Մոնկոլ-թաթարներու Տիրապետութիւնը Հայաստանի Մէջ

Մոնկոլ-թաթարներու տիրապետութիւնը Հայաստանի մէջ հաստատուած է 13-րդ դարու ընթացքին։ Այս մէկը հայոց պատմութեան մեջ կեդրոնասիական ցեղերու երկրորդ յարձակումն էր՝ սելճուք-թուրքերէն ետք (11–րդ դար)։

Մոնկոլներու տիրապետութիւնը Հայաստանի մէջ վերջնականապէս անկում կ՝ ապրի 14-րդ դարին, երբ Հայկական լեռնաշխարհը դարձած է թուրքմենական 2 ցեղախումբերու՝ Կարակոիւնլուներու, ապա՝ Ակկոյունլուներու տերութեան մասը։

Զաքարեան իշխանապետութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

11-րդ դարուն Մերձաւոր Արեւելքը ասպատակած սելճուք թուրքերը կը հիմնեն իրենց սուլթանութիւնները ու ամիրայութիւնները։ 12-րդ դարու ընթացքին վրաց Բագրատունիներու գլխաւորութեամբ հայ-վրացական բանակը կ՝ ազատագրէ Արեւելեան Հայաստանը՝ Այրարատ, Գուգարք, Տայք, Սիւնիք եւ Արցախ նահանգները, ինչպէս նաեւ Վասպուրականի ու Ուտիքի մասը մը։ Հայկական հողերը Վրաց թագավորութեան հովանիին ներքեւ կը միաւորուին, եւ կը հիմնադրուի Զաքարեան իշխանապետութիւնը։

Զաքարէ եւ Իվանէ եղբայրներուն չյաջողեցաւ վերջնական աւարտին հասցնել Հայաստանի ազատագրութեան գործը։ Ուժեղ հակառակորդները՝ Հայաստանի հարաւը Աիւբյանները, իսկ արեւմուտքին Իկոնիայի սելճուքները, կեցուցին Զաքարեաններու հետագայ առաջխաղացումը։

Հայաստանի ազատագրուած շրջանները դժբախտաբար Զաքարեան եղբայրներու օրով չվերածուեցան անկախ հայկական պետութեան եւ մաս կազմեցին Վրացական թագաւորութեան։ Առանձին-առանձին գործող իշխանութիւնները թոյլ էին եւ ի վիճակի չէին պաշտպանելու իրենց սահմանները թշնամիներու ներխուժումներէն։ Քոչվոր ժողովուրդներու ճնշմանը դիմագրաւելու մեծ հնարաւորութիւններ չուներ նաեւ Վրաստանը, որ կորսնցուցած էր երբեմնի հզորութիւնը։ Ուստի քաղաքական թատերաբեմին մէջ յայտնուած մոնկոլները, մէկը միւսի ետեւէն գրաւելով բազմաթիւ երկիրներ, շուտով սպառնացին Հայաստանի[1]։

Մոնկոլներու առաջխաղացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոնկոլական ցեղերը, որոնք յայտնի էին նաեւ թաթար անուանումով, 10-11-րդ դարերուն քոչւորական կեանք վարած են ներկայիս Մոնկոլիայի տարածքին եւ Արեւելեան Սիբիրի հարավային շրջաններուն։ Մոնկոլներու բնակութեան շրջանի բնապատմական պայմանները կը բնորոշէին անոնց տնտեսութեան զարգացման խիստ որոշակի ուղղութիւնը՝ որպէս քոչւորական անասնապահութիւն։ Առաւել ուժեղ ցեղային միութեան անունով անոնք կոչուած են նաեւ թաթարներ։ Միմեանց դեմ կռուող ցեղերուն միաւորողն ու մոնկոլական կայսրութեան հիմնադիրը Ճէնկիզ խանն էր (1155–1227)։ Անոր ստեղծած տերութիւնը ներառել է Մոնկոլիան, Սիբիրու հարավը, Չինաստանի հիւսիսը, Միջին Ասիան։ Մայրաքաղաքը Կարակորումն էր (1235)։ Ճէնկիզ խանէն յետոյ մեծ խան ընտրուած որդիին՝ Ուգեդեյի (Հոքաթայ) օրով մոնկոլները Արեւելքի մէջ նուաճած են նաեւ Չինաստանի հիւսիսը (1231–1234) եւ պատերազմ սկսած Կորեայի դէմ։[2]։

Ճէնկիզ Խան

1236 թուականին մոնկոլական 150 հազարանոց բանակը, Ճէնճիզ խանի թոռ Բաթու խանի գլխաւորութեամբ, ներխուժած է Կամա-Վոլգայի Պուլկարիա, նուաճած զայն, 1237 թուականին կռուած ալաններու, ղփչաղներու եւ Վոլգայի միջին հոսանքի շրջանի ժողովուրդներու դէմ, 1237–40 թուականներուն նուաճած է Ռուսիոյ իշխանութիւնները։

1241 թուականի գարնանը Պաթու խանի հիմնական ուժերը ներխուժած են Հունգարիա, պարտութեան մատնած հունգարական 60 հազարանոց զորքին։ Մոնկոլական այլ խումբ մը ներխուժած է Լեհաստան, պարտութեան մատնած լեհ-գերմանական աշխարհազորին։ Արեւելեան Չեխիա ներխուժած մոնկոլական առանձին խումբերու հետ մղուած են, 1241 թուականի վերջը մոնկոլական ամբողջ զորքը Հունգարիայէն ժամանակակից Ավստրիայի եւ Խորվաթիայի տարածքներով շարժուած է դէպի Ադրիատիկ ծով։ 1242 թուականին, ծովափնիայ ամրոցներու անյաջող պաշարումէն ետք, Պաթու խանը Պոսնիայի, Սերբիայի եւ Պուլկարիոյ տարածքներով նահանջած է Կեդրոնական Եւրոպայէն։ Նոյն թուականի վերջերուն մոնկոլները վերադարձած են Վոլգայի ստորին հոսանքի տափաստանները, ուր հիմնած են մոնկոլական տերութեան արեւմտեան ուլուսը (վարչական միաւոր)՝ Ոսկէ Հորդան (1266-1502)։ Թեեւ ռուսական երկրները չեն մտած անոր կազմի մեջ, բայց ռուս իշխանները մոնկոլական խաներու հարկատուներն էին եւ անոնցմէ հրովարտակ (յառլիկ) կ՝ ըստանային իշխանաւարելու համար։

Մանգու (Մունքե) մեծ խանի օրով անոր եղբայր Հուլավուն նուաճած է Իրանը, Միջագետքը (1256), 1258 թուականին՝ Բաղդադը (կործանած է Արաբական խալիֆայութիւնը), ներխուժած Ասորիք։ Մեծ խան Խուբիլայի օրով մոնկոլական արշաւանքները ուղղուած էին Ասիոյ արեւելեան եւ հարաւարեւելեան երկրներու դէմ։ Դեռեւս 1253 թուականին մոնկոլները գրաւած էին Տիբեթը։


Մոնկոլական կայսրութիւն

1267–1279 թուականներուն անոնք նուաճած են Հարաւային Չինաստանը, մինչեւ 1273 թուականը՝ Կորեայի տարածքի մեծ մասը, 1274 եւ 1281 թուականներուն երկու անյաջող արշաւանք ձեռնարկած Ճաբոնի դէմ։ Մոնկոլական եւ չինական զորքերը 1277, 1282, 1287 թուականներու արշաւանքներէն ետք գրաւած են Բիրման, սակայն 1291 թուականին վտարուած են այնտեղէն։ Մոնկոլա-չինական զորքի եւ նաւատորմի բազմաթիւ յարձակումները Վիետնամի վրայ (1257–58, 1284–85, 1287–88 թուականներ) անյաջողութեան մատնուած են։

1300 թուականին Բիրմայի կատարած արշաւանքով վերջացած են մոնկոլական նուաճումները, որոնք ուղեկցուած էին բնակչութեան զանգուածային կոտորածներով, աւարառութեամբ, քաղաքներու ու գիւղերու ամայացմամբ, մշակութային արժէքներու ոչնչացմամբ։ 1368 թուականին մոնկոլները վտարուած են Չինաստանէն։ 14-րդ դարուն երկրորդ կիսին վերացուած է մոնղկլական տիրապետութիւնը Իրանի, Անդրկովկասի եւՄիջին Ասիոյ մէջ։ 14-րդ դարու վերջին քառորդին Մոնկոլական կայսրութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալէ։

Մոնկոլները Հայաստանի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոնկոլ-թաթարներու տիրապետութեան ժամանակաշրջանին 13-րդ դարու 2-րդ տասնամեակին մոնկոլ-թաթարական հորդաները, նուաճելով Միջին Ասիան եւ Իրանի հիւսիսային սարահարթերը, 1220-1221 թուականի ձմրան Ջեբէ-Նոյոնի եւ Սուբեդեյ Բահաթուրի գլխաւորութեամբ հետախուզական արշաւանքներ կատարած են Հայաստան ու Այսրկովկաս։ 1220 թուականին 20 հազարանոց մոնկոլական առաջապահ հեծեալ բանակը մտաւ Հայաստան։ Մոնկոլներն արդէն կը մօտենային վրաց մայրաքաղաք Տփղիսի (Թիֆլիսի) մատոյցներուն, երբ անոնց դէմ ելան հայ-վրացական զորքերը՝ վրաց թագաւոր Գեւորգի Լաշայի (1191–1223) եւ Իվաէ աթաբեկի գլխաւորութեամբ։ Դարան մտած մոնկոլական զորամասը ճակատամարտի թեժ պահուն հարուածեց թիկունքէն եւ վճռեց մարտի ելքը։ Մոնկոլները շրջապատեցին հայ-վրացական բանակը եւ յաղթանակ տարած՝ ետ վերադարձան։

1236–1245 թուականներուն մոնկոլական զորքերը գրաւած են Այսրկովկասը, Հայաստանը, Փոքր Ասիան՝ բացի Կիլիկիոյ հայկական պետութեան եւ Նիկիայի կայսրութեան տարածքներէն։

1236 թուականի ամրան մոնկոլ-թաթարներու 30 հազարանոց բանակը ներխուժեց Զաքարեան իշխանապետութիւն։ Զորքերուն կ՝ ուղեկցէին բազմաթիւ քոչւորական ցեղեր՝ իրենց անասուններով, ընտանիքներով եւ ունեցուածքով։ Հայաստանի մէջ իշխաններէն իւրաքանչիւրը քաշուած էր իր տոհմական ամրոցը եւ կը մտածէր միայն սեփական կալուածքներու պաշտպանութեան մասին։ Բաժնուելով առանձին զորամասերու՝ մոնկոլները շարժեցան դէպի երկրի տարբեր գաւառներ։ Հայ իշխաններու մեծ մասը փախաւՎրաստան, իսկ միւսները հպատակուեցան մոն մոնկոլներուն եւ պահպանեցին իրենց տիրոյթները։

Քոչւոր մոնկոլներու ճանապարհին ինկած փոքր քաղաքները գրաւելէն ետք անոնք պաշարեցին քաղաքամայր Անին։ Ռամիկները, յարձակեցան եւ սպանեցին մոնկոլներու պատուիրակներուն։ Թշնամին գործի դրաւ պաշարողական մեքենաները եւ քանդեց քաղաքի պարիսպները։ Մոնկոլները ներխուժեցին քաղաք եւ կոտրեցին մեծ թիւով անեցիներու։ Կենդանի մնացած բնակիչներու մեծ մասը՝ արհեստաւորներ, կանայք եւ մանուկներ, ստրկութեան վաճառվեցին։ Անիի ճակատագրին արժանացան Դուինը, Կարսը, Արմաւիրը եւ այլ քաղաքներ։

Մոնկոլ-թաթարները 1242-1245 թուականներուն Պաչուի ղեկավարութեամբ գրաւած են Հայաստանի հարաւարեւմտեան նահանգները, որոնք կը պատկանէին Իկոնիայի սելճուքեան սուլթանութեանը։ Սահմանագլխին անոնք պաշարեցին Կարին քաղաքը, ուր ապաստանած էր գաւառի ամբողջ բնակչութիւնը։ Մոնկոլներու հրամանով պաշարողներու առաջին շարքին կը կռուէին եւ մեծաթիւ զոհեր կու տային հայկական եւ վրացական զորքերը։ Երկու ամիս ետք միայն մոնկոլները ներխուժեցին քաղաք եւ կոտորեցին բնակչութեանը։ 1244 թուականին գրաւուեցին նաեւ Վասպուրականը, Տարոնը, Սասունը:

Կիլիկիոյ Հեթում թագաւոր եւ Զապէլ թագուհի

Վարչական բաժաինին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիլայէթները կազմուած էին ռազմավարչական առաւել փոքր միաւորներէն՝ թումաններէն։ Հայաստանի տարածքը սկզբնապէս մտցուած է Ատրպատականի կուսակալութեան մեջ, որ բաժանուած էր վարչատնտեսական 5 միաւորի՝ վիլայեթներու՝

Արեւելեան Վրաստանի թագաւորութիւն եւ Զաքարեաններու աւատ, իշխանութիւն (Այրարատ, Սիւնիք, Գուգարք) կոչուած է Գիւրջիստանի վիլայէթ. Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան շրջանները ներառում էին Գիւրջիստանի վիլայեթի 8 թումանէն 3-ը այստեղ կառաւարած են Զաքարեան տոհմի իշխանները, որոնք համարուած են մոնկոլներու պետութեան աւատառուներ եւ վարչական կառոյցի պաշտոնեաներ։

  1. Հայաստանի հարաւարեւմտեան նահանգները՝ «Մեծ Հայքի» վիլայեթ. արոտավայրերով հարուստ նահանգները դարձած են մոնկոլներու ամառանոցներ ու ձմեռանոցներ եւ որպէս բաժնեկալուածք տրուած մոնկոլ աւագանուն։ Միւս նահանգներու տարածքներուն մասը մը պետականացուած է, մասն մը ալ շնորհուած է խանական տան անդամներուն։ Հայկական նախկին իշխանութիւններէն բեկորներ պահպանուած են Սասնոյ, Մոկքի, Ռշտունիքի (Թոռնիկեաններ, Արծրունիներ), որոնք, ճանչնալով մոնկոլներու գերիշխանութիւնը, պահպաած են իրենց ինքնուրույնութիւնը։
  2. Շիրւան՝ Աղուանք
  3. Առան եւ Մուղան՝ Կուր գետի հովիտ
  4. Ատրպատական։
  5. Հուլավուներու մայրաքաղաքը նախ Մարաղան էր, ապա՝ Թավրիզը։ Իշխանութեան կազմին մէջ էին Ատրպատականը, Պարսկաստանը, Վրաստանը եւ Իրաքը։
հասան Ջալեաններու դրօշ

Բռնազաւթուած երկրները տնտեսապէս նուաճելու եւ տեղական խոշոր աւատատերերու տնտեսական հզորութիւնը թուլացնելու նպատակով մոնկոլ-թաթարները 1252-1259 թուականներուն ողջ կայսրութըան մէջ (Հայաստանի մէջ՝ 1254 թուականին) աէձանագրած են աշխարհագիր։ Մինչեւ Ղազանխանի (1259-1304 թուականներուն) բարեփոխումները գոյութիւն չէ ունեցած միասնական հարկման չափ, որ կամայականութիւններու ու չարաշահումներու տեղիք սուած են։ Հայաստանի վիճակը վատթարացած է 14-րդ դարու սկզբին, երբ մոնկոլները ընդունած են մահմետականութիւնը եւ ուժեղացրած կրօն, ու հարկային ճնշումները։ Հայկական իշխանութիւններու՝ Զաքարեաններու, Վաչուտեաններու, Խաղբակեան-Պռոշեաններու, Օրբելեաններու, Արծրունիներու, Հասան-Ջալալեաններու եւ միւսներու դերը 14-րդ դարու սկզբէն քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մէջ զգալիօրէն թուլացած է։

Անկում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ իշխանի, տուները սկսած են քայքայուիլ՝ իրենց տեղը աստիճանաբար զիջելով վաչկատուն վերնախավին։ Ստեղծուած իրավիճակէն փրկուելու համար հազարաւոր հայեր տարագրուած են հայրենիքէն։ Երբեմնի բարգաւաճ քաղաքները՝ Անին, Կարսը, Դուինը եւ այլն, 13-րդ դարու 1-ին կիսին վերածուած են գիւղերու, քայքայուած են քաղաքային կեանքը ու արհեստագործութիւնը։ Հայ եւ վրաց իշխանները 2 անգամ (1249, 1259-1261 թվականներուն) ապստամբած են մոնկոլական լուծը թոթափելու համար, սակայն անյաջող։

Կիլիկեան Հայաստան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոնկոլները դաժան յաշուեհարդար տեսած են ապստամբներու եւ անոնց ղեկավարներու՝ հայ իշխաններ Զաքարէ Զաքարեանի, Հասան-Ջալալ Դոլայի, Վրաց Գոնդա թագուհիի եւ ուրիշներու հետ։ 13-րդ դարու 90-ական թուականներէն իշխանութեան մէջ սկսած է քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամ, իսկ 1344 թուականին ան դադրած է գոյութիւն ունենալէն։ Հայաստանը ինկած է հակամարտող մոնկոլ տիրակալներու (Չոբանեաններ, Ջելաիրեաններ եւ այլն) իշխանութեան տակ։

Մոնկոլ-թաթարական քոչւոր, աւատատիրական տնտեսաձեւի տիրապետութիւնը տեւական ժամանակ կասեցրած է Հայաստանի տնտեսական եւ մշակութային զարգացումը։ Մոնկոլներու մասին եզակի տեղեկություններ կը յաղորդէ պատմիչ Կիրակոս Գանձակեցին։ 1236 թուականին մոնկոլները գերած են պատմագրին, որ անոնց բանակին մէջ եղած է թարգմանիչ ու գրագիր։

1255 թուականին Նիգ գաւառի Վարդենիս գիւղի մէջ Գանձակեցին հանդիպած է Քիւրտ իշխանի տանն իջեւանած Կիլիկիոյ հայոց թագաւոր Հեթում Ա.-ին եւ գրառած անոր յայտնած տեղեկութիւնները։ Հեթում Ա.-ը կը վերադառնար Կարակորումէն, ուր Մանգու մեծ խանի հետ կնքած էր (1254 թուական) հայ-մոնկոլական դաշինք։

14-րդ դարու սկզբը ակնյայտ դարձաւ, որ մոնկոլական պետութիւնը արագօրէն դէպի կործանում կ՝ երթար։ յաճախակի դարձան գահակալական արիւնահեղ ընդհարումները, կեդրոնական իշխանութեան դէմ ուղղուած խռովութիւնները։ Կը շարունակուէր պետութեան տնտեսական կեանքի քայքայումը, անկում կ՝ ապրէր քաղաքները։ 14-րդ դարու կէսերուն մոնկոլական միասնական պետութիւը արդէն փլուզուած էր, եւ անոր փլատակներու վրայ առաջացած էին բազմաթիւ անկախ իշխանութիւններ։ Ստեղծուած քաղաքական ու տնտեսական քաոսի պայմաններուն մէջ խիստ ծանրացավ բնակչութեան դրութիւնը։

Կիլիկեան Հայաստան

Քրիստոնիաներու նկատմամբ երբեմնի հանդուրժողական քաղաքականութիւնը այս շրջանին փոխարինուեցաւ հալածանքներով։ Կը քանդուէին հայկական եկեղեցիները, հայերուն կ՝ ըսպասէին իսլամ ընդունիլ։ Մոնկոլները, արաբներու եւ սելճուք-թուրքերու նման, սկսան քրիստոնիաներէն նոյնիսկ գլխահարկ գանձել։ Խանի հրամանով բոլոր քրիստոնիաները պարտաւոր էին հատուկ նշան կրել։

Դեռեւս մոնկոլական նուաճումներու շրջանին Հայաստան տեղափոխուած էին բազմաթիւ թուրքմենական ցեղեր, որոնք էապես կը համալրէին մոնկոլական բանակը։ Անոնց տեղաշարժը դէպի Հայաստան շարունակուեցաւ մոնկոլական տիրապետութեան ընթացքին, իսկ մոնկոլական պետութեան կործանումէն յետոյ աւլի ուժեղացաւ։ Թուրքմենները, որոնք սելճուք-թիւրքերուն ազգակից էին, հաստատուեցան Հայաստանի աւերուած ու ամայացած շրջաններուն մէջ եւ տեղական իշխողներէն խլեցին իշխանութիւնը։

Թուրքմենական ցեղախումբերէն կարա-կոյունլուները բռնութեամբ տիրացան երկրի կեդրոնական շրջաններուն եւ, խոշոր զինական ուժ ունենալով, աշխոյժ կը միջամտէին անգամ մոնկոլական պետութեան մէջ ծաւալուած գահակալական կռիւներուն։ Հայաստանի հարաւարեւմտեան մասերուն մէջ հաստատուեցան անոնց մշտական հակառակորդ ակ-կոյունլուները։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Մոնղոլների հայտնվելը Հայաստանում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-08-28-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-20 
  2. «Մոնղոլները Հայաստանում»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-08-28-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-20 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։