Ուրֆայի Հերոսամարտ

Ուրֆայի հերոսամարտ, Ուրֆայի հայերու ինքնապաշտպանական մարտերը 1915-ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պաշտպանութեան սկիզբը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Ուրֆայի մէջ կը բնակէր շուրջ 35 հազար հայ։ 1915 թուականի ամրան կիսուն քաղաք ժամանած են «Թեշքիլաթ-ը մահսուսէի» անդամներ, երիտթուրքեր Ահմետ եւ Խալիլ պէյերը՝ կազմակերպելու Ուրֆայի հայութեան աքսորը։ Ձերբակալելով քաղաքի երեւելիները՝ բնակիչներէն պահանջած են 48 ժամուան ընթացքին յանձնել իրենց մօտ եղած զէնքերը։ 19 Օգոստոսին իշխանութիւններու սադրանքով իսլամանական ամբոխը դաժանօրէն կոտորած է հայերը (զոհուած է 300-400 մարդ)։ Այս իրադարձութիւնները կը վկայեն, որ կը պատրաստուէր դաժան հաշուեյարդարի հայերու նկատմամբ։ Ուրֆահայերը վճռած են դիմել ինքնապաշտպանութեան, զոր ղեկավարելու համար ստեղծուած է զինուորական խորհուրդ, կազմին մէջ՝ Մկրտիչ Եօթնեղբայրեան, Յարութիւն Ռասթկելէնեան, Յարութիւն Իմիրզեան, Լեւոն Էղբերլերեան, Արմենակ Աթարեան եւ Խորէն Քիւփելեան։ Կազմակերպուած է նաեւ պարենամթերքի հայթայթման եւ բաշխման ծառայութիւն, զէնքի եւ զինամթերքի պատրաստման եւ վերանորոգման արհեստանոց, բուժօգնութիւն։ Ինքնապաշտպաններու թիւը, ըստ աղբիւրի մը, կազմած է 800, իսկ ըստ մէկ այլ աղբիւրի՝ 2000 մարդ, գլխաւորաբար՝ պատանիներ եւ աղջիկներ։
Բուն հերոսամարտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայերու թաղամասը, որ ունէր բարձր դիրք, ծածկուած է բարիկադներով եւ ամրութիւններով, բաժնուած է 6 պաշտպանական շրջաններու՝ 32 դիրքերով, փակուած են թաղամաս տանող 12 փողոցներու մուտքերը։ 1 Հոկտեմբերին հակառակորդը անցած է յարձակման։ Կատաղի կռիւէն ետք թշնամին, տալով 300 զոհ, նահանջած է։ Յաջորդ յարձակումը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 2-ի լոյս 3-ի գիշերը։ Զգալով, որ հնարաւոր չէ դիմագրաւել հակառակորդի գերազանց ուժերուն, զինուորական խորհուրդը վճռած է կեղծ նահանջ կատարել, թոյլ տալ յարձակողներուն մտնել թաղամաս, ապա յարձակիլ թիկունքէն եւ ոչնչացնել զանոնք։ Իսլամական խաժամուժը, տեսնելով, որ հայերը լքած են դիրքերը, ներխուժած է թաղամաս եւ սկսած՝ թալանը։ Օգտուելով հակառակորդի անհոգութենէն՝ հայ ինքնապաշտպանները յարձակման անցած են եւ ոչնչացուցած՝ մօտ 1200 թուրք։ 6 Հոկտեմբերին Հալէպէն Ուրֆա բերուած է մօտ 11 հազար զինուոր՝ թնդանօթներով եւ գնդացիրներով, թուրք, շտապի պետը գերմանական սպայ էր։ Սկիզբը բոլոր գրոհները ինքնապաշտպաններուն, հերոսաբար ետ մղած են, սակայն հակառակորդը, շնորհիւ հրետանիի, աստիճանաբար իր ձեռքը վերցուցած է նախաձեռնութենէն։ Հերոսամարտի վերջը հայկական թաղամասի 2300 տունէն միայն 50 կանգուն մնացած էր։ Թրքական հրամանատարութիւնը անընդհատ ուժեղացուցած է ճնշումը հայկական դիրքերու վրայ, պաշարման օղակը սեղմուած է աստիճանաբար։ Հրետանին քարուքանդ ըրած էր հայկական բոլոր ամրութիւնները եւ զինուորական խորհուրդը հրամայած էր ամրանալ ամերիկեան բարեգործական հաստատութիւններուն մէջ, մայր եկեղեցիին մէջ դիմագրաւելու յարմար շինութիւնները։ Ի վերջոյ, թուրքերը յաջողած են 23 Հոկտեմբերին ճնշել ընդդիմութեան հիմնական կէտերը, սակայն ինքնապաշտպանները անձնուիրաբար կռուած են մինչեւ Նոյեմբերի կէսը, բազմաթիւ հայեր, այդ կարգին՝ Մ. Եօթնեղբայրեանը, թշնամիին ձեռքը չիյնալու համար, դիմած են ինքնապաշտպանութեան։ Մօտ 15 հազար կին եւ երեխայ աքսորուած են։ Միայն Հալէպի մէջ սովէն եւ վարակիչ հիւանդութիւններէն օրական մահացած են 150-200 տարագիր հայեր։
Զոհեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինքնապաշտպանական մարտերու ընթացքին թուրքերու կորուստները, ըստ գերմանական աղբիւրի, կազմած են 50 զոհ եւ 120-130 վիրաւոր, ըստ Ջ. Պրայսի՝ 7 սպայ եւ 400 զինուոր սպաննուած, ըստ թրքական աղբիւրի՝ 20 սպաննուած եւ 50 վիրաւոր, անգլ. հրամանատարութեան ներկայացուած տուեալներով՝ 3000 զոհ, իսկ հերոսամարտի մասնակից Օ. Թիթոյեանի տուեալով՝ 2000 զոհ։
Գնահատական
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուրֆայի հերոսական պաշտպաններուն բարձր գնահատած են ժամանակակիցները։ Ֆրիտիոֆ Նանսէնը գրած է. որ Ուրֆայի հայերը զոհուեցան շատ անգամ, թիւով գերազանց թշնամիին դէմ կատաղի պայքարէն ետք, իսկ Անրի Պարպին գրած է.«... Ուրֆայի մէջ հայերը իսկական կռուի մէջ մտան թուրք ջարդարարներու դէմ եւ տեղի տուին միայն կառավարութեան կողմէ ուղարկուած զօրքերու բազմաքանակութեան»։
Ուրֆայի հայերու արիութիւնը ընդունեց նաեւ թշնամին՝
| Ինչ կ'ըլլար մեր վիճակը, եթէ այս ծանր օրերուն, քանի մը Ուրֆաներ մեր դէմ այսպէս ծառանային։ - Ֆահրի փաշա |
Ուրֆայի 24-օրուան հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան փառաւոր էջերէն է։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սահակեան Ա․, Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները, Պէյրութ, 1954։
- Որբերեան Զ․, Ուրֆայի վերջին օրերը 1915-ին (դիւցազներգութիւն), Պէյրութ, 1961։
| Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |