուտիքի հայ բնակչութիւնը հարթավայրային շրջաններէն կը ստիպուի հեռանալ նախալեռնային եւ լեռնային շրջանները, մասամբ կեդրոնանալով Գանձակ քաղաքին մէջ։ 19-րդ դարու 40-50–ական թթ., Ուտիքի տարածքը մտած է Թիֆլիսի, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը՝ հիմնականօրէն Ելիզավետպոլի եւ մասամբ Պաքուի նահանգին մէջ։ 1918-1920 թթ.-ին նահանգի մեծ մասը ՄԱԿ-ի կողմէն ճանչցուած է որպէս ՀՀ-ի մաս, սակայն Հարաւային Կովկասի մէջ՝ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, հիմնականօրէն ընդգրկուած է Խորհրդային Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ ԽՍՀՄ փլուզումէն ետք տարածքային պատկերը գրեթէ չէ փոխուած[1]։

Բնագիտական-աշխարհագրական առանձնայատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուտիքի հիւսիս–արեւմտեան մասը հիմնականօրէն լեռնային անառիկ շրջան է՝ հարուստ անտառներով եւ ալպեան մարգագետիններով։ Կուրի աջափնեայ հարթավայրային շրջանը մինչեւ Կուրի եւ Երասխի խառնուրդը արգաւանդ դաշտավայր է։ Ուտիքի հարաւ–արեւելեան մասը կը կազմէ Մուղանի դաշտավայրի մէկ հատուածը։ Ուտիքի արեւելակեդրոնական մասը՝ Թովմա Արծրունին կը յիշատակէ, որպէս Գարգարացւոց, իսկ հիւսիս–արեւմտեանը՝ Շակաշէնի կամ Սակասէնի դաշտ։ Աղստեւ գետի ստորին հոսանքի շրջանին մէջ է Կակա դաշտը։ Ուտիքէն կը հոսին բազմաթիւ գետեր եւ գետակներ, որոնք գերազանցապէս Կուրի վտակներն են՝ (Շամխոր, Աղստեւ, Հախում, Տաւուշ, Զակամ, Բանանց, Ոսկանապար կամ Գանձակ, Կուրակ, Գերան, Բարակ, Տրտու կամ Թարթառ, Խաչենագետ, Կարկառ եւ այլն)։ Կուրի եւ Երասխի ջրկիցի շրջանին մէջ կան աղի լճակներ։ Ուտիք՝ հնագոյն ժամանակներէն, նշանաւոր էր երկաթի, պղինձի, նաւթի, ոսկիի, արծաթի եւ արզնի հանքերով։ Այժմ Ուտիքի տարածքը յայտնի է նաեւ ծծմբային կոլչեդանի, մանգանի, բարիտի, գիպսի, կաոլինի, քուարցիտներու, շինարարական քարերու եւ այլ հանքերով։ Ունի հանքային ջուրերու բազմաթիւ աղբիւրներ, որոնք հիմնականօրէն կեդրոնացուած են Աղստեւ, Տաւուշ եւ Զակամ գետերու աւազաններուն մէջ։ Ուտիքի լեռնային շրջանները հարուստ են անտառներով։ Բազմազան է նաեւ Ուտիքի կենդանական աշխարհը։ Յիշատակութիւններ կան այն մասին, որ հնագոյն ժամանակներուն Ուտիքի մէջ հանդիպած են նաեւ առիւծի, յովազի եւ նմանատիպ այլ կենդանիներու։ Ուտիքի հարթավայրային շրջաններն ունին բարեխառն տաք կիսանապատային եւ չոր տափաստանային կլիմայ։ Տարեկան տեղումները կը կազմեն 300—600 մմ․, հս-արմ., լեռնային որոշ շրջաններուն մէջ՝ մինչեւ 900 մմ․, Յունուարեան միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ 3°C–էն մինչեւ -3 °C, իսկ Յուլիսինը՝ 20 °C–27 °C եւ աւելի։

Կաղապար:Մեծ Հայքի վարչական բաժանում

  1. «Թ հակոբյան «հայաստանի պատմական աշխարհագրություն» by Արա Նախշքարյան - Issuu»։ issuu.com (անգլերեն)։ 2013-07-01։ արտագրուած է՝ 2024-10-31