Լոլիկ

Լոլիկ (Solanum lycopersicum), մորմազգիներու (Solanaceae) ընտանիքին պատկանող մշակաբոյս է։
Կը համարուի աշխարհի ամէնէն տարածուած եւ արժէքաւոր բանջարեղէններէն մէկը։ Կ'օգտագործուի տարբեր տեսակի կերակուրներու մէջ՝ եփած, խորոված, թարմ, իբրեւ աղցան, ինչպես նաեւ թթու եւ աղ դրուած ձեւով։
Լոլիկը ընդհանրապէս կ'օգտագործուի պահածոներու արդիւնաբերութեան մէջ։ Լոլիկէն կարելի է պատրաստել լոլիկի մածուկ, Katch up, թացաններ եւ այլն։ Մեծ տարածում ունի նաեւ լոլիկի հիւթը, որ արժէքաւոր եւ կենսանիւթերով հարուստ զովացուցիչ խմիչք է չափահասներու եւ հարուստ սննունդ՝ երեխաներու ու հիւանդներու համար։
Լոլիկը օժտուած է բարձր յատկութիւններով, հարուստ է կենսանիւթերով (A, B, C, pp), oրկանական թթուներով (կիտրոնաթթու եւ խնձորաթթու) եւ հանքային աղերով (Ca, Na, Mg, Fe եւ այլն)
Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լոլիկի հայրենիքը Հարաւային Ամերիկան է՝ Բերուն,[1][2] Պոլիվիան եւ Էքուատորը, ուր այժմ ալ կարելի է հանդիպիլ լոլիկի վայրի եւ մշակովի բազմաթիւ տեսակներու։ Ազթեքներու լեզուով լոլիկը կոչուած է Zitomate, ուրկէ յառաջացած է եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ տարածուած թոմաթ անուանումը։ Լոլիկը Եւրոպա ներածուած է ԺԶ. դարու առաջին կէսերուն եւ առաջին հերթին տարածուած է Սպանիոյ, Փորթուկալի եւ Իտալիոյ մէջ։ Եւրոպացիները բոյսը կոչած են pommo d' oro («ոսկեխնձոր»)։ Սկզբնական շրջանին լոլիկը՝ բուսաբանական այգիներուն մէջ մշակուած է իբրեւ զարդային բոյս։ ԺԸ. դարու վերջերուն՝ իբրեւ բանջարային բոյս, սկսած են մշակել Սպանիոյ, Իտալիոյ, Փորթուկալի, այնուհետեւ՝ Ֆրանսայի, Դանիոյ եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ։
Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լոլիկը Հայաստանի մէջ կը մշակուի կլիմայական բոլոր գօտիներուն մէջ, բայց անոր արդիւնաբերական մշակումը հիմնականին մէջ կեդրոնացած է Արարատեան հարթավայրի շրջաններուն մէջ, ուր կը գտնուին նաեւ պահածոներու գործարանները։
Բուսաբանական նկարագրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լոլիկը միամեայ բոյս է, կը պատկանի մորմազգիներու ընտանիքին (Solanaceae)։ Ծլելէն մինչեւ առաջին պտուղներու հասունացումը կը տեւէ 90-125 օր, նայած տեսակին, կլիմայական պայմաններուն եւ մշակման եղանակին։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սեմ Քոքս (դեկտեմբեր, 2000 թ.) I Say Tomayto, You Say Tomahto......
- ↑ Սմիթ Էնտրու (1994 թ.)։ Լոլիկը Ամերիկայի մէջ՝ առաջին օգտագործողները։ Քոլոմպիա, ԱՄՆ: Հարաւային Գարոլինայի համալսարան։ ISBN 1-5700-3000-6
| ||||||||||