Գեղարօտի ջրվէժ
Արտաքին տեսք
Գեղարօտի ջրվէժ, ջրվէժ Հայաստանի մէջ։ Բնութեան յուշարձանը կը գտնուի Արագածոտնի մարզին մէջ, Արագած գիւղէն 11 քմ. հիւսիս-արեւմուտք։
Գրանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Բնապահպանութեան նախարարութեան բնութեան պետական յուշարձաններու ցանկին մէջ։
Բնութեան պետական յուշարձաններու ցանկին մէջ ներառուած է 14 Օգոստոս 2008-ին, ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան բնութեան յուշարձաններու ցանկը հաստատելու մասին» ՀՀ Կառավարութեան որոշման համաձայն[1][2]։
Արագածի լանջին՝ ծովու մակարդակէն մօտ 3000 մեթր բարձրութեան վրայ՝ Քասաղ գետի Գեղարօտ վտակի վրայ է այս հիասքանչ ջրվէժը: Կը գտնուի Արագածոտնի մարզի Արագած գիւղէն մօտ 12 քմ. հեռաւորութեան վրայ։ Ձմրան կը սառի, իսկ ամրան սառնորակ ջուրերը կը գահավիժին մօտ 17 մեթր բարձրութենէն:
Շատ նման է Թռչկան ջրվէժին:
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]