Ազգային Սահմանադրութիւն



Հայոց ազգային սահմանադրութիւն (յայտնի է նաեւ որպէս Ազգային սահմանադրութիւն Հայոց), արեւմտահայերու կրօնահամայնքային կեանքը կարգաւորող կանոնադրութիւն։ Ընդունուած է Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին կողմէ՝ 1860 թուականի մայիս 24-ին։
Սակայն սուլթանական կառավարութիւնը, մօտ երեք տարուան ձգձգումներէ ետք եւ էական կրճատումներով (յօդուածներու թիւը, երեսփոխան-պատգամաւորներու, յատկապէս՝ գաւառները ներկայացնողներու քանակը եւ այլն), զայն վաւերացուցած է միայն 1863 թուականի մարտ 17-ին (թրքերէն կը կոչուէր «Հայ ազգի կանոնադրութիւն»)։
1853 թուականին, Կ. Պոլսոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն ընտրուած մարմիններու՝ Ազգային, Հոգեւոր եւ Գերագոյն ժողովներու համաձայնութեամբ կազմուեցաւ Ուսումնական խորհուրդ մը, որուն անդամները՝ Նահապետ Ռուսինեանը, Գրիգոր Օտեանը, Նիկողայոս Պալեանը, Սերովբէ Վիչէնեանը (Սերվիչէն), Կարապետ Իւթիւճեանը, Գրիգոր եւ Մկրտիչ Աղաթոն եղբայրները, 1857 թուականին մշակեցին կրօնական, ազգային, մշակութային ու հասարակական կեանքին վերաբերող կանոնադրութիւնը։[1]
Բովանդակութիւն[2]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Սահմանադրութիւն» կոչուած է Նահապետ Ռուսինեանի առաջարկով, քանի որ գրուած էր պելճիքական սահմանադրութեան գլխաւոր սկզբունքներուն հիման վրայ՝ միաժամանակ կրելով 1848-ի Ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներուն ազդեցութիւնը։ Այն կազմուած էր ներածութենէ մը («Հիմնական սկզբունք»), 5 գլուխներէ, որոնք իրենց կարգին կը բաժնուէին առանձին ենթագլուխներու, եւ 99 յօդուածներէ (նախնական տարբերակին մէջ՝ 150)։
Որպէս հիմնական սկզբունք՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքը կը հռչակուէր «ազգի ղեկավար», իսկ «մասնաւոր պարագաներու մէջ»՝ միջնորդ օսմանեան պետութեան եւ արեւմտահայութեան փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Նշուած էր նաեւ, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ որոշակի պարտականութիւններ ունի ազգին հանդէպ, ինչպէս եւ ազգը՝ ամէն մէկ անհատի հանդէպ։ Հետեւաբար, ազգն ու անհատը կապուած են «փոխադարձ պարտեօք»։ Առանձնակի կարեւորութիւն կը տրուէր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանանքն ու աւանդութիւնները անաղարտ պահելու, առանց սեռի խտրութեան հայ մանուկներուն անհրաժեշտ կրթութիւն ու դաստիարակութիւն ապահովելու, հասարակական կարիքներու համար նախատեսուած դրամական միջոցները ըստ անհրաժեշտութեան օգտագործելու հարցերուն եւ այլն։
Ազգային սահմանադրութիւնը կը կարգաւորէր Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի գործունէութիւնը՝ զգալիօրէն սահմանափակելով անոր իրաւունքները եւ շեշտելով պարտականութիւնները։ Պատրիարքը պարտաւոր էր հաւատարիմ մնալ Ազգային սահմանադրութեան սկզբունքներուն, հետեւիլ անոնց ճիշդ եւ ժամանակին կիրարկման, որոշումները ընդունիլ միայն իրեն կից ստեղծուած ազգային, կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու անդամներէն կազմուած ընդհանուր ժողովին հետ համատեղ։ Պատրիարքը իրաւունք չունէր ինքնագլուխ փոփոխել Ազգային սահմանադրութեան դրոյթները կամ լուծարել վերոյիշեալ մարմինները։ Նշուած սկզբունքները խախտելու պարագային, ան կրնար պատասխանատուութեան ենթարկուիլ, իսկ ծայրայեղ դէպքերու՝ պաշտօնանկ ըլլալ։
Նոր Պատրիարքի ընտրութիւններու նախապատրաստութիւնը կը գտնուէր ազգային կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու հաստատած տեղապահի իրաւասութեան ներքոյ։ Պատրիարք կրնար ընտրուիլ 35 տարին լրացուցած, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմերուն մէջ «համազգային» հեղինակութիւն վայելող իւրաքանչիւր եպիսկոպոս։ Պատրիարքին կից պիտի գործէին Ազգային Կրօնական (կազմուած 14 հոգեւորականներէ) եւ Քաղաքական (կազմուած 20 աշխարհիկ անձերէ) ժողովներ։ Ազգային Կրօնական ժողովի իրաւասութեան յանձնուած էր եկեղեցական տարաբնոյթ հարցերու քննութիւնն ու լուծումը։
Քաղաքական ժողովը պիտի տնօրինէր աշխարհիկ բնոյթի գործերը։ Անոր գերատեսչութեան ներքոյ պիտի ստեղծուէին ուսումնական, տնտեսական, դատաստանական եւ վանորէից խորհուրդներ, ինչպէս նաեւ՝ 3 հոգաբարձութիւններ (ելեւմտից, կտակաց, հիւանդանոցներու, որոնք բոլորն ալ պիտի ենթարկուէին տնտեսական խորհուրդին)։ Ինչպէս կրօնական, այնպէս ալ քաղաքական ժողովներու անդամները պիտի վերընտրուէին երկու տարին անգամ մը՝ փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ։ Ա. գլխու 3-րդ մասը կը վերաբերէր Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան։ Տեղի պատրիարքը պիտի ընտրուէր Ս. Յակոբեանց վանքի միաբանութեան անդամ, 35 տարին լրացուցած եպիսկոպոսներէն, ցմահ՝ ազգային կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու համատեղ նիստին ընթացքին։
Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին կից պիտի գործէին Ազգային Ընդհանուր ժողովը (բարձրագոյն օրէնսդիր մարմին) եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը (գործադիր մարմին)։ Արեւմտահայութեան բոլոր խաւերուն շահերը արտայայտելու նպատակով՝ Ազգային Ընդհանուր ժողովը պէտք է ըլլար ներկայացուցչական։ Պատգամաւորները (երեսփոխանները) պիտի ընտրուէին ըստ Կ. Պոլսոյ թաղերուն եւ առանձին գաւառներուն՝ փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ, եւ ոչ թէ նախկին կարգով՝ ըստ արհեստաւորական միութիւններու (էսնաֆութիւններու)։ Ընտրելու իրաւունք ունէին 25, իսկ ընտրուելու՝ 30 տարին լրացուցած, նախապէս չդատուած անձինք։ Ազգային Ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներուն թիւը սահմանուած էր 140 (20-ը՝ հոգեւորական, 120-ը՝ աշխարհիկ, որմէ 80-ը՝ պոլսահայ, 40-ը՝ գաւառներու ներկայացուցիչներ)։ Պատգամաւորները կ'ընտրուէին 10 տարի ժամկէտով՝ իւրաքանչիւր 2 տարին Ազգային Ընդհանուր ժողովի կազմին 1/5-ը նորոգուելու պայմանով։ Ժողովը պիտի հսկէր Ազգային սահմանադրութեան «անխախտ» կատարման, ինչպէս նաեւ պատրիարքի (որ Ազգային Ընդհանուր ժողովի նախագահն էր), ազգային կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու գործունէութեան։ Ազգային Ընդհանուր ժողովն էր, որ պիտի ընտրէր Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը, ազգային կրօնական ու քաղաքական ժողովներու անդամները, իսկ երեսփոխանները պիտի մասնակցէին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընտրութիւններուն։
Ազգային Ընդհանուր ժողովի նիստերը պիտի գումարուէին 2 տարին անգամ մը (նախնական տարբերակին մէջ՝ ամէն տարի)։ Տեղական բնոյթի այլեւայլ հարցեր լուծելու եւ անոնց իրագործումը վերահսկելու համար՝ Կ. Պոլսոյ մէջ պիտի ստեղծուէին թաղային խորհուրդներ՝ վերը նշուած սկզբունքներով։ Գաւառներու գործերը պիտի տնօրինէին ազգային գաւառական վարչութիւնները՝ տուեալ եկեղեցական թեմի առաջնորդին նախագահութեամբ։ Վերջինս պիտի գործավարէր տեղական ազգային եւ քաղաքական ժողովներուն հետ համատեղ։ Գաւառներուն մէջ եւս պիտի ընտրուէին թաղային խորհուրդներ եւ այլն։
Ազգային սահմանադրութիւնը պարտադիր պայման կը համարէր աշխատանք եւ համապատասխան շահոյթ ունեցող իւրաքանչիւր հայ անհատի կողմէ տարեկան «ազգային տուրքի» վճարումը։ Ազգային սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքները կը հռչակուէին անփոփոխելի։ Սակայն անհրաժեշտութեան պարագային եւ որոշակի պայմանով (Ազգային սահմանադրութեան հաստատումէն 5 տարի ետք) յատուկ յանձնաժողովի մը («վերաքննութեան յանձնաժողով») կը թոյլատրուէր վերանայիլ առանձին դրոյթներ կամ ձեւակերպումներ (փոփոխուած յօդուածները պիտի կիրարկուէին միայն Բարձր Դրան հաստատումէն ետք)։
Նշանակութիւն[3]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հակառակ իր զգալի թերութիւններուն, Ազգային սահմանադրութիւնը նոր եւ յառաջադէմ երեւոյթ էր արեւմտահայ կեանքին մէջ։ Նպատակն էր աւելի ժողովրդավարական հիմքերու վրայ դնել Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանի գործունէութիւնը եւ կարգաւորել Օսմանեան պետութեան ու արեւմտահայութեան փոխյարաբերութիւնները։ Ազգային սահմանադրութեան գործադրման ամենաբեղուն շրջանը 1870–90-ական թուականներն էին, մասնաւորապէս՝ Մկրտիչ Խրիմեանի (Խրիմեան Հայրիկ) պատրիարքութեան տարիները (1869-1873), երբ Ազգային Ընդհանուր ժողովը բազմիցս քննարկած է գաւառահայութեան հարստահարութիւնները սանձելու որոշումներ, ընտրած է հայկական բարեփոխումներու ծրագիրներ եւ այլն։
Օսմանեան կառավարութիւնը ամէն կերպ խոչընդոտած է Ազգային սահմանադրութեան կիրարկումը, իսկ 1896 թուականին Ապտիւլ Համիտ Բ.-ն նոյնիսկ արգելած է զայն։ 1908 թուականին, կրկին արտօնուելով, Ազգային սահմանադրութիւնը գործած է մինչեւ Առաջին աշխարհամարտը (1914-1918), երբ Կ. Պոլսոյ ազգային մարմիններու անդամներուն մեծագոյն մասը դարձաւ Մեծ Եղեռնի զոհ։ 1916 թուականի օգոստոս 10-ին, երիտթուրքական կառավարութիւնը «Նոր կանոնադրութիւն հայոց պատրիարքութեան վերաբերեալ» օրէնքով էական սահմանափակումներու ենթարկեց Ազգային սահմանադրութիւնը, որուն գործունէութիւնը վերջնականապէս կասեցուեցաւ հանրապետական Թուրքիոյ մէջ (թէեւ որոշ դրոյթներ ներկայիս դեռ կը կիրարկուին)։
Այնուամենայնիւ, Ազգային սահմանադրութիւնը զգալի հետք ձգած է սփիւռքահայ իրականութեան մէջ։ Անոր հիմնական սկզբունքները ինկած են ժամանակակից սփիւռքի շատ մը համայնքներու կանոնադրութիւններու հիմքին մէջ (ԱՄՆ, Պուլղարիա, Եգիպտոս, Լիբանան, Յունաստան, Ռումանիա, Սուրիա եւ այլն)։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան 1992 թուականին ընդունած կանոնադրութեան մէջ ուղղակիօրէն նշուած է, որ վերջինիս հիմքը Ազգային սահմանադրութիւնն է՝ «իր ոգիով եւ էական սկզբունքներով»։
Գրականութիւն[4]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սարուխան, «Հայկական խնդիրն եւ Ազգային սահմանադրությունը Թուրքիայում», հ. 1, 1912 թվական
- ԱՀՊ Սահմանդրություն, «Շուշի ԲՀ» հրատարակչություն, «Շուշի» հիմնադրամ, ISBN 978-9939-9084-5-8, 2015թ․
- Օրմանեան Մ., «Ազգապատում», հ. 3, մաս 2, 2 հրտ., Պէյրութ, 1961
- Պարսամյան Վ. Ա., «Հայ ժողովրդի պատմություն (1801-1917)», հ. 3, Ե., 1967
- Ղազարյան Հ., «Արեւմտահայերի սոցիալ֊տնտեսական և քաղաքական կացությունը 1800-1870 թթ»., Երևան, 1967։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Richard G. Hovannisian, The Armenian People from Ancient to Modern Times, St. Martin's Press, 1997, p. 198
- ↑ (հայերեն) 1860 թվականի ազգային սահմանադրություն, 2025-10-01, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=1860_%D5%A9%D5%BE%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%AB_%D5%A1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6_%D5%BD%D5%A1%D5%B0%D5%B4%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%A4%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6&oldid=10463446, վերցված է 2026-03-13
- ↑ (հայերեն) 1860 թվականի ազգային սահմանադրություն, 2025-10-01, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=1860_%D5%A9%D5%BE%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%AB_%D5%A1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6_%D5%BD%D5%A1%D5%B0%D5%B4%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%A4%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6&oldid=10463446, վերցված է 2026-03-13
- ↑ (հայերեն) 1860 թվականի ազգային սահմանադրություն, 2025-10-01, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=1860_%D5%A9%D5%BE%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%B6%D5%AB_%D5%A1%D5%A6%D5%A3%D5%A1%D5%B5%D5%AB%D5%B6_%D5%BD%D5%A1%D5%B0%D5%B4%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%A4%D6%80%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6&oldid=10463446, վերցված է 2026-03-13
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Armenian National Constitution»։ British Library Endangered Archives Programme