Պաւլիկեան շարժում
Պաւլիկեան շարժումը կամ Պաւղիկեան շարժումը ծագում առաւ աւատատիրութեան ֆէոտալիզմ ծագման եւ զարգացման ժամանակաշրջանին, ուղղուած ֆէոտալիզմի ճնշման եւ շահագործման դէմ։
Պաւլիկեան շարժման սկզբնաւորութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պաւլիկեանութիւնը բոլոր այլ հասարակական-քաղաքական շարժումներուն նման՝ կրօնական կերպարանք ընդունած եւ աղանդաւորական քօղի տակ ծածկուած ազատագրական շարժում էր, ուղղուած՝ ո՛չ միայն հայկական, այլ նաեւ օտարերկրեայ զաւթիչներու դէմ։ Ծնունդ առաւ Հայաստանի մէջ եւ տարածուեցաւ փոքրասիական շրջաններու մէջ։
Պատմագրութեան մէջ պաւլիկեան անուան ծագման շուրջ կան կարգ մը կարծիքներ։ Ուսումնասիրողներէն ոմանք այդ անունը կապած են Պօղոս առաքեալի հետ, ոմանք Սամոսատցի Պօղոսի, իսկ ոմանք ալ կապած են մանիքեական հայազգի Կալինիկէի որդի՝ (պաւլիկեան շարժումի հիմնադիր՝ Պաւղոս) Պօղոսի հետ, որմէ առաջ եկած ըլլալ կ'ենթադրուի պաւլիկեան անունը։
Ըստ պահպանուած հայկական, բիւզանդական եւ արաբական սկզբնաղբիւրներու, պաւլիկեանները առաջին անգամ յիշատակուած են հայոց Ներսէս Բ. Բագրեւանդցի (548-557) կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ գումարուած՝ Դուինի 554 թուականի երկրորդ եկեղեցական ժողովին մէջ կազմուած «Ուխտ միաբանութեան հայոց աշխարհիս» փաստաթուղթին մէջ։
Ծագում առնելով Ե. դարու վերջերը եւ Զ. դարու սկիզբները, պաւլիկեան շարժման գաղափարախօսութիւնը սերտօրէն առնչուած է մարկիոնականներու, բորբորիտներու, մծղնիականներու եւ մանիքեանականներու գաղափարախօսութեան հետ։
Պաւլիկեան շարժման ընթացքը Արեւելեան Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]554 թուականի Դուինի եկեղեցական ժողովէն ետք, պաւլիկեանները եւ հայկական եկեղեցւոյ միւս հակառակորդները ենթարկուեցան խիստ հալածանքներու եւ ոչնչացման։
Պաւլիկեան շարժումը արեւելեան Հայաստանի մէջ կրկին ուժեղացաւ Է. դարու վերջերը եւ Ը. դարու սկիզբները։ Այս անգամ պայքարի գործը ձեռք առաւ անձամբ Յովհան Օձնեցի կաթողիկոսը (717-728)։ Ան 719 թուականին գումարեց յատուկ եկեղեցական ժողով Դուինի մէջ, ուր սահմանուեցան խիստ պատիժներ եւ մշակուեցան կանոններ պաւլիկեան շարժման դէմ։ Այս կանոններէն 32-րդը ամբողջութեամբ կը վերաբերէր պաւլիկեաններուն։ Այս կանոնի համաձայն հաւատացեալներ բացարձակապէս պէտք չէր շփում ունենային պաւլիկեաններու հետ։ Յովհան Օձնեցին պաւլիկեաններու դէմ ազատօրէն պայքարելու համար անձամբ մենեցաւ Դամասկոս՝ Օմար 2-րդ խալիֆի մօտ եւ ձեռք բերաւ անոր հովանաւորութիւնը։ Յովհան Օձնեցին պաւլիկեաններու դէմ կը մղէր նաեւ կատաղի գաղափարական պայքար։ Ան 710-ական թուականներուն պաւլիկեաններու դէմ գրեց իր «Ընդդէմ պաւղիկեանց» գործը։ Այս գործով հեղինակը թէպէտեւ չկրցաւ հիմնականօրէն հերքել պաւլիկեաններու գաղափարախօսութիւնը, բայց այնուամենայնիւ կրցաւ ջլատել անոնց ուժերը եւ թուլացնել շարժումը, որմէ ետք անոնք խոշոր զանգուածներով սկսան հեռանալ Արեւելեան Հայաստանէն եւ հաստատուիլ Փոքր Հայքի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։
Պաւլիկեան շարժման վերելքը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խուսափելով հալածանքներէն՝ պաւլիկեանները Է. դարու սկիզբները կեդրոնացան Բիւզանդիոյ եւ արաբական խալիֆայութեան սահմաններուն մէջ։ Օգտուելով երկու տիրութիւններու հակամարտութենէն, հիմնեցին հաւասարութեան սկզբունք ունեցող քրիստոնէական համայնքներ, Կոստանդին Սիլվանի առաջնորդութեամբ։ Կոստանդին Սիլվան ծնած է Հայաստանի Մանանաղ գիւղին մէջ։ Ան որպէս պաւլիկեաններու առաջնորդ, պատմական ասպարէզ մտած է 654 թուականին։ Իր գիւղին մէջ ծանօթացած է աւետարանին եւ Պօղոս առաքեալի թուղթերուն, որմէ ետք հաստատուած է Կոլոնիա քաղաքի մօտ գտնուող Կիբոսա բերդը։
681 թուականներուն բիւզանդական զօրքերը կը ներխուժեն Արեւմտեան Հայաստան, կը բռնեն Կոստանդին Սիլվանը եւ երկար չարչարելէ ետք, կը սպաննեն զայն։ Նոյն բախտին կ'արժանանայ նաեւ միւս ղեկավարը՝ Սիմէոն Տիտը։
Է. դարու վերջերը պաւլիկեաններու նոր առաջնորդը՝ Գինեսիոս Տիմոթիոսը իր գործունէութեան կեդրոնը կը փոխադրէ արաբական սահմանին մօտ գտնուող Մանանաղ գիւղը։ Գինեսիոս Տիմոթիոսի մահանալէն ետք, պաւլիկեան շարժումը կ'առաջնորդեն յաջորդաբար Յովսէփը, Զաքարիան եւ Վահանը։ Վահանէն ետք մինչեւ 8-րդ դարու վերջերը պաւլիկեան շարժումը կը ղեկավարէ Սերգիոս Տիւքիկոսը, որուն եռանդուն գործունէութեամբ պաւլիկեաններու թիւը կ'աճի եւ կը հասնի հարիւր հազարներու։ Սակայն որքան պաւլիկեաններու դէմ հալածանքները խստանային այնքան անոնց դիմադրութիւնը կ'ուժեղանար։ Այս տարիներուն պաւլիկեաններու առաջնորդութիւնը կը ստանձնէ Կարբիասը։ Ան իր հետեւորդներով բնակութիւն կը հաստատէ Արգաուս, Ամարա եւ Տեւրիկ ամրոցներուն մէջ, որոնք կը վերածուին ռազմաքաղաքական կեդրոններու։ Այս կեդրոններէն պաւլիկեանները 855, 859, 860, 861 թուականներուն բազմաթիւ յաղթական կռիւներ կը մղեն բիւզանդացիներուն դէմ։
863 թուականի Սեպտեմբեր 3-ին տեղի կ'ունենայ Պոսոնի ճակատամարտը, որ կը վերջանայ բիւզանդացիներու յաղթանակով։ Այս ճակատամարտին հերոսի մահով կ'իյնայ նաեւ Կարբիասը։ Անոր մահէն ետք պաւլիկեաններու ղեկավարութիւնը կը ստանձնէ Խրիսոխիրը։
Մինչեւ 873 թուական, պաւլիկեանները Խրիսոխիրի գլխաւորութեամբ բազմաթիւ յաղթական կռիւներ կը մղեն տեղական ֆէոտալներու եւ կայսերական բանակներու դէմ, կը ներխուժեն բիւզանդական կայսրութիւն եւ սրընթաց կերպով կը գրաւեն շարք մը խոշոր բնակավայրեր եւ քաղաքներ Բիւզանդիայի արեւելեան շրջաններէն, ինչպէս՝ Անկիւրա, Նիկիա, Նիկոմետիա, Եփեսոս, եւայլն։
873 թուականին բիւզանդական զօրքերը Քրիստափորի առաջնորդութեամբ եւ օգնութեամբ Արեւմտեան Հայաստանի որոշ ֆէոտալներու ռազմական ուժերուն, գաղտագողի կը յարձակին պաւլիկեաններուն վրայ, որոնք խուճապի մատնուելով կը սկսին լքել իրենց դիրքերը։ Այս կռիւի ընթացքին կը սպաննուի նաեւ Խրիսոխիրը։
9-րդ դարուն պաւլիկեան շարժումը իր վերելքի գագաթնակէտին հասնելով, նոյն դարու 70-ական թուականներուն կը սկսի տկարանալ, թուլանալ, որովհետեւ բիւզանդական ռազմական ուժերը միանալով ֆէոտալական հասարակարգի շահագործող ուժերուն հետ կը ճնշեն պաւլիկեաններու ապստամբութիւնը, կը ջլատեն անոնց ուժերը եւ կը սկսին զանգուածաբար գաղթել տալ դէպի Պալգանիա։
Պաւլիկեան շարժման գաղափարախօսութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Պաւլիկեաններու շարժման գաղափարախօսութեան սկզբունքը երկուութիւնն էր։ Անոնք կ'ընդունէին չարութեան եւ բարութեան աստուածութիւններ։ Տեսանելի, զգայական, նիւթական աշխարհը կը վերագրէին չարութեան աստծուն, իսկ ինչ որ տեսանելի չէր, երկնային եւ հոգեկան էր՝ բարութեան աստծուն։ Ըստ երեւոյթին պավլիկեանները ոչ թէ նիւթական ստեղծումը կը վերագրէին չարութեան աստծուն, այլ կ'ընդունէին որ նիւթը եւ հոգին սկիզբէն ստեղծուած են Աստուծոյ կողմէ իսկ յետագային նիւթականի վրայ իշխելու իրաւունքը ինկած է չարի ձեռքը։
- Պաւլիկեանները կը ժխտէին անդրշիրիմեան կեանքը։ Անոնք չէին ընդուներ նաեւ եկեղեցական ծէսերը։
- Աստուածաշունչէն կ'ընդունէին միայն Նոր Կտակարանը (առանց Պետրոս առաքեալի թուղթերուն)։
- Ժխտելով Մարիամի աստուածածնութիւնը, կը հերքէին անոր պաշտամունքը։
- Քրիստոսին վերագրելով միայն աստուածային յատկութիւններ, անոնք չէին հաւատար անոր կրած մարմնական չարչարանքներուն։ Ուստի անոնք կը տեսնէին, որ պէտք է անիծել խաչը, պէտք չէ խաչակնքել եւ խաչէն բարի ակնկալութիւններ սպասել։
- Ժխտելով Քրիստոսի մարդկային յատկութիւնները, պաւլիկեանները ուղղակի կը հակադրուէին քաղկեդոնական երկաբնակ եկեղեցիին։
- Պաւլիկեանները կը ժխտէին մարգարէներու, սուրբերու պաշտամունքը, հաղորդութիւնը, մկրտութիւնը եւ միւս ծէսերն ու խորհուրդները, վանականութիւնը, եկեղեցական նուիրապետութիւնը եւ ընդհանրապէս եկեղեցին։
- Հակառակ քրիստոնէական եկեղեցւոյ եւ պահպանուող յետամնաց սովորութիւններու, պաւլիկեանները առաջ կը քաշէին ազատ սիրոյ գաղափարը։
- Պաւլիկեանները իրենց երջանկութիւնը կը փնտռէին այս աշխարհի մէջ։ Անոնք կը ձգտէին առաջին հերթին ոչնչացնել անոնց, որոնք շարունակ կեղեքած, խաբած են մարդոց եւ վայելած անոնց ձեռքով ստեղծուած բարիքները, իրենց բաժին ձգելով միայն հանդերձեալ կեանքի հրաշալիքները եւ հոգեկան երանութիւնները՝ մահէն յետոյ։
- Պաւլիկեան շարժումը աղանդաւորական, արտաքինով կրօնական շարժում ըլլալով, խորքին մէջ սոցիալական շարժում էր, ուղղուած՝ ո՛չ միայն եկեղեցւոյ, այլեւ տիրապետող դասակարգի շահագործման դէմ ընդհանրապէս։ Այս շարժման հիմնական ոյժը գիւղացիութիւնն էր։
Յետագային պաւլիկեան գաղափարները պահպանուած են Հայաստանի մէջ եւ ծնունդ տուած Թոնդրակեան շարժումին։ Իսկ Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ, պաւլիկեաններու ազդեցութեամբ ծնունդ առած են Բոգոմիլներու, Կաթարներու, Ալբիգոյցիներու եւ այլ հերետիկոսական շարժումները։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ ժողովրդի Պատմութիւն -Երեւանի Համալսարանի Հրատարակչութիւն - Երեւան 1975 Գլ. XVII
- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան – Հատոր 9 էջ 140-141
- Edouard Selian։ Le dialect Paulicien. In։ The Proceedings of the Fifth International Conference on Armenian Linguistics, McGill University, Montreal, Quebec, Canada, 1995. Publisher։ Caravan books, Delmar, New York, 1996, 408 pp.
- Edouard Selian. The Descendants of Paulicians: the Pomaks, Catholics, and Orthodox
- Edouard Selian. The language of the Paulicians and Pomaks
- Edouard Selian. The Immortal Spirit of the Goddess Nané
- Edouard Selian. The Pomaks: an Islamized People of Europe
- Encyclopaedia of the Hellenic World. State of the Paulicians.
- Understanding our past. The Paulicians. A timeline & map