Արտեր կղզի
Արտեր կամ Առտէր կղզի, Վանայ լիճի կամ Բզնունեաց ծովու չորրորդ կղզին է, կը գտնուի Նարեկ գիւղի դիմաց, Ախթամար կղզիին մօտ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կղզին «Արտեր» կոչուած է, որովհետեւ Ախթամարին ենթակայ արտեր ունեցած է: Իսկ «Առտէր» կոչումը կու գայ Հայկական աւանդութենէն, որուն համաձայն Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի երբ լերան վրայ գտնուող իր ճգնարանին մէջ կ'աղօթէր, անոյշ ձայն մը կը լսէ: Ան աչքերը դէպի ծով կ'ուղղէ եւ այս կղզիին վրայ կը տեսնէ Տիրամայրը՝ գիրկը բռնած Յիսուս Մանուկը: Քաղցր ձայնը զինք կը կանչէ ըսելով. «Գրիգոր, եկ առ Տէր, որուն ցանկալով ցանկանայիր»: Նարեկացին անմիջապէս կը սուրայ դէպի կղզի եւ կ'երկրպագէ Տիրամօր եւ անոր Որդիին:
Կղզիին վրայ շուտով կը կառուցուի մենաստան եւ եկեղեցի, որոնք կը նուիրուին Ս. Աստուածածնի:
Ինչպէս Վանայ լիճի միւս երեք կղզիներուն մէջ (Կտուց, Ախթամար եւ Լիմ), Արտերի մէջ կառուցուած է հայկական երկու եկեղեցիներ, որոնք յետագային Քուրտերու ձեռքով կը կողոպտուին եւ կը քանդուին: Ներկայիս միայն աւերակներ գոյութիւն ունին:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վասպուրական-Վանի Վանքերը, Դկտ.Հ.Համազասպ Ոսկեան, Վիեննա, Մխիթարեան Տպարան, էջ 133-135: