Jump to content

Ծիրան

Ծիրան
Ծիրան
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Բոյսեր
Տիպ Ծաղկաւորներ
Դաս Երկշաքիլաւորներ
Կարգ Վարդածաղկաւորներ
Ընտանիք Վարդազգիներ
Լատիներէն անուանում
Prunus armeniaca
 L. 
Հատուկ պահպանութիւն


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Ծիրան կամ՝ Ծիրանի ծառ (լատ.՝ Prunus armeniaca կամ Armenian plum, հոմանիշ՝ Armeniaca vulgaris), Հայաստանի բնիկ պտուղներէն մին։ Ծիրանը դէպի Եւրոպա տարածուած է Հայաստանի միջոցով։

Հայկական ծիրանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծիրանը Հայաստանի մէջ յայտնի էր հնագոյն ժամանակներէն: Պեղումներու ընթացքին Գառնիի մէջ յայտնաբերուած են ծիրանի կորիզներ: Շատ մը գիտնականներ նաեւ կը պնդեն, որ Ալեքսանդր Մակեդոնացին ծիրանը Հայաստանէն տարեր է Յունաստան` զայն ներկայացնելով միջերկրականեան երկիրներուն:

Այլ տեսութիւններ կը ժխտեն այն տեսակէտը, որ Հայաստանն է ծիրանի հայրենիքը` առաջ տանելով այն վարկածը, թէ Հնդկաստանն ու Չինաստանն են ծիրանի հայրենիքը:

Հակառակ ծիրանի ծագումին հետ կապուած բոլոր վարկածներուն` անժխտելի ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանի տարածքին աճող ծիրանը ամբողջովին կը տարբերի այլ երկիրներու մէջ աճող տեսակներէն:

Հայկական ծիրանին իւրայատկութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայկական ծիրանը ոչ միայն համով կը տարբերի այլ ծիրաններէն, այլեւ` իր իւրայատուկ գոյնով: Այս իւրայատուկ պտուղին գոյնը ո՛չ դեղին է, ո՛չ նարնջագոյն: Անիկա պարզապէս ծիրանագոյն է: Ծիրանի կոչուած է նաեւ այն տօնական հագուստը, զոր կրած են հայ թագաւորներն ու թագուհիները, քանի որ անիկա նոյնպէս ունէր ծիրանագոյն երանգ:
  • Հայկական ամէնէն յայտնի երաժշտական գործիքը ծիրանափող կը կոչուի: Հայկական տուտուկը կը պատրաստուի բացառապէս ծիրանի ծառի փայտէն: Հայկական տուտուկը կը տարբերի իր իւրայատուկ հնչողութեամբ. տուտուկի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ կը կատարուին հարսանիքներն ու թաղումները: Բազմաթիւ վարպետներ փորձած են տուտուկ պատրաստել այլ ծառի փայտէ, սակայն այդ տուտուկները չեն ունեցած այն ինքնատիպ հնչողութիւնը, զոր ունին ծիրանի ծառի փայտէն պատրաստուածները:
  • 2007-ին հայկական տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ:
  • 2004-ին կը հիմնադրուի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը: Փառատօնը նուիրուած է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկի բնաբանին: Փառատօնին կը ներկայացուին ժապաւէններ, որոնք կը ներկայացնեն տարբեր մշակոյթներ եւ կրօններ` ցոյց տալով մարդկային քաղաքակրթութեան հարստութիւնը:

Փառատօնին բացումը կը կատարուի աւանդական ծիրանօրհնէքով` նոյն այն պտուղի օրհնութեամբ, որուն հետ կապուած են փառատօնին անուանումն ու Հայաստանը[1]:

Ծիրանի ծառ Արտաշատին մէջ

Արդիւնաւէտ ծառ մըն է միջին չափի հասակով (2,3 մ.), բայց տարիքոտ ծառերուն հասակը կը հասնի 8 մ. եւ աւելի։ Տերեւները սրտաձեւ են, տերեւներուն հասակը 10 ս․մ. կ'ըլլայ, իսկ լայնքը՝ 3,4 ս․մ.։ Աշնան ծառերը տերեւաթափ կ'ըլլան եւ կը բուսնին գարնան, իսկ ամրան պտուղները կը հասուննան։ Ծաղիկներուն գոյնը կ'ըլլայ ճերմակ՝ վարդագոյնի մօտ։

Համառօտ պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծիրանին բուն բնակավայրը Չինաստանն է, ուր կ'աճէր Ռուսիոյ սահմանի ցամաքին։ Չինաստանի մէջ յայտնուեցաւ 3000 Ք.Ա., ապա փոխադրուեցաւ Հայաստան եւ ուրիշ երկիրներ. Եւրոպա մտաւ Քրիստոսի ծնունդին հետ։ Ծիրանի մշակումը տարածուեցաւ աշխարհի մէջ։ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ շատ մեծ քանակով ծիրան կը մշակուի։ Այս օրերուս Թուրքիան կ'արտահանէ չոր ծիրանի 85% տոկոսը։

Ծիրանը կը գտնուի պաղ եւ միջին պաղութեամբ կլիմայ ունեցող քաղաքներու մէջ, բայց զայն ցանելու ամէնալաւ վայրը՝ չոր կլիմայ ունեցող երկիրներն են։

2012-ին ամենաշատ
ծիրան արտադրած
երկիրները
Ուզպեքիստան365 000
Ալճերիա269 000
Փաքիստան192 500
Ֆրանսա189 711
Մարոք122 405
Սպանիա119 400

Աճման Պայմանները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծիրանի ծառը կ'ազդուի օդէն, մանաւանդ՝ ծաղկած ժամանակ։ Ծառը կը վնասուի, երբ տաքութիւնը կը բարձրանայ եւ բացասական ազդեցութիւն կ'ունենայ բերքին։ Ինչպէս նաեւ խոնաւութեան բարձրացումով կը շատնան սնկային հիւանդութիւնները։

Բժշկական Գործառութիւններու Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծիրանի չիր

Ծիրանը հարուստ է կենսանիւթներով (վիթամիններով)։ Ան կը պարունակէ կենսանիւթ A, որ մարդուն կ'ապահովէ մէկ օրուայ անհրաժեշտ նկատուող 18%-ն, կենսանիւթ C, երկաթ եւ քալսիում։ Ծիրանը թարմ վիճակով երկար ժամանակ չի դիմանար, այդ պատճառով զայն չորցնելով կը պահեն, ինչպէս՝ Սուրիոյ մէջ։

Չոր ծիրանը աւելի հարուստ է կենսանիւթերով՝ քան թարմը։ Ծիրանը կը լաւացնէ տեսողութիւնը, կ'աշխուժացնէ լեարդը. օգտակար է արեան տկարութեան բուժման եւ կը նուազեցնէ քոլեստերոլի մակարդակը արեան մէջ, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէ սիրտն ու երակները զանազան հիւանդութիւններէ։

Թարմ ծիրան

Ծիրանը կը պարունակէ հետեւեալ կենսանիւթերը՝ A, B1, B2 եւ C, որոնք կ'օգնեն մարսողութեան, կը նպաստեն անքնութեան վերացման եւ ախորժակի բարելաւման. ծիրանի օգտագործումը կը զօրացնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը: Անհրաժեշտ է երեխաներու աճման ընթացքին։ Անոր սպառումը անհրաժեշտ է յղիներուն։

Քաղցկեղի դէմ պայքար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոր գիտութիւնը Չինաստանի մէջ փաստեց, որ կենսանիւթերով հարուստ ուտելիքներ սպառելը կը պաշտպանէ լեարդը քաղցկեղի դէմ։

Նոր գիտութիւնը կը հաստատէ, որ չոր ծիրանը կը պաշտպանէ մորթը կնճիռներէ, իր մէջ պարունակած մեծ քանակով կենսանիւթ C-ի շնորհիւ։

Սննդային Տեղեկութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իւրաքանչիւր ծիրան (35 կ.) կը պարունակէ հետեւալները.

  • Ջերմուժ (քալորի)՝ 17
  • Ճարպեր՝ 0.14
  • Գարպոհիտրադ՝ 3.89
  • Թաղանթանիւթ՝ 0.7
  • Սպիտակուց՝ 0.49
  • Քոլեսթերոլ՝ 0

Կարելի է խառնել ծիրանը շաքարով եւ ջուրով՝ հիւթաքամիչի մէջ, եւ ստանալ ծիրանի հիւթ։ Ծիրանի հիւթը հարուստ է կենսանիւթերով եւ սպիտակուցներով, որոնք կը նպաստեն մարսողութեան։

  • Loudon, J.C. (1838). Arboretum Et Fruticetum Britannicum. Vol. II. London։ Longman, Orme, Brown, Green and Longmans. pp. 681–684.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]