Արցախ (նահանգ)

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Մեծ Հայքի աշխարհ Արցախ (նաեւ՝ Արձախ, Արցախամայր). Մեծ Հայքի տասներորդ նահանգը, տարածուած էր Փոքր Կովկասի արեւելեան եւ Հայկական Լեռնաշխարհի հիւսիս-արեւելեան մասին մէջ։ Կ՛ընդգրկէր այժմեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը՝ հարակից ազատագրուած տարածքներով, եւ կը տարածուի մինչեւ Իջեւանի շրջանը։ Հիւսիս-արեւելքէն եւ արեւելքէն կը սահմանակցէր Ուտիք նահանգին, արմուտքէն Աղաունոյ գետակով՝ Սիւնիքին: Հիւսիս-արեւմուտքին Արցախի սահմանները կը տարածուին մինչեւ Սեւանայ լիճի արեւելեան ափին, հարաւէն՝ Երասխի հովիտէն մինչեւ Մուխանք դաշտը՝ ընդգրկելով այդ դաշտի արեւմտեան բաժնին կէսը։

Արցախի նախարարութիւնը կոչուած է նաեւ Ծաւդեացւոց կամ Ծաւդէից իշխանութիւն, իշխանանիստ Ծաւդք (Զոդ) աւանի անունով։ Առանշահիկներու թագաւորութեան շրջանին՝ Դիւթական աւանը դարձած է նահանգի կեդրոնը։ Յետագային նահանգի գլխաւոր քաղաքը եղած է Փառնէս (Փառիսոս) բերդաւանը, Հայկական Փառիսոսի Թագաւորութեան օրերուն (X-XI դդ):

Վարչական բաժանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախ աշխարհի տարածութիւնը կը կազմէր 11.528 քմ²: Ան ունէր 12 գաւառ.

Արցախի բաժանումը ըստ Մակար Բարխուդարեանցի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր «Արցախ» գիրքին մէջ Մակար եպիսկոպոս Բարխուդարեանց, 19-րդ դարուն Արցախը կը բաժնէ հետեւեալ կերպով.

Գարգարացիներու բնակութեան տեղը, որ սկզբը կը կոչուէր Գարգար (Ցարդ եւս Գարգար է կը կոչէ գետակը, որ իւր սկիզբը կ'առնէ Զառիստ սարէն, կը բաժնէ իբրեւ սահման Խաչէն գաւառը Վարանդայէն, կը հոսի Գարգարացւոց դաշտի միջով եւ կը բափի Կուր գետի մէջ), յետագային կ՛ընդունէ Արցախ,Փոքր Սիւնիք, Խաչենք, Սեւ Այգի եւ Ղարաբաղ (Մատենագրութեան մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք Ղարաբաղ անուան, որ գործ ածած է 1388 թիւ Փրկ. Թով. Մեծ. եր. 20) անունները: Ահաւասիկ այսպիսի փոփոխութեան ենթարկուած են նաեւ նահանգին բոլոր գաւառներու անունները: Մեր հարգելի բանասերներներուն եւ ընթերցողներեւն այսքան փոփոխութեան ծանոթացնելու համար՝ հարկաւոր համարեցին կարգաւ դասաւորել գաւառներուն մէջ նախկին, փոփոխուած եւ այժմեան անունները ծանոթագրութիւններով հանդերձ:

Բնութեան ճարտարապետը երեք մասի բաժնած է Արցախի բոլոր գաւառները, որոնք են Դաշտային, Լեռնային եւ Հարաւային կամ Ստորին, Միջին եւ Վերին: Դաշտային կամ Ստորին գաւառները ինկած են Երասխ եւ Կուր գետերու, Աղստեւ եւ Փոքր-լեռնաշղթայի միջավայրի տարածութեան վրայ: Լեռնային կամ Միջին գաւառներէն ինկած են Փոքր-լեռնաշղթայի Մեծ-լեռնաշղթայի հիւսիսային լանջերու եւ Ձորագետի միջեւ տարածուած մասի վրայ: Հարաւային կամ Վերջին գաւառներէն ինկած են Հագարի գետի ձախ ափերու, Դիզափայտ եւ Քիրս լեռնաշղթայի հարաւային լանջերու մէջ, Երասխէն մինչեւ Ծար գաւառի սահմանը:[1]


Պատմական տեղեկանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կենդանակերպ խորաքանդակ Գանձասարի մէջ, որպես Խաչենի իշխանական տան խորհրդանիշ

Հնագոյն ժամանակներէն սկսած նահանգի բնակչութիւնը զբաղած է հացահատիկային կուլտուրաներու մշակութեամբ, այգեգործութեամբ եւ շերամապահութեամբ։ Ամբողջ արեւելքի մէջ յայտնի էին Արցախի մէջ բուծուող ձիերը, որոնք աչքի կը զարնէին իրենց դիմացկունութեամբ եւ արագավազութեամբ։

Արցախի նախարարական տունը սերած էր Հայկ նահապետի ժառանգ Սիսակէն: Արցախի առաջին եպիսկոպոս Գրիգորիսը շատ մեծ դեր խաղցած է Արցախի եւ Ուտիքի բնակչութեան քրիստոնէացման ծիրէն ներս։ 5-րդ դարու սկզբը Մեսրոպ Մաշտոց եւ իր աշակերտները, հայերէն գիրն ու դպրութիւնը տարածած են Արցախի մէջ եւ պայքարած են հեթանոսութեան մնացորդներուն դէմ։

5-րդ եւ 6-րդ դարերուն, Արցախ կը մտնէ պարսկահպատակ Աղուան մարզպանութեան մէջ։ Վարդանանց պատերազմի մասնակից Արցախի արուձին Աւարայրի ճակատամարտին կը գլխաւորէր Առանշահիկ Բակ իշխանը, որ պատերազմէն ետք վերադարձաւ Արցախ եւ զայն պարսիկներէն պաշտպանեց։

Օգտուելով Պարսից արքունիքի զիջումներէն, Արցախի Առանշահիկները 5-րդ դարու վերջը Վաչագան Բարեպաշտի գլխաւորութեամբ ստեղծեցին Աղուաններու թագաւորութիւնը, որուն մէջ կ՛ընդգրկէին Ուտիքը եւ Անդրկուրեան Կամբեճան հայաբնակ գաւառը։

7-րդ դարասկզբին Արցախը եւ ամբողջ արեւելեան Անդրկովկասը կ՛ենթարկուին խազարներու ներխուժման։ 7-րդ դարու կէսէն մինչեւ 9-րդ դարավերջը Արցախը կը գտնուէր արաբական տիրապետութեան տակ։ Արցախի ու հարակից հայկական գաւառներու ապստամբութիւնները արաբներու կողմէն ճնշումի կ՛ենթարկուէին դաժանօրէն, անոնց կազմակերպիչներէն շատերը աքսորուեցան, սակայն, չնայած անոր, 9-րդ դարավերջին Արցախի իշխանական տան երկու ճիւղերը հզորացան եւ Բագրատունեաց թագաւորութեան ենթակայ ըլլալով՝ ստեղծեցին երկու փոքրիկ թագաւորութիւն, մէկը՝ Դիզակի մէջ, միւսը՝ Խաչէնին մէջ։ Արցախի նախարարական տան եռանդուն գործունէութիւնն ու մշակութային բուռն վերելքը անընդմէջ շարունակուեցաւ Խաչէնի մէջ։ 12-րդ դարու երկրորդ կիսուն հոն արդէն կ՛իշխէին Առանշահիկ հարստութեան երեք ճիւղերը՝ Ներքին Խաչէնի, Հաթերքի եւ Ծարա կամ Վերին Խաչէնի իշխանութիւնները։

Մոնկոլներու տիրապետութեան նախօրեային Ներքին Խաչէնի ու Վերին Խաչէնի իշխանութիւնները խնամիութեամբ կապուած էին Զաքարեան զօրապետներուն հետ եւ կը վայլէին անոնց հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը։ Մոնկոլ-Թաթարներու տիրապետութեան շրջանին Արցախ–Խաչէնի բնակչութեան վրայ ծանր հարկ դրուեցաւ։ Լենկթիմուրը 1387–ին ասպատակեց նաեւ Խաչէնը՝ կոտորելով գրեթէ բոլոր իշխանական տուներու տէրերուն։ 16-րդ դարավերջին եւ 17-դարու սկզբը այդ իշխանութիւնները մանրացած, վերածուած էին գաւառական վարչական միաւորումներու, որոնք կը կոչուէին մելիքութիւններ եւ իրենց մէջ կը պահէին հայ պետականութեան վերջին բեկորները։ Այս մանր պետական միաւորումներն էին, որոնք կը գլխաւորէին հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը՝ պարսկական ու թրքական բռնապետութիւններուն դէմ։ Արցախի հայկական աւատական իշխանութիւնները հարատեւեցին մինչեւ անոր միացումը Ցարական Ռուսաստանին, որ տեղի ունեցաւ 1813–ին, Կիւլիստանի պայմանագրով:

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. եպ. Մակար Բարխուդարյանց, [{{{յղում}}} Արցախ], Բաքու 21-22, էջեր 21-22 — 21-22 էջ։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։