Jump to content

Դաւիթ Բէկ

Դաւիթ Բէկ
Ծնած է 1669
Ծննդավայր Սիւնիք
Մահացած է 1728
Մահուան վայր Հալիձոր գիւղ
Մասնագիտութիւն զինուորական

Դաւիթ Բէկ. կամ Դաւիթ Սիւնեցի, ((1669, Սիւնիք - 1728 Հալիձոր, Հայաստան): Հայ զօրավար, իրանական խաներու եւ թուրք նուաճողներուն դէմ Սիւնիքի ազատագրական շարժման առաջնորդ։ Ծնած է Սիւնիքի Կովսական աշխարհի Բաղք գիւղը, իշխանական տոհմէ մը։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւելեան Հայաստանի բնակչութիւնը ԺԸ. դարու սկիզբը իրանական խաներու բռնութեան տակ կ'ենթարկուի ընկերային եւ ազգային ճնշման, որմէ ելք մը կ'որոնէր ապստամբական շարժման միջոցով։ 1720-ական թուականներուն հայ ազատագրական շարժումները նոր վերելք մը կ'ապրին, կը սկսի զինուած պայքարի շրջանը։ Կը սկսի գործադրուիլ Ռուսաստանի օգնութեամբ Հայաստանը ազատագրելու՝ Իսրայէլ Օրիի ծրագիրը։ Շարժման ամէնէն շատ աչքի ինկող կեդրոններն էին Արցախն ու Սիւնիքը։ Ազատագրական շարժման նպաստող գործօններ էին՝ Իրանի մէջ սկսած խռովութիւնները, յատկապէս աֆղաններու ապստամբութիւնը, 1722-ին անոնց կողմէ Իրանի մայրաքաղաք Սպահանի գրաւումը եւ Սէֆեաններու ազդեցութեան անկումը։ Հայերը կ'ոգեւորէր կասպիական ափերուն ռուսական զօրքերուն յայտնուիլը, ինչպէս նաեւ հայ-վրացական զինակցութեան առկայութիւնը։

  • 1722-ին, երբ օտարազգիներ Սիւնեաց երկրին վրայ կը յարձակէին, հայազգի երեւելիներէն մին՝ Ստեփանոս Շահումեան, Ղափանի մեծամեծերուն անունով, յիսուն տանուտէրերու կողմէ խնդրագիր մը կը գրէ եւ Տփղիս երթալով անձամբ Վրաց Շահնաւուզ իշխանին կը յանձնէ: Ստեփանոս այդ թուղթով կը դիմէր Վրաց թագաւոր Վախտանգ Զ.-ին եւ կը խնդրէր, որ իր բանակին մէջ եղող հայ նշանաւոր զօրականներէն ուղարկէր Սիւնիք՝ ժողովուրդին զինուած շարժումը գլխաւորելու համար։

1722-ին, Շահնաւուզ Սիւնեցի զօրապետ Դաւիթը իր քով կը կանչէ եւ կ'առաջարկէ, որ իր հայրենիքը վերադառնայ զայն պաշտպանելու համար օտարներու յարձակման դէմ: Դաւիթ բէկ սիրով յանձն կ'առնէ եւ Սիսիան գաւառ կը մեկնի 40 հայազգի զինուորներով եւ կը բնակի Երեք գագաթ (իւչ թէփէ) կոչուած դաշտավայրը եւ կը մաքրէ Քարա չօռլու կոչուած թշնամիէն: Այսպիսով, ան կամաց - կամաց կը յառաջանայ, աւաններն ու գիւղերը ազատելով թշնամիներու ձեռքէն եւ իր զօրքերուն թիւն ալ աւելցնելով:

Դաւիթ բէկի աջ բազուկն էր Մխիթար սպարապետը, ապա իրեն կը միանայ Արցախի Զաւնտուր գաւառի իշխան Թորոսը:

Այդ ատեն Հալիձոր աւանին մէջ իրենց քաջութեամբ նշանաւոր էին մելիք Փարսատանն ու իր փեսան՝ Տէր Աւետիք երէցը, մանաւանդ վերջինս, որ քաջ զինաշարժ մըն էր։ Դաւիթ իրենց քով պատգամաւոր մը ղրկելով կ'առաջարկէ, որ միանան իրեն, երբ կը մերժեն՝ բռնել կու տայ զանոնք եւ Շնհերի մէջ կը բանտարկէ: Որոշ ժամանակ մը ետք, Յովհաննէս իշխան Շնհեր գալով կ'ազատէ կալանաւորները եւ Տաթեւ երթալով Դաւիթի գանձը կ'առնէ եւ իր տեղը կը դառնայ: Դաւիթ լուռ կը մնայ, որովհետեւ Յովհաննէսէն կ'ակնածէր: Տէր Աւետիք ինքնակամ կ'ենթարկուի Դաւիթի եւ 440 զինուորներու վրայ զօրավար կը նշանակուի:

  • 1723-ին այլազգի երեք նախարարներ իմանալով, որ Թորոս միացած է Դաւիթի, 18 հազարնոց բանակով անոր վրայ կը յարձակին ու կը պարտուին: Երկրորդ յարձակման կը դիմադրեն Մխիթար, Տէր Աւետիք ու Դաւիթ բէկ:
  • 1724-ի Ծաղկազարդին երբ Դաւիթ Որոտն աւանին մէջ երկրորդ յաղթութիւն մը կը տանի՝ Նախիջեւանի նախարարը 14 հազար զօրքով Դաւիթի վրայ կը յարձակի. ասոնց վախճանն ալ պարտութիւն կ'ըլլայ, բայց փախստական թշնամին յանկարծ ետ դառնալով անակնկալի կը բերէ հայոց բանակը եւ զայն կը հալածէ մինչեւ գետափ: Դաւիթ Հալիձորի մէջ ամրոց մը շինելով հոն կը բնակի:
  • 1725-ին խումբ մը թիւրքմէն զինուորներ Ղազանկուլայ լեռնէն Փոքր Սիւնիք իջնելով կը սկսին աւար վերցնել: Դաւիթ ասոնց դէմ կը ղրկէ Մխիթար սպարապետը, որ կը պաշարուի թշնամիէն, բայց Տէր Աւետիք իր բանակով օգնութեան հասնելով զայն կ'ազատէ եւ երկուքը միասին կը հալածեն Թիւրքմէնները, գրաւելով անոնց աւարը:

Մինչդեռ Հայոց յաղթական բանակը ուրախութեամբ ետ կը դառնար, լուր կը հասնի Դաւիթի, թէ Բարգուշատի իշխանը մեծ զօրքով կը յարձակի: Դաւիթ Մխիթարը ութ հազար զօրքով թշնամիին դէմ կը հանէ, միասին ղրկելով՝ Ստեփանոս Վրթանէսեանը, Կենաւուղի իշխանը եւ Փարսատանի Պալի զօրավարը:

Մխիթար սրտնեղած էր Դաւիթէն. ուստի, պատերազմի սաստկացած պահուն ետ կը քաշուի պատերազմի դաշտէն: Թշնամին հետապնդելով զիրենք՝ շուրջ չորս հարիւր հայ զինուոր կը սպաննէ, ոմանք ալ ողջ ողջ գերի կը բռնէ, որոնց մէջ էր Ստեփանոս: Դաւիթ զայրացած՝ կ'ուզէ սպաննել Մխիթարը, սակայն հայ մեծամեծերը կը հաշտեցնեն զիրենք: Դաւիթի սիրտը սակայն կը մնայ տխուր, որովհետեւ շատերը կը պակսէին իր զօրքերէն, մանաւանդ՝ Ստեփանոս եւ Պալի զօրավարները:

  • 1726-ին երբ այլազգիներ կրկին Սիւնեաց աշխարհին վրայ կը յարձակին՝ հայերէն շատեր զարհուրած կը հեռանան Դաւիթէն եւ այլազգներուն կը միանան: Դաւիթ 70 զինուորներով Հալիձորի ամրոցը կը մնայ, որոնց հետ էր եւ Մխիթար. քիչ ետք, հոն կու գան Մելիք Փարսատան, Տէր Աւետիք քանի մը հոգիով եւ ուրիշներ: Դաւիթի բանակին զինուորներուն թիւը կը հասնի 453-ի, բացի եկեղեցականներէ, միանձնուհիներէ եւ ընտանիքներէ:

Դաւիթ բէկ չուզելով ինքնագլուխ դէպի պատերազմ առաջնորդել իր աննշան թիւով բանակը, ժողովի կը հրաւիրէ եւ կը հարցնէ. «Անձնատո՞ւր ըլլալ թէ դիմադրել»: «Պատերազմի՛նք», կ'ըլլայ պատասխանը: Յաջորդ օրը եկեղեցական արարողութիւն մը տեղի կ'ունենայ, բոլորը կը խոստովանին եւ կը հաղորդուին եւ պատերազմէ աւելի՝ մահուան կը պատրաստուին:

Երբ այլազգներուն լուր կը հասնի, թէ Դաւիթ Հալիձորի բերդին մէջ ամրացած է եւ չ'ուզեր հնազանդիլ՝ անոնք փոքր գունդ մը կը ղրկեն բերդը գրաւելու համար: Հայերը այլազգներուն հետ խառնուած, կը յայտնեն, թէ փոքր գունդով կարելի չէ Դաւիթն ու իր իշխանները նուաճել եւ խորհուրդ կու տան բազմութեամբ յարձակիլ անոր վրայ։ Եօթանասուն հազար հոգի, բոլորն ալ զինուած, որոնց մէջ էին նաեւ Սիւնեաց երկրի եւ այլ գաւառներէ Հայեր՝ Հալիձորի բերդին մօտ վրաններ կը լարեն:

Իսկ անոնք, որոնք Դաւիթի հետ ամրոցին մէջ էին, վերէն տեսնելով թշնամիներուն քանակը, սարսափած կը սկսին դողալ եւ ոմանք ծածուկ փախչելով՝ կ'երթան թշնամի բանակին մէջ գտնուող հայերուն կը միանան:

Դաւիթ, Մխիթար եւ Տէր Աւետիք քանի մը հարիւր հոգիով ութը օրուան ընթացքին թշնամիին բանակը յուսահատութեան կը մատնեն իրենց ռազմագիտութեամբ, այնպէս որ պարսից թագաւորը՝ Շահ Թահմազ, տեսնելով, որ Դաւիթ բէկ անպարտելի է՝ զինք Սիւնեաց Արցախի եւ Փայտակարանի նախարարաց վրայ մեծ իշխան կը կարգէ, հրաման կու տայ իր անունով դրամ կտրելու եւ կը ստիպէ, որ թէ՛ այլազգները եւ թէ հայերը անոր հնազանդին: Դաւիթ կը սկսի իր երկրին սահմանները ընդարձակել, կը գրաւէ քաղաքներ եւ աւաններ երբեմն պատերազմով, երբեմն ալ խաղաղութեամբ: Ի վերջոյ 1628-ին Հալիձոր հասնելով կը հիւանդանայ եւ վեց տարուան իշխանութենէ ետք՝ իր տան մէջ կը մահանայ խաղաղութեամբ:

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 604:
  • Յովհաննիսեան Ա. Գ., Դաւիթ բէկի գլխաւորած Ղափանի ապստամբութիւնը, - «Բանբեր Երեւանի համալսարանի», 1970, թիւ 1, էջ 96-111։
  • Կնյազեան Հ., Ազատագրական պայքարը Դաւիթ բէկի գլխաւորութեամբ, Երեւան, 1963։
  • Օրբելեան Ս., Դաւիթ բէկի ծագումնաբանութեան հարցին շուրջ,- «Բանբեր Հայաստանի արխիւների», 1971, թիւ 1։